Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անբաղձալի» Ասպարէզի Մը Հետքերով (Ուսուցչաց Տօն)

Մարտ 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Մէկից աւելի անգամ դժբախտութիւն եմ ունեցել լսելու հայրենի պատմութիւն դասաւանդող հայ ուսուցիչին եւ խորապէս ցաւել եմ մեր աշակերտող սերունդի համար: Մեռելների մասին է խօսում մի կենդանի մեռեալ: Պատմութիւնը նրա համար անհոգի կմախք է եւ ոչ թէ բաբախուն սիրտ»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Ինչքան ալ փորձեն նսեմացնել հայ դաստիարակին դերն ու կոչումը  հայ կեանքին մէջ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ ինքզինք կը պարտադրէ ուժգնօրէն, որ հայ կրթական համակարգի խորապատկերի կիզակէտին քանդակուած կը մնայ հայ ուսուցիչի կերպարին առաքելատիպ դիմագիծն ու  հայաբոյր մտածողութիւնը:

Ինչքան ալ ժամանակակից կեանքի ըմբռնումներն ու նորովի ընկալումները մեզ մղեն «տարբեր» հայեացքներով դիտելու հայ կեանքին մէջ առկայ դժգոհութիւններն ու մտատանջութիւնները` այս ասպարէզին վերաբերող, կայ հաստատ համոզում մը, որ կը մնայ անբեկանելի, թէ հայ  իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան ջամբումին մէջ անփոխարինելի կը մնայ լուսամիտ դաստիարակի դերն ու արժէքը:

Այլ հարց, թէ ժամանակի պարտադրանքին հետ միատեղ, փոխուած են նաեւ մարդկային չափանիշներու եւ ազգային մօտեցումներու հիմնարար սկզբունքներու հարթակները` տեղի տալով նիւթեղէնի տիրակալ ազդեցութեան եւ բռնազբօսիկ ապրելակերպերու:

Վստահաբար, հայ երիտասարդութեան ներաշխարհը առինքնող քրմապետ զօրավարին վերոնշեալ մտածումը չի վերաբերիր հայ տիպար եւ ոգեշնչող դաստիարակի հոգեկերտուածքին, այլ բոլոր անոնց, որոնք ուսուցչութեան ասպարէզ են մուտք գործած «պատահականօրէն», այլ ասած առանց ոգեպաշտ կազմաւորումի եւ յանձնառու գիտակցութեան:

Այս առումով ալ մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօք կեանքի թաւալքին հետ եւ նոր ժամանակներու յառաջադէմ մտածումներու եւ ապրելակերպի լոյսին տակ, տակաւին որքանո՞վ իր հնչեղութիւնը կը պահէ ուսուցչական ասպարէզը ինքնին: Սա արդէն գիտական խոր վերլուծումի կը կարօտի, տակաւ մեքենայացող կեանքին ընդառաջ:

Յայտնենք նաեւ, որ հայ տիպար դաստիարակի բնորոշման ընթացիկ դարձած խօսքերուն եւ միտքերուն դէմ յանդիման գոյութիւն ունին նոյնքան եւ աւելի հակառակի այլազան մտածումներ, որոնց հանդէպ հարկ է ցուցաբերել որոշակի ըմբռնողութիւն, պարզապէս ինքնասրբագրութեան հրամայական պահանջէն թելադրուած:

Այսինքն, երբ մենք ականատես կ՛ըլլանք ներազգային կեանքին մէջ յամեցող դառն իրականութիւններու, յայտնապէս ուսուցչութեան ասպարէզի վերաբերող, ա՛լ ի՛նչ խօսք անոր գրաւչութեան մասին:

Երբ տակաւին կը զգանք ու կ՛ապրինք հայ տիպար ուսուցիչին հանդէպ ցուցաբերուած անարդար եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ եւ մօտեցումներ, ա՛լ ի՛նչ բանի կը ծառայեն այսպէս ասած հոգեպարար արարողութիւնները:

Երբ ազգային կրթական համակարգի ռազմավարութիւն ճշդելու եւ անով հաւաքական կեանքը առաջնորդելու հորիզոններ տակաւ կը շիջին, ընթացք տալով յարափոփոխ եւ խարխափող ծրագիր- ուղղութիւններու, ա՛լ ինչո՛ւ շարունակ մտահոգուիլ եւ ընթացք տալ պսպղուն ակնկալութիւններու:

Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն, որ վերոնշեալ մատնանշումները բացառաբար կը վերաբերին հայերէնաւանդ ուսուցիչներու կամ դաստիարակներու, որոնց ներկայութիւնը շատ անգամ կ՛անգիտանանք, նիւթաբարոյական աջակցութեան մէջ կը զլանանք` բազում պատրուակներ հիւսելով:

Ի դէպ, ուսուցչական ասպարէզի «անբաղձալիութեան» մասին նորութիւն չէ որ կը յայտնենք, այլ անոր կարեւորութեան եւ հնչեղութեան հանդէպ ցուցաբերուած տակաւ շեշտուող անտարբերութիւնը լոյսին կը բերենք:

Այո՛, ցուցաբերուած անհոգի անտարբերութիւն, որուն հետքերը մեր` հայութեան պարագային շատ հին ժամանակներէն կու գայ, երբ հայ գիր ու գրականութեան դաստիարակ-ուսուցիչը կ՛ապրէր նիւթապէս իր ամէնէն ողբերգական վիճակին մէջ, առհասարակ, միայն յետ մահու շլացուցիչ կարգախօսերու կամ ալ լաւագոյն պարագայի` ազգային թաղումի արժանանալով:

Անմասնատելի եւ բիւրեղ ճշմարտութիւն է այն, որ ազգային մեր դառն ճակատագիրին բերումով հայ դաստիարակին վերապահուած եղած է ամէնէն դժուարին պարտականութիւնը` իրերայաջորդ սերունդներու ոգեկան դաստիարակութիւն ջամբելու հրամայականը:

Ահաւասիկ սրբազնագոյն կոչումը հայ դաստիարակին, որուն սնուցիչ կարեւորութիւնը ոչ մէկ ատեն ժամանակավրէպ է հանդիսացած: Ընդհակառակն, հայ ազգի յարատեւութեան եւ հայրենքի պաշտամունքի զգացողութեան ու գիտակցութեան արմատաւորման մէջ բոլորիս յարգանքին արժանի հայ դաստիարակին դերը կը մնայ անգերազանցելի:

Այդուհանդերձ, ժամանակներու, մտայնութեանց, մօտեցումներու եւ եղելութիւններու յարաճուն փոփոխութիւն ապրող այս կեանքին մէջ հարկ է փոփոխութիւն կրեն նաեւ ազգային հաւաքական մեր մօտեցումերը` հայ տիպար դաստիարակ-ուսուցիչին նկատմամբ:

Այլ խօսքով, բաւարա՞ր է անոր վերապահել սոսկ տուեալ ասպարէզին աշխատանքի պատեհութիւնը` ձեւական յարգանքի ներքեւ, իսկ լաւագոյն պարագայի` նիւթականի որոշ հատուցմամբ:

Միւս կողմէ, ուժգնօրէն հաւատացողն ենք, որ ուսուցչական ասպարէզի մերօրեայ ըմբռնումը մեզ կը պարտաւորեցնէ այնքան մը, որ կարելի չէ հասկնալ եւ կամ ընդունիլ հայ գիր գրականութեան ուսուցիչ մը, որուն կենսագրութիւնը չի պարփակեր հայագիտականի նիւթերու  համապատասխան վկայականին առընթեր, օտար լեզուի, գիտական նուաճումներու, ուսուցողական գիտելիքներու եւ մանկավարժական ուսմունքի ամբողջական իմացում:

Նաեւ վերոնշեալին կողքի, եւ ամէնէն էական չափորոշիչը` հայ դաստիարակ ուսուցիչ պահելու եւ պահպանելու,  կը մնայ այն, թէ հաւաքական ղեկավարութեան մեր կեանքին մէջ ունենալու ենք ռազմավարական մտածողութիւնը, այսինք` գէթ սփիւռքահայ մեր իրականութեան պարագային, լաւապէս գիտնալու, թէ ո՛ւր պիտի հասցնեն մեզ նման առաջադրանքներ եւ մօտեցումներ:

Պիտի ըսուի հաւանաբար, յանկերգուած տողեր ու մտքեր են, բոլորիս հասանելի: Այդուամենայնիւ, տակաւ մաշեցնող սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, միթէ ուշացա՞ծ չենք այս բացթողումները լոյսին բերելէ անդին անցնելու:

Այս ուղղութեամբ ցարդ տարուող ինքնասրբագրութեան շնորհակալ աշխատանքներու լոյսին տակ հարկ է ամրապնդել այն համոզումը, թէ հայրենազուրկ ազգեր առաջին հերթին պէտք ունին հայ բանասէր, քերականագէտ, գրականագէտ ու իրաւ մտաւորական դաստիարակ-ուսուցիչներու, հայակերտումի մեր ճակատամարտերուն մէջ լաւագոյն յաղթանակները ապահովելու համար:

Գէթ համեստաբար դիտենք եւ ուսումնասիրենք մեր շրջապատին մէջ կատարուող նմանատիպ աշխատանքներու հրայրքը, երբ քաղաքակիրթ երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ազգագրական աշխատանքներու կատարին կը գտնուին սերունդներու դաստիարակութիւնը, բայց մանաւանդ` տուեալ ազգին պատկանող լեզուի իմացութեան ու պաշտպանութեան պայքարը:

Ազգային ազատագրական պայքարի վարժ հայութեան համար, հայերէնի պաշտպանութեան պայքարին մէջ ձախողութիւններն ու թերացումները տարօրինակ կը հնչեն:

Որովհետեւ, Արարատապաշտ եւ բաբախուն սիրտ ունեցող հայ դաստիարակ-ուսուցիչներու փաղանգը տակաւ կը նօսրանայ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներ

Յաջորդը

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In