Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բառերը Ուժ Ունին. Կարելի Չէ Արհամարհել Զանոնք

Մարտ 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Երբ կատու կ՛ըսենք, կը հասկնանք… կատու եւ ոչ թէ առիւծ կամ չիթա, նոյնիսկ եթէ երեքն ալ նոյն ընտանիքին կը պատկանին: Եթէ մէկը իր պահած կատուին համար ընկերոջ ըսէ, թէ ինք տան մէջ չիթա ունի, բնականաբար ծիծաղի առարկայ կը դառնայ, չէ՞: Յստակ է բառերուն իմաստը եւ արժէքը, ոչ միայն գիտական ու առարկայական աշխարհէն ներս, ալ նաեւ` քաղաքական:

Ներկայ դարուն, հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց զարգացումին զուգահեռ, կը զարգանայ նաեւ քարոզչութեան բնագաւառը: Նկատելի է, որ այս աշխարհէն ներս, շեշտը կը դրուի բառերուն ունեցած արժէքին եւ ուժին վրայ: Բառերուն նկատմամբ բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերող կողմը կրնայ իրեն համար նպաստաւոր կարծիք, տրամադրութիւն եւ հետեւաբար նաեւ` կեցուածք ստեղծել: Գիւտ չէ մեր ըրածը:

Տանք մէկ-երկու օրինակներ:

Սուրիոյ տագնապին մասին Արեւմուտքի մէջ կատարուող լրատուութիւնը կամ վերլուծումները բոլորն ալ հիմնուած են հետեւեալ բանալի բառերուն վրայ. «Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ»: Ընթերցողը, կամ ունկնդիրը երբ կը լսէ «քաղաքացիական պատերազմ» բառերը, անմիջապէս կը հասկնայ կացութիւն մը, ուր երկիր մը կամ ժողովուրդ մը երկփեղկուած է այն աստիճան, որ զէնք վերցուցած են իրարու դէմ` կոկորդ կոկորդի:

Սակայն աղաղակող իրականութիւնը այն է, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմ կը մղուի արտաքին ուժերու կողմէ եւ բազմաթիւ երկիրներ այս կամ այն չափով մասնակից են այդ պատերազմին: Այս մասնակիցներու շարքին են` Արեւմուտքի «մեծերը», Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ անշուշտ` Թուրքիան: Օպամայի վարչակարգը բազմաթիւ անգամներ կրկնած է, նոյնինքն նախագահին մակարդակով, որ Սուրիոյ նախագահը պէտք է հեռանայ: Երկուքուկէս տարի առաջ, Օպամայի վերընտրութեան ընտրապայքարի հեռատեսիլային բանավէճի մը ընթացքին, փոխնախագահ Ճօ Պայտըն բացէ ի բաց յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի նպատակը Սուրիոյ մէջ «մեզի բարեկամ վարչակարգ» մը հաստատելն է: Այսինքն մեր գիտցած պարզ հայերէնով` Ասատի վարչակարգը տապալել: Բառերը ուժ ունին:

Բայց տրուած ըլլալով, որ աշխարհը հաշտ աչքով կրնար չդիտել արեւմտեան յարձակում մը Սուրիոյ դէմ, ընտրուած է մոլորեցնող յատուկ բառապաշար` «քաղաքացիական պատերազմ»:

Երկրորդ օրինակը Եգիպտոսն է: Անցնող տարուան ընթացքին էր, որ Եգիպտոսի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահ Մուհամետ Մուրսիի դէմ «ափ-աշկարա» պետական հարուած կատարուեցաւ բանակի հրամանատար Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ (այժմու նախագահ): Եւ տրուած ըլլալով, որ բառերը ուժ ունին, Արեւմուտքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ՈՉ ՄԷԿ ԱՏԵՆ գործածեցին «պետական հարուած» բառերը: Պատճա՞ռը. չէին ուզեր իրենց համար նպաստաւոր անձի մը իշխանութեան գալը բնութագրել ժխտական եւ հակաօրինական իմաստ ունեցող բառապաշարով, մանաւանդ որ Մուրսի ընտրուած էր համաժողովրդային քուէի իբրեւ արդիւնք: Այսինքն` այն գործընթացով ու արժէքային համակարգով, որ նոյնինքն Արեւմուտքին համար «սրբութիւն սրբոց» կը համարուի (իբր թէ):

Երրորդ օրինակը (եւ կու գանք այսօրուան ԲՈՒՆ հարցին):

Յաճախ կարդացած ենք հայկական մամուլին մէջ, որ խումբ մը հայեր ծրագրած են այցելել (կամ այցելած են) «պատմական Հայաստան»` ակնարկելով Կարսին, Անիին, Վանին եւ այլն: Այս իմաստով ալ մամուլին մէջ բազմիցս հանդիպած ենք դէպի «պատմական Հայաստան» կատարուած ճամբորդական տպաւորութիւններու եւ այլն: Մինչդեռ մարդիկ այցելած են Հայաստան հայրենիքին այն հատուածը, որ այսօր կը մնայ հայութենէն բռնագրաւուած, եւ որուն մէկ կարեւոր մասով միջազգային օրէնքը իր ըսելիքը ունի (Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռ):

Խնդիր ունինք հոս: Երբ «պատմական» բառը կը գործածենք, կը հասկնանք պատմութեան խորերը թաղուած, միմիայն անցեալին առնչուող եւ ներկայի արժէքային համակարգին հետ կապը կտրուած հասկացողութիւն մը: Հասկացողութիւն մը, որ քաղաքական առումով առնչուած չէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերատիրացման պայքարին: Այսինքն` մեր ներկային:

«Պատմական» բառը այս պարագային մեր մէջ կը սրսկէ պարտուողական հոգեբանութիւն մը, որուն հետեւողութեամբ կրնանք «արդարօրէն» մենք մեզ պարտութեան մատնել հետեւեալ օրինակով.

Իտալիոյ պետութիւնը ծիծաղելի կը դառնայ, եթէ ուզէ իրեն կցել ամբողջ Միջերկրական ծովուն աւազանը, հիւսիսային Ափրիկէով, միւս կողմէն` հասնելու համար Սկովտիոյ սահմանը (Ադրիանոսի պարիսպը), այն «հիմնաւորումով», որ այս տարածաշրջանները «պատմական» Հռոմէական կայսրութեան մաս կազմած են… Է եղա՞ւ:

Հետեւաբար, ամէն անգամ, որ ներկայ ժամանակային իմաստով ակնարկութիւն կը կատարուի Վանին, Մուշին կամ Կարսին, մեր բառապաշարէն միանգամընդմիշտ պէտք է վանել «պատմական Հայաստան» եզրը, որովհետեւ վնասակար է: Փոխարէնը, վիճարկումի կարգով, պէտք է գործածել «Ուիլսընեան Հայաստան», Արեւմտեան Հայաստան, կամ` «գրաւեալ Հայաստան»: Որովհետեւ բառերը ուժ ունին:

 

Մարտ 4, 2015

[email protected]

Նախորդը

Աշակերտ-Եկեղեցի Կապերու Ամրապնդման Նուիրուած Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար

Յաջորդը

Պահանջատիրութիւն` «Լուռ Բողոք»-ով, «Նուռի Հիւթ»-ով Եւ Մասամբ Նորին…

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In