ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
1857-էն ի վեր, տարուէ տարի, պաշտօնական ե՛ւ ժողովրդային շեշտուող բնոյթով կը նշուի մարտ 8-ի միջազգային օրը: Սակայն այդ օրը ներկայի ծնունդը չէր. հինէն ի վեր զայն կանխած ու անոր պաշտօնապէս որդեգրման յարմար ենթահող պատրաստած էին բազմաթիւ դէպքեր, շարժումներ ու կեցուածքներ` հաւաքական բնոյթով թէ անհատական նախաձեռնութեամբ: Կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան ձգտող այս շարժումը տիեզերական իր արձագանգը գտած էր աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ` ըստ իւրաքանչիւր շրջանի ընկերութեան մէջ աշխատանքի ու առհասարակ ապրուստի պայմաններուն: Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ «պայքար»-ը կը մղուէր բազմաթիւ կողմերով, միաժամանակ` աշխատավարձերու բարելաւման, տղամարդոց համահաւասար իրաւունքներու ձեռքբերման, քուէարկութեան մասնակցութեան եւ այլ մարզերու մէջ, մարդկային վերաբերումի դիտանկիւնէն: Այս ուղղութեամբ շատ մելան հոսած է, գլխաւորաբար կնոջական իրաւունքներու պաշտպան` «ֆեմինիստ» դէմքերու կողմէ: Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տարուող նախապատրաստական այդ քայլերը հիմնականին մէջ կը միտէին ու կը միտին ընկերութեան մէջ կնոջ իրաւունքներու պահանջատիրութեան, պայմաններու հաստատման ու պաշտօնապէս որդեգրման ու կիրարկման: Աշխատաւորական համահաւասար իրաւունքներու պահանջով մեկնարկած կնոջական տիեզերական այդ շարժումը կը կեդրոնանար ի՛ր ընկերութեան մէջ տիրող պայմաններու բարեփոխման պահանջատիրութեան վրայ:

Օրինակ, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ ֆեմինիստ Մարկարեթ Ֆուլըր (1810-1850) իր գրութիւններով կը պայքարէր ամերիկացի կնոջ ազատ ու ինքնիշխան ընտրանքի հաստատման համար, իսկ Հարիէթ Պիչըր Սթաու (1811-1896) իր գրութիւններով կը պաշտպանէր սեւամորթուհին` ազգային խտրականութեան դէմ, անդին` Քանատայի մէջ, ուր օրէնքն իսկ կ’անտեսէր կիներու կարգավիճակը եւ գործառնութեան մէջ էր «կիները պէտք չէ իբրեւ անհատ նկատի ունենալ» («women should not be counted as persons») կանոնագրային յօդուածը` Էմիլի Մըրֆի (1868-1933) կը պայքարէր նշեալ յօդուածի վերացման համար, Ժան Տարք` Ֆրանսայի մէջ, աւելի ուշ` Սիմոն Տը Պուվուար` նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ: Լիբանանի մէջ եւս Լոր Մողայզել, Զահիա Քատտուրա, Իքպալ Տողան, Լինտա Մաթար (Փանճարճեան) եւ շատ ուրիշներ պայքարեցան ու կը պայքարին նոյն առաջադրանքներով: Այլ խօսքով, կնոջական պիտակի տակ մղուող այս շարժումը, իր բոլոր ճիւղաւորումներով, հիմնականին մէջ թիրախ ունի կնոջ իրաւունքներու տղամարդուն համահաւասար արժեչափերով, մարդկայի՛ն իրաւունքներու պաշտպանութեան: Իսկ հայոց պատմութեան «Տիկնայք փափկասուն»-ի տիպարները բազմաթիւ են, ինչպէս` Փառանձեմ թագուհին, որ իր ամուսնոյն` Արշակ Բ. թագաւորի գերեվարութեան ու բացակայութեան շրջանին քաջաբար գլխաւորեց Արտագերս բերդի պաշտպանութիւնը, Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը` Շուշանիկ, աւելի ուշ` Զապէլ Եսայեան, Սրբուհի Տիւսափ, Սօսէ Մայրիկ եւ շատ ու շատ ուրիշներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պայքարեցաւ իր եւ իր ազգակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, ազգային, ընկերային թէ այլ բնագաւառներու մէջ: Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայուհիի պահանջատիրական այս պայքարի սլաքը կը թեքի, պէ՛տք է թեքի դէպի ազգային, քաղաքական ու իրաւական արեւելում: Հայուհին, որպէս մարդ անհատ, 1915-ին ու զայն կանխած թուրքերու կողմէ ահաւոր ջարդերու ընթացքին ու առհասարակ թրքական բռնատիրութեան շրջանին իրաւազրկուած էր մարդկային տարրական իրաւունքէն` Աստուծոյ շնորհած ապրելու իրաւունքէն, իր բնօրրանին մէջ իր պապերուն տունը ծաղկեցնելու մարդկային հիմնական իրաւունքէն: Դիտեցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող պատկերները, տեսերիզները, կարդացէ՛ք Եղեռնէն ճողոպրած հայուհիներու յուշագրութիւն-վկայութիւնները, առաւելաբար կիները, մամիկներ, մանուկներն ու անկարներն են բռնութեան թիրախները: Այս կը պարզէ թուրքին վայրենաբարոյ նկարագիրը, որ «հմուտ» է հակառակորդին տկար կէտին հարուածելու, զայն կռնակէ՛ն խոցելու, անտէր ու անպաշտպան կիներն ու մանուկները յօշոտելու, մինչ երբ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարըղամիշի մէջ հարկադրուեցաւ ճակատելու հայուն դէմ, ընկճուեցաւ հայ ֆետայիներու արդար հարուածներէն: Դեռ չենք խօսիր թուրքերու կողմէ բազմահարիւր հայուհիներու բռնաբարման, մանուկներու ողջակիզման եւ այլ քստմնելի ոճիրներուն մասին, որոնց նմանը յիշեցնող դէպքերու համար հսկայական աղմուկ կը բարձրանայ այսօր հանրային կարծիքին ու դատական պատկան ատեաններուն մօտ: Հայուհին այսօր Ցեղասպանութեան ընթացքին բազմահարիւր այդ հայուհիներու յետմահու մարդկայի՛ն իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշը կը բարձրացնէ, անոնց հարազատ բնօրրանին մէջ իրենց ընտանեկան ազատ բոյնը կերտելու մարդկային տարրական իրաւունքը կը պահանջէ եւ այս բոլորը ձեւ ու մարմին կը ստանան իրաւական ու քաղաքական խողովակներու գործարկման ճամբով:
Պատահականութիւն չէ, որ Արամ Ա. վեհափառ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին կը պահանջէ իրաւական պահանջատիրութեա՛ն շեշտաւորումին, ինչպէս նաեւ հարիւրամեակի խորհրդանիշ` անմոռուկի «Յիշում եմ, պահանջում եմ» կարգախօսը: Այս իմաստով խոստմնալից ու հպարտառիթ երեւոյթ է, օրինակ, հայ իգական դէմքերու նախագահութիւնը ազգային իրաւական խիստ կարեւոր մարմիններու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի աթոռներուն վրայ: Այս գծով շատ բան կ՛ակնկալուի յատկապէս քաղաքական ու իրաւական մարզերու մէջ գործող հայուհիներէն, որոնց մեծ մասը, սակայն, դժբախտաբար, հեռու են որոշում տալու հեղինակութեան դիրքերէն: Հոսկէ` հարկ է զարկ տալ հայուհիի հեղինակութեան, լիազօրութեանց շեշտաւորման ու զանոնք խթանել` բազմացնելու իրենց ազգօգուտ ներդրումը այս մարզերէն ներս: Արտաքին ճակատի վրայ եւս, այն միջոցին, երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր ուրացման ու ժխտողական քաղաքականութիւնը, հայուն դէմ փակելով Հայ դատի լուծման ու հատուցման յանգող բոլոր դռները, հարկ է թակել ու թափանցել կարելի ու ձեռնտու բոլոր «ճեղք»-երէն` թուրքին յիշեցնելու իր թրքութիւնը… Շարունակե՛լ այս պայքարը, մինչեւ թուրքը «խելքի գայ» եւ ճանչնա՛յ եւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, ընդունի եւ հատուցէ սփիւռքահայութեան, հայութեա՛ն տունդարձի եւ հողերու հատուցման իրաւունքը: Այլապէս, Հայոց ցեղասպանութեան խարանը պիտի շարունակէ հալածել թուրքը` մղձաւանջի վերածելով անոր ներաշխարհը: Այս ծիրին մէջ ցայտուն պատասխանի մէկ նորագոյն օրինակը պարզուեցաւ, երբ Պոլսոյ Պաքիրքէօյ շրջանէն Նուարդ Պաքըրճօղլու յառաջիկայ յունիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց համար իր թեկնածութիւնը յայտարարեց որպէս բռնագրաւեալ Վան շրջանի երեսփոխան: Անկախ անոր թեկնածութեան արդիւնքէն` այս քայլը ինքնին խիզախ երեւոյթ մըն է` ի պատասխան աշխարհի մէջ մէկ հայ որպէս նմուշ ձգելու Թալէաթի եւ իր յաջորդներուն` «Թուրքիան հայերէ մաքրագործելու հարիւրամեակը» ոգեկոչելու սին յոխորտանքներուն…