Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Կատարեալ Ողբերգութիւն Մը

March 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-10-15_vahoԱյն ինչ որ Իրաքի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ, մարդկային եւ քաղաքակրթական մակարդակներու վրայ կատարեալ ողբերգութիւն մըն է:

Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումը դատապարտող բանաձեւի մը քննարկումէն մէկ օր առաջ, ՏԱՀԵՇ քանդեց Մուսուլի արեւելքը գտնուող հնագիտական ասորեստանեան Խորասապատ քաղաքը, որ Նեմրութէն եւ Հաթրայէն ետք մինչեւ օրս Իրաքի մէջ քանդուած երրորդ հնագիտական վայրն է: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն դատապարտած էր այդ արարքները` զանոնք նկատելով «պատերազմական ոճիր» եւ հարցը փոխանցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու Միջազգային քրէական դատարանին: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին դատապարտեց Նեմրութի քանդումը` նշելով. «Մեր հասարակաց մշակութային ժառանգութեան քանդումը պատերազմական ոճիր մըն է եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ յարձակում մը»: Այդ ժողովներուն եւ դատապարտումներուն պէտք չէ յոյս կապել` լաւագոյն պարագային լեռը մուկ պիտի ծնի:

Մինչ արտաքին գործոց նախարարները ժողով կը գումարէին, ահաբեկչական խմբաւորումի զինեալները Մուսուլի կեդրոնին մէջ քանդեցին հնագիտական «Սայիտա Նաֆիսա» մզկիթը: Հաւատադրժողական խմբաւորումը Խորասապատն ու մզկիթը քանդելով եկաւ յայտարարելու, որ ինք թքած ունի թէ՛ այդ ժողովին, ժողովին մասնակիցներուն եւ այդ ժողովէն բխելիք որոշումին, թէ՛ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, թէ՛ ալ Միջազգային քրէական դատարանին վրայ: Ի վերջոյ անոր գաղափարախօսութեան պրիսմակէն դիտուած բոլոր վերոնշեալներն ալ ոչ թէ հեղինակութիւն, այլ նոյնիսկ կարծէք գոյութիւն չունենային:

ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ հնագիտական քաղաքները, հնադարեան եկեղեցիներն ու մզկիթները, ինչպէս նաեւ թանգարաններուն մէջ պահ դրուած հնութիւնները քանդելով կը կիրարկէ «անցեալը քանդելով ապագային տիրելու» քաղաքականութիւն մը, որ նախապէս կիրարկուած էր Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ կողմէ` Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ:

Մշակութային գանձերու կորուստները անդառնալի են: Հնութեան մը արժէքը իր հին ըլլալուն մէջ է. զայն վերակառուցելը անիմաստ է, իսկ արդիւնքը` անարժէք: Մարդիկ գլխատող ու հրկիզող խմբաւորումէ մը մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ պատկառանք ակնկալելը անտեղի պիտի ըլլար: Ատենօք Եւրոպայի մէջ «քրիստոնեայ» հաւատադրժողականները` հաւատաքննիչները եւս մարդիկ կը հրկիզէին եւ մահապատիժի ու չարչարանքի հազարումէկ հնարքներ կը ստեղծէին: Միջնադարու խաւարին, սակայն, յաջորդեց լուսաւորութեան դարը, եւ եւրոպացիները քաղաքակրթութիւն կերտեցին:

Արաբական աշխարհի պարզած ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ «Արաբական գարուն»-ը անպատշաճ ու հեգնական անուանում մըն է, որովհետեւ գարունը կեանք ու ծաղկում կը նշանակէ, իսկ մեր շուրջ միայն մահ ու աւեր է: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ասիկա իրապէս գարունն է, ապա ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան մնացեալ եղանակները: Յուսանք, որ պատմութիւնը շուտով ինքզինք կը կրկնէ. խաւարամտութեան ու խաւարի տիրակալութիւնը կը չքանայ եւ կը վերաբացուի լուսաւորութեան ու զարգացման ժամանակաշրջանը:

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարին Կ՛արգիլուի Արաբական Լիկային Առջեւ Խօսք Արտասանել

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.