Օսմանահայեր…
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին:...
















