Այսօր Լիբանանը կը նշէ Ուսուցիչներու օրը: Երախտիքի, շնորհակալութեան, նուիրումի եւ առաքելութեան վերաբերող արժէքներու նշում-արծարծումէն աւելի, մեզի համար Ուսուցիչներու օրը նաեւ հիմնական նշանակութիւն ունի այս ասպարէզին ոչ միայն ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր հասկացողութեան առումով, այլ նաեւ մարդկային պաշարներու պատրաստութեան հրամայականը ընդգծելով:
Հայ մարդու կերպարի ստեղծման, հոգեկերտուածքի թէ կազմաւորման առումով ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը ուսուցիչին է, որ գիտելիքով զինելու առաքելութեան առընթեր, պարտականութիւնը ստանձնած է մեր բազմաճակատ Դատին զինուորագրեալներ պատրաստելու:
Ժամանակակից պայմաններուն մէջ ընդունուած եղանակ է ու միջոց` մարդկային պաշարներու կամ մարդուժի շտեմարան հաստատելու եւ զայն մնայուն կերպով թարմացնելու աշխատելաոճը: Այս անհրաժեշտութիւնը այլեւս ոչ միայն պետական հնչեղութիւն ունի, այլ նաեւ նոյնիսկ որեւէ կազմակերպութեան կը վերաբերի. աւելի՛ն, այսօր առեւտրական արդի ընկերութիւնը հանրային կապերու պատասխանատուին կից մարդկային պաշարներու մնայուն լիաժամ աշխատող տնօրէններ եւ պատասխանատուներ ունի:
Մարդկային պաշարներու պատրաստութիւնը, որակաւորումն ու վերաորակաւորումը մնայուն հետեւողական գործընթացներ են, որոնք կը բանին անընդմէջ` տուեալ հաստատութեան ապագան երաշխաւորելու հեռանկարով:
Մեր համայնքին կամ աւելի լայն ու ընդհանուր հասկացողութեամբ հայ կեանքին մարդկային պաշարներ պատրաստելու ամէնէն հիմնական պատասխանատուները հայ ուսուցիչներն են: Առաջադրանքները ժամանակի եւ պայմաններու փոփոխութեան առընթեր նոր տեսք ու էութիւն կը ստանան: Եթէ ժամանակին միայն հայապահպանման նպատակին վրայ կեդրոնացած էին հայ ուսուցիչէն ակնկալուած աշխատանքները, այսօր արդէն ներկայ եղանակներուն թելադրած կանոնները կը պարտաւորեցնեն թէ՛ աշխարհաընկալման եւ թէ՛ հայ կեանքի ոլորտներու արդիականացման կարեւոր ուղղութիւններու իւրացման եւ ըստ այնմ աշխատելաոճեր որդեգրելու միջոցներու տիրապետում:
Մասնագիտացման դար է եւ միեւնոյն մարդուժը եւս իր կարգին չի կրնար զբաղիլ թէ՛ քաղաքականով, թէ՛ մշակութայինով, թէ՛ կրօնականով, թէ՛ երիտասարդական հարցերով, թէ՛ մարզականով կամ թէ բարեսիրականով:
Հայ կեանքի պարագային այս ոլորտները որոշակի առումով փոխագուցուած են, եւ տարանջատումները միշտ չէ, որ հեզասահօրէն սահմաններ կը գծեն: Այսուհանդերձ, մասնագիտացումէն առաջ ընդհանրական գիտելիքներու ծանօթացումը եւ դէպի մասնագիտականի մտայնութիւն առաջնորդուիլը ցուցմունքի, աշխատանքի, առաքելութեան, ուսուցումի կը կարօտի:
Մեր ուսուցիչները իրենց նուիրումին առընթեր, ժամանակակից պայմաններու թելադրած օրինաչափութիւններուն ընդառաջ, անդադար որակաւորուելով եւ որակաւորուելով բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը ունին մեր մարդուժի շտեմարանը, զինանոցը թարմացնելու:
Եւ եթէ համոզուինք, որ հայութեան մարդկային պաշարներու առաջին ու վերջին պատասխանատուն ուսուցիչն է, այդ պարագային մեր հաւաքական վերաբերումը եւս պէտք է ժամանակակից հնչեղութիւն ունենայ այս ասպարէզը ընտրողին նկատմամբ:
Նուիրումն ու բարոյախօսական կարգախօսերը չեն լուծեր հարցերը: Մեր մարդկային պաշար պատրաստողներէն պէտք է ակնկալենք բարձրագոյն պատասխանատուութիւն, միաժամանակ այդ կարեւորագոյն ասպարէզը ընտրողներուն նկատմամբ պարտինք ապահովել բոլոր իմաստներով ներդրումային ծրագիրներ:
«Ա.»