Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ձեռնարկն Ու Մարդակերպ Խօսափողի Մը Գանգատը

Մարտ 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-11-15_vaho«Քառնըկի Ինտաումընթ ֆոր Ինթըրնեշընըլ Փիս»-ի Պէյրութի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցանք կեդրոնին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հետ համագործակցաբար կազմակերպած «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» նիւթով կլոր սեղանին, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»-ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Ամերիկեան վերոնշեալ վերլուծական կեդրոնը, որ կը նկատուի իր տեսակին մէջ աշխարհի տարածքին երրորդ ամէնէն ազդեցիկը, նոյեմբեր 1944-ին հրատարակած է Ռաֆայէլ Լեմքինի այն գիրքը, որուն միջոցով ան շրջանառութեան մէջ կը դնէր «ցեղասպանութիւն» եզրը: Այլ խօսքով` կեդրոնը չէր կրնար անտարբեր մնալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նկատմամբ: Ձեռնարկին նշանակութիւնը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է ծանօթանալ զայն կազմակերպող կողմին: «Քառնըկի»-ի ներկայ ընդհանուր տնօրէնն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Ուիլիըմ Ճ.Պըռնզ, անոր նախորդին` Ճեսիքա Թ. Մաթիուզի(1977-ին Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի համաշխարհային հարցերու բաժանմունքի տնօրէն) պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին խօսք արտասանած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, իսկ ատենօք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տուայթ Տ.Այզընհաուըրի կողմէ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելէ առաջ, «Քառնըկի»-ի խնամակալներու խորհուրդի նախագահը եղած է Ճոն Ֆոսթըր Տալըս: Այլ խօսքով` «Քառնըկի»-ն ամերիկեան վարչակազմերու հետ սերտ յարաբերութեանց մէջ եղած է եւ է:

Զեկուցումներուն աւարտին, երբ հարցումներու առիթ տրուեցաւ, ձայն առաւ Պէյրութի մէջ Թրքական մշակութային կեդրոնի տնօրէն Չենկիզ Էրօղլու, որ գանգատեցաւ` նշելով, թէ զեկուցողներուն, զեկուցավարին եւ իրմէ առաջ հարցում ուղղած անձերուն մօտ գոյութիւն ունի կանխատրամադրութիւն մը, այլ խօսքով` անոնք հանգիստ կերպով կ՛օգտագործեն «ցեղասպանութիւն» եզրը: Ան ըսաւ, որ ձեռնարկը միակողմանի զրոյց մըն է եւ հակառակ կողմին կարծիքը չէ ներկայացուած: Էրօղլու յայտնեց, թէ թրքական արխիւները բաց են, եւ կոչ ուղղեց Հայաստանին նոյնը կատարելու: Աւելի՛ն, ան նշեց, որ հազարաւոր փաստաթուղթեր ցոյց կու տան, որ հայերը դաւաճանած են եւ ռուսերուն հետ գործակցած, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան, որ իրողութեան մէջ հայերն են, որ ջարդած են թուրքերը եւ ոչ թէ թուրքերը` հայերը: Երբ այս պնդումին վրայ ամբողջ սրահը ծիծաղով արձագանգեց, ան աւելցուց, թէ այդ ծիծաղները յաւելեալ փաստ են, որ իր ըսածը ճշմարիտ է: Անոր յաւելեալ ու կատարեալ անհեթեթութիւն մը եղող այս վերջին խօսքը թէեւ առաւել եւս վարկաբեկեց զինք, սակայն անիկա անոր միակ սեփական խօսքն էր, որովհետեւ մնացեալները իրը չէին: Թրքական իշխանութիւններուն այս մարդակերպ խօսափողը մեքենայաբար եւ կէտ առ կէտ կը կրկնէր իր տիրոջ` Թուրքիոյ պետութեան ժխտողական թեզերը եւ եթէ անոնցմէ որեւէ մէկը մոռնար, ներկաներէն ոեւէ մէկը կրնար անոր յիշեցնել եւ «թերացումը» մատնանշել:

Իր պարտականութիւնը կատարելէ եւ «Քառնըկի»-ի աւագ գործակից Տը Վաալէն արժանի պատասխան (Տե՛ս «Ազդակ» չորեքշաբթի, 11 մարտ էջ 3) ստանալէ ետք` Էրօղլու իբրեւ բողոք հեռացաւ սրահէն: Բնականաբար ան այդքան վարկաբեկուելէ ետք այդտեղ չէր կրնար մնալ:

Զեկուցումները եւ պատշաճ պատասխանները լսելէ ետք` սրահէն հեռացանք լաւ ձեռնարկի մը ներկայ գտնուած ըլլալու գոհունակութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Միջինքի Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In