Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Վերացման» Արշաւին Կարեւորութիւնը

Մարտ 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Լսատեսողական միջոցներուն մէջ ձայնասփիւռի կայանները բոլորին ու բոլոր պայմաններուն մէջ ամէնէն հասանելի լրատուամիջոցներն են, որոնք հաղորդական են եւ չունին աշխարհագրական ու ժամանակի սահմանափակումներ:

Այս հաստատումի շրջագիծին մէջ «Վանայ ձայն»-ը եղած է եւ պիտի մնայ սփիւռքահայութեան եւ համայն հայութեան խօսափողն ու արձագանգը:

Մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր կը ներկայացնեմ «Աստղիկ-կնոջական աշխարհ» յայտագիրը, որուն ծանօթացայ, ծանօթացուցի ու ներկայացուցի ծրագիրներ, աշխատանքներ` յատուկ հայ երիտասարդուհիին, մօր եւ մեծ մօր: Այդ ծրագիրները եւ աշխատանքները շատ յաճախ կ՛ըլլային դաստիարակչական, առողջապահական, հոգեբանական, մանկավարժական եւ իրաւաբանական բնոյթի` զարգացնելու համար կիներուն գիտելիքները, հմտութիւնները, նպաստելու անոնց վստահութեան ամրապնդման, խրախուսելու զանոնք պաշտպանելու իրենց իրաւունքները, զինելու, մասնակցելու որոշումներ պահանջող ծրագիրներուն, ըլլալու անդամ հասարակական կառոյցներու, միութիւններու, գործելու եւ աշխատելու, թափը զարգացնելու, ըլլալու գործօն անդամ` պահանջելու իրենց իրաւունքները:

Այս իրազեկումի աշխատանքին կարեւորութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի, մանաւանդ երբ կ՛անդրադառնանք կիներու իրաւունքներու խախտումի հարցին: Այս իմաստով ալ 25 նոյեմբերէն մինչեւ 16 դեկտեմբեր «նարնջագոյն շրջան» է:

Ամէն տարի 25 նոյեմբերին ընթացք կ՛առնէ «Կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման» արշաւը, ի յիշատակ Միրապալ երեք քոյրերուն, որոնք զոհ գացած են բռնութեան:

Այս քարոզարշաւը ամբողջ աշխարհին կը յիշեցնէ յատուկ ձեռնարկներ ու համագումարներ կազմակերպելու եւ այս կարեւոր նիւթը արծարծելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ինչո՞ւ կիներու նկատմամբ բռնութիւն», հարցական մը, որ օրըստօրէ աւելի եւս կը տարածուի եւ դժբախտաբար յանցագործը կը մնայ անպատիժ:

Հոգեբուժներ եւ այս մարզի պատասխանատուներ մեծ կարեւորութեամբ կ՛ուզեն անդրադառնալ այս հարցին` շեշտը դնելով հետեւեալ կէտին վրայ. կիներուն նկատմամբ բռնութիւնը հետեւանք է կիներուն նկատմամբ խտրականութեան, անհաւասարութեան:

ՄԱԿ-ի յանձնախումբերէն մէկը, որ կը հետապնդէ այսպիսի կարեւոր հարցեր, «նարնջագոյն շրջան» արշաւով կ՛ուզէ ուշադրութիւնը գրաւել բոլոր կառավարական եւ ոչ կառավարական կնոջական կազմակերպութիւններուն` յաւելեալ աշխատանք տանելու եւ «ոչ»-ի ձայնը հասցնելու պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք զօրավիգ կանգնին բոլոր անոնց, որոնք կ՛ենթարկուին բռնութեան եւ վայրագութեան:

Մե՛նք ալ պատասխանատուութիւն վերցնենք, օգնենք եւ օգտակար դառնանք, զարգանանք եւ զարգացնենք, սորվինք եւ սորվեցնենք, մղենք, որ մեր երիտասարդները կարդան, զարգանան, մասնակցին միութիւններու գործունէութեան, ներկայ ըլլան դասախօսութիւններու եւ առիթը ունենան ձեռք ձգելու վկայականներ, որոնք առիթներ պիտի ստեղծեն աշխատանքի նոր մարզերուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրելու եւ ունենալու, սպասելու ու պարտադրելու արդար կեցուածքներ:

Մե՛նք ալ ծովուն մէջ կաթիլ մը աւելցնելով կրնանք յոյս ներշնչել եւ դէմ դնել ամէն տեսակի բռնութիւններու, յատկապէս կիներուն նկատմամբ բռնութիւններուն:

«Աստուած կաւի հետ
կնոջ մարմարեայ մարմին ստեղծեց
Երազն ու լոյսը խառնեց
անոր քնքշութիւն պարգեւելով
Եղնիկէն առաւ հայեացքը երկչոտ
Ծովերէն` համբերութիւն
Անձրեւէն` լաց ու սիրախաղ
Ծիածանէն` ժպիտ ու ծիծաղ
Լեռներէն` հմայք
Աղուէսներէն` խորամանկութիւն
Երկրաշարժէն` խստութիւն

Եւ վերջապէս ըսաւ` եղիր արթուն, խելացի, ընկերասէր, զօրաւոր, քնքուշ եւ արդար, վայելէ ազատութիւնը եւ պահանջէ արդարութիւնը»:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Անկցի՛ Հայրիշխանութիւնը, Կեցցէ՛ Ֆեմինիզմը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?