Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկցի՛ Հայրիշխանութիւնը, Կեցցէ՛ Ֆեմինիզմը

Մարտ 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

10390359_911430215550517_7346992885059034571_nԲնաւ փորձա՞ծ ես գիշերով առանձին քալել Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, կամ` Հաճընի, Համրայի, Ժտէյտիի: Եթէ փորձած ես, շատ հաւանաբար չես պատկանիր իգական սեռին, որուն ներկայացուցիչները ստիպուած են հաշուի առնել իւրաքանչիւր քայլափոխին տեղի ունենալիք հաւանական բռնութիւնները: Բնաւ փորձա՞ծ ես Արաքս փողոցի վաճառատուներէն մէկուն մէջ գործ գտնել: Եթէ փորձած ես, շատ հաւանաբար չես փորձած այդ մէկը ընել այն վաճառատուներուն մէջ, որոնք «ծախող օրիորդներու կարիքը» ունին: Աւելի՛ն. բնաւ լսա՞ծ ես «դուն մեծ տղայ ես, պէտք չէ լաս» եւ կամ «վրան աղջկայ շնորհք չկայ» եզրերը: Այս բոլորին եւ նմանօրինակ սեռական դերակատարութիւնները զատորոշող մտածելակերպին արմատները խրուած են սեռերու անհաւասարութեան անբերրի հողին մէջ, որոնք յստակ ակնկալիքներ ունին իւրաքանչիւր սեռէն, ինչպէս նաեւ յստակօրէն կը սահմանափակեն իւրաքանչիւր սեռին կարողութիւնները եւ ներուժը:

Ճիշդ այս անհաւասարութեան իբրեւ հետեւանք` ծնունդ առած է Ֆեմինիստ շարժումը: Թէեւ Գույումճեանի բառարանը ֆեմինիստ բառը կը թարգմանէ որպէս սեռերու հաւասարութիւն, ինչ որ սկզբունքն է ֆեմինիստ շարժումին, սակայն այս թարգմանութիւնը թերի է, քանի որ ֆեմինիստ շարժումը արդէն իսկ իր ներկայի երրորդ ալիքին  կամ հանգրուանին մէջ իր մէջ կը պարունակէ ոչ միայն իգական եւ արական սեռերու իրաւունքներու հաւասարումի գաղափարը, այլ նաեւ` ցեղապաշտութեան վերացման,  կիներու` հասարակական ոլորտներու մէջ ներկայութեան, հայրիշխանութեան տապալման, կնոջ հանդէպ կարծրատիպերու ոչնչացման գաղափարները. այլ խօսքով, ֆեմինիստ շարժումը կը պայքար այն ամէն ինչին դէմ, որ կը նուաստացնէ եւ կը ստորադասէ կինը տղամարդոց տիրապետող ընկերութեան մը մէջ: Հետեւաբար այս յօդուածին մէջ ես ալ պիտի ստիպուիմ օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործածուած ֆեմինիստ հայատառ օտար բառը, մինչեւ որ արեւմտահայերէնի լեզուաբանները հանդէս գան ֆեմինիստ բառին աւելի ստոյգ հայացումով:

Հակիրճ Ակնարկ` Ֆեմինիստ Շարժումին

Ֆեմինիստ շարժումը քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական շարժում մըն է, որ ծնունդ առած է որպէս իշխանութիւններու անարդար համակարգերուն դէմ պայքար: Պատմութեան մէջ կը գրուի, որ շարժումը իր առաջին ծիլերը տուած է 18-րդ դարուն: Անգլիոյ մէջ 18-րդ դարուն տեղի ունեցած ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը մէկ կողմէն, դրամատիրական համակարգին ստեղծումը միւս կողմէն` պատճառ դարձած են, որ կինը ա՛լ աւելի քաշուի դէպի տան դռնէն ներս` աշխատանքային առիթները ձգելով տղամարդոց եւ ենթակայ ըլլալով իր ամուսնոյն կամ հօր, որպէս եկամուտի միակ աղբիւր: Նոյն ժամանակներուն Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած մենատիրութեան դէմ յեղափոխութիւնը զանց առած է կնոջ իրաւունքները եւ յեղափոխութեան պահանջները, շեշտը դնելով միայն տղամարդոց իրաւունքներուն վրայ: Սակայն պատմութեան մէջ ֆեմինիստ շարժումին առաջին հանգրուանը կը համարուի 19-րդ դարուն վերջաւորութենէն 20-րդ դարուն սկիզբը երկարած ժամանակահատուածը, որ հիմնականին մէջ իր պայքարը մղած է կիներու քուէարկութեան իրաւունքի տուչութեան վրայ: Այս հանգրուանը այդքան ալ արդիւնաւէտ չէ եղած, քանի որ միջին դասակարգի ճերմակամորթ ֆեմինիստները իրենց հետ ունենալով Արեւմուտքի կողմէն պարտադրուած արժէքներ` նկատի չեն առած տարբեր մշակոյթներու պատկանող կիներու տարբեր մտածելակերպերը եւ, ըստ էութեան, այս ֆեմինիստները իշխանութեան այլ կերպ մը որդեգրած են արդէն իսկ իշխանութիւններու տակ ճզմուող կիներուն: Առաջին ալիքին բացթողումը ամբողջացնելու համար ֆեմինիստ շարժումը սկսած է իր յաջորդ ալիքին, որ կը պատկանի 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն:

Այս հանգրուանին ֆեմինիստ շարժումը ոչ միայն կեդրոնացած է սեռերու հաւասարութեան եւ դարձած է կնոջ իրաւունքներուն ջատագովը, այլ առաւելաբար անդրադարձած է պատմութեան եւ գիտութիւններուն մէջ կին տիպարին բացակայութեան եւ անտեսանելի ըլլալուն հանգամանքին: Այս ժամանակահատուածը ճոխ է ֆեմինիստներու` գիտութեան մէջ արմատական փոփոխութիւն կատարելուն, որուն մասին պիտի անդրադառնանք զատ բաժինով: Այս հանգրուանը կարեւոր իրադարձութիւն ունեցած է մանաւանդ սեռ (sex) եւ սեռականութեան (gender) հասկացողութիւնները զատորոշելու խնդիրին: Այս ալիքին ֆեմինիստները սեռ եզրը բացատրեցին որպէս կենսաբանական հանգամանք, որ կը զատորոշէ իգական սեռը արականէն, իսկ սեռականութիւն եզրը բացատրեցին որպէս ընկերային հանգամանք, այսինքն` պայմանաւորուած ընկերութեան մը ակնկալութիւններուն հիման վրայ: Այլ խօսքով, ոչ թէ մարդուն բնութիւնն է որոշողը իւրաքանչիւր սեռի պարտաւորութիւնները, այլ ընկերութիւնը` ինքը: Թէեւ 1990-ական թուականներէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանը կը համարուի ֆեմինիստի երրորդ ալիքի ժամանակաշրջան, սակայն այս երեք ալիքները կրնան երբեմն հանդիպիլ ու միաձուլուիլ իրարու, քանի որ ի վերջոյ անոնք կը ծնին նոյն սկզբունքէն, որն է` հայրիշխանութեան դէմ պայքարը:

Ի՞նչ Է Հայրիշխանութիւնը

Ընկալելու համար ֆեմինիստ շարժումին տագնապը, հարկ է ըմբռնել մէկ անգամ ընդմիշտ, թէ ի՛նչ է հայրիշխանութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս կը հարուածէ թէ՛ կիները թէ՛ տղամարդկիկը:

Հայրիշխանութիւնը ոչ միայն հայր կերպարին ընտանիքի գլուխ ըլլալն է, այլ կառավարման եւ հասարակութեան համակարգ մըն է, ուրկէ ամբողջովին կը բացակային կիները: Հայրիշխանութիւնը կը պնդէ, որ կիները եւ տղամարդիկը ի սկզբանէ արդէն ունին իրենց յատուկ դերերը: Կիները ունին ապրելակերպի յատուկ ձեւ եւ, ըստ կիներու իգականութեան կարողութիւններուն, անոնք ատակ չեն մաս կազմելու տղամարդոց յատկացուած գործերուն եւ պարտականութիւններուն, ինչպէս նաեւ տղամարդիկ ատակ չեն կատարելու կամ միջամուխ ըլլալու կիներուն յատկացուած գործերուն:

Ճիշդ այս պատճառով ալ ֆեմինիստներու երկրորդ ալիքը կը սահմանէ սեռ եւ սեռականութիւն եզրերուն նոր բացատրութիւններ, որպէսզի պայքարի այն առասպելին դէմ, որ կը հաւատայ, թէ սեռերուն դերակատարութիւնները ի սկզբանէ դասակարգուած են: Հայրիշխանութիւնը ոչ միայն ըստ իր քմահաճոյքին կը դասակարգէ իւրաքանչիւր սեռի պարտականութիւնները, այլ ընկերութենէն կը հեռացնէ բոլոր անոնք, որոնք չեն հետեւիր այս օրէնքներուն: Այս պատճառով ընկերութեան մէջ կը շատնան բռնաբարութիւնները, քանի որ հայրիշխանները կը հաւատան, թէ իգական սեռի պատկանողները պէտք է նկատի առնեն իրենց հագուածքը, շպարը կամ առանձին ճամբայ ելլելու ժամերը, եւ հայրիշխանները փոխանակ բռնաբարութեան դէմ պայքարելու, կը դատապարտեն` ըստ իրենց բռնաբարութեան «հրաւիրող» կիները:

Հայրիշխանութեան հալածանքին կ՛ենթարկուին նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններն ու մարմնավաճառները: Հարկ է աւելցնել, որ չեմ դատեր ուշ կամ շատ կանուխ ժամերուն առանձին ճամբան քալող կիները, միասեռականները, միւս հակառակ հագուստը հագնող մարդիկը կամ մարմնավաճառները, սակայն կը դատապարտեմ ու կ՛ակնկալեմ, որ դուք ալ դատապարտէք նման մարդիկը հալածելն ու սպաննելը, պարզապէս քանի որ անոնք չեն հետեւիր հայրիշխանութեան պարտադրած ընկերային օրէնքներուն:

Թէեւ կիներու եւ սեռական փոքրամասնութիւններու տագնապը երեւելի է այս համակարգին տակ, սակայն հայրիշխանական համակարգը աւելի շատ կը հարուածէ տղամարդիկը: Անոնց մէջ սնունդ կու տայ տղամարդու աներեւակայելի ու անմարդկային յատկութիւններ, ինչպիսիք են անոնց միշտ «քաջ» ըլլալու եւ զգացումներուն վրայ գերիշխելու «կարողութիւնը», որ իրականութեան մէջ կը ճնշէ տղամարդը եւ զայն կը դարձնէ հոգեկան տագնապներու կոյտ: Հայրիշխանութեան պատճառած արհաւիրքներուն ամէնէն պարզ օրինակը տղամարդոց արցունք թափելու ամօթն է: Հայրիշխան հասարակութիւնը ձեւով մը կ՛արգիլէ տղամարդոց լալը, ինչ որ զգացումներ արտայայտուելու ամենամարդկային ձեւերէն մէկն է ու անուղղակիօրէն կը ճնշէ տղամարդը: Ճնշուած տղամարդը ինքզինք  «տղամարդ» փաստելու համար կը դիմէ բռնութիւններու, եւ երբ չհասնի իշխանութեան գլուխ, իր առօրեային կամ ասպարէզին մէջ, կը տառապի զանազան բարդոյթներէ: Մեր բոլորիս ծանօթ պատուոյ սպանութիւն կոչուած ու տարածուած երեւոյթը այս համակարգին արդիւնքն է: Հետեւաբար հայրիշխանութիւնը կը սնուցանէ բռնութիւններն ու ոճրագործութիւնները:

Ֆեմինիզմը կը պայքարի հայրիշխանութեան դէմ նպատակ ունենալով ոչ միայն կիները ազատագրել տղամարդոց կարծրատիպերէն, այլ նաեւ տղամարդիկը ազատագրել ընկերութեան արտադրած եւ վերարտադրած կարծրատիպերէն:

Ֆեմինիստը Գիտութիւններու Մէջ

Ֆեմինիստ շարժումները շատ աւելի արդիւնաբեր եղած են գիտութեան ոլորտին մէջ մուտք գործելով: Յատկանշական է երկու կարեւոր ներմուծում` պատմագիտութեան եւ մարդաբանութեան մէջ: Պատմագիտութեան մէջ ֆեմինիզմ շարժումը իր ձայնը բարձացուցած է` ըսելով, որ պատմագրութեան մէջ կը բացակային կին տիպարները եւ պատմութիւնը ողողուած է տղամարդ հերոսներով, ինչպէս նաեւ` հերոսներով, որոնք կ՛ապացուցեն «տղամարդու» յատկութիւններ: Այս կարծրատիպերը պատճառ դարձած են, որ կիները նկատուին նուազ կարողութիւն ունեցող եւ արժանիքներու տէր: Ֆեմինիստ պատմաբանները կը հաւատան, որ կիներու մտային արժէքները կախեալ չեն անոնց սեռէն, եւ թէ` իգականութիւնը մտային ու ֆիզիքական տկարութեան համազօր չէ: Այս ֆեմինիստ պատմաբանները աշխատանք տարած են կին կերպարը ազատելու մայրութեան ժանիքներէն եւ պատմութեան ընդմէջէն յաջողած կիներու օրինակներ ներկայացնելով` ջանք թափած են փաստելու, որ կնոջ յաջողութիւնը անոր մայր կամ ամուսին դառնալէն անկախ է, եւ թէ` կինը ազատ է ընտրելու երկուքը կամ երկուքէն մէկը:

Ֆեմինիստ պատմաբանները իրենց կեդրոնացումը սեւեռած են ոչ թէ արտադրելու կին կերպար մը, կամ` մէկ տեսակ կին հասկացողութիւն, այլ անոնք աշխատած են աւելի մօտէն զննել այն միջոցները եւ պատճառները, որոնք կ՛արտադրեն կին կերպարներ տարբեր ժամանակահատուածներու եւ միջավայրերու մէջ: Ուրեմն ֆեմինիստ պատմագրութիւնը կը հաւատայ, որ կինը միատեսակ չի կրնար ըլլալ ու անկարելի է բոլոր կիները մէկ ամբողջական կազմութիւն համարել:

Նոյն մտահոգութեամբ աշխատած է նաեւ ֆեմինիստ մարդաբանութիւնը, որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ ֆեմինիստի երկրորդ ալիքով աշխատանք թափած է ներառելու կինը ազգագրական գործերուն մէջ, ինչպէս նաեւ  պայքարած է ընկերութեան կառուցած կարծրատիպերուն դէմ, որոնք կնոջ եւ տղամարդու տարբեր յատկութիւններ ունենալը կը պաշտպանեն: Առ այդ, Ֆեմինիստ պատմաբանութիւնը կը մերժէ տղամարդ/կինմարդ բաժանումը եւ կը հաւատայ թէ սեռականութիւնը (gender) դասակարգային, ընկերային յարաբերութիւններու եւ իշխանութեան առնչուած է: Ֆեմինիզմը նոյն սկզբունքով կ՛անդրադառնայ նաեւ սեռային եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք նոյնպէս կը տառապին սեռականութեան պատճառով:

Ֆեմինիստի Հիմնական Շարժումները
Եւ Անոնց Երանգները

Տարիներուն ընթացքին տարբեր Ֆեմինիստ շարժումներ մէջտեղ գալով, երբեմն իրար հակասելով եւ երբեմն իրար ամբողջացնելով` մշակած են ֆեմինիզմը: Ֆեմինիստ շարժումի հիմնական օրինակներէն են.

– լիպրդարեան կամ ազատատենչ ֆեմինիզմը, որ կը հաւատայ քաղաքական եւ իրաւական բարեփոխումներուն միջոցով սեռերու հաւասարութեան նուաճումին, քան` ընկերային համակարգին փոփոխութեան միջոցով նուաճումին, հետեւաբար կը քաջալերէ անհատական պայքարը:

– ընկերվարական ֆեմինիստ, որ թիրախ ունի ընկերութեան փոփոխութիւն յաջողեցնել, վերացնել կիներու շահագործումը եւ տապալել իշխանութիւնը` հասնելու համար ընկերվարական ֆեմինիզմի:

– ռատիքալ կամ արմատական ֆեմինիզմ, որ բոլորովին դէմ է սեռային տարբերութիւններուն գոյութեան եւ սահմանումին ու կը հաւատայ, որ միայն «սեռականութիւն» (gender) հասկացողութիւնը ջնջելով կարելի կ՛ըլլայ սեռերու հաւասարութիւն նուաճել:

– պլեք կամ սեւամորթներու ֆեմինիզմ, որ կու գայ պատասխանելու ճերմակամորթ ֆեմինիստներուն եւ յիշեցնելու սեւամորթ ժողովուրդին պայքարը ցեղապաշտութեան դէմ: Անոնք կ՛ըսեն, որ անկարելի է սեռերու հաւասարութեան մասին խօսիլ` առանց անդրադառնալու տեղի ունեցող ցեղապաշտութեան եւ սեւամորթ կիներու լուսանցքայնացուածութեան:

Ֆեմինիստներու շարժումներուն ենթաբաժանումները կրնան ըլլալ աւելի, բայց բոլորը կը հետեւին նոյն սկզբունքին` հայրիշխանութեան վերացման եւ սեռերու հաւասարութեան:

Մարդոց իրաւունքներու հաւասարութիւնը, մարդոց ազատութիւնը, ընտրելու իրաւունքը մարդկային պարզ արժէքներ են, որոնք սակայն տարբեր պատճառներով կը պակսին մեր միջավայրերուն մէջ: Ֆեմինիստ շարժումները ծնունդ առած են պայքարելու ճիշդ նոյն սկզբունքներուն համար` հաւասարութիւն, ազատութիւն, արդարութիւն, սակայն` լուսարձակի տակ առնելով լուսանցքի մէջ մնացած կինը, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններ: Հետեւաբար ֆեմինիզմը մեր առօրեային մաս կազմող աշխուժ ներկայութիւնն է եւ չի պատկանիր միայն կիներուն ու չի ոտնահարեր տղամարդոց իրաւունքը, այլ կը դատապարտէ այն ամէն ինչը, որ կը կարծէ, թէ կիները եւ սեռական փոքրամասնութիւնները պէտք չունին ներկայ ըլլալու տուեալ ոլորտի մը մէջ, պարզապէս քանի որ կին են կամ չեն համապատասխաներ իրենց առաջադրած տղամարդու կերպարին, կամ թէ կիները պէտք չունին գիշերը առանձին ճամբայ քալելու կամ հանրակառքեր օգտագործելու առանձին, եւ կը դատապարտէ ամէն կարծրատիպ, որ կը ճնշէ տղամարդը հայրիշխանական սարսափին տակ:

 

 

 

Նախորդը

«Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Վերացման» Արշաւին Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին. Մարտ Ութի «Օր»-ուան Պահանջատիրութեան Սլաքը Դէպի Իրաւական Արեւելում

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?