Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկէ՛Ք՝ Քոնկրեսէն Վռնտենք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պիլ Շուսթըրը

Մարտ 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցի ամերիկահայ համայնքի յաջողութեան` Լոս Անճելըսի կողմէ 845 հազար տոլարի պայմանագիրը «Կեփհարթ կրուփ»-ի հետ չեղեալ համարելու մասին` Քոնկրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ ի նպաստ Թուրքիոյ ծաւալած լոպինկ ընելուն համար:

Ես յոյս յայտնեցի, որ հայերը կը շարունակեն իրենց ջանքերը, որպէսզի «Կեփհարթ կրուփ»-ին մնացած 200 յաճախորդները եւս դադրեցնեն իրենց պայմանագիրները, այնպէս,որ Տիք Կեփհարթը սուղ վճարէ իր ժխտողական լոպինկին համար:

Խանդավառուած իրենց  մեծ յաղթանակով` Լոս Անճելըսի մէջ ամերիկահայերը այժմ պէտք է ընդլայնեն իրենց քաղաքական աշխուժութիւնը` դաս մը տալու Փենսիլվանիայէն հանրապետական քոնկրեսական Պիլ Շուսթըրին, որ խայտառակ նամակ մը գրած է Քոնկրեսի անդամներուն` խնդրելով անոնցմէ չաջակցիլ սպասուող Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին:

Շուսթըրը անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան բոլոր 435 անդամներուն յղած իր «յարգելի գործընկերներ» նամակին մէջ անամօթաբար կոչ ըրած է. «Զերծ մնալ բանաձեւի մը սատարումէն` կողմ չբռնելով պատմական բանավէճի մէջ իրադարձութիւններու վերաբերեալ, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ, աշխարհի միւս ծայրը»: Հետաքրքրական է, թէ ինչ կը մտածէ քոնկրեսականը Հոլոքոսթի մասին, որ նոյնպէս տեղի ունեցած է «աշխարհի միւս ծայրը», աւելի քան 70 տարի առաջ…

Իր լկտի նամակին մէջ քոնկրեսական Շուսթըրը կասկածի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը` յայտարարելով, որ առկայ են «երկու հակասական պատմութիւններ այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն հետ»: Իր այլասերած տրամաբանութեամբ քոնկրեսականը կը պնդէ, որ` «1915-ի իրադարձութիւնները…. ցեղասպանութիւն չեն հանդիսանար», որովհետեւ` «աւելի քան երկու միլիոն օսմանեան քիւրտեր, արաբներ եւ մահմետականներ…. նոյնպէս տուժած են այս հակամարտութեան ընթացքին»: Անոր յղումը «աւելի քան երկու միլիոն օսմանեան քիւրտերու» կորուստին Ա. Համաշխարհային պատերազմին` Թուրքիոյ կառավարութեան համար գործող լոպիական ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ շարադրուած վերջին կեղծիքն է:

Փենսիլվանիոյ քոնկրեսականը նաեւ կեղծօրէն կը պնդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը «պիտի թշնամացնէ տարածաշրջանին մէջ մեր վերջին դաշնակիցներէն մէկը [Թուրքիա], որ ձեռք ձեռքի տուած` կ՛աշխատի ամերիկեան զինուորներուն եւ մեր միւս դաշնակիցներուն հետ ԻՊ-ի («Իսլամական պետութեան») դէմ պայքարին»: Քոնկրեսական Շուսթըրը պէտք էր որ քարանձաւի մէջ թաքնուած ըլլար վերջին քանի մը տարիներուն` տեղեակ չըլլալու համար, որ ՕԹԱՆ-ի այս կարեւոր դաշնակիցը կազմակերպած է ԻՊ-ի հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցումը Սուրիա, անոնց մատակարարած է զէնք, զինամթերք ու ցուցաբերած է ռազմական աջակցութիւն: Քոնկրեսականը ծիծաղելիօրէն կը պնդէ, որ` «այս [հայկական] բանաձեւին ընդունումը աղէտալի պիտի ըլլայ եւ պիտի վնասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն»: Եթէ Թուրքիան իրօք այդպիսի լաւ դաշնակից է Ամերիկայի համար, ապա ինչո՞ւ պէտք է ուզէ վնասել Ամերիկայի շահերուն: Արդեօք Հոլոքոսթի առնչութեամբ որեւէ  դատապարտող բանաձեւի ընդունումը պիտի յանգեցնէ՞ ՕԹԱՆ-ի մեր միւս դաշնակցին` Գերմանիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներ շահերու վնասումին Եւրոպայի մէջ:

Քոնկրեսական Շուսթըրը իր նամակը կ՛աւարտէ` անուանելով 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանդը ընդամէնը «միջադէպ»` կոչ ընելով իր գործընկերներուն. «կողմ չըլլալ պատմութեան վերամեկնաբանման ճակատամարտին» եւ «մէկ անգամ եւս մտածել մինչեւ օրէնսդրութեան տակ ստորագրելը, որ կրնայ զգալի վնաս հասցնել մեր յարաբերութիւններուն տարածաշրջանին մէջ»: Զարմանալի չէ, որ «Յանուն յառաջընթացի» անունով յորջորջուող թրքական հիմնարկը անմիջապէս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` ողջունելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող քոնկրեսականին նամակը:

Փետրուար 27-ին թրքական «Սապահ» թերթը յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան երկու անդամներ` Նիւ Եորքէն դեմոկրատ Իվեթ Քլարքը եւ հանրապետական Լի Զելտինը, նոյնպէս յայտարարած են, որ դէմ են Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին: Ուշագրաւ է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը զերօ նիշ շնորհած է քոնկրեսական Շուսթըրին եւ բացասական նիշ` քոնկրեսական Քլարքին: Քոնկրեսական Զելտինը Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ չէ գնահատուած, քանի որ ասիկա անոր պաշտօնավարման առաջին շրջանն է:

Ամերիկահայերը մէկուկէս տարի ժամանակ ունին մինչեւ յառաջիկայ քոնկրեսական ընտրութիւնները արդիւնաւէտ ծրագիր մշակելու համար, որպէսզի դաս մը տան ցեղասպանութիւնը ժխտող այս երեք քոնկրեսականներուն: Եթէ անոնցմէ գոնէ մէկը պարտուի, ապա միւս անդամները երկար պիտի մտածեն մինչեւ Ցեղասպանութեան ժխտման անբարոյ խաղեր խաղալը:

Զարմանալի չէ, որ երեքն ալ` Շուսթըրը, Քլարքը եւ Զելտինը, Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի 130 անդամներու շարքին են: Բացի այդ, Շուսթըրը նաեւ Քոնկրեսի մէջ Ազրպէյճանի աջակցութեան խումբին համանախագահն է: Այս երեք անսկզբունքային քաղաքական գործիչներէն մէկուն Քոնկրեսէն վռնտելէն ետք հայ համայնքը պէտք է ռազմավարութիւն մը մշակէ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբին միւս բոլոր 130 անդամները հետապնդելու ուղղութեամբ, որ 157 անդամ ունէր 2012 թուականին: Նման ճնշման կիրարումը պիտի ստիպէ անոնց` լքել Թուրքիոյ աջակցութեան խումբը, իսկ ուրիշներուն` հրաժարիլ միանալու մտադրութենէն, երբ որ հասկնան, որ իրենք եւս դատապարտուած պիտի ըլլան պարտութեան:

Զերոյական հանդուրժողականութիւն պէտք է ցուցաբերել Քոնկրեսին մէջ Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն նկատմամբ…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

1965-ի Ապրիլ 24-ը Պոլսում

Յաջորդը

Հայաստանի Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?