Անդրադարձ

Ակնարկ.   Մօտակայ Ժամանակներ

Ակնարկ. Մօտակայ Ժամանակներ

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ համարկումի կամ ընկերակցումի (աւելի շատ օգտագործուած` «ասոցացման» բառեզրով) ընթացակարգը կը թուի, որ բաւական բարդ է եւ թեւակոխելի հետեւողական հանգրուաններ կը ներառէ: Թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ կը հնչէին տեսակէտներ, որ Վիլնիւսէն ետք պահը հասունցած է ստորագրելու նոր վերամշակուած փաստաթուղթ, որ կը ճշդէ Հայաստանի Հանրապետութիւն - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու նոր...

Հարիւրամեակի Դասերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 2) Համահայկական Միասնականութիւնը Դեռ Առջեւն Է, Տակաւին Պիտի Հասնինք... Մեծ եղեռնի 100-ամեակին գլխաւոր դասերու կարգին իր հիմնական տեղը ունի համահայկական մեր միասնականութեան պատմական ամրագրումը: Դարակազմիկ նուաճում մը արձանագրեցինք հարիւրամեակին, երբ պատմական նախընթաց հաստատելով` վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային պետականութեան շուրջ բոլորուեցանք եւ համազգային բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, միասնաբար որդեգրեցինք ու Հայաստանի նախագահին բերանով քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայացուցինք մեր Դատը բանաձեւող հարիւրամեակի...

Տպաւորութիւն.  Խոնարհ Եւ Բռնցքացած Հոգիներուն Արցունքը (ՀՄԸՄ-ի Կեանքի Պատառիկներ)

Տպաւորութիւն. Խոնարհ Եւ Բռնցքացած Հոգիներուն Արցունքը (ՀՄԸՄ-ի Կեանքի Պատառիկներ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յայտնապէս տարբեր սերունդի պատկանողներու արցունքի երկու շիթեր էին անոնք, որոնց շաղկապողը մէկ խորհուրդ է ինքնին` ապրող եւ ներշնչող, կայտառ եւ առաջնորդող: Իսկ այդ խորհուրդին խարսխուած էութիւնը նոյնինքն ՀՄԸՄ-ի ոգեկան բարձրութիւնն է, գաղափարական իր շունչով եւ նուիրումի մեծութեամբ անգնահատելի: Թէեւ` ըլլալով տարբեր սերունդի ներկայացուցիչները, կը տարբերէին տարիքային առումով` եօթնամեայ Նարեկ Վարդանեանը եւ Մեղրիկ Գասապեանը, միւս կողմէ ալ տարիներու հեռաւորութիւնը...

Հիւանդութիւն Եւ Կեանքի Նոր Էջեր

Հիւանդութիւն Եւ Կեանքի Նոր Էջեր

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Հիւանդութեան  եւ տան մէջ մնալուս պատճառով կեանքի նոր էջեր բանալու սկսայ, ո՛չ միայն գիրքի իմաստով, այլ նաեւ` կեանքի փորձառութիւններով: Օրինակ, վերջերս կարդացի օտար լեզուով հետաքրքրական  գիրք մը, ուր հեղինակը ինք` երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունենալով, հիմա կու տար տասը գործնական խրատներ` բժշկական ախտաճանաչումէն անդին անցնելու եւ կեանքդ կրկին պէտք եղած փոփոխութիւններով ապրելու: Այս գիրքին վերնագիրն է. «Lean on Me» ...

Անդրադարձ.  Կարեւոր Ու Դիպուկ Ժամկէտով  Այցելութիւն Մը

Անդրադարձ. Կարեւոր Ու Դիպուկ Ժամկէտով Այցելութիւն Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կիրակի, 24 մայիսի առաւօտեան այցելեցին Հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր մնալով մինչեւ երեկոյ, ունեցան շարք մը հանդիպումներ տեղւոյն հայ համայնքին եւ Թրիփոլիի պետական, քաղաքական ու հասարակական շարք մը երեւելի անձնաւորութիւններու հետ: Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան հայ առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կատարուած այցելութիւնը...

Հայ Որբը Եւ Սաատի, Պարսիկ Բանաստեղծը

Հայ Որբը Եւ Սաատի, Պարսիկ Բանաստեղծը

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ Սաատի պարսիկ որբ մըն է, որ ծնած է 13-րդ դարուն, Շիրազի մէջ (Պարսկաստան): 1920-ական տարիներուն, երբ մեր ազգը լեցուն էր հազարաւոր որբերով, անոնք հիացմունքով կը կարդային Սաատի խօսքերը: Թէպէտ ան 700 տարի առաջ որբացած է, սակայն ինչ որ ըլլան որբի մը պարագաները, որբին զգացումները նոյնը կ՛ըլլան, քանի որ մանուկը մանուկ է` ո՛ւր որ ալ ծնի եւ ո՛ր դարուն...

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած Են Օրէնքները` Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը իր «Քոնկրեսի տասը անդամներու ուղեւորութիւնը գաղտնօրէն ֆինանսաւորուած Է օտար պետութեան կողմէ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ բացայայտեց 2013-ին Պաքուի համաժողովին մասնակցած 10 օրէնսդիրներուն եւ անոնց աշխատակազմի 32 անդամներուն ամբողջովին վճարուած ուղեւորութեան աղմկայարոյց մանրամասնութիւնները: Համաժողովին իբրեւ հրաւիրեալ բանախօսներ մասնակցած էին նաեւ նախագահ Օպամայի երեք բարձրաստիճան խորհրդականները` Ռապըրթ Կիպս, Ճիմ Մեսինա եւ Տէյվիտ Փլաֆը: Պաքուի մէջ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Ա./2015 .  Պատմութիւնը Ուղեցոյց Ունենալով…

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Ա./2015 . Պատմութիւնը Ուղեցոյց Ունենալով…

Զ. Պ. Մայիսը մեր յաղթանակներու կերտման ամիսն է: Շուշիի ազատագրումով պսակուած յաղթանակներու: Արցախեան ազատամարտին մէջ Շուշիի ազատագրումը առանձնայատուկ տեղ ունէր ե՛ւ ռազմավարական, ե՛ւ անվտանգութեան առումով: Շուշիի ազատագրումը պայքարի նոր շունչով ու թափով օժտեց արցախեան ազատամարտը: Աւելի՛ն. անիկա մեր ազգային գոյապայքարի անշէջ աւիշը հանդիսացաւ: Շուշիի դիրքն ու ռազմավարական նշանակութիւնը մեծ դեր ունեցան շարունակելու արցախեան ազատամարտի յաղթական երթը: Ազերիական լուծին ու ճնշումներուն...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.   Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նշման Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նշման Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն

Գ. Ճապուրեան Եւ Տ. Չապլաքեան Նորաստեղծ «Էրեբունի» Գրիչներէն Օրինակներ Նուիրեցին Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին Եւ Շարլ Ազնաւուրին Մագ. Գ. Ճապուրեան Ֆրանչիսկոս Ա. քահանայապետին կ՛ընծայաբերէ օրինակներ «Էրեբունի» գրիչէն եւ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքէն: 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ճարտարագէտ, բարեգործ մագ. Գրիգոր Ճապուրեան եւ յայտնի գործարար Տիգրան Չապլաքեան Ֆրանչիսկոս Ա. քահանայապետին ընծայաբերեցին օրինակ մը իրենց նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Էրեբունի» գրիչէն...

Վիեննայի Հայկական Գաղութը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Արամ Խաչատուրեան, 1975 Օդաչու բարեկամս ամէն անգամ որ գործով քաղաք մը այցելէր, պանդոկ հասնելուն, առաջին գործը կ՛ըլլար, հեռաձայնի տետրակներուն մէջ հայու անուն մը փնտռել, հեռաձայնել, ժամադրուիլ եւ այդ քաղաքին մէկ օրուան կեցութիւնը հայու մը հետ անցընել: Իրեն համար առաջնահերթ էր` գիտնալ այդ քաղաքին մէջ հայեր կա՞ն, պահա՞ծ են իրենց մայրենին. հետաքրքրուիլ հայկական գաղութի մը գոյութեան եւ անոնց ապրելակերպին...

Սուրիական Օրագրութիւն 70 *

Սուրիական Օրագրութիւն 70 *

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Տարիներ առաջ լսեցինք, թէ թուրք երաժիշտներ Երեւանի` Կոմիտասի անուան սրահին մէջ Կոմիտաս պիտի նուագեն: Անոնք (զգայուն արուեստագէտ) ինչպէ՜ս կրնան նուագել Կոմիտաս ու մենք (հայ) ինչպէ՜ս կրնանք անոնց նուագած Կոմիտասը ունկնդրել... Բայց հարցը  միայն երաժիշտը չէ, ապա` զայն օգտագործողը: Դահիճի իրենց բարդոյթէն ազատելու իբրեւ քա՞յլ, թէ՞ օրին ոմանց սկսած հայ-թրքական «փոխմերձեցումի» ու «բարեկամութեան» խաղերուն իբրեւ մաս էր այդ ներկայացումը`...

Հայոց Այբուբենը`«Գոյներու Վարպետ»-ի Վրձինով

Հայոց Այբուբենը`«Գոյներու Վարպետ»-ի Վրձինով

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Հայկական գեղանկարչութեան աշխարհին ամենատարբեր շնորհալի անհատականութիւններու ցանկին մէջ իր ինքնատպութեամբ կարելի է առանձնացնել գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը, որուն արուեստասէր հասարակութիւնը անվարան կրնայ շնորհել «գոյներու վարպետ» անուանումը: Ան դիտողին կը ներկայանայ բացառիկ ուժականութեամբ լեցուն իր արուեստով, իւրօրինակ մտածելակերպով ու իւրայատուկ նկարելաձեւի ոճով: Գրիգոր Ակոբեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը հարստացուց սփիւռքահայ արուեստի պատմութիւնը իր անկրկնելի գործերով, որոնք դարձան ճշմարիտ արուեստի չափանիշ եւ վկայութիւն:...

«Անկոչ Հիւրը»

«Անկոչ Հիւրը»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դարավերջի Անակնկալ.- Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբը մարտ 21- 29 ընթացքին ներկայացուց Ռոպըրթ Թոմասի (1927-1989, այսուհետեւ` ՌԹ)  «Un ami... imprévu» («Անակնկալ բարեկամ մը», 1969) ոստիկանական զաւեշտը: Փիեսը գրուած է անուանի «առկախակագիր»  (suspense) Ակաթա Քրիսթիի (1890-1976) հերթական (իմա` անզատորոշելի) հանելուկներէն մէկուն խորտակումով... ներողութիւն, պիտի ըսէի` հետեւողութեամբ: (1) Ակաթա Քրիսթիի (այսուհետեւ` ԱՔ) ներկայ փիեսը թատրոնի գրականութեան մէջ ա՛յն է, ինչ վարժութիւնները...

15 Մայիս 1916. Հայոց Առիւծը` Քաջն Քեռին Ինկաւ Ռեւանտուզի Ահեղ Կռուին

15 մայիս 1916-ին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը հայոց դիւցազնական ազատամարտին: 99 տարի առաջ, մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան կը կոչուէր, բայց որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան եւ առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ Քեռի կոչուելու սրտաբուխ պատիւին: Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի, Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ...

Անխոնջ Դաշնակցականը

Անխոնջ Դաշնակցականը

Արդէն անցած են քառասուն օրեր, որ Գառնիկ Նիկոլեանը բաժնուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ: Բոլորին համար անհաւատալի եւ անսպասելի գոյժ մըն էր, իմանալ, թէ Գառնիկը ոչ եւս էր: Ոչ ոք ուզեց հաւատալ դառն իրականութեան: Իւրաքանչիւրը իր կարգին պատմեց, թէ նոյն շաբթուան ընթացքին տեսած էր զինք` ժպտերես, հանդարտ եւ գոհունակ, լաւ տրամադրութեամբ տոգորուած: Ընկեր Գառնիկ պատերազմի դաժան օրերուն եղած էր միշտ պատնէշի վրայ:...

Քաղաքական Օրակարգ

Քաղաքական Օրակարգ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին ամիսներուն Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած պատկերասփռուած բանավէճերու եւ յայտագիրներու շարան մը դիտեցինք: Հետեւեցանք, ուրախացանք, միշտ նոյն դէմքերը տեսնելով` երբեմն զարմացանք, սակայն կարեւորը այն է, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի բազմաբնոյթ եւ բազմերանգ ձեռնարկներու կարգին, այս տարի հեռատեսիլի տարբեր կայաններու զրոյցները բաւական լայն տեղ գրաւած էին: Հիմնականին մէջ կայ երկու մտահոգութիւն: Առաջինը այն է, որ միշտ նոյն դէմքերով նման բանավէճերու...

Ո՞վ Ենք Մենք Ու Դո՛ւք Ո՞վ Էք… (Իրական պատմութիւն)

Ո՞վ Ենք Մենք Ու Դո՛ւք Ո՞վ Էք… (Իրական պատմութիւն)

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Քսան տարի առաջ էր, Ծնան երկու մանուկներն, Ուրախ էին ծնողներն Քաննի մայրանոցին մէջ: Դեղնած էին աղջիկներն. Ու զիրենք բուժել պէտք էր: Դրին նոյն սնարին մէջ, Ու բուժեցին պզտիկներն: Ծնողքը ուրախացան, Մայրերը հանգստացան, Մայրերէն մէկը ըսաւ Մազերն ինչո՞ւ գանգուրցան: Բուժքոյր մը զայն համոզեց, -Ասիկա աղջիկդ է... Անցան տասը տարիներ, Աղջիկը սեւ-ճերմա՞կ էր: Հայրը` շատ մտահոգ էր, Ուզեց`...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Տարիների ընթացքում քաջատեղեակ լինելով Սարգիս Կիրակոսեանի բեղուն ստեղծագործական գործունէութեանը` գեղագիտական եւ հոգեկան մեծ բաւարարուածութեամբ ընթերցեցի իր վերջերս լոյս տեսած հատորը. «Ականեալ ձայներ»: «Այս է արիւն իմ», «Այս է մարմին իմ», «Մայրիներուն ծիածանը» իր նախորդ բանաստեղծական գրքերը արդէն վկայում էին բազմախոհուն եւ մեծապէս օժտուած բանաստեղծ-հեղինակի ձիրքը: Նրա` մայրենի լեզուի հանդէպ ունեցած պաշտամունքը պատեհօրէն արտայայտուեց իր կազմած լայնահատոր ժողովածուներում. «Հայ...

Իշխանութեան Վստահութեան Անգնահատելի Ուժը

Իշխանութեան Վստահութեան Անգնահատելի Ուժը

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ Արցախում ընտրութիւններ էին: Արդէն վեցերորդ անգամ չճանաչուած պետութեան քաղաքացին` արցախցին, խորհրդարան էր ընտրում` ծրագրով, քարոզարշաւով, նախընտրական պաստառներով, ընտրութիւններին բնորոշ խոստումներով, համերգներով եւ նոյնիսկ` միջազգային դիտորդներով: Հինգ քաղաքական ուժեր` առանց քաշքշուկի, առանց միմեանց մրոտելու, ատելութեան կամ միմեանց բացառող հակակրանքի, անցել են խորհրդարան: Արցախում ատելութիւնը, քաղաքական հակակրանքն ու առեւտուրը տեղ չունեն: Այս մասին նոյնիսկ բարձրաձայն մտածում չկայ, ոչ էլ այսպէս...

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ.  Պատմութեան Ընդմէջէն…

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Պատմութեան Ընդմէջէն…

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին էինք: Արշալոյսը նոր բռնկած էր ու իր շողերը տարածած երկրի վրայ: Շարադրութեան դասապահն է. Թ. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ իր աչքերը սեւեռած է սպիտակ թուղթին` պահ մը իր առօրեան տեղադրելով իր հայրենի գիւղին մէջ, բնութեան մէկ անկիւնը նստած` ապագայ ծրագիրներու մշակումով զբաղած… Դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ կը խանդավառեն գրիչը անոնց շարժումին: Պատանի տղաք ու աղջիկներ են, բայց իրենց...

Page 776 of 806 1 … 775 776 777 … 806

Արխիւներ