ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Տարիներ առաջ լսեցինք, թէ թուրք երաժիշտներ Երեւանի` Կոմիտասի անուան սրահին մէջ Կոմիտաս պիտի նուագեն: Անոնք (զգայուն արուեստագէտ) ինչպէ՜ս կրնան նուագել Կոմիտաս ու մենք (հայ) ինչպէ՜ս կրնանք անոնց նուագած Կոմիտասը ունկնդրել… Բայց հարցը միայն երաժիշտը չէ, ապա` զայն օգտագործողը: Դահիճի իրենց բարդոյթէն ազատելու իբրեւ քա՞յլ, թէ՞ օրին ոմանց սկսած հայ-թրքական «փոխմերձեցումի» ու «բարեկամութեան» խաղերուն իբրեւ մաս էր այդ ներկայացումը` տեղեակ չենք: Միայն ականատեսէ լսեցինք, թէ հոն ներկայ յայտնի երաժիշտ Ալեքսանդր Յարութիւնեան ցուցադրաբար հեռացած էր սրահէն: Եթէ մնացեալ հայերն ալ կեղծ քաղաքավար ու հիւրամեծար չըլլային, ըմբռնէին խաղին նողկալիութիւնը ու նոյնը ընէին, մեր բարոյականութիւնն է, որ պիտի շահէր, բայց…
Այսօր ալ կ՛իմանանք, թէ թուրքեր, հայոց յափշտակուած եկեղեցիներ նորոգելը քիչ եկամտաբեր գտնելով, կը մտադրեն Քէոթահիոյ մէջ Կոմիտասի տուն-թանգարան բանալ: Աշխարհի մէջ այլազան թանգարաններ շատ են ու տարօրինակ պիտի չթուէր թանգարանին բացումը երաժիշտի մը, որ պատիւ կը բերէր որեւէ ժողովուրդի. բայց Թուրքիոյ մէջ Կոմիտա՞ս… Եթէ չզայրանաս, չսահմռկիս, չհայհոյես, կը մնայ ապշիլ այս լկտիութեան վրայ: Նպատակը իրենց մե՞ղքը լալը, չքմեղանա՞լը, թէ՞ աշխարհին իրենց «քաղաքակիրթ» ու «մարդասէր» ըլլալը ցուցնելն է:
Ամէն պարագայի, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ աշխարհի միտքը, աչքն ու ականջը անգամ մը եւս գոցելու իրենց ջղագար ջանքերուն առընթեր` չեն դադրիր մէկ քարով երկու թռչուն զարնելու քաղաքականութենէն: Նոյնիսկ եթէ եւրոպացիներ չայցելեն հոն, սիրառատ հայեր միշտ ալ կը գտնուին` թուրքին երկարած տակաւին արիւնոտ թաթը սեղմելու, «ազնուութեամբ» հիանալու ու նաեւ, ինչո՞ւ ոչ, նուիրատուութիւն ընելու:
Կը խորհիս` ի՞նչ պիտի ցուցադրեն հոն: Թերեւս գտնեն բաներ, բայց ամէնէն առաջ պէտք չէ՞ որ ցուցադրուին Կոմիտասը Գողգոթա առաջնորդելէ առաջ անկէ (ու մեզմէ՛) յափշտակուած հայկական ժողովրդական երգերու անոր հաւաքածոներու, կէս մնացած ուսումնասիրութիւններու եւ աշխատանքներու ձեռագիրները… եթէ օրին անդրադարձան անոնց արժէքին ու պահեցին…
Կը խորհիս նաեւ, թէ որքա՛ն կրնայ յառաջ երթալ թուրք կեղծիքն ու լկտիութիւնը, երբ այցելուներուն պիտի ներկայացնեն Կոմիտասը: Ի՞նչ պիտի պատմեն անոր մասին. թերեւս ալ անոր ծագումին մէջ թրքական արմատնե՞ր գտնեն. իսկ պիտի խոստովանի՞ն, թէ իրենց բարբարոսութեան զոհն է ան… թէ՞ իրենց յատուկ կեղծաւորութեամբ պիտի սահին անցնին ամենագլխաւորին վրայէն:
Օրին խօսքեր եղան նաեւ Սարոյեանին հայրական տունը Պիթլիսի ու Չարենցին տունն ալ Կարսի մէջ թանգարանի վերածելու մասին: Կը նմանի այն բանին, որ ոճրագործը իր զոհը խոշտանգելէն ետք անոր պատկերը կախէ իր տան մէջ. ի՞նչ ընելու համար. նման հոգեբանութիւնը մեզի անծանօթ է. թուրքէ՛ն պէտք է հարցնել:
Եթէ նոյնիսկ այսօր պիտի յիշեն անոնց հայ ըլլալը, վաղը անոնք կրնան իրենց մեծ նախնիքը դառնալ. պատմութեան մէջ օրինակներ չեն պակսիր: Միայն կրկին պիտի նկատենք` պիտի խօսի՞ն այցելուներուն, թէ ի՛նչ պատճառով Սարոյեանին ծնողքը, համեստ ապրող մարդիկ, յանկարծ որոշեցին քանդել տուն ու տեղ ու փախչիլ ովկիանոսէն ալ անդին, հազար ու մէկ կարիքի ընդառաջ ու մանաւանդ` հայրենիքին կարօտէն տառապելու: Հոն դեր չունէ՞ր 1894-1896 համիտեան ջարդերուն սարսափը…
Չարենցին առթիւ ալ պիտի յիշե՞ն, որ դեռ պատանի` ան ստիպուեցաւ մոռնալ ամէն երազանք ու մեկնիլ արեան մէջ խեղդուող իր հայրենիքին ու ազգին օգնութեան, ու թէ ինչպէս, Մեծն Կոմիտասի նման, ան ալ զինք մշտապէս հալածող հոգեկան խանգարում ունեցաւ` հայերուն հանդէպ իրենց խիստ «մարդասիրական» սպանդի սահմռկեցնող պատկերներու ականատես ըլլալով:
Բայց ինչո՞ւ կը մոռնան ամբողջ թուրք ազգը արժող Վարուժանի մը, Սիամանթոյի մը, Զոհրապի մը ու շա՜տ ուրիշներու տուն-թանգարաններ ալ բանալ: Երեւակայեցէ՛ք, թէ որքա՜ն հայեր եղան այդ հողին վրայ ստեղծագործած ու թուրք էութիւնը իր տիղմէն դուրս հանել ջանացած: Պէտք չէ՞ անոնց ալ յօշոտումին պատմութիւնները աւանդեն իրենց սերունդներուն` որպէս թուրք ցեղին երախտագիտութեան ու հպարտութեան նմուշներ:
Չեմ գիտեր, թէ թուրք մասնագէտներ ինչպէ՛ս պիտի ելլեն այս հարցերուն տակէն, սակայն բան մը հաստատ գիտեմ` նման քայլերը անարգանք են մեզի ու կրկնակի անարգանք` իրենց գործած ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակին: Անոնց հոգիները, յաւիտեան հալածական իրենց ապրած մղձաւանջներէն` բնաւ պիտի չուզէին նոր շահարկումի ենթարկուիլ:
***
Պէտք է խոստովանինք, որ քսանմէկերորդ դարու մարդու միտքի փայլուն ծնունդ այս պատերազմը երբեմն ալ ողջ մնալու, հաց գտնելու, լոյս ու ջուր ունենալու եւ այլ «մանրուք» հոգերէն զատ, աւելի «բարձր» խոհեր կ՛արթնցնէ մեր մէջ, այսպէս.
Եթէ նախորդ պատերազմներու մէջ ինչ-ինչ հասարակաց օրէնքներ կ՛ըլլային, որոնց կ՛ենթարկուէին կողմերը, ու մարդը ինչ-որ տեղ փրկուելու յոյս կրնար ունենալ, հիմա օրէցօր նորանոր միջոցներ կը մշակուին, որպէսզի մարդու հետքը սրբեն երկրագունդէն:
Եթէ նախորդ պատերազմները ինչ-որ գաղափարական «բարձր» իտէալներ դրօշակ կը դարձնէին զարդարելու համար իրենց ոճրագործութիւնը, այսօրուան պատերազմը բացէ ի բաց մէկդի նետած է բոլոր վեհ գաղափարները եւ կը հետեւի միայն մէկ նպատակի` տիրել, ունենալ, ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս` երկրագո՜ւնդը…
Եթէ նախապէս երիտասարդ կռուողներուն կը ներշնչէին ինչ-որ «ազնիւ» ու «վեհ» նպատակներու համար ինքնազոհողութեան գաղափարը, այսօրուաններուն ուղեղը նախ կը մաքրեն մտածելու կարողութենէն, աւելորդ շքեղութիւն, ապա հոն կը լեցնեն մէկ ու միակ միտք` սպաննել որեւէ կենդանութիւն ու մարդկային ստեղծում, ապա կ՛առաջնորդեն զանոնք որպէս մարդամեքենաներու:
Ու կը լսենք մարդաշատ վայրերու մէջ ինքնապայթեցում իրագործող «հերոսներու» մասին: Խաղաղ բնակչութեան մէջ… Դուն, որ դեռ ամբողջութեամբ ուղեղի լուացումի չես ենթարկուած ու միտքի ծուէններ ունիս տակաւին, կը խորհիս` այդ «հերոսները» ղրկողներուն ի՞նչ շահ, եթէ այսինչ (իրենց անծանօթ) վայրի մէջ քանի մը պատահական անցորդներ ու մանուկներ զոհուեցան ինքնապայթեցնողի գործողութենէն: Ի՜նչ է նպատակը` երկրագունդը թեթեւցնե՞լ …
Բայց աւելի յաճախ միտքդ կը կեդրոնանայ «հերոսին» վրայ: Քանի որ ընդհանրապէս կ՛ըսուի, թէ անոնց «ուղեղները լուացուած են» (քսանմէկերորդ դարու արտայայտութիւն) ու հոն միայն մէկ մտասեւեռում դրուած է` երկինք երթալ, ուրեմն անոնք կը գործեն մեքենայաբար: Բայց ահա զիս վերջերս կը հետաքրքրէ այլ հարց մը. եթէ այրերը ինքնապայթեցումէ ետք պիտի երթան ճեննեթ ու հոն անոնց կը սպասեն յաւերժական կոյս փերիները, ապա ի՜նչ կը հասնի «հերոսուհիներուն»… Անոնց ալ` փերի այրե՞ր…
Այսինքն երկրի վրայի անարդարութիւնը վերը կը սրբագրուի՞: Կարդացեր եմ տեղ մը, որ թիպեթեան ցեղի մը կիներ երեք-չորս ամուսին կ՛ունենան, զանազան պարտականութիւններով (կիներու դրա՜խտ): Ուրեմն ի՞նչ է մեղքը այս ինքնապայթեցում ընող կիներուն, եթէ ճեննեթին մէջ ալ անոնց դերը երկրային սահմանուածը պիտի ըլլայ: Ապա կու գայ կասկածը` բայց կիներ ընդհանրապէս ճեննեթի սահմաններուն մօտենալու բախտին կ՛արժանանա՞ն, թէ՞ այդ պատիւը միայն այրերուն տրուած է… Ու միտքս կը դառնայ անորոշին մէջ:
Ներեցէ՛ք անպարկեշտ մտածումներուս համար, բայց վերջապէս մարդը իր միակ ու անկրկնելի կեանքէն զրկուելու դիմաց պէտք չէ՞ որ աւելի «բարձր» բանով մը վարձատրուի…
***
Այսքան աղէտներու ականատես ու ականջալուր ըլլա՞լն է արդեօք, որ խորացուցած է համոզումս, թէ մարդու անցած ճամբան արիւնի ճամբայ է ու անտեղի է զարմանքը: Եթէ կայ ինչ-որ տեղ նաեւ լաւը, գեղեցիկը, ապրիլ կարենալու համար ա՛ն է, որ պէտք է փնտռել: Կը գտնեմ ալ փոքրիկ գեղեցկութիւններ ու ուրախութիւն կը գտնեմ անոնց մէջ:
Շուրջս իրաւացի դժգոհանքը, յուսալքութիւնը կ՛աղաղակեն ծանօթ-անծանօթի բերնէն, մարդիկ, այլեւս հորիզոն չտեսնելէն վհատած` իրարու նայելով կը լքեն քանի մը սերունդի ստեղծածն ու կը հեռանան: Ես կարծես ճամբեզերեայ ծառ մըն եմ, որ արմատներ ունի հողին մէջ` առանց այդ մասին խորհելու կամ գիտակցելու իսկ ու կը մնայ հաստատուն` հակառակ թէ շուրջը ամառ կամ ձմեռ է:
Որպէս ապրող էակ` նաեւ դիտող, զգացող ու խորհող եմ, թէեւ կարծես քիչ մը գինով, քանի որ կ՛ապրիմ տգեղութիւններէ վեր, կարծես գոյութիւն չունենային անոնք: Էութիւն մը, որ լիովին յագեցեր է այս մոլորակին վրայ տիրող քաոսէն ու իր շուրջը նայիլ չ՛ուզեր. վե՜ր, միայն վեր, ուր կայ տակաւին երկինքը, իր խորհրդաւոր խոստումով, թէեւ` վարի ցաւի աղաղակներէն պատռտուած, տեղ չհասնող աղօթքներու չըսուելիք, չպատմուելիքներէն ամօթահար ու շիկնած, աւերակ քաղաքներու մուխ ու փոշիէն սեւցող: Ու սակայն երկինքը կը յաղթահարէ վարի աղտեղութիւնը եւ կը յայտնուի ինծի մերթ կապոյտի ծիծաղով, մերթ անձրեւի շոյանքով ու արեւի խոստումով:
Տարիներու տուած դասե՞րը, թէ՞ համընդհանուր Ցաւի խոր բացուած վէրքն է, որ հոգիս դարձուց այսքան զգայուն ու լայն: Համատարած Ցա՛ւը: Կան պահեր ալ, երբ երկնակամարին տակ լլկուող, նուաստացուող, խաթարուող հոգիներուն տառապանքը կ՛ողողէ էութիւնս, կը զգամ արիւնիս իսկ ցաւիլը: Բայց մանաւանդ` անկարողութեանս գիտակցութիւնը կը վհատեցնէ. պատասխանատուութեան զգացումը, որ Մարդունն է, կը համակէ հոգիս. մեղաւորութիւն` իւրաքանչիւր զրկուածի, անիրաւուածի ու մանաւանդ` իրենց ցաւի պատճառին ալ անտեղեակ ու անգիտակից մանուկներու տառապանքին համար: Հոն է ահա, որ կը փնտռեմ զԱստուած, իբրեւ միակը, որ կարող է սրբել այս հողագունդին չարիքը, այլեւս այլ կերպ լարելու մարդ-մեքենային միտքը ու մարդ էակին կարճատեւ անցքը այս մոլորակէն` գէթ մասամբ վեր պահելու որկորի իշխանութենէն:
Ինչպէ՞ս կը քնանան այսքան չարիք նիւթողները: Իմ միամտութիւնս ունակ չէ ըմբռնելու անոնց չափանիշները: Սակայն անոնց մէջ Մարդը փրկելու սիրոյն, իբրեւ անոնց ալ խեղճ հոգիներու ապաքինումի միջոց, ի վերջոյ Ցա՛ւ կը մաղթեմ իրենց ալ:
***
Օրերէ ի վեր փողոցէն կատուիկի մը յուսահատ ու աղիողորմ մլաւիւնը կը լսուի: Աշխարհին մէջ միայնակ, լքուած, անիրաւուած ու ահաբեկուած փիսօ…
Աղերսագին մլաւելով` մարդոց ուշադրութի՞ւնը գրաւել ու գո՞ւթը շարժել կ՛ուզէ փիսիկը. ինչպիսի՜ պատրանք:
Եթէ իմանար, թէ աշխարհին մէջ միլիոններ են իրենց նմանին «շնորհիւ» հալածական, անօթեւան ու անպաշտպան մնացած մարդիկ, արդեօք քիչ մը պիտի մխիթարուէ՞ր փոքրիկ, մոխրագոյն փիսիկը:
Եթէ անոր դիտել տայինք այսօր Սուրիոյ մէջ մարդոց եղեռնագործութեանց պատկերները, արդեօք գութ աղերսող փիսոն թեւեր առած` այլ մոլորակ թռչիլ ու փախչիլ պիտի չուզէ՞ր. ճի՛շդ ինծի պէս…
———————–
* Թեքնիք վրիպումի պատճառով «Սուրիական օրագրութիւն» շարքին 70-րդը կը հրատարակենք որոշ ուշացումով 71-րդ եւ 72-րդէն ետք: