Գ. Ճապուրեան Եւ Տ. Չապլաքեան Նորաստեղծ
«Էրեբունի» Գրիչներէն Օրինակներ Նուիրեցին
Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին Եւ Շարլ Ազնաւուրին

12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ճարտարագէտ, բարեգործ մագ. Գրիգոր Ճապուրեան եւ յայտնի գործարար Տիգրան Չապլաքեան Ֆրանչիսկոս Ա. քահանայապետին ընծայաբերեցին օրինակ մը իրենց նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Էրեբունի» գրիչէն եւ գրիչի ծննդոցին առիթով հրատարակուած «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքէն: Ընծայաբերումը տեղի կ՛ունենար յետ նոյն օրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով սրբազան քահանայապետին նախագահած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին նաեւ ամբողջ աշխարհին առջեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը հռչակուէր Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

Երկու օր ետք` 14 ապրիլին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, Գ. Ճապուրեան եւ Տ. Չապլաքեան նոյն գրիչէն եւ հրատարակութենէն օրինակներ նուիրեցին աշխարհահռչակ արուեստագէտ, երաժիշտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուրին, որ բարձրօրէն գնահատեց հայ ժողովուրդի մշակոյթի ծանօթացման եւ տարածման նպաստող, հայ մշակոյթի գործիչներու իւրայատուկ մեծարում հանդիսացող այս նախաձեռնութիւնը:

«Էրեբունի» ոսկեքանդակ գրիչը արտադրութիւնն է Montegrappa աշխարհահռչակ հաստատութեան: Անոր ձեւաւորումը կատարած է գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետ Սագայեան: Գրիչը իր երեք` «Հոգեւոր», «Յաւերժ» եւ «Գրական» տեսակներով ներկայացուած է 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին (Զուիցերիա), 18-20 մարտ 2015-ին, արժանանալով լայն հետաքրքրութեան:
Այս առիթով, նախաձեռնութեան հեղինակները` Գ. Ճապուրեան եւ Տ. Չապլաքեան, երկու հայ գործարարներ` հաստատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, հովանաւորեցին հրատարակութիւնը «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» ութ լեզուով յուշագիրքին, ուր ներկայացուած են դարերու ընթացքին հայ պետական, կրօնական եւ մշակութային կեանքին վրայ իրենց որոշիչ ու վճռական կնիքը դրած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է վաստակաւոր բանասէր դոկտ. Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:
Հայ ազգային եւ կրօնական նշանակութեան մոթիֆներով զարդարուած, հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մշակոյթի, նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական խորհրդանիշները կրող «Էրեբունի» գրիչը իւրայատուկ նշում մըն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ յանձնառութեան արտայայտութիւն մը` 1.5 միլիոն նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու եւ հայ մշակոյթի գոյերթը շարունակելու նկատմամբ: Իսկ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքը ամփոփ, բայց նաեւ պարզորոշ վկայարանն է այն արժէքներուն, զորս ստեղծեց հայ ժողովուրդը անցած հազարամեակներուն, եւ որոնց պաշտպանութեան եւ պահպանութեան համար յանձն առաւ կրել ծանրագոյնը զրկանքներուն ու տառապանքին, որ մարդկութիւնը երբեւէ տեսած ըլլար: