Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին էինք:
Արշալոյսը նոր բռնկած էր ու իր շողերը տարածած երկրի վրայ:
Շարադրութեան դասապահն է. Թ. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ իր աչքերը սեւեռած է սպիտակ թուղթին` պահ մը իր առօրեան տեղադրելով իր հայրենի գիւղին մէջ, բնութեան մէկ անկիւնը նստած` ապագայ ծրագիրներու մշակումով զբաղած… Դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ կը խանդավառեն գրիչը անոնց շարժումին:
Պատանի տղաք ու աղջիկներ են, բայց իրենց գրութիւններուն մէջ կը յայտնուի հայրենիքի պատմութիւն մը, կարօտ մը, անցեալէն եկող յիշատակ մը, որ կարծես միաձուլուած կը մնայ իրենց հոգիին, միտքին ու կեանքին: Այլ խօսքով, ընտանիքի պատմութեան հակիրճ տեղեկութեան ճամբով լոյս կը սփռեն իրենց գերդաստանին սպառնացած` թշնամիին վարած ոչնչացման քաղաքականութիւնը, նաեւ` նոյն այս ընտանիքին կողմէ մղուած պայքարի ու գոյատեւման յարատեւ կամքն ու ոգին:
Հպարտութեան ու պահանջատիրական գաղափարներով սնանած տեղեկութիւններ կային աշակերտական այս թուղթերուն մէջ, երբ իւրաքանչիւրը լաւածանօթ էր իր պապերուն կատարած սխրագործութիւններուն, երբ անոնք բարձրացած էին լեռ, դիմադրած` թշնամիին յարձակումներուն, հաւատացած` իրենց փրկութեան ու այդ խիզախութիւնը ժառանգած` գալիք սերունդներուն…
Իբրեւ քաջալերանք այս աշակերտներուն` կ՛արժէ ծանօթանալ անոնց գրութիւններուն:
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Միշտ լսած եմ հօրմէս, որ իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը տխուր օրեր ապրած են Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին. ականատես եղած են թուրքին կատարած տեղահանութիւններուն, ջարդին, թալանին, սպանութիւններուն: Տխրութեան կողքին, շատերուն պէս, մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը շարունակած են յամառօրէն կեանքի ու փրկութեան պայքարը. աշխատանքով, հաւատքով ու յոյսով յառաջացած են` միշտ վառ պահելով ընտանեկան ջերմութիւնը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Ես չեմ ճանչցած զանոնք, բայց այնքան լսած եմ անոնց պատմութիւնը ու տպաւորուած, որ կարծես արեան կապով ինքզինքս աւելի հպարտ կը զգամ: Համարձակ չեմ եղած իմ պապուկիս հարցնելու անոնց մասին տեղեկութիւններ, որովհետեւ անոր նայուածքին մէջ երբեմն նկատած եմ խոր մտածումը, կարօտը, յատկապէս երբ իր առջեւ նիւթ եղած է` ցեղասպանութեան կամ ջարդի:
Հայրս կ՛ըսէ, որ իր մեծ մայրը` Մակին, ապրած է Մուսա Լերան Գապուսիէ գիւղը. բազմանդամ եղած են. ան ունեցած է երկու քոյր ու եղբայր մը. հայրը հողագործ եղած է: Բարեկեցիկ կեանք մը կը վայելէին, մինչեւ թուրքին կազմակերպած տեղահանումը…
Մակին եղած է երեք ամսուան երեխայ, երբ մուսալեռցին բարձրացած է լեռ: Մակիին մայրը վախնալով, որ երեխային ճչոցը պատճառ կը դառնայ, որ թուրքը գտնէ իրենց թաքստոցը, զայն կը փաթթէ ու կը դնէ ծառի մը տակ, ապա լալով կը միանայ ժողովուրդին: Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, հայ ծերունի մը, լսելով նորածինին ճչոցը, կը վերցնէ զայն ու կը բարձրանայ լեռ` գտնելու համար մայրը ու յանձնելու անոր:
Կեանքի ու մահուան դէմ երկար պայքար մղելէ ետք, անոնք մեծ դժուարութեամբ կը հասնին Լիբանանի Այնճար գիւղը: Հայաշունչ ու աւանդապահ տան մթնոլորտին մէջ Մակին կը մեծնայ, կը ծանօթանայ երիտասարդի մը, որ հետագային կը դառնայ իր ամուսինը: Ցուրտին պատճառով Մակիին զաւակներէն քանի մը հատը կը մահանայ. կ՛ապրին միայն չորս զաւակները` երկու աղջիկ, երկու տղայ, որոնք իրենց կարգին կը կազմեն իրենց ընտանիքները: Մակիին երկու աղջիկներն ու տղան կը տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներ. պապուկս կը մնայ Այնճար ու կ՛ապրի յիշատակներով, որոնք կը վերակենդանանան մեր ներկայութեան ու երբեմն` առանձնութեան պահերուն:
ԼԻՍԱ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
* * *
Հայաստան… Դրախտավայր հայրենիք… Գեղեցիկ բուրաստան, պատմական հսկայ ժառանգութիւն. մշակոյթի զարգացում եւ իւրայատուկ մատուցում… Բայց անոր ժողովուրդը դարերու հալածանքը կը կրէ թշնամիին կողմէ. ողբերգութիւն մը, որ ապրած է ու կ՛ապրի խաղաղասէր մեր ժողովուրդը` 1915-էն առաջ ու ետք. ժամանակաշրջան մը, որ անջնջելի կը մնայ անոր յիշողութեան մէջ, սակայն վերապրողներու ձայնը առաւել ուժեղ իր արձագանգը կ՛երկարէ երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերէն ու տարբեր հորիզոններէն, երբ անոնց միաձայն աղօթքը կը մէկտեղէ ու յիշել կու տայ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքը. «Անոնք պիտի ստեղծեն վերստի՛ն Հայաստան մը…»:
Եւ իրապէս Այնճար, իբրեւ օրինակ, դարձաւ փոքրիկ Հայաստան մը, երբ մուսալեռցիներ Լիբանան հասնելով` իրենց տունը շինեցին այս հողատարածքին վրայ, հայկական շունչ փչեցին այդ հողին, որուն հետ յաճախ նոյնացան, յամառօրէն շարունակեցին ապրիլ, պայքարեցան հիւանդութեան, անօթութեան ու դժուար օրերու դէմ: Յաղթեցի՛ն, որովհետեւ անոնք կը կրեն ժառանգութիւնը իրենց պապերուն, կտակը` Մուսա Լերան հերոսամարտին ու անոր մարտիկներուն:
Մեծ հօրս հայրը` Գրիգոր Կէօքճեան, կը պատմէ հետեւեալը.
«1915 օգոստոսին թուրքերը կը հրամայեն պարպել մեր գիւղը. մենք Խտըրպէկ կ՛ապրէինք. շատ ուրախ էինք. քէֆը անպակաս էր մեր տուներէն ներս. մինչեւ որ թուրքեր եկան եւ կարճ ժամանակ տուին մեզի, որ հաւաքուինք ու երթանք. կարծես մենք ոչխարներ էինք, եւ մեզ կ՛ուզէին քշել մեր տեղերէն. հասկցած էինք անոնց ընելիքը. բոլոր գիւղացիներով հաւաքուեցանք եւ որոշեցինք լեռ բարձրանալ ու դիմադրել: Ծեր, պատանի, երիտասարդ, մանուկ, կին, տղամարդ` բոլորն ալ անխտիր գործադրեցին որոշումը եւ բարձրացան լեռ` յանուն իրենց կամքին ու քրիստոնէական հաւատքին:
«Կը քաջալերէինք զիրար, մուսալեռցիի վայել կոշտութեամբ յաճախ չտկարանալու խօսքերով կը զօրացնէինք յարատեւելու մեր կամքը:
«Այսպէս, քառասուն օր դիմադրելէ ետք, պատրաստեցինք կարմիր խաչը ու զետեղեցինք զայն ծովեզերքը: Կը սպասէինք օգնութեան. իրապէս ֆրանսական «Կիշեն» նաւը տեսնելով խաչը` մեզ փոխադրեց ու տարաւ Փոր Սայիտ: Մնացինք այնտեղ չորս տարի, աշխատեցանք, չարչարուեցանք, տառապեցանք, երբեմն մեր հայեացքը ուղղեցինք դէպի մեր ծննդավայրը, շատեր ալ վերադարձան իրենց տուները ու վերակառուցեցին. այսպէս` մինչեւ 1939:
«Վերադարձած էի իմ պապենական տունս. բայց կ՛ուզէի հեռանալ հոնկէ, որովհետեւ թրքական տիրապետութեան տակ չէր կրնար հայկական ալեկոծ հոգիս խաղաղութեամբ ապրիլ. ընտանիքիս հետ վերջնականապէս հեռացայ ու ժամանակ մը մնացինք Պասիթի ծովեզերքը:
«1939 սեպտեմբերին հաստատուեցանք Այնճար, ուր շատերու պէս զբաղեցանք հողամշակութեամբ, տնաշինութեամբ եւ գիւղական համեստ պայմաններու յարմարութեամբ…»:
Այսօր, Գրիգոր պապուկին կեանքի ծանր պայմանները գրի առնելով, կը մտածեմ մեր գեղեցիկ Մուսա Լերան մասին, որ օր մը պարպուեցաւ իր զաւակներէն, մնաց անտէր, թուրքին համար պատրաստ բոյն, բայց վստահ եմ, որ անոր ցանած դաշտերը լաւ բերք պիտի չտան, հասկերը պիտի դառնան կարմիր` վրէժխնդիր Մուսա Լերան իսկական զաւակներու բացակայութիւնը սգալով…
ԱՐՏԱԿ-ԼԵՒՈՆ ԿԷՕՔՃԵԱՆ
* * *
Հօրս մեծ մայրը` Խաթուն նէնէն, Ատանայի ջարդէն փրկուած է: Անոր ընտանիքի զաւակներուն թիւը եղած է եօթը. երեքը մահացած են Ատանայի կոտորածին` չդիմանալով զրկանքներու ու չարչարանքներու: Մնացեալ չորսը, որոնք մահանալու վտանգին ենթակայ եղած են, հազիւ կրցած են իրենք իրենց ողջ պահել: Հայրը երազած էր իր զաւակները հանգիստ ու խաղաղ պայմաններու տակ ապրեցնել, ամենալաւ ուսումը տալ, սակայն երազը փշրուեցաւ. անոնք դարձան գերմանական որբանոցի աշակերտներ:
Ծանր ու տագնապալի խստութիւններու տակ երեխաները աւելի ու աւելի չարչարուեցան. տխրութիւնը չէր հեռացած իրենցմէ: Օր մը մեծ հօրս մօրաքոյրը, երբ տակաւին ութ տարեկան էր, հորէն ջուր խմած ատեն գերմանացի միսիոնարներէն մէկը կը մօտենայ գաւազանին կոթը կը դնէ անոր ծոծրակին ու վրան կը կոխէ. փոքրիկը տեղւոյն վրայ կ՛իյնայ գետին ու կը մահանայ. ան մահացու պատիժ կրած էր միսիոնարին կողմէ, որովհետեւ այս վերջինս արգիլած էր առանց ափսէի ջուր խմել…
Խաթուն նէնէն կը պատմէր այս բոլորը, եւ ես կը նայէի իր մելամաղձոտ դէմքին. կարծես երէկ էր, յիշատակները չէին լռած իր հոգիին մէջ: Ան կը շարունակէ պատմել, թէ իր կորսնցուցած եղբայրներուն ու քոյրերուն համար կ՛ուսանի ու կը տիրապետէ վեց լեզուներու` հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն ու գերմաներէն. իսկ երբ վերջնականապէս կը հաստատուի Այնճար, իբրեւ թարգմանիչ գերմաներէն լեզուի` կ՛աշխատի գերմանացիներուն հետ:
Դեռ շատ բան պիտի ըսէր, խօսէր ու երազներ իրականացնէր… մօտիկ անցեալին իր վերջին շունչը փչեց` միանալու համար իր ընտանիքի մնացեալ անդամներուն:
ԱԼԻՔ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ
* * *
Երբ աչքերս բացի, ինքզինքս գտայ կանաչապատ բնութեան մէջ. շուրջս կային մարդիկ` անծանօթներ, բայց կարծես իմ պապենական տանս դրացիները ըլլային, ժպտերես դէմքով կը մօտենային ինծի, բայց ես զարմացած կը նայէի անոնց դէմքին: Մուսա Լերան մեր գիւղն էինք, եւ ես զմայլած էի անոր գեղեցկութեան վրայ: Սակայն երազի պէս շոգիացաւ այս գեղեցկութիւնը, սեւ ամպ մը կ՛առաջնորդէր մեզ դէպի անապատները. մեր ժողովուրդը ընդվզած` չէր հետեւեր այդ հոսանքին, այլ կը բարձրանար լեռ` փութալով իր փրկութեան…
Ներկայէս անջատուած էի. պատմական ետդարձ կատարած. ետդարձէն ետք, ժամանակին յաղթահարելով` յառաջացայ ու իմ անձս գտայ լուսաւոր ապագայի մը հովանիին տակ:
ՇԱՆԹԱԼ ԱՏԱՃԵԱՆ
* * *
Մեր ընտանիքին արմատները «Ճեպել Մուսա»-ի Խըտըրպէկ գիւղէն է: Այնտեղ հողը բարեբեր է, կանաչութեամբ շրջապատուած ու գեղեցիկ շրջան մըն է, բազմաթիւ անասուններով ու տեսակաւոր բոյսերով:
Երբ թուրքերը եկան ու տեղահան ըրին ժողովուրդը, մուսալեռցիները բարձրացան լեռ եւ քառասուն օր ու գիշեր պատերազմելէ ետք թուրքերուն դէմ, ֆրանսացիներուն օգնութեամբ անոնք ապահով փոխադրուեցան Փոր Սայիտ եգիպտական նաւահանգիստը: Ապա, 1939-ին, ժողովուրդը փոխադրուեցաւ Այնճար:
Հազիւ քանի մը ամիս անց, ծնած է իմ մեծ հայրս. իրմէ ետք ծնած են երեք եղբայրներն ու երկու քոյրերը: Անոր մէկ քոյրը` Սօսէն, չդիմանալով ցուրտին, մահացած է մէկ տարեկանին:
Մեծ հօրս ընտանիքին մէջ զբաղած են պարտիզպանութեամբ ու անասնապահութեամբ: Իսկ իմ հայրս այժմ կը զբաղի ոսկերչութեամբ, որ շատ մեծ տարբերութիւն կը ստեղծէ անցեալին ու ներկային միջեւ: Բարեբախտաբար ընտանիքիս ազգանունը փոփոխութեան չէ ենթարկուած ու մնացած է «Հերկելեան»:
Ժառանգուած աւանդութիւններու շարքին, ունինք նաեւ լուսանկարներ` մեծ հօրս հայրը իր զէնքերով, երկաթէ երեք արդուկներ, որոնց կափարիչը բանալով ու կայծ լեցնելով` կարելի էր հագուստ արդուկել:
Մեր գերդաստանը կ՛ապրի Լիբանան եւ հետամուտ է ազգային կեանքի զարգացումներով:
Փափաքս է այցելել իմ պապերուս բնակավայրը, նաեւ` ապրիլ ու շարունակել կեանքը այնտեղ, վայելել գեղեցիկ բնութիւնը ու զգալ յաղթանակը Մուսա Լերան հայրենասէր ժողովուրդին:
ՄՈՍԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
* * *
Քամին կը սուլէր մթութեան մէջ, իսկ մենք ներսը, կրակարանին մօտ լուռ ու մունջ նստած` կը լսէինք մեծ հօրս պատմութիւնը.
«Դաժան օր մըն էր, երբ թուրքը օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմէն իր ծրագիրը իրականացուց` հայ ժողովուրդի ոչնչացումը ի գործ դնելով: Օգտագործեցին դաժան բոլոր միջոցները. մարդու երեւակայութենէն աւելի հեռուն սահմանուած, իւրաքանչիւր վերապրողի յիշողութեան մէջ տխրութիւն պատկերելով:
«Ես փոքր էի. սակայն հօրս ձայնը մինչեւ օրս կը մնայ ականջիս մէջ. «Տղա՛ք, ա՛յս կողմ կրակեցէք, մի՛ ձգէք, որ թշնամին այս կողմ անցնի. կրակեցէ՛ք անվախ. վազէ՛ Հրայր, Արմէն, արա՛գ… փամփուշտ հասցուցէ՛ք… շո՛ւտ, շո՛ւտ… զգո՛ւշ…»:
Մեծ հայրս թատերական ձեւով կը ներկայացնէր մեր դիմաց, մինչ բոլորս ուշադիր կը հետեւէինք իրեն: Շարունակեց.
«Հայրս ֆետայի էր, խմբապետ, կը կռուէր եւ յոյս կը ներշնչէր իր ընկերներուն: Բայց չար գնդակը հասաւ նաեւ իր ոտքին: Հայրս առանց ինքզինք կորսնցնելու` իր մէջքի գօտին հանեց ու կապեց ոտքը, որպէսզի արիւնը չհոսի, միւս կողմէ` դարձեալ խրախուսեց ընկերները, որպէսզի շարունակուի պաշտպանութիւնը: Կիներն ալ դերակատար էին. կռուի ժամանակ անոնք ջուր, ուտելիք կը հասցնէին տղամարդոց, կը քաջալերէին, կ՛աղօթէին, որպէսզի փրկութեան իրենց յոյսը իրականանայ: Մօրս պէս կարգ մը կիներ իրենց մէջքին ունեցած են զէնքը, երբեմն ալ գետին փռած` թուրք մը»:
Պահ մը տիրեց լռութիւն. կարծես պապուկս վերադարձաւ ներկային. ապա ըսաւ.
«Փշոտ ու քարոտ վրաններու տակ ցուրտ օրերուն հաստատուեցանք Այնճար, բայց հայրս իր կեանքը ապրեցաւ կաղ ոտքով. ան մահացաւ, երբ տասը տարեկան էի. մեծ շուքով տեղի ունեցաւ անոր թաղումը: Անոր յիշատակը միշտ կ՛ապրի մեզի հետ, Հայաստանի «Կարապետ Սգայեան» դրոշմաթուղթին վրայ կայ իր նկարը, ուր նստած վիճակով իր գիրկը շալկած է մեծ եղբայրս»:
Այս վերջին խօսքին հետ արցունքի երկու կաթիլ հոսեցաւ պապուկիս աչքերէն…
ԱԼԻՔ ԹԵՐԶԵԱՆ
* * *
Ճամբորդութենէ կը վերադառնամ. միտքիս մէջ կը կրկնուի ձայն մը անուշ, յուզիչ. պապենական ճրագով վառուած տան մը պատկերը կը տեսնեմ դէմս. այո՛, մեր տունը, Մուսա Լերան պայծառ երկինքին տակ քար-քարի վրայ կառուցուած մեր տունը, որուն պատերը այլեւս սեւցած են, բնակիչները հոնկէ շատոնց մեկնած: Մեկնեցաւ իմ պապուկս, ինչպէս շատերունը, բայց իր կամքով չէ, այլ` թուրքին պարտադրանքով, խաբէութեամբ, նենգութեամբ, թալանով: Մուսալեռցին «յարութիւն առաւ» եւ կը մնայ կանգուն բարտիի մը նման:
ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
* * *
«Միայն տասնչորս տարեկան էի, երբ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը, տառապանքները, տեղահանութիւններն ու ջարդերը», կը պատմէ Յասմիկ Տէր Գալուստեան-Գաբրիէլեան:
Իմ հօրս մեծ մայրն է Յասմիկը, որ պատանի տարիքին ականատես եղած է իր ժողովուրդի ցաւին, իր աչքին լոյսին մէջ միշտ պահելով անցեալի պատկերները:
«Մեր գիւղին վարդապետը հայերէն կը սորվեցնէր մեզի. կը նստէինք գետին` ոչխարի բուրդով պատրաստուած բարձերու վրայ. կը սորվէինք արտասանութիւններ, կը լսէինք պատմութիւններ: Վարդապետը ամէն ատեն կը զգուշացնէր, որ եթէ օտար մը (թուրքին ակնարկելով) ներս մտնէր, բնաւ հայերէն չխօսէինք. մենք ալ պզտիկ էինք, սակայն տունէն ու վարդապետէն լսած էինք թուրքերու կոտորածներուն մասին: Քանի մը անգամ թուրքը ներս մտնելով` հարցումներ հարցուցած է վարդապետին ու մեզի, մենք չենք պատասխանած. վարդապետն ալ ցոյց տալով մանկական գծագրութիւններ` համոզած է, թէ մենք ծաղիկ, թիթեռնիկ եւ թռչուն գծելով զբաղած ենք. անոնք ձգած ու գացած են: Վարդապետին հետ «Հայր մեր» կ՛ըսէինք, ու կ՛երթայինք տուն:
«Ապրիլ 2-ի առտուան ժամը 5:30-ն էր, երբ տան դուռը զարնուեցաւ. դեռ քնացած էինք, բայց մայրս կանուխէն արթնցած էր. դրացի Կարոն էր, եկած էր լուր տալու, որ շուտով հեռանանք կամ պահուըտինք, որովհետեւ թուրքերը պիտի գային խուզարկութեան: Մայրս վախով անմիջապէս արթնցուց բոլորս, քոյրերս` Հուրին, Եւան կը դողային վախէն: Կարելի չէր մնալ. ընտանիքով բռնեցինք գաղթի ճամբան. ահաւոր տեսարան էր. մեզի պէս ուրիշներ ալ կային. մէկը կու լայ, միւսը կորսնցուցած զաւակը կը փնտռէ, միւսը կը մերժէ երթալ… Շուարած էի, կը նայէի չորս կողմս, մինչ հայրս ու տասնեօթը տարեկան եղբայրս կը ստիպէին արագ շարժիլ: Տեսայ փոքրիկ մը, որ բարձրաձայն կու լար, մօտեցայ ու հարցուցի պատճառը, թերեւս առանձին ըլլալն էր: Յանկարծ անդրադարձայ, որ ես ալ առանձին եմ: Սպասելու կամ ժամանակ կորսնցնելու առիթ պէտք չէ ըլլար, բայց այդ վիճակիս մէջ, որ կորսնցուցի հարազատներս, մէկ կողմէ տխրեցայ, միւս կողմէ` քաջ զգացի, որ անպայման տեղ մը պիտի գտնեմ զիրենք:
«Հետս ունէի միայն հաց մը եւ հագուստիս կոճակին մէջ պահուած ոսկիէ մեծ մօրս օղը: Չեմ գիտեր` որքան քալեցինք, բայց` մեր գիւղէն բաւական հեռու: Ուժ չունէի այլեւս. քնացայ փակ խանութի մը առջեւ: Ով որ գետին իյնար, մէկը չէր վերցներ զինք: Ուրիշներ թերեւս կարծեցին, որ ես ալ մահացողներու շարքին եմ, բայց ես կը քնանայի յոգնութեանս պատճառով: Արթնցայ, ինքզինքս գտայ անկողինի մէջ. երազ կարծեցի, բայց շուրջս կային մարդիկ, որոնք անհասկնալի լեզուով կը խօսէին հետս ու իրարու հետ: Քիւրտեր էին: Քանի մը օր մնացի անկողինը, յետոյ սկսայ աշխատիլ տան գործերով, առանց մէկուն թելադրանքին: Օր մըն ալ մարդը ցոյց տուաւ դուռը. կարծեցի զիս կը վռնտէ. ծունկի եկայ ու աղաչեցի. հասկցաւ, ոտքի հանեց ու իրենց խանութը տարաւ: Փուռին մէջ սկսայ աշխատիլ ուրախ տրամադրութեամբ: Օր մը, հաց վաճառած ատենս հանդիպեցայ հայու մը, ցած ձայնով ըսի. «Դուն հա՞յ ես»: «Այո՛,- ըսաւ ինքնավստահ ձեւով,- անունս` Պետրոս Գաբրիէլեան»:
«Այսպէս, շաբաթ մը ամբողջ, ամէն օր Պետրոսը կու գար հաց գնելու: Օր մըն ալ ցած ձայնով ըսաւ. «Հիմա հետս կու գաս, ես քեզի պիտի տանիմ մեր տունը եւ իմ հարսս պիտի ըլլաս»:
«Ամուսնացայ Պետրոսին հետ եւ ունեցանք եօթը զաւակ»:
ԲԱԼԻԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
* * *
Իմ մեծ հօրս ընտանիքը ապրած է Ուրֆա քաղաքը: Մեծ հայրս` Յարութիւն Սարգիսեանը եղած է տան ամենափոքրը, այսպէս` հայր, մայր եւ չորս տղաք: Սրտի խոր ցաւով կը պատմէր հետեւեալը.
«1915-ին, երբ ստիպուած տեղահան եղանք մեր սիրելի Ուրֆայէն, արդէն հայրս ու մեծ եղբայրս զինուորագրուած էին. եղբայրս տասնհինգ տարեկան էր եւ «մեծ» կը նկատուէր: Այն ատեն ես երեք տարեկան, միւս եղբայրս` վեց: Մայրս ստիպուած` կ՛առնէ մեզ ու կը բռնէ գաղթի ճամբան: Թուրք զինուորներու ուշադրութիւնը իրմէ հեռացնելու համար մայրս երեսին քսած էր ցեխ, իսկ մեզի` եղբօրս պահած էր փէշին տակ, ինծի ալ կտորներու մէջ փաթթած` առած էր իր շալակին: Թուրքերու մօտէն կը յաջողի անցնիլ իբրեւ ծերունի մը, բայց եղբօրս չար բախտէն թուրք զինուոր մը կը նկատէ մօրս փէշին տակ պահուըտած «լակոտ» մը, կ՛առնէ ու կը տանի: Չենք գիտեր` ի՛նչ եղաւ անոր ճակատագիրը: Մայրս կ՛ողբար, հարցումներ կ՛ուղղէր, բայց երեսին նայող չկար: Իսկ ես դեռ կը մնայի իմ տեղս, շունչս բռնած:
«Ազատեցանք. տարիներ ապրեցանք Տէր Զօրի մէջ. մայրս լուացարարութիւն կ՛ընէր արաբ ընտանիքի մը քով, ես ալ անոնց խանութի աշկերտն էի. դեռատի մարմինս կը կծկուէր ծանրութեան տակ, որովհետեւ յաճախորդներուն ծանր ապսպրանքները կը տանէի իրենց տուները: Ուրախ էի, որ մօրս կ՛օգնէի…
«Տարիներ ետք, երբ ծանօթացայ ու ամուսնացայ մեծ մօրդ հետ, ընտանիքիս հետ հաստատուեցայ Լիբանանի Ալէյ շրջանը եւ սկսայ աշխատիլ իբրեւ ներկարար: Կինս կը գանգատէր, որ իր չորս զաւակները կ՛ուզէր հայկական շունչով մեծցնել, այդ պատճառով ալ ստիպուեցայ հայկական շրջանի մը մէջ ապրիլ, ընտրեցի Այնճարը, որ Ալէյի աւելի մօտ էր, հակառակ անոր, որ տան մէջ միշտ կը խօսէինք հայերէն, զաւակներուս անունները հայկական անուններ էին` աղջիկս` Անի, տղաքս` Սարգիս, Գրիգոր եւ Էլիաս (ծնած ըլլալով «Մար Էլիաս» տօնին օրը):
«Հաստատուեցանք Այնճար, կարծես իրականացաւ մեծ մօրդ փափաքը եւ զաւակներս մեծցան հայկական ոգիով ու խօսեցան հայերէն…»:
ՎԱՆԱՅ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
* * *
100-ամեակ… կանչ մը, զոր կը զգայի հոգիիս մէջ. ստուեր մը, որ կը պտտի հայրենի մեր երկինքին մէջ, առանց իրաւունք իսկ ունենալու, որովհետեւ ան փորձած է իրականացնել բնաջնջման կանխամտածուած իր սեւ ծրագիրը…
Մեծ մայրս` Զուարթը, ծնած է 1920-ականներուն. ան կրած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս մինչեւ 1925 թուականները երկարող զանգուածային ջարդերու ընդհանուր սարսափը: 1915-ին Զուարթին մեծ քոյրը եղած է եօթը տարեկան եւ միշտ պատմած է մեծ մօրս այդ կոտորածներուն մասին: Մեծ մայրս ազդուած է այն աստիճան, որ (հետագային) Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած որեւէ լուրի մը հետ իր աչքերը կ՛արցունքոտին: Ճակատագիրն ու բախտը օգնած են, որ մեծ մօրս ընտանիքը ողջ մնայ ու կարենայ հասնիլ Հալէպ:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
* * *
«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք». իմաստալից այս նախադասութիւնը կը կրկնուի միտքիս մէջ, ամէն անգամ երբ կը նայիմ օրացոյցին վրայ դրուած չորրորդ ամսուան: Կը մօտենայ ապրիլը. անոր հետ կը մեծնայ նաեւ ապրելո՛ւ կամքը, պայքարը, պահանջատիրութիւնը: Եւ այդ ամսուան արձագանգը չի դադրիր երեսուն օր ետք, այլ կը շարունակէ` հասնելու համար ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի կերտումին:
ՄԱՐՏԻԿ ԱՏԱՃԵԱՆ
* * *
Կը մտնեմ աղօթատեղի. շրթներս կը հնչեն այն երգը, որուն բառերը Ներսէս Շնորհալիին կողմէ գրուած են: Այդտեղ կը վառեմ մոմ մը` յիշատակելու համար իմ ժողովուրդիս նահատակներուն սրբութիւնը: Կը զսպեմ արցունքս, կը մերժեմ հարցումներ լսել, կը շարունակեմ աղօթել ու հոնկէ մեկնելէ առաջ պայքարի ուժը կը հաւաքեմ, որպէսզի զայն բաշխեմ իմ ընկերներուս:
ՄԱՐՏԻԿ ԱՏԱՃԵԱՆ