Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած Են Օրէնքները` Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին

Մայիս 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը իր «Քոնկրեսի տասը անդամներու ուղեւորութիւնը գաղտնօրէն ֆինանսաւորուած Է օտար պետութեան կողմէ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ բացայայտեց 2013-ին Պաքուի համաժողովին մասնակցած 10 օրէնսդիրներուն եւ անոնց աշխատակազմի 32 անդամներուն ամբողջովին վճարուած ուղեւորութեան աղմկայարոյց մանրամասնութիւնները: Համաժողովին իբրեւ հրաւիրեալ բանախօսներ մասնակցած էին նաեւ նախագահ Օպամայի երեք բարձրաստիճան խորհրդականները` Ռապըրթ Կիպս, Ճիմ Մեսինա եւ Տէյվիտ Փլաֆը:

Պաքուի մէջ միջազգային քարիւղի համար հաւաքի կազմակերպիչը` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան «Սոքար» պետական քարիւղի ընկերութիւնը, ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»ի ձեռք բերած Քոնկրեսի բարոյագիտութեան յանձնաժողովի գաղտնի զեկոյցին` ամերիկեան երկու ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու միջոցով փոխանցած է 750 հազար տոլար ուղեւորութեան «ֆինանսաւորման աղբիւրը պահելու համար»: Եւս 750 հազար տոլար նուիրած են «Պրիթիշ Փեթրոլիըմ», «Քոնոքոֆիլիփս» եւ «Քէյ. Պի. Ար.» ընկերութիւնները` թռիչքի տոմսերու, պանդոկի ծախսերու եւ նուէրներու համար:

Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ` «մինչեւ 2013 մայիս 28-29 համաժողովը, «Սոքար» եւ ուժանիւթի քանի մը մեծ ընկերութիւններ (ներառեալ` Իրանի Ազգային քարիւղի ընկերութիւնը) փորձած էին ազատիլ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական պատժամիջոցներէն` Կասպից ծովու 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազատարին համար»: Ի դէպ, համաժողովէն ամիս մը առաջ «Սոքար» Հիւսթընի մէջ հիմնադրեց «Ազրպէյճանի բարեկամներու համագումար» ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը` անոր հաշիւին փոխանցելով 750 հազար տոլար: Իսկ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած երկրորդ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը «թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդ»-ն էր, որ նոյնպէս հիմնադրուեցաւ Հիւսթընի մէջ: Երկու կազմակերպութիւնները, Քեմալ Օքսիւզի գլխաւորութեամբ, արձանագրուած էին Հիւսթընի միեւնոյն հասցէին: Քոնկրեսը հաստատեց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմով պատժեց Իրանը` միեւնոյն ժամանակ արտօնութիւններ սահմանելով «Սոքար»-ի նախագիծին համար: Այնուհետեւ` Օպամայի ստորագրելէն ետք, անոնք օրէնքի ուժ ստացան:

Պաքու մեկնած տասը քոնկրեսականներն էին` Ճիմ Պրայտընշթայն (Օքլահոմա), Իվեթ Քլարքը (Նիւ Եորք), Տենի Տէյվիս (Իլինոյ), Միշէլ Կրիշեմ (Նիւ Մեքսիքօ), Ռուպըն Հինոխոզա (Թեքսաս), Լիոնարտ Լենս (Նիւ Ճըրսի), Շեյլա Ճեքսըն Լի (Թեքսաս), Կրեկորի Միքս (Նիւ Եորք), Թետ Փօ (Թեքսաս) եւ Սթիւ Սթաքմըն (Թեքսաս):

Բարոյագիտութեան յանձնաժողովի հետաքննողները բացայայտեցին, որ այս օրէնսդիրները, իրենց ամուսիններուն եւ ընկերուհիներուն ընկերակցութեամբ, ստացած էին շարք մը նուէրներ, ներառեալ` «թէյի բիւրեղապակեայ սպասներ, մետաքսէ շալեր, փիրուզէ օղեր, ոսկենախշ ամաններ եւ ազրպէյճանական գորգեր… բոլոր օրէնսդիրները ստացած են առնուազն մէկ, իսկ ոմանք` երկու գորգ, որոնցմէ մէկը փոքր չափով, նախատեսուած` աղօթքի համար, իսկ միւսը` մեծ: Գորգեր ստացան նաեւ աշխատակազմի բազմաթիւ անդամներ»:

Իրենց անօրինական կամ ոչ պատշաճ գործողութիւնները արդարացնելու նպատակով այս օրէնսդիրներէն ոմանք ծիծաղելի յայտարարութիւններ ըրին Քոնկրեսի յանձնախումբի հետաքննողներուն.

– Քոնկրեսական Տէյվիս յայտարարեց, որ Պաքուի համաժողովին ընթացքին ինք «ստացած է մէկ գորգ, զոր բերած էին իր պանդոկի սենեակը»: Ան ըսաւ, որ մտածած է այդ գորգը որեւէ թանգարանի կամ բարեսիրական միութեան նուիրելու մասին…

Քոնկրեսական Հինոխոզա ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ իմ ստացած յուշանուէրները նուազագոյն արժէք ունին եւ կը համապատասխանեն Ներկայացուցիչներու տան Նուէրներու մասին կանոններուն»:

Ներկայացուցիչ Միքսի մամուլի քարտուղար Լատան Ահմատի յայտարարեց, որ քոնկրեսականը «ենթադրած է, որ գորգը արտօնուած համարուող նուէր է»:

Քոնկրեսական Լենսի աշխատակազմի բարձրաստիճան մէկ անդամը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին ըսաւ, որ քոնկրեսականը «Ուաշինկթըն վերադառնալէ ետք վերադարձուցած է իր ստացած մէկ գորգը: Աշխատակազմի անդամը նաեւ նշեց, որ Լանս զոյգ մը օղ ստացած է եւ փոխհատուցած 100 տոլար համաժողովի կազմակերպման օժանդակող ոչ-շահութաբեր խումբին` Նիւ Ճըրզի վերադառնալէն անմիջապէս ետք»:

Քոնկրեսական Կրիշամ բարոյագիտութեան յանձնաժողովի հետաքննողներուն ըսաւ, որ ան չէ յայտնած գորգերուն մասին, որովհետեւ չէ կարծած, թէ անոնք առանձնապէս արժէքաւոր են: Ան նաեւ զանոնք ոչ-հրապուրիչ համարած է. «Ատիկա այն կարպետը չէր, զոր ես պիտի փափաքէի գնել»:

Քոնկրեսական Պրայտընշթայն միակ օրէնսդիրն էր, որ բացայայտեց գորգերուն մասին իր ֆինանսական զեկոյցին մէջ. «Ան փոքր գորգը գնահատած էր 2500 տոլար, իսկ մեծը` 3500»:

«Ուաշինկթըն Փոստ»-ը, մէջբերելով բարոյագիտութեան յանձնաժողովի զեկոյցէն, բացայայտեց, որ ներկայացուցիչներ` Քլարք, Կրիշամ, Հինոխոզա, Լենս եւ անոնց աշխատակազմի անդամները այդ ուղեւորութեան ընթացքին նաեւ «մեկնած են Թուրքիա, այցելած` Պոլիս, Անգարա, կամ` երկուքը միասին… բոլոր ծախսերը հոգացած է «Բարեկամութեան եւ համագործակցութեան Վոսփորի ատլանտեան մշակութային միութիւն» թրքական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Օրէնսդիրները չեն բացայայտած այդ կազմակերպութեան դերը»:

Քոնկրեսի բարոյագիտութեան յանձնաժողովը եզրակացուց. «Սոքար» եւ «Ազրպէյճանի բարեկամներու համագումարը նուէրներ մատուցած են Քոնկրեսի ճամբորդներուն ճանապարհածախսերու անթոյլատրելի ձեւով` խախտելով Ներկայացուցիչներու տան կանոնները, կանոնակարգերը եւ դաշնակցային օրէնքը», իսկ «Թուրքիա ուղեւորուած քոնկրեսականները ճանապարհածախսի վճարները ընդունած են անթոյլատրելի աղբիւրներէ, որ յանգեցուցած է անթոյլատրելի նուէրի` խախտելով Ներկայացուցիչներու տան կանոններն ու կանոնակարգերը»: Բացի այդ, հետաքննողները հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի կառավարութեան առընթեր հինգ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնները հաստատեցին, որ իրենք հովանաւորած են համաժողովը` լրացնելով յայտարարագիրներ բարոյագիտութեան յանձնաժողովին հետ 2013-ի ապրիլ եւ մարտ ամիսներուն: «Հինգ հովանաւոր կազմակերպութիւնները չեն օժանդակած քոնկրեսականներու ճանապարհորդութեան` հակառակ կեղծ հաւաստիացման ձեւերու, որոնք ներկայացուցած են բարոյագիտութեան յանձնաժողովին»: «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հաղորդեց, որ այս տուեալները յանձնուած են բարոյագիտութեան յանձնաժողով` հետաքննելու Քոնկրեսի կանոնակարգի եւ դաշնակցային օրէնքներու հնարաւոր խախտումները, որոնք կ՛արգիլեն օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ ազդելու փորձերը:

Խիստ մտահոգիչ է, որ քոնկրեսականները պատրաստ են վաճառելու իրենց քուէները ազրպէյճանական եւ թրքական կաշառակերութեամբ համակուած կառոյցներուն` ձրի գորգի մը համար…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Ա./2015 . Պատմութիւնը Ուղեցոյց Ունենալով…

Յաջորդը

Հայ Որբը Եւ Սաատի, Պարսիկ Բանաստեղծը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?