Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Ա./2015 . Պատմութիւնը Ուղեցոյց Ունենալով…

Մայիս 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Պ.

Մայիսը մեր յաղթանակներու կերտման ամիսն է: Շուշիի ազատագրումով պսակուած յաղթանակներու:

Արցախեան ազատամարտին մէջ Շուշիի ազատագրումը առանձնայատուկ տեղ ունէր ե՛ւ ռազմավարական, ե՛ւ անվտանգութեան առումով:

Շուշիի ազատագրումը պայքարի նոր շունչով ու թափով օժտեց արցախեան ազատամարտը: Աւելի՛ն. անիկա մեր ազգային գոյապայքարի անշէջ աւիշը հանդիսացաւ:

Շուշիի դիրքն ու ռազմավարական նշանակութիւնը մեծ դեր ունեցան շարունակելու արցախեան ազատամարտի յաղթական երթը:

Ազերիական լուծին ու ճնշումներուն դէմ պայքարի դրօշ պարզած արցախցին վճռեց վերջ տալ բռնակալութեան եւ ազատ ապրելու իր իրաւունքը խլել` սեփական իր ուժերուն վստահելով:

Արցախեան ազատամարտը ինքնորոշման ու սեփական ճակատագիրի ինքնուրոյն տնօրինման կոչուած յաղթարշաւն էր` ընդդէմ ազերիական բռնակալութեան եւ այլամերժ քաղաքականութեան:

Մայիսեան այս օրերուն, այլամերժութեամբ բնորոշուող ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքներու դէմ պայքարող պետութիւններու քաղաքականութիւնը լուսարձակի տակ բերելով` զուգահեռներ կը գտնենք ազրպէյճանական քաղաքականութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան ու անոր ժառանգորդներուն վարած քաղաքականութեան մէջ:

Մայիս 6-ը տօնն է նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի նահատակներուն, որոնք 100 տարի առաջ եւս կենաց մահու պայքար մղեցին Օսմանեան կայսրութեան դէմ, նահատակուեցան ու արեամբ նուաճեցին ազատ ապրելու իրենց իրաւունքը:

Բռնակալական նոյն քաղաքականութեամբ օսմանցիներ 100 տարի առաջ սպանդի ենթարկեցին ո՛չ միայն հայ եւ քրիստոնեայ, այլեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի արաբ ազատատենչ ժողովուրդները:

Այսօր Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդները նոյնանման ոճիրներու մեղսակից կը դառնան Սուրիոյ մէջ` երկրի ամբողջականութիւնը քայքայելու, ժողովուրդի միասնականութիւնը պառակտելու եւ անոր հպատակ դարձնելու յստակ քաղաքականութեամբ:

Ժողովուրդի մը պատմութիւնը անոր ապագայի կերտման լաւագոյն ուղեցոյցն է: Երբ ժողովուրդներ ուրանան իրենց պատմութիւնը, չեն կրնար պահպանել անկախութիւնն ու յաղթանակներ կերտել:

Նահատակներու արեամբ կերտուած իրենց յաղթանակներուն մէջ հայ եւ արաբ ժողովուրդները 100 տարի շարունակ դէմ յանդիման գտնուած են միեւնոյն նենգ թշնամիի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան:

Մայիս 6-ի առիթով այս ճշմարտութիւնը լուսարձակի տակ պահելու պարտաւորութիւնը ունինք այսօր:

 

 

Նախորդը

«Երբ Բեմ Ելլեմ, Կը Ձուլուիմ Կերպարիս Ու Երաժշտութեան Մէջ» Ըսաւ Ժաքլին Սարխոշեան-Մակինեան

Յաջորդը

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած Են Օրէնքները` Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?