Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անխոնջ Դաշնակցականը

May 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-23-15_Karnig-NigolianԱրդէն անցած են քառասուն օրեր, որ Գառնիկ Նիկոլեանը բաժնուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ: Բոլորին համար անհաւատալի եւ անսպասելի գոյժ մըն էր, իմանալ, թէ Գառնիկը ոչ եւս էր: Ոչ ոք ուզեց հաւատալ դառն իրականութեան: Իւրաքանչիւրը իր կարգին պատմեց, թէ նոյն շաբթուան ընթացքին տեսած էր զինք` ժպտերես, հանդարտ եւ գոհունակ, լաւ տրամադրութեամբ տոգորուած:

Ընկեր Գառնիկ պատերազմի դաժան օրերուն եղած էր միշտ պատնէշի վրայ: Մար Մըխայէլի շրջանէն հասաւ Արեւմտեան Պէյրութ, Նշան Փալանճեան Ճեմարան` ազգային մեր հաստատութիւններու պաշտպանութեան համար:

Այդ օրերուն ստանձնեց շրջանի տղոց մատակարարման աշխատանքը «Արա Երեւանեան» ակումբիին մէջ: Ընկերներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած էր ան մինչեւ իր կեանքին վախճանը: Հաւատարիմ մնալով իր երդումին, արհամարհած է բոլոր վտանգները եւ պաշտպանը եղած էր ընկերներուն այդ օրերու դաժան պայմաններու մէջ:

Ամուսնացաւ 3 յունիս 1979-ին Սիրան Արսլանեանի հետ եւ կազմեց իր ընտանեկան բոյնը` ունենալով երեք դուստր` Թամար, Սալբի եւ Նիքոլ: Կնոջ հետ օրն ի բուն աշխատելով ունեցան իրենց անձնական ճաշարանը Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ «Օննօ» անունով, ուր կ՛այցելեն հայորդիներ ու օտար զբօսաշրջիկներ:

Ազգային, միութենական թէ անձնական ճաշկերոյթներուն հաճոյքով եւ բծախնդրօրէն կը կատարէր իրեն վստահուած աշխատանքը: Վերջին շրջանին երկրորդ մեծ ճաշարան մը ունեցաւ Պատարոյի շրջանին մէջ: Ափսոս, որ չկարողացաւ վայլել իր աշխատանքին արդիւնքը:

Մնաց ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան տիպար դաշնակցական ընկերը: Կուսակցութիւնը ամէն բանէ վեր էր իրեն համար:

Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ ընկ. Գառնիկ, որովհետեւ ընկերները այնքան քաղցր յուշեր եւ տպաւորութիւններ ունին պատմելիք քու մասիդ, որ միշտ իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ պիտի ըլլաս:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

Ովսաննա Տիք Խորոզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

15 Մայիս 1916. Հայոց Առիւծը` Քաջն Քեռին Ինկաւ Ռեւանտուզի Ահեղ Կռուին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.