ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայկական գեղանկարչութեան աշխարհին ամենատարբեր շնորհալի անհատականութիւններու ցանկին մէջ իր ինքնատպութեամբ կարելի է առանձնացնել գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը, որուն արուեստասէր հասարակութիւնը անվարան կրնայ շնորհել «գոյներու վարպետ» անուանումը: Ան դիտողին կը ներկայանայ բացառիկ ուժականութեամբ լեցուն իր արուեստով, իւրօրինակ մտածելակերպով ու իւրայատուկ նկարելաձեւի ոճով:
Գրիգոր Ակոբեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը հարստացուց սփիւռքահայ արուեստի պատմութիւնը իր անկրկնելի գործերով, որոնք դարձան ճշմարիտ արուեստի չափանիշ եւ վկայութիւն: Լիբանանեան, ամերիկեան, Միացեալ Էմիրութիւններու եւ քանատական մամուլը յաճախ հիացմունքով եւ խոր ակնածանքով արձագանգած են Ակոբեանի արուեստին մասին` զայն համարելով աննախադէպ, ազգային, համամարդկային եւ, վերջապէս, հայ գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ հազուագիւտ երեւոյթներէն մին:
Մեծ հպարտութեամբ կարելի է Ակոբեանին աշխատանքները զետեղել ինչպէս հայկական, այնպէս ալ եւրոպական շատ մը անուանի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու կողքին: Այսօր, հայ իրականութենէն ներս եւ թէ անոր սահմաններէն դուրս, ան կը դասուի հանրայայտ գեղանկարիչներէն մէկը, որուն արուեստին մասին գրուած են բազմաթիւ յօդուածներ ու պատրաստուած են գրքոյկներ: Անոր գործերը արժանիօրէն տեղ գտած են աշխարհի զանազան պատկերասրահներուն մէջ, ինչպէս` Նոա՛զ Արք Կալըրի, Այտա Շըրֆան Ֆայն Արթց Կալըրի, Կալըրի Ռիշելլիօ Մոնրէալ, Պէյրութ Էքզեպիշըն Սանթըր Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան պատկերասրահ եւ արուեստ գնահատող բազմաթիւ անհատներու ու հաւաքածոներու մէջ:
Այս տարի, 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ակոբեան նկարիչին ստեղծագործական բուռն գործունէութիւնը պսակուեցաւ ոչ միայն անհատական, այլեւ խմբային բազմաթիւ ցուցահանդէսներով, ինչպէս` 100-ամեակի Լիբանանի յանձնախումբին կողմէ հովանաւորուած, Նոա՛զ Արքի կազմակերպութեամբ, մասնակցելով «Ազգի մը վերածնունդը» ցուցահանդէսին, «Պէյրութ» պատկերասրահի եւ «Ֆարրա» կալերիին մէջ, ուր լիբանանահայ հանրայայտ արուեստագէտներ իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան:
Հակառակ որ Գրիգոր Ակոբեան իւրօրինակ հայեացքով կը նայի աշխարհին ու կը ստեղծագործէ ընդ այնմ, սակայն իր հաւաքածոներուն մէջ մեծ տեղ կու տայ հայկական նուռին, որովհետեւ կը հաւատար, որ ան խորհրդանիշն է բարեկեցութեան, առատութեան, պայքարի ու յարատեւութեան: Եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք Ակոբեանի կենսագրական տուեալներուն, պիտի նշմարենք, թէ ան միշտ ալ եղած է բնութենապաշտ արուեստագէտ: Մայրիներու աշխարհի ծառերն ու իրենց արմատները նկարելով` արուեստասէր հասարակութեան ան կը հրամցնէր հողին ու հայրենիքին կառչած մնալու խորհուրդը: Անոնք որքան ալ վիրաւոր ըլլան, տակաւին կառչած կը մնան մայր հողին, իրենց ակունքներուն եւ այդպէս կը շարունակեն իրենց գոյերթը դէպի անհունը կեանքին: Իր այս վերջին ցուցահանդէսով ներկայացուց Հայոց այբուբենի երեսուն եւ ութ տառերը` իրենց գեղեցկագոյն պարզութեանը մէջ, հայ ակնդիրին ոչ աւանդական ձեւերով, այլ` արուեստի իւրայատուկ ոճով, որ նոյնիսկ օտար արուեստասէր հասարակութիւնը ընկալեց իր արուեստի ամբողջականութեան մէջ:
Ակոբեան իր ներկայ ցուցահանդէսով եկաւ ապացուցելու, որ իր գործերը ինքնատիպ մօտեցումներ ունին, իրենց ուղիղ ու կոր, կայուն դիրքաւորումներով, գոյներու զարմանալի համարձակ համադրութիւններով ու նաե՛ւ հակադրութիւններով: Ան կը ներկայանայ արուեստասէր հանրութեան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ոգեկոչելու իւրայատուկ ոճով: Ան գերիրապաշտ իր սկզբունքներով հայոց այբուբենին մէջ ներկայացուց դասականն ու ժամանակակիցը միասնաբար` արտայայտելով իր տրամադրութիւններն ու զգացումները մերթ փոթորկուն, մերթ անհաշտ ու մերթ հանդարտ ու մեղմ ստեղծագործութեամբ:
Ակոբեան ծնած ըլլալով լիբանանահայ ընտանիքի երդիքի տակ` վրձինի առաջին հարուածները կտաւին դրոշմած է լիբանանեան հողին վրայ: Ան իր նկարչական մասնագիտական աշխարհը հարստացուցած է Մոնրէալի նկարչական համալսարաններու մէջ, ուր առիթ ունեցած է խորութեամբ ուսումնասիրելու հայ եւ համաշխարհային վարպետներու ստեղծագործական ժառանգութիւնը:
Որպէս հայրենասէր, սկզբունքային ու ճշմարիտ արուեստագէտ` Ակոբեան այն համարձակ անհատներէն է, որ կ՛արտայայտէ իր միտքերը խոր համոզումով: Նուռերու աշխարհին մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգող Ակոբեան այս ցուցահանդէսին պարունակէն ներս ներկայացաւ նաեւ հայկական խաչքարերով: Կարելի է որպէս նորութիւն համարել Սասունցի Դաւիթն ու Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը իրենց ձիերուն վրայ: Այս երկու գլուխ գործոցները ան ստեղծագործած է անսահման սիրով ու յարգանքի մեծ զգացումով` իբրեւ իրենց կեանքին, կրօնին ու հայրենիքին նուիրուած հայ դիւցազուններու:
Դիտելով Ակոբեանի «Այբուբեն հայոց»-ը` կրնաս նշմարել, թէ այս հիասքանչ գործերուն մէջ նկարիչը անթաքոյց հիացմունքով կը պատկերէ ազգային մեր տառերը: Ըմբոշխնելով իւրաքանչիւր տառի գեղեցկութիւնը` ակամայ կ՛աւելնայ հոգիիդ լոյսը, հայրենի աշխարհը աւելի լուսաւոր ու սիրելի կը դառնայ քեզի, եւ ակամայ բարի լաւատեսութեամբ կ՛ոգեւորուիս: Բոլոր ժամանակներու մէջ Ակոբեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ նկարած է պայծառ գոյներ, մաքուր ու յստակ գիծեր, իսկ թեմաները միշտ եղած են հոգեհարազատ ու զգացական:
«Այբուբեն»-ի ամբողջական շարքի նկարազարդումով Ակոբեան հրաշալի կերպով գիտէր, թէ անոնք իր ազգի գոյատեւման մեծագոյն գաղտնիքն էին: Ան կ՛ապրէր իր ժողովուրդին ուրախութիւններով ու թախիծով: Այբուբենի շարքի ստեղծագործումով, ան կու գար ապացուցելու, թէ ինքզինք իր ժողովուրդին զինուորը կը համարէր, իր ազգին ու ժողովուրդին վերաբերող իւրաքանչիւր երեւոյթ արձագանգ կը գտնէր իր արուեստագէտի հոգիին մէջ, եւ յուզումին որպէս արդիւնք` կ՛ընդվզէր հայու արուեստով, հայու պոռթկումով:
Թէեւ տասնամեակ մը առաջ իր մօտ ծնունդ առած էր այբուբենը նկարազարդելու գաղափարը, սակայն կամաց-կամաց անոնք մարմին առնելով` շաղախուեցան իր էութեան հետ, եւ ապա իր ամբողջականութեան մէջ հրամցուց հայ արուեստասէր հասարակութեան` հայու իր տուրքը մատուցելով «Գիրերու գիւտի փառքին», եւ խոնարհելով միլիոնաւոր հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Յաջողութեամբ պսակուած այս ցուցահանդէսով Ակոբեան իր ուրոյն տեղը անգամ մը եւս հաստատեց հայ նկարչութեան գանձարանին մէջ: