Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Որբը Եւ Սաատի, Պարսիկ Բանաստեղծը

May 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ

5-25-15_saadi-(1)Սաատի պարսիկ որբ մըն է, որ ծնած է 13-րդ դարուն, Շիրազի մէջ (Պարսկաստան): 1920-ական տարիներուն, երբ մեր ազգը լեցուն էր հազարաւոր որբերով, անոնք հիացմունքով կը կարդային Սաատի խօսքերը: Թէպէտ ան 700 տարի առաջ որբացած է, սակայն ինչ որ ըլլան որբի մը պարագաները, որբին զգացումները նոյնը կ՛ըլլան, քանի որ մանուկը մանուկ է` ո՛ւր որ ալ ծնի եւ ո՛ր դարուն ալ ապրի:

Կը ներկայացնենք Սաատիի գրածներէն քանի մը հատուած` ուղղուած չափահասներուն.

– Պաշտպանէ՛ այն, որուն հայրը մեռած է:

– Թօթուէ փոշին անոր հագուստներէն եւ մի՛ վնասեր անոր: Դուն չես գիտեր, թէ անոր վիճակը որքա՛ն դժուարին է:

– Արմատ չունեցող ծառին վրայ սաղարթ չի գտնուիր:

– Անօգնական լքուած որբի մը ներկայութեան քու տղադ մի՛ համբուրեր: Եթէ այս վերջինը արտասուէ, ո՞վ պիտի ամոքէ անոր վիշտը: Եթէ ան զայրանայ, ո՞վ պիտի կրէ անոր բեռը: Նայէ՛, որ ան չարտասուէ, քանզի որբին ողբին վրայ Աստուծոյ գահը կը դողայ:

– Գութով սրբէ անոր աչքերէն արցունքները եւ երեսներէն փոշին:

– Եթէ անոր հօրը խնամքներուն պաշտպան հովանին գացած է,  պահէ զայն քու խնամքներուդ հովանիին տակ:

– Իմ գլխուս վրայ արքայական թագ մը կար, երբ ան (գլխուս) հօրս կուրծքին վրայ կը հանգչէր:

– Այն ատեն, երբ մարմնիս վրայ ճանճ մը թառեր,  շատեր ինծի համար կը տանջուէին. սակայն հիմա եթէ գերի տարուելու ըլլամ, իմ բարեկամներուս մէջէն նոյնիսկ մէկ  հոգի ինծի օգնելու պիտի չգայ. ես որբը աղէկ գիտեմ (կը հասկնամ), քանզի հայրս իմ մանկութեանս ժամանակ մեկնեցաւ (մեռաւ):

5-25-15_SaadiՍաատին 22 գիրք գրած է պարսկերէն լեզուով: Շատ քիչ ստացուածք ունէր իր հօր մահէն ետք եւ այդ պատճառով շատ դժուարութիւններու ենթակայ եղած է եւ համբերութեամբ տարած է անոնց լուծը: Անյագ փափաք ունէր ուսման. այդ պատճառով իր հայրենիքէն մինչեւ Պաղտատ ճամբորդած է, որ այն ատեն մտաւորական զարգացման համբաւին գագաթնակէտին հասած էր: Հոն հարուստ ազնուականի մը առատաձեռնութեան շնորհիւ յաջողած է անձնական վարժարան մը մտնել: Պաղտատի ժամանակակից Նիզամիյէ ճեմարանին ուսուցիչներէն Շեմսէտտինին ձօնած է իր բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատը, որոնցմէ այնքան շատ գոհ մնացած ուսուցիչը, որ Սաատիին ամսաթոշակ յատկացուցած է իր քսակէն:

Իր ուսման ընթացքը աւարտած է 30 տարեկանին: Ան իր յուշերուն մէջ այսպէս կ՛ըսէ.

«Չես գիտեր, թէ Սաատին ինչպէ՛ս իր աստիճանը առաւ.

Ան ծովեր եւ դաշտեր չանցաւ:

Ան իր մանկութեան օրերուն իմաստուններուն լուծին տակ ապրեցաւ:

5-25-15_saadi-pՎերջը Աստուած անոր պատիւ (համբաւ) շնորհեց:

Ան, որ հնազանդութեամբ կը համակերպի, շատ չանցած` դիւթիչ (հմայիչ) կ՛ըլլայ»:

Սաատի շատ աստուածավախ եւ բարեպաշտ էր. իր գործերը իմաստալից բարոյական խրատներով լեցուն են: Ճամբորդած է Թուրքիա եւ Սուրիա, իր ճամբորդութեան միջոցին ունեցած տպաւորութիւնները գրած է իր գիրքերուն մէջ:

Սաատիին հռչակաւոր գործերն են` «Վարդենիք» (Կիւլիստան), «Բուրաստան» (Պուսթան) եւ այլն: Իր բանաստեղծութիւնները օտար լեզուներու թարգմանուած են:

Սաատին լաւ օրինակ մըն է մեր որբերուն. ան երեսուն տարեկանին իր ուսումը աւարտած է: Անոնք, որոնք տարիքոտ ըլլալնուն համար կը յուսահատին եւ չեն ուզեր իրենց ուսումը շարունակել, թող Սաատիին նային: Կեանքը ո՛չ նուազ դժնդակ է հիմա հին ատեններէն, սակայն ոչ յուսահատական` յարատեւողներուն համար:

 

9 մայիս 2015

[email protected]

 

Նախորդը

Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած Են Օրէնքները` Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին

Յաջորդը

Անգլիական Ֆութպոլ. Հալ Սիթի, Պըրնլի Եւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ Անցան Ա. Դասակարգ

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.