Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկոչ Հիւրը»

Մայիս 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

5-23-15_angoch-1Դարավերջի Անակնկալ.- Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբը մարտ 21- 29 ընթացքին ներկայացուց Ռոպըրթ Թոմասի (1927-1989, այսուհետեւ` ՌԹ)  «Un ami… imprévu» («Անակնկալ բարեկամ մը», 1969) ոստիկանական զաւեշտը: Փիեսը գրուած է անուանի «առկախակագիր»  (suspense) Ակաթա Քրիսթիի (1890-1976) հերթական (իմա` անզատորոշելի) հանելուկներէն մէկուն խորտակումով… ներողութիւն, պիտի ըսէի` հետեւողութեամբ: (1) Ակաթա Քրիսթիի (այսուհետեւ` ԱՔ) ներկայ փիեսը թատրոնի գրականութեան մէջ ա՛յն է, ինչ վարժութիւնները (etude)` երաժշտական յօրինումի մէջ: Այսինքն` կատարողի հմտութիւնը զարգացնել միտող անյիշատակելի գործեր:

«Տի անէքսփեքթըտ կեսթ»-ի (1958) թարգմանութիւնը պէտք էր, որ ըլլար «Անակնկալ հիւրը»: Իսկական «անկոչը» այս պարագային թատրերգութեան ընտրութիւնն  էր:  Հարիւրամեակի սեմին, «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի նման կեդրոնական նշանակութիւն ունեցող բեմի վրայ կ’ակնկալէի ներկայ ըլլալ ելոյթի մը, որ փորձէր իր ներդրումը ունենալ սփիւռքի մշակոյթը ձեւաւորած այդ ահաւոր աղէտի հոգեկան խոցը (trauma) հաւաքաբար քննարկելու գործարքին մէջ: Միթէ այդ չէ՞ յանձնառու թատրոնին կոչումը: Վարժութիւնները կը ներկայացուին հերթական հանդէսներու ընթացքին` յուրախութիւն ծնողաց եւ բարեկամաց:

Թատերագրական «անակնկալ»-ը ա՛յն էր, որ ԱՔ-ի իրարու բարդուող «հետեւողութիւնները»  (Ֆրանսական եւ տեղական) յառաջ բերած էին անհամերաշխ խառնոյթ մը: ԱՔ-ի գործերը հիմնականին մէջ ընթերցողը խաբելու միտող, խնամքով լարուած թակարդներու մանուածապատ շարաններ են, բարդ(ացուած) հանելուկներ: Այդ գործերը (որ թէեւ իմ քիմքին հաճոյ չեն) ունին իրենց յատուկ տրամաբանութիւնը: Կարելի չէ հարեւանցի ներդրում/արտադրումներ կատարել: Առածը կ’ըսէ, թէ ուղտը վերադասաւորուած եղնիկ մըն է: Հարցը լուրջ էր յատկապէս կերպարներու վերախմբագրման, հումորի գլխիվայր շրջումին եւ խցկուած տեղական «պարտադիր» բարոյալից վերջաբանի պարագային:

Դիպաշար եւ Տիպարներու «ռեմոնթ».- Քենիոյ մէջ առիւծ մը կը հաշմէ անասուններու սպանութեամբ զուարճացող անգլիացի հարուստ որսորդ մը: Դէպքը կը պատահի, երբ Քենիա բրիտանական գաղութ մըն էր: (2) Աթոռընկեց գաղութարարը (Յովակիմ Քէշիշեան) կը դատապարտուի անուաթոռի (wheel chair): Կը դառնայ անտանելի, անհաճոյ բռնակալ մը: Անդադար կը խմէ եւ կը կրակէ (խորհրդանշական) պատուհանէն դուրս, (խորհրդանշական ) անտառին մէջ վազվզող (գարնանամուտը խորհրդանշող)  ճագարներու եւ այլ անմեղ անասուններու վրայ: Կը կրակէ նաեւ դէպի երկնքի շանթերը (յստակօրէն խորհրդանշական): Հիւանդապահուհին կ’ըսէ, թէ  որսորդը այդ ձեւով կը փոխարինէր իր կորուսեալ բարքը*: Խանգարուած եւ խման որսորդի վարած  ինքնաշարժը (իմա՛ վարած կեանքը) կը խոտորի իր կնոջ տարեդարձի օրը: (Իսկ ինչո՞ւ այդ օր): Կը սպաննուի անմեղ մանուկ մը:

Մանկասպանը կը կոչուի Ռիչըրտ Ուորուիք (Richard Warwick): Անգլիոյ թագաւոր Ռիչըրտ Գ.ը (1452-1485)  ծանօթ է որպէս «մանկասպան» (սպաննած է երկու գահաժառանգ մանուկներ): Զուգադիպութի՞ւն: Ան պատմութեան անցած է որպէս ֆիզիքապէս հաշմուած, անոպայ բռնակալ մը: Զուգադիպութի՞ւն: Սպաննուած է գահ բարձրանալէ երկու տարի ետք: Զուգադիպութի՞ւն: Որսորդին ազգանունը նոյնպէս իմաստալից է: Նախ այն, որ Շէյքսփիրի ծննդավայրը կը գտնուի այդ նահանգին մէջ: Զուգադիպութի՞ւն: Շէյքսփիր ունի համանուն թատրերգութիւն (Richard III): Զուգադիպութի՞ւն: ԱՔ-ի թատրերգութիւնը խիստ անիրապաշտ եւ անհաւատալի է: Ռիչըրտ Գ.ի կերպարը նոյնպէս վիպական է, մտացածին, այսինքն` ոչ վաւերական: (3) Զուգադիպութի՞ւն: Ուորուիքի մէջ սովորոյթ է կազմակերպել  Միսթըրի թիեթըրի (առկախաբան թատրոնի) փառատօներ: Զուգադիպութի՞ւն: Ոչ նուազ քան եօթը «զուգադիպութիւն»: Քանի՞ զուգադիպութիւն եւս պէտք էր տեսնէինք, որպէսզի սկսէինք կասկածիլ, թէ անունի ընտրութեամբ ԱՔ բան մը կ’ուզէ ըսել: Պուլվարային զաւեշտաբան Ռոպեր Թոմա (ո՞վ) պահած է Ռիչըրտ անունը, բայց ազգանունը ֆրանկացուցած է որպէս Var-net: War-wick-ի հնչողական նմանութեամբ:

Առիւծի յարձակումը կարելի է տեսնել որպէս բնութեան կամ երկինքի տնօրինած վճիռի գործադրութիւն: Ի դէպ, բնութեան եւ երկնքի ակնարկութիւններ կան դերակատարներու անուններուն մէջ: Որսորդը պատժող վրիժառու հայրը (Սիմոն Եափուճեան) կը կոչուի Michael Starkwedder: Հրեղէն սուրով զինուած հրեշտակապետ Միքայէլ կը մարմնաւորէ Աստծոյ «բազուկ»-ը: Միքայէլ Սադայէլը գլորեց խորխորատն ի վար, Միքայէլ Ադամն ու Եւան վտարեց դրախտէն եւ այլն: Ազգանունը (Stark-wedder) մօտաւորապէս կը թարգմանուի որպէս «ակնբախօրէն-յանձնառու»: ՌԹ անունը զաւեշտականացուցած եւ ֆրանկացուցած է որպէս «Միշէլ Սթարօ»: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուած են բոլոր անունները: Բոլորը վերածուած են Մկօ, Վիգօ եւ Ճստոյի: Այսինքն իմաստազրկուած են, ինչպէս իրենք` այդ անուններուն տէրերը:

5-23-15_angoch-2Հիւանդապահուհին (Դալար Խաչիկեան) կը կոչուի Miss Bennett (Benedicta) որ կը նշանակէ աստուածային շնորհ: Անունը ֆրանկացուած է որպէս Yvonne Bérard:  Պենեթ -Պերար: Պարզ է, որ ՌԹ-ի ֆրանկացումը հնչիւնայինէն անդին անցնելու ատակ չէ: (Բացի այն, որ անունը կը յիշեցնէ Bernard, որ կը նշանակէ «արջանման»): Այդ դեռ ոչինչ: Միս Պենեթի վրայ բռնօրէն բարձուած են տան ստուերոտ, արատաւոր սպասեակի (butler) մեղքերը, հետեւաբար նաեւ` անոր պատիժը: «Butler»-ի կերպարը առակի կարգ անցած է որպէս թիւ մէկ կասկածելի: Այսինքն այստեղ կայ սեւ հումոր: Շանթաժի պատճառով վռնտուողը ոչ թէ սրբուհի Պենետիքթան է, այլ (զեղչուած)` սպասեակը: Բայց ինչո՞ւ, չէ՞ որ Պենետիքթան կը ներկայացնէր երկնային գթութիւնը: (Պէտք է դիտել տալ, որ Դալար Խաչիկեանի գրագէտ, չափաւոր եւ արթնամիտ խաղարկութիւնը արժանի է յիշատակութեան: Տես կողքի նկարը):

5-23-15_angoch-3«Որսորդ»-ին թերաճ պատանի կէս-եղբայրը` Ճոն (Վիգէն Քէօշկէրեան) հմայուած է զէնքերով: Կը ծիծաղի, երբ լսէ սեւ ու մութ, արիւնոտ պատմութիւններ: Պէտք է ենթադրել, որ կը ներկայացնէ Ռիչըրտի «միւս ես»-ը (alter ego): Ճոն հոգեպէս խաթարուած է, բայց` ֆիզիքապէս առողջ: Այսինքն ա՛յն, ինչ էր Ռիչըրտ հաշմուելէ առաջ: Ճոն կը մերժէ մեծնալ: Իմա՛ Ռիչըրտ կարող չէ շրջանցել իր անցեալը: Ճոնի շարժումները ջղային են, բայց զուսպ, այսինքն` «անգլիական»: Հետեւողա-մեկնաբանութեան մէջ Ճոն վերածուած էր ոստոստող ծաղրածուի մը: Ծիծաղաղերս այս գիծը ցաւօք հետզհետէ շեշտուեցաւ ելոյթներուն ընթացքին: Բայց ինչո՞ւ: Չէ՞ որ ԱՔ-ի հումորը «սեւ» է: Ի դէպ, Ճոն ընթացիկ անուն է: Երիտասարդ Ճոն հաւանաբար կը նշանակէ բրիտանացի յետպատերազմեան սերունդ, որ չէ կրցած հաշտուիլ երբեմնի փառքերը կորսնցնելու (հաշմուելու) գաղափարին հետ: Կողքի նկարին մէջ բազկաթոռի վրայ ոստոստող «Ճոն»-ուհին առնուած է «troupe de théâtre de poissy» ելոյթէն (2010): Նկատել ֆրանսական գահը խորհրդանշող շուշանները:

5-23-15_angoch-4Այստեղ կատարուած է «կապիտալ ռեմոնթ»: Ճոն դարձած է Ռիչըրտի կնոջ նախորդ ամուսնութեան պտուղ եւ վերամկրտուած է Ֆրանսուա: Ճոնի հոգեկան խաթարումը վերածուած ֆիզիքական հիւանդութեան: Ֆրանսուա ունեցած է մենենճիթ: Ռիշար կ’ուզէ զայն փակել հոգեբուժարանի մէջ… Հըլա մի րոպէ… Մենենճիթիս վարակ մըն է… այդ ե՞րբ են հոգեբուժարանները սկսեր զբաղիլ վիրային հիւանդութիւններով: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ հոգեկանը փոխարինուած է ֆիզիքականով: ԱՔ (ճիշդ թէ սխալ) կը հաւատար, որ մտային խանգարումները ժառանգական են: Ուրեմն, ըստ ԱՔ-ի տրամաբանութեան, Ռիչըրտ եւ Ճոն կը բաժնեն նոյն յոռի ծիները: Ինչո՞ւ գլխիվայր շրջել գործին տրամաբանութիւնը: Ճոնը անջատել իր նախատիպար Ռիչըրտէն եւ կապել անոր կնո՛ջ, Լորայի անցեալին:

Laurus մշտադալար հոտաւէտ ծառ մըն է: Լորա իր կարգին գրաւիչ կին մըն է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Էլիզապէթ Հեֆլին որպէս Լորա, Ալէյ թիէթըրի ելոյթին մէջ (1997): Նկատել լայն, դիւրաբեկ դարպասը, խորապատկերի մութնուլոյս մշուշը եւ վայելուչ կնոջ յիսունական թուականներու յարիր վարսայարդարումը եւ հագուկապը:

5-23-15_angoch-32-fԼորա վերանուանուած է Լարա (զուտ հնչիւնային նմանակութիւն): Lara (Clara) կը նշանակէ ջինջ, մաքուր: Հայերէն` Մաքրուհի: Ինչո՞ւ Ռիչըրտի արիւնարբու անցեալը ցոլացնող տիպարը փոխանցել իր կնոջ, եւ ապա կինը կոչել «Մաքրուհի»: Աւելի՛ն. Լորա կը դաւաճանէր Ռիչըրտի, այսինքն հոգեկան կապերը խզած էր անոր հետ: Փոխադրութիւնը գաղափարական հիմք չունի: Բնագիրին մէջ կան Ֆրոյտեան ակնարկներ` Լորայի եւ Ճոնի կապակցութեամբ: Ելոյթին մէջ այդ ակնարկները ընդլայնուած են: Թէ՛ Ֆրանսուա 17 տարեկան է (ուրեմն սեռահար), թէ՛ Լարան զինք կը համբուրէ «որքան որ ուզէ», թէ մայր ու տղայ պարտէզին մէջ «կը խաղան», թէ կը նախանձի բոլոր անոնց, որոնք կը դիպչին Լարայի եւ այլն: Ֆրոյտեան տեսութիւններու մասին պիտի չուզէի խօսիլ: Հոգեբանական «պատրաստի»  տարազները նորոյթ էին կէս դար առաջ: Բայց` ոչ այսօր: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ գորովալից Լարան (Սարին Խաչիկեան), որ արիաբար կը պաշտպանէ հէգ Ֆրանսուան ընդդէմ «Հռոմ»-ի:

Ռիչըրտի մայրը բնագիրին մէջ կը ներկայանայ որպէս Միսըս Ուորուիք: Կը ներկայանայ միա՛յն ազգանունով: Ուրեմն կը ներկայացնէ տոհմը: Տիկին Ուորուիք մահամերձ է: Յետպատերազմեան շրջանին Անգլիոյ ազնուական դասը նոյնպէս մահամերձ էր: Այդ իմաստով տիկին Ուորուիք իսկապէս «թագուհի» մըն է: Ներկայացման մէջ Անգլիոյ պահպանողական թագուհիին տրուած է ասիկոսի վարպետ Ա. Տիւմայի համանուն վէպի ճամբով համբաւ վաստակած ցոփ իշխանուհի Մարկոյի (Marguerite de Medici) անունը: Ինչո՞ւ վարկաբեկել իր տունը (իմա՛ երկիրը) պահպանել ջանացող ազնուական կինը: Ինչո՞ւ փիեսի աւարտին «աքսորել» զայն: Բնագիրին մէջ ոչ միայն տիկ. Ուորուիք, այլ նաեւ իր պահապան միս Պենեթ հաստատ կը մնան տան մէջ: Պէտք է նշել, որ Այտա Սրապոնեան միակ դերակատարն էր, որուն խաղարկութիւնը եւ տեսքը աճեցան յաջորդական ելոյթներու ընթացքին: Այսինքն դերասանուհին ատակ է սորվելու իր փորձէն: Հազուադէպ ընդունակութիւն: Սրապոնեան արտայայտեց իր ձայնով, մարմնով եւ աչքերով: Կարող էր տալ աւելին, եթէ…

Լուրջ հարց կար քննիչ ոստիկաններու պարագային: Բնագիրին մէջ անոնք երկուք են`  քննիչ Թոմաս եւ տասնապետ Քատուոլոտըր: Միջանկեալ կարելի է նշել, որ տարօրինակ անուններ, ինչպէս Cadwallader  կամ  Starkwedder, փիէսի «անիրական» բնոյթը կը շեշտեն: Տասնապետի կերպարը բոլորովին վերացուած է այստեղ հաւանաբար, որովհետեւ ան «մտաւորական» մըն է, որ անդադար կ’արտասանէ Շէյքսփիր (1564-1616) , Alexander Pope (1688-1744) եւ John Keats (1895-1921): Բանաստեղծութիւնը առհասարակ անթարգմանելի է: Թերեւս տիպարը շոգիացած է այդ պատճառով: Հասկնալի է, բարի՛: Բայց այն, որ ոստիկանի դերէն մաս մը փոխանցուած է յանցագործ Միշէլին` ո՛չ հասկնալի է եւ ո՛չ ալ բարի: Թոմաս անունը առակի կարգ անցած է: Թոմաս մերժեց հաւատալ Քրիստոսի յարութեան, նախքան որ իրեն ներկայացուէր շօշափելի փաստ: (9) Քննիչը կոչել Թոմաս` խորքին մէջ սեւ հումոր է:  Որովհետեւ ի բարձրաղաղակ տարբերութիւն ԱՔ-ի ծանօթ տիպար Hercule Poirrot-ի` Թոմաս շատ դիւրին կը խաբուի: Չի նկատեր նոյնիսկ, որ Ռիչըրտի ատրճանակէն արձակուած է միայն երկու փամփուշտ, մինչդեռ լսուած է երեք կրակոց: Ամէնէն էականը այն է, որ երբեք չի ստանձներ բեմին ղեկը:

5-23-15_angoch-5Տարեց, բայց ոչ իմաստուն քննիչի ողբերգական կերպարը փոխարինուած է վառվռուն պոռոտախօս աղջնակով մը (Քրիսթինա Սրապոնեան), որ վերջին պահուն կը կաշառուի եւ կը փակէ ոճիրին թղթածրարը: Ո՞ւր է իմաստը: Աւելի՛ն. բաղդատած բնագիրին, քննիչի դերը հիմնովին կրճատուած է: Հասկնալի է: Ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել տեսարան, ուր աղջնակ մը կը հարցաքննէ Մարկօ թագուհին: Միթէ կողքի (խմբագրուած) նկարը, ուր տիկին Ուորուիք իբրեւ ուղղագրութիւն կը թելադրէ աղջնակ քննիչին, աւելի հաւաստի չէ՞: Քննիչի կերպարը, չես գիտեր ինչո՞ւ, կոչուած է Սիմոնօ: Այսինքն` Սիմոնիկ: Սիմոն այն առաքեալն էր, որ Քրիստոսի կողմէ վերամկրտուեցաւ որպէս Պետրոս: Արդեօ՞ք որովհետեւ Քրիսթինա կը նշանակէ քրիստոնէուհի:

Բեմադրիչը թերեւս իր ներշնչումը առած է կողքի նկարին մէջ տեսնուած ֆրանսական ելոյթէն (2013): Կարելի է ակնկալել, որ յաջորդ ֆրանսական ելոյթին մէջ յայտնուի զոհուած տղեկին մայրը` «Միշլին»: Կողքի ելոյթէն օգտակար պիտի ըլլար փոխ առնել ոչ թէ ոստիկանին սեռը, այլ ցաւօք… յուշարարի խցիկը: Նոյնպէս օգտակար պիտի ըլլայ աքսորել ոչ թէ տիկ. Ուորուիք եւ միս Պենեթ, այլ` պուլվարաբարոյ Ռոպեր Թոմասը:

Լորայի պատեհապաշտ երեսփոխան «սիրահար»-ի կերպարը միակն էր, որ մնացած էր գրեթէ անփոփոխ: Անունը անշուշտ հնչիւնայնօրէն ֆրանկացուած էր որպէս Ժիւլ Ֆերոն: Իբր թէ ֆրանկացուած էր նաեւ անոր քաղաքական պատկանելութիւնը: Այդտեղ եւս կար գլխիվայր շրջում: Ճիշդ է, որ հակառակ անուանումներու տարբերութեան` երկու կուսակցութիւնները գաղափարական գետնի վրայ իրարու մօտ են: Բայց յիսունական թուականներուն դարաւոր պատմութիւն ունեցող Ազատական կուսակցութիւնը արդէն իսկ շիջած էր, մինչդեռ նորակազմ Հանրապետական կուսակցութիւնը վերելք կ’ապրէր: Այս հանգամանքը անշուշտ էական է պատեհապաշտ քաղաքագէտի մը կողմնորոշման համար, մանաւանդ` ընտրական «սեզոնին»: Յարմարեցումները անտեսած են գործի տրամաբանութիւնը:

Դերակատարը (նոյնինքն` բեմադրիչ Յարութ Գնդունին) չկարողացաւ լիարժէք խաղալ: Նախ` որովհետեւ անոր ուշադրութիւնը ակնյայտօրէն կեդրոնացած էր այլ տիպարներու խաղարկութեան վրայ: Յետոյ կար իր եւ Լորայի միջեւ եղած տարիքային վիհը: (4) Շարժուձեւը եւ դիրքը կաշկանդուած էին ֆիզիքականի եւ հագուկապի պատճառով:

Թատերախումբը իր անցեալ ելոյթին մէջ եւս անունները փոխարինած էր հնչողական տարբերակներով: (4) Պէտք է խնդրել եւ յուսալ, որ ապագային անոնք աւելի խորունկ ուշադրութեան կ’արժանանան:

Ոճիրին երկու երեսները.-  Սպաննուած տղեկին հայրը կը փոխէ իր ինքնութիւնը եւ տարիներ ետք կը լուծէ իր վրէժը: Անկարող է հեռանալ, իբր թէ` որովհետեւ ինքնաշարժը խրած էր ցեխի մէջ: Կը թուի, թէ այդ հեղինակային պատրուակ մըն է, հնարք մը` Նեմեսիսը ոճիրի թատրին վրայ պահելու համար: Միքայէլ կը մնայ եւ ինքնասպանութեան կը մղէ եւ նաեւ Ռիչըրտի «միւս եսը»` Ճոնը: Ելոյթին մէջ, սակայն, ցեխը վերածուած է որոգայթի մը, որպէսզի Միշէլ կրէ պարտադիր պատիժը: Քանզի բարոյագիրքը կ’ըսէ, թէ ոչ գոյ է կատարեալ ոճիր: Միշէլի ինքնաշարժը այդտեղ խրած է բարոյական ցեխի մէջ:

Փիեսին մէջ չենք տեսներ բախում: Չենք տեսներ կերպարներու հոգեկանի զարգացում եւ նման բաներ: ԱՔ կը հետեւի ի՛ր մարզի, «canon»-ին: Այս պարագային` այն հնարքներուն, որոնք կը ծառայեն առանց ստախօսութեան խաբելու ընթերցողը: Փիէսը խաբելու վարժութիւն մըն է: Եւ քանի որ վարժութիւններու միտք բանին է զարգացնել տրուած արուեստի արհեստագիտական երեսը, կը սկսիմ այդտեղէն:

5-23-15_angoch-14aԲեմայարդարում, Հանդերձանք, եւն.- Նախ դրականը.- Բալիկ Սրապոնեանի որմազդը շատ լաւ ըմբռնած էր ԱՔ-ի գործի ոգին: Ցոյց կու տայ դէպի մշուշոտ վախազդու անտառ բացուող ապակեայ լայն «պատուհան»: Ահալի անտառէն դէպի ներս կ’երկարի գորշ տախտակամած «ճամբայ» մը: Դիակը (մութ ոճիրը) ներկայ է իր մութ ուրուագիծով: Համացանցով հասանելի աւելի քան տասը որմազդներու լաւագոյնը` թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ գեղարուեստական առումով: Շա՛տ բարի:

Բեմայարդարման գործադրութիւնը խնամուած էր: Կը տեսնուէին զէնքեր, «գազաններու» մորթեր, խմիչք, ջահեր եւ «միլիոնչիկ»-ավայել արձանիկ: Ուրեմն տանուտէրը հարուստ եւ խման կենդանասպան մըն է: Բարի՛: Պէտք էր որ գտնուէին աւելի մեծ թուով գիրքեր: Հարց  չէ, բարի՛: Կային, սակայն` մեծ բացթողումներ.-

5-23-15_angoch-14bԱպակեայ խոշոր պատուհանը դարպաս մըն է դէպի անորոշութիւն (մշուշ) եւ վտանգ (մութ անտառ): Դարպասը դիւրաբեկ է, անկարող է չարը դուրս պահել: Ոճրագործը կը մտնէ ա՛յդ անցքէն: Այդ անցքէն դէպի անդենական կը մեկնի Ճոն: Այսինքն այդ անիծեալ «պատուհանը» կեդրոնական է, ինչպէս որմազդը կը թելադրէ: Բեմայարդարումին մէջ, սակայն, անիկա վերածուած էր կողմնակի անցքի մը, որ կրնար եւ տանիլ դէպի խոհանոց կամ բաղնիք: (Տես կողքի նկարը):  Միւս կողմէ, ճակատի հանդիսաւոր, առաւել եւս երկու թապլոներով զարդարուած շքամուտը կը տանէր դէպի ննջարան, որ գործողութեան մէջ որեւէ էական դեր չունի: Կար նաեւ երրորդ ելք մը, որ երեւի կը տանէր դէպի սպասուհիի սենեակ: Այդտեղ ԱՔ-ի ստեղծած «անիրական» մթնոլորտը արտայայտող ոչինչ կար: Դասաւորումը եղած էր ըստ հանգստաւէտ տան մը յարմարութեան, այլ ոչ` ըստ մուտքերու եւ իրերու խորհրդանշական իմաստին եւ կամ կարեւորութեան:

Կը տեսնուէին երկու շատ հանգստաւէտ բազկաթոռներ, որոնցմէ մէկուն վրայ կը հանգչէր քննիչը, իսկ միւսին` կասկածելի դերակատարներէն ոեւէ մէկը: Այդ կը թելադրէ հանդարտ, առօրեայ երկխօսութիւն: Մինչդեռ փիեսին մէջ տեղի կ’ունենայ հարցաքննութիւն: Խաչաձեւ հարցաքննութիւններ, ոչ միայն ոստիկանին կողմէ: Աւելի յարիր պիտի ըլլար բեմի կեդրոնին տեսնել միայն մէ՛կ անհանգիստ աթոռ, որուն վրայ հերթով պարտադրուէին տողանցել ամբաստանեալները: Ելոյթի ընթացքին կը պատահէր նոյնիսկ, որ ամբաստանեալի աթոռին նստէր ոստիկանը, մինչ ամբաստանեալը կանգնէր անոր գլխավերեւ, այսինքն` գերիշխող դիրքի մէջ:

Երրորդ բացթողումը դիակի շուտափոյթ հեռացումն էր: Բայց ինչո՞ւ: Չէ՞ որ այդ կը խորհրդանշէր ոճիրը: Հարկ չէր տանջել ոեւէ դերասան (թէեւ Յովակիմ Քէշիշեան հաւանաբար սիրայօժար պիտի ընդունէր այդ «տանջանքը»): Կարելի էր պարզապէս պահել անկելաւորի անուաթոռը, ինչպէս` վերի ֆրանսական ելոյթը: Խորհրդանիշի ծանրաշուք ներկայութիւնը պիտի փոխէր բեմին մթնոլորտը: Կարելի էր նոյնիսկ այնպէս թուէր, թէ «դիակը» կը մասնակցի անցուդարձերուն: Բեմը պայմանական վայր է:

Չարաղէտ պատուհանին դիմաց դիրքաւորուած էր մոմակալով եւ այլ արժէքաւոր իրերով նախշուն կրակարան մը, որուն մէջ նոյնիսկ կը պլպլար (թէկուզ` արհեստական եւ փոքիկ) բոց: Կը թուի, թէ անոր դերն էր չէզոքացնել անիծեալ անտառէն դէպի ներս փչող չար, սառն շունչը: Նոյնը կարելի է ըսել ոչ նուազ քան հինգ մուգ կարմիր վարագոյրներու մասին: Բայց ինչո՞ւ ստեղծել ընտանեկան տաքուկ բոյնի մը պատրանքը: Այդ յարիր չէ փիէսի տրամաբանութեան: Այդ սենեակը չարաշուք ատեան մըն էր: Այդտեղ կը լսուէին տխուր խոստովանութիւններ: Կահաւորումը «անժամանակ» էր: Այսինքն չէր արտայայտեր որեւէ ժամանակաշրջանի նուազ եւս յիսունականներու ճաշակ:

Գործօն տարր էր կեդրոնի խառնակիչ գորգը, որ կը ջանար խոչընդոտել ստահակներու սահուն երթեւեկը: Ցաւօք, այդ միակ տարրը չէր, որ ակամայ զաւեշտական մթնոլորտ կը ստեղծէր:

Հանդերձանքը նոյնպէս «անժամանակ» էր: Այդտեղ ոչինչ կար, որ յիշեցնէր յիսունականներու հագ ու կապը: Բայց` այդ ոչինչ: Ինչո՞ւ «մահամերձ» տատիկը փոխեց ոչ նուազ քան երեք զոյգ շողշողուն կօշիկ: Ինչո՞ւ քննիչ ոստիկանը նոյնպէս հագած էր պսպղուն երկարավիզ սապոգ: Ինչո՞ւ կը կրէր գունաւոր ակնոցներ, փոխանակ` պարզ բժշկական ակնոցներու: Ինչո՞ւ մազերը յարդարած էր queue de cheval` զերթ դպրոցական աղջնակ, այլ ոչ` կոկուած ոստիկանավարի: Կային այլ ինչուներ:

5-23-15_angoch-52Հանդերձանքի տեսողական միակ հասարակ յայտարարը գոյներու բացակայութիւնն էր: Բեմի տաքուկ խորապատկերին վրայ կը շարժէին անգոյն, անժամանակ, տարաշխարհիկ կերպարներ …

Բեմին բոլոր անկիւնները հաւասար լոյս կը ստանային բոլոր պահերուն: «Անաչառ» լուսաւորումը յարիր է կատակերգական ելոյթներու:

Բեմահարթակի օգտագործումը եւս «անաչառ» էր: Դերակատարները բեմին վրայ համաչափ կը տարածուէին եւ ձեռնածալ կը սպասէին, որ խօսելու կարգը իրենց հասնի (տես կողքի նկարները):  Անոնք աննպատակ կը նստէին ու կը կանգնէին արհեստականօրէն «շարժում» ստեղծելու համար: Դերակատարները քիչ կը «խօսէին» իրենց մարմնով: Փորձ չէր կատարուեր ստեղծելու բեմական «պաստառներ» (composition): Այս նահանջ մըն է` բաղդատած նախորդ ելոյթին: Իսկ ստեղծուած միակ պատկերը առեղծուածային էր: Առաջին արարի աւարտին Միշել ձեռքը բարձրացուց հարուածելու համար Լարան: Բայց «ես չիմացայ թէ ինչո՞ւ, դու չիմացար թէ ինչպէ՞ս»  (Ալեքսանտր Հեքիմեան) ծագեցաւ եւ մարեցաւ այդ բախումը: Պատկեր պատկերի համա՞ր: Չէ՞ որ երկուքին միջեւ գոյացած էր փոխադարձ համակրանք:

Թոյլ տրուած էին «կաֆ»-եր: Միշել, օրինակ, իր մատնահետքերը խնամքով սրբելէ ետք, ծխախոտին մնացորդը մոխրամանին մէջ ձգեց եւ հեռացաւ: Ատրճանակի երեք կրակոցները համաչափ էին.- «Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք», զերթ տօնակատարութիւն: Մինչդեռ Ռիշարի եւ Միշելի միջեւ տեղի ունեցած է մենամարտ: Վարպետ նշանառու Ռիշար կրակած է երկու անգամ եւ` վրիպած, իսկ վրիժառու հայրը` մէ՛կ անգամ, ուղիղ գլխուն: Կրակոցները պէտք էր, որ ըլլային անհամաչափ: Օրինակ.` «թաք….. թաք.. թա՛ք»… Ֆրանսուա անձնասպանութիւն կը գործէ «վար նետուելով»: Բայց` վար դէպի ո՞ւր: Չէ՞ որ սենեակին յատակը հաւասար է անտառին (տես աֆիշը):  Բնագիրին մէջ Ճոն կը սպաննուի, երբ «բանաստեղծ» տասնապետը կը փորձէ ձեռքէն խլել ատրճանակը: Կը վիրաւորուի բանաստեղծը, ոչ քննիչը:

Ձայնային.- Գրեթէ միակ ձայնային տարրը որոտումն էր: Այդ կրնար արտայայտել երկնքի զայրոյթը: Այստեղ, սակայն, որոտումի դերն էր խլացնելլ (camouflage) ատրճանակի կրակոցները եւ առիթ տալ ծիծաղաղերս շարժումներու, ինչպէս` իրարու գիրկ նետուիլ կամ վախվխած շարժուձեւեր ընել: Միքայէլ ի՞նչ պատճառ կրնար ունենալ վախնալու իր Տիրոջ ցասումէն:

Երաժշտութիւնը հիմնականին մէջ կը բաղկանար երկու հատուածներէ` դաշնակի ելեւէջներ եւ թաւ լարային «հարուածներ»: Յստակ չէր, սակայն, անոնց «թեմաթիք» (բներգային) իմաստը: Դաշնակի հատուածը, օրինակ, կը լսէինք Ռիշարի քրէական արարքներու ընթացքին, ինչպէս` կեղծ նամակ կազմել կամ մատնահետք սրբել: Հատուածը կրկին լսեցինք, երբ խղճահար ոճրագործը կը խոստովանէր: Ուրե՞մն… իմա՞ստը…  Լարայինը լսեցինք, երբ հասաւ ոստիկանութիւնը: Կրկին լսեցինք, երբ կը բացուէր երկրորդ արարի վարագոյրը: Ուրե՞մն: Գուցէ այդ լոկ «Լարա»-յի՞ն էր: Հեղինակը հրեայ – թոլթէք – պուտտայական, երեք անգամ ամուսնալուծուած, բուսակեր, «նուազագոյնապաշտ» (minimalist) երաժիշտ մըն է, որ նաեւ առանց դիպաշարի այլաբանական օփերա մը գրած է Այնշթայնի տեսութենէն ներշնչուած: Այո՛, անոր ֆիզիքականը եւս որոշ նմանութիւն ունի Մարիամ Նուրի: (5)

Լեզուական.- Թատրերգութեան թեքսթը դասուած է «խիստ գաղտնի»: Դատողութիւններս հիմնուած պիտի ըլլան յիշողութեան եւ ենթադրութեան վրայ: Կային երկու գլխաւոր հարցեր` թարգմանական եւ «կիլիկեան»:  Թարգմանութիւնը կը թուէր ըլլալ «բառարանային»: Տամ օրինակներ. Ռիշար կ’ըսէ, թէ Ֆրանսուա իրեն ուղղած է «ատրճանակին կոթը»: Պէտք էր անշուշտ ըսէր` «փողը»: Օտար լեզուով փողը կը կոչուի նաեւ «ծայր» (end կամ bout): Լսեցինք, թէ հարցաքննութիւնը կրնայ ըլլալ «դաստիարակիչ»: Կ’ենթադրեմ, որ բառի արմատը «education» էր, որ կը թարգմանուի որպէս ուսում եւ դաստիարակութիւն: Պէտք էր ընտրել «ուսանելի» տարբերակը: Այսինքն` լուսաբանող: Դաստիարակութիւնը կը կրթէ մարդը մինչդեռ տեղեկութիւնը կը լուսաբանէ եղելութիւնը: Ոճրագործը կը ձգէր «սուտ հետքեր»: Պէտք էր ըսել «կեղծ» հետքեր: Faux/false կը նշանակեն սուտ եւ կեղծ: Թէ` փաստաբանները իրենց «յաճախորդները կը գողնան»: Պէտք էր ըսել` «կը կողոպտեն»: Պէտք էր ըսել` «քրէական», ոչ թէ` «դատաստանական»: Մաք Կրեկոր յստակօրէն սկովտիական անուն է, ո՛չ անգլիական: Սկովտիացիք յամառ «լեռնցիներ» (Highlanders) են: Յամառ էր նաեւ այդ անուան տէրը, Միքայէլ եւ այլն…

«Կիլիկեան» հարցը աւելի լուրջ էր: Հնչեցին հայաբառ թրքերէնի անհամար շարաններ: Անոնցմէ կը յիշեմ` «ձեռքէն ամէն ինչ կու գայ», «գործ տեսնել», «բանտ պառկիլ», «խոշին գալ»,  «ըսածին մէջ շիտակ բառ չկայ», («տողրու» կը նշանակէ ճիշդ եւ շիտակ) եւ այլն: Երեք սերունդ առաջ այսպէս կը խօսէին Կիլիկիայէն տարագրուած անուս հայերը: Անոնք այլընտրանք չունէին: Բայց հարիւրամեակի շեմին, առաւել եւս «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի բեմէն, նման թրքավարի բարբառ լսելը պարզապէս …

Թերեւս լեզուական կարելի է համարել նաեւ դերակատարներուն պատրաստութիւնը: Կը թուի, թէ խումբը ժամանակ չէր ունեցած բաւարար թիւով փորձեր կատարելու: Առաջին ելոյթին մէջ Դալար Խաչիկեան (ի պատիւ իրեն) նոյնիսկ փութաց «յուշել» իր խօսակիցին: Զարմանալիօրէն հարցը աւելի բարդացած, քան թէ մեղմացած էր յաջորդ ելոյթներուն: Դերակատարներէն ոմանք մոռցած էին նոյնիսկ իրարու անունները: Ես չհասկացայ … արդեօք  «նպատակս փոխելու նպատակ չունիմ» ռեպլիկը զուարճախօսութի՞ւն էր: Հարցը այն էր, որ կարգ մը դերակատարներու անփոյթ մօտեցումը ելոյթը վերածած էր tragicomedie-ի, ուր «թրաժիք»-ը կը վերաբերի արդէն իսկ լրջօրէն վտանգուած թատրոնին:

Վերջաբանը.- Այստեղ կային անտեղի խցկումներ:

Նախ որ ժառանգի հարց յարուցել անհրաժեշտ չէր: Առանց այդ ալ Ռիշարը սպաննելու բաւարար պատճառներ եւ կասկածելիներ կային: Աւելի կարեւորը խորհրդանշական իմաստն է: Կտակը փոխել` կը նշանակէ թագուհի Մարկոյի իշխանութեան օրինականութիւնը հարցականի տակ դնել: Բայց ինչո՞ւ:

Թէ՛ ԱՔ-ի եւ թէ՛ ՌԹ-ի բնագիրին մէջ Մայքըլ մեկնելէ առաջ կը խոստովանի ինքնակամ, որովհետեւ չ’ուզեր խաբել Լորան: Ներկայ ելոյթին մէջ Լարա ինք կը լուծէ հանելուկը: Ինչո՞ւ շրջուած է տրամաբանութիւնը: Մինչ այդ Լարա խորաթափանց մտքի որեւէ նշան ցոյց չէր տուած: Այս հակոտնեայ է ե՛ւ բնագրին, ե՛ւ ՌԹ-ի զաւեշտին: Մայքըլ կը մեկնի առանց ետ նայելու: Աշխարհէն հեռացուցած է մանկասպանը եւ անոր «միւս եսը»: Իր գործը աւարտած է: Լարա, որ փոխան ատելի ամուսնին եւ ապիկար սիրահարին` գտած էր իսկական համակրելի տղամարդ, ի զուր զայն ետ կը կանչէ:

Ներկայ ելոյթին մէջ Միշել յանկարծ խղճահար փուլ կու գայ: Նեմեսիսը կը սկսի աղեկտուր լաց ու կոծի: Կ’ուզէ մնալ Լարայի կողքին եւ քաւել իր մեղքը: Բայց Լարա անհաղորդ է: Բայց ի՞նչ հիման վրայ: Միթէ Ա.Ք.-ի փիեսի տրամաբանութիւնը այդտե՞ղ կը տանի: Մայքըլ զղջալու ոչ մէկ պատճառ ունի: Խցկուած անյարիր բարոյականով վերջաբանը լուրջ հարց էր նաեւ թատերախումբի նախորդ ելոյթի պարագային:

Վերադառնամ նախաբանին: Ի՞նչ էր այս փիեսի դերը հարիւրամեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս: Ելոյթը սկսելէ առաջ վարկեան մը յոտնկայս լռութիւնը եւ տաղտկալի քարոզը միայն վիրաւորանք կ’աւելցնէին վէրքին, ինչպէս կ’ըսէ անգլերէն առածը: Պէտք է խնդրել եւ յուսալ, որ այս օրերուն գոնէ խաշլամայի օղեխումները չսկսին վայրկեան մը լուռ յոտնկայս…

Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբը ատակ է աւելի իմաստալից եւ խնամուած, ելոյթներ ունենալու:

Պէտք է յուսալ…

 

————————–

1.- The Guardian օրին գրած է.- «Անակնկալ հիւրը օրինաչափ» (standard) Ակաթա Քրիստի մըն է: Այդտեղ հանճարեղ կամ գռգրիչ ոչինչ կայ… այլ պարզապէս  արհեստի պատշաճ նմուշ մը…»:

2.- Բնագիրին մէջ ակնարկութիւններ կան նաեւ բրիտանական այլ գաղութներու, ինչպէս Հնդկաստան:

3.- Ռիչըրտ Գ. կը պատկանէր York տոհմին: Պատմագիրը կը պատկանէր «Վարդերու պատերազմ»-էն  յաղթական դուրս եկած Tudor տոհմին: Պատմութիւնը կը գրեն յաղթողները:

4.- «Ազդակ» 26 եւ 27 յունիս 2014  «Մէկ զաւեշտ, երկու ողբերգութիւն»:

5.- Երաժիշտն է P. M. Glass (1937- ): Toltec-ներ կանխած են Aztec-ները:

 

 

 

Նախորդը

15 Մայիս 1916. Հայոց Առիւծը` Քաջն Քեռին Ինկաւ Ռեւանտուզի Ահեղ Կռուին

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիներու Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութիւն

RelatedPosts

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք
Անդրադարձ

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

Մայիս 8, 2025
Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը
Անդրադարձ

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

Մայիս 8, 2025
Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին  (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)
Անդրադարձ

Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?