15 մայիս 1916-ին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը հայոց դիւցազնական ազատամարտին:
99 տարի առաջ, մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան կը կոչուէր, բայց որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան եւ առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ Քեռի կոչուելու սրտաբուխ պատիւին:
Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի:
Ահա՛ շուրջ դար մըն է, որ հայոց սերունդներուն համար մայիս 15-ը կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրոհը հայ ազգային-ազատագրական շարժման տիտաններէն անզուգական Քեռիին, որ Ռեւանտուզի (այժմու Իրաքի մէջ) ճակատին վրայ, թրքական զօրքերու օրհասական պաշարման մէջ գտնուող հայ եւ ռուս զինուորները ազատելու պահու, ճակտէն զարնուած` ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ:
Ինչպէս որ Քեռիին նուիրուած ազգային-յեղափոխական հանրածանօթ երգը կը վկայէ`
Ռեւանտուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին:
1916-ի մայիս 12 – 18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար:
Ա. Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային` Պարսկաստանի հատուածին վրայ թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները.- ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին:
Մայիս 12-ին թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռեւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը: Թշնամին գրաւեց Ռեւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը:
Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, մայիս 15-ին, քաջարի հերոս մը շրջեց պատմութեան անիւին կործանարար թաւալումը:
Հայ կամաւորական 4-րդ գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշարման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի մը:
Մայիս 15-ին իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած` Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը:
Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռեւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան:
Բայց յաղթանակով պսակուած այդ գրոհի գլխաւոր հերոսին համար ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին մահառիթ փամփուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին: Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալա-նե՜րս, ես խփուեցայ»… ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց:
Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռեւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ մայիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով` խուճապահար փախուստի դիմեց:
Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց:
Քեռի իր արեամբ` իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց յաղթանակը:
Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով` ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Դաշնակից ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան: Ապա մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը:
Ծանօթ է, որ խորհրդային կարգերու տակ Խոջեվանքի հայոց գերեզմանատունը անտիրութեան մատնուեցաւ եւ շատ ու շատ մեծանուն հայորդիներու շիրիմներուն հետ քանդուեցաւ ու անհետացաւ նաեւ Քեռիին գերեզմանը:
Այդուհանդերձ, հայ ժողովուրդը առյաւէտ իր սրտին մէջ կենդանի ու վառ պահեց յիշատակը քաջարի իր հերոսին` անոր նուիրուած երգը դարձնելով մեր սերունդներու ամէնէն սրտամօտ ու հոգեհարազատ բաբախումներէն մէկը.
Թող լռեն սոխակներ է՛լ չը ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման:
Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին:
Քեռի ծնած էր Կարին, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարեւորագոյն օրրաններէն մէկը հանդիսացաւ: Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն` ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ: Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն ունինք. կենսագիրները կը տարուբերին 1858-ի եւ 1863-ի միջեւ:
Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձած էր հայ յեղափոխական խմորումներուն: 1880-ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն էր. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը եղած էր. մասնակցած էր Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողած էր ձերբակալութենէ փախուստ տալ. 1894-5 կոտորածներու շրջանին մասնակցած էր Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցած էր Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան:
1898-ին մասնակցած էր Խանասորի արշաւանքին, ապա անցած էր Սասուն, ուր 1903-1904 սերտ գործակիցը դարձած էր Անդրանիկի` Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին: 1905-ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ: 1908-ին անցած էր Պարսկաստան` սահմանադրական շարժման կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը: Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացած էր Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի:
Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի, երբ 1912-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին:
Իսկ երբ բռնկեցաւ Ա. Աշխարհամարտը, հայ կամաւորական գունդերէն մէկուն` չորրորդ գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի: Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած կամաւորական չորրորդ գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին, յատկապէս` Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին:
Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով, այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ «պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք` իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած` զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ»:
Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան:
Միքայէլ Վարանդեան, 1916-ի դեկտեմբեր 28-ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»-ին մասին գրեց.
«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչպէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ քով եւ ձիերը իրարու վզով փաթաթում: Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները` իրարու փարուած – կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը` այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի մի ժայռեր` բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»:
Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով` վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն:
Իբրեւ այդպիսին` «Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ` մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչցող յաւերժ երիտասարդ դէմքը անկեղծ դաշնակցականին եւ անբասիր ֆետայիին:
Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին:
Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 յուլիս 1916-ի իր խմբագրականով`
«Ամբողջ երեսուն տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով:
«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ, ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը, Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր` հայրենիքի սէ՛րը. միակ կիրք մը` պայքարին տարփա՛նքը. միակ իտէալ մը` ազատութեա՛ն իտէալը»:
Քեռիին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը կ՛արժէ եզրափակել, «Ասպարէզ»-էն առնելով, հայոց առիւծին հերոսական վերջին խոյանքին մասին Քնար Մանճիկեանի հրատարակած մենագրութենէն հետեւեալ վկայութեան հատուածով.
«Ոդիսական մըն է Քեռիի վերջին երթը հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին վրայ: Անգիր դիւցազնավէպ պիտի մնայ Մուսուլը գրաւելու նպատակով արշաւող ռուսական բանակի իբրեւ յառաջապահ գումարտակ, Ուրմիոյ լիճէն (Պարսկաստան) հարաւ-արեւմուտք` Քիւրտիստանի անանցանելի լեռներուն վրայ, խիտ անտառներու, անդնդախոր ձորերու մէջ, գազանաբարոյ քիւրտ ցեղերու դէմ Քեռիի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի ղեկավարած հայ կամաւորական եօթներորդ եւ չորրորդ գունդերուն աւելի քան 1200 հայ քաջերու մարտնչումներն ու խոյանքը դէպի Ռեւանտուզ` Իրաք, ուր եւ կը խզուի անոր առասպելական կեանքին թելը…
«Քեռիի մահը հետեւանքն էր ռուսական բանակի ամբարտաւան հրամանատարի ապիկարութեան:
«Ան անտեսած էր Ռեւանտուզի մօտիկ ռազմագիտական երկու կարեւոր դիրքեր եւս գրաւելու` երկու հայ հրամանատարներուն առաջարկը, եւ ատով իսկ առիթ տուած էր փախուստի դիմած թուրք զօրամասին` վերադառնալով գրաւելու յիշեալ դիրքերը, պաշարելու ռուսերն ու հայերը, եւ անոնց թիկունքը խզելով` սովամահութեան վտանգին ենթարկելու զանոնք:
«Շուտով կը սպառին ռուսական բանակին ռազմամթերքն ու պարէնի պաշարները, կը ցցուի գազանաբարոյ թուրք զինուորներու կողմէ կոտորուելու հեռանկարը, կը ջլատուի ռուս հրամանատարութեան` կռիւը շարունակելու կորովը…
«Թուրքերուն յանձնուի ՜լ… Միթէ նման նուաստութիւն ներելի՞ էր Քեռիի ու Իշխանի նման հին ֆետայիներուն… Ու կը պոռթկայ անոնց արժանապատուութիւնը. «Դո՛ւք` ռուսերդ, կրնաք յանձնուիլ, բայց մենք անձնատուր չենք ըլլար: Կը բաժնուինք պարտիզանական խումբերու, եւ կռուելով կ՛անցնինք Պարսկաստան», կ՛ըսեն հայ հրամանատարները:
«Ու կ՛ալեկոծուի Քեռին, կը դառնայ մռնչող առիւծ… իր մէջ կը բորբոքի անձնուրացութեան, մահը արհամարհող ոգին: «Դէպի՛ առաջ, տղե՛րք ջան» գոչելով ան կը խոյանայ դէպի թրքական դիրքերը: «Հուռռա՜» կը պատասխանէ գունդը միաբերան, ու հետեւելով իրենց պաշտելի հրամանատարի օրինակին` կը յարձակին թուրքերուն վրայ:
«Մէկ ժամ տեւող սուինամարտէ ետք, Քեռին կը յաջողի պատռել թուրքերու պաշարման շղթան ու ռուս բանակը թիկունքին հետ կապելով` զայն կը փրկէ ստոյգ բնաջնջումէ»:
«Ճակատագիրը, սակայն, Քեռիին վերապահած էր դժբախտ մէկ անակնկալ… Կռուի վերջին պահուն, երբ պիտի սկսէր յաղթանակի ցնծութիւնը, թշնամիի պատահական կոյր գնդակ մը կու գայ ու կը մխրճուի հերոսի ճակատին, եւ…
Քեռիի մահը կ՛ըլլայ վայրկենական: «Վա՜յ, բալաներս, ես խփուեցա՜յ» կ՛ըլլան իր արտասանած վերջին բառերը…
«Այսպէս կը տապալի հայ ազատագրական պայքարի հսկան` «Քաջա՜ց քաջը, հերոս` Քեռին պանծալի»:
Ն.