Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Կարեւոր Ու Դիպուկ Ժամկէտով Այցելութիւն Մը

May 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

5-24-15_vahoԼիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կիրակի, 24 մայիսի առաւօտեան այցելեցին Հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր մնալով մինչեւ երեկոյ, ունեցան շարք մը հանդիպումներ տեղւոյն հայ համայնքին եւ Թրիփոլիի պետական, քաղաքական ու հասարակական շարք մը երեւելի անձնաւորութիւններու հետ:

Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան հայ առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կատարուած այցելութիւնը իր ձեւով ու պարունակով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, եւ ճիշդ ատենին առնուած քայլ մըն է. անիկա յաջորդեց Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ թրքական կողմին ցուցմունքներով քաղաքին մէջ արձանագրուած ժխտական հակազդեցութեան: Այցելութիւնը իրողապէս կ՛ամբողջացնէ եւ պսակումը կը հանդիսանայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի 23 ապրիլին Թրիփոլիի մէջ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթիին հետ հանդիպում ունենալու քայլին:

Այս անգամ հանդիպումները քաղաքական գետնի վրայ տարատեսակ եւ բծախնդրօրէն ընտրուած անձնաւորութիւններու շարքի մը հետ էր: 24 ապրիլի նախօրեակին քաղաքին մէջ ստեղծուած շինծու եւ անախորժ մթնոլորտէն ետք` ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն այցելելու առաջնորդ սրբազանին եւ ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին քայլը կը պարունակէ շարք մը քաղաքական պատգամներ եւ ունի քաղաքական յատուկ նշանակութիւն: Նախ եւ առաջ կը ծառայէ յաչս բոլորին ընդգծելու, որ Թրիփոլիի հայ համայնքը մեկուսացած ու անտէր չէ, եւ նոյնքան կարեւոր է, որքան` Պէյրութի, Լեռնալիբանանի կամ Այնճարի հայութիւնը: Տեղւոյն համայնքին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութիւնը կու գայ ցոյց տալու, որ այդ համայնքը ծարաւը եւ կարիքը ունէր նման այցելութեան մը, որ արդէն վերածուած էր աւելի քան հրամայականի մը:

Թրիփոլիի անձնաւորութիւններուն տրուած այցելութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ լիբանանահայութիւնը նախանձախնդիր է բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններու զարգացման ու Լիբանանը բաղկացնող համայնքներուն միջեւ կամուրջներու հաստատման ու ամրապնդման, նաեւ երկխօսութիւնը կը նկատէ համակեցութեան պահպանման համար անշրջելի հրամայական մը:

Աւելի՛ն, առաջնորդ սրբազանն ու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Պէյրութէն Թրիփոլի մեկնելով աւանդութեան մը հաստատման (կամ վերահաստատման) ազդանշանը տուին եւ ճամբան հարթեցին այլ մակարդակի կամ բնոյթի այցելութիւններու, որոնք անկասկած պիտի ըլլան ողջունելի:

 

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Պաշտօնական Բացում «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովին

Յաջորդը

Հոգեգալստեան Տօնը Պատմական Օր` Թրիփոլիի Հայութեան Համար. Թրիփոլիի Քաղաքական Եւ Կրօնական Հեղինակութիւնները Շեշտեցին Շրջանի Հայութեան Համակեցութեան Խորհրդանիշ Ըլլալը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.