Ակնարկ. Բողոքագիրներու Համանուագը
Ազրպէյճան բողոքագիր մը յղած է Ֆրանսային` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի` 17-20 մայիսին Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան առիթով: Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ 20 մայիսին կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով եւ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Կաճիեւ անոր յանձնած են բողոքագիրը: «Նման փաստերը, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի խորհրդարանականներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դէտի կարգավիճակով...


















