ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Օդաչու բարեկամս ամէն անգամ որ գործով քաղաք մը այցելէր, պանդոկ հասնելուն, առաջին գործը կ՛ըլլար, հեռաձայնի տետրակներուն մէջ հայու անուն մը փնտռել, հեռաձայնել, ժամադրուիլ եւ այդ քաղաքին մէկ օրուան կեցութիւնը հայու մը հետ անցընել: Իրեն համար առաջնահերթ էր` գիտնալ այդ քաղաքին մէջ հայեր կա՞ն, պահա՞ծ են իրենց մայրենին. հետաքրքրուիլ հայկական գաղութի մը գոյութեան եւ անոնց ապրելակերպին մասին: Գրեթէ ամէն քաղաքի մէջ հանդիպած է հայերու, մինչեւ իսկ` Զիմպապուէ եւ Սինկափուր, ուր ունինք հարիւր ընտանիքէ բաղկացած գաղութ մը` իր եկեղեցիով. իսկ ես քանի մը տարի առաջ հեռաւոր Ալասքայի մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ երկու հայերու, սակայն, ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ, «քանի մը ծաղիկով գարուն չի գար». կարեւորը գաղութ կերտելն է, ունենալ` մշակոյթ, եկեղեցի ու դպրոց:
2008-ի ամրան ընտանիքով արձակուրդի գացած էինք արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրները, որոնց կարգին` գեղեցիկ Վիեննա քաղաքը, ուր այցելեցինք Մխիթարեաններու վանքը: Աբբահայրը` հայր Պօղոս վրդ. Գոճայեան, բաւական ժամանակ տրամադրեց մեզի ցոյց տալու ու ծանօթացնելու հնամեայ վանքը` մատուռ, գրադարան, թանգարան ու տպարան: Շնորհակալութիւն յայտնելով սիրայօժար իր ժամանակը տրամադրող աբբահօր` մեկնեցանք, առանց իսկ հետաքրքրուելու Վիեննայի մէջ հայկական գաղութի մը գոյութեան մասին: Գիտէի, որ որոշ թիւով հայեր հաստատուած են հոն, սակայն բնաւ չէի երեւակայեր, թէ հոն ունինք ակնկալածէս շատ աւելի մեծ, հիանալի հայկական գաղութ մը: Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր:
Տարիներ ետք պատահմամբ վերագտայ Վիեննա հաստատուած երկու բարեկամներ` արուեստագէտ Աւօ Գույումճեան եւ Գրիգոր Հալաճեան: Երկուքն ալ` նուիրական հայեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են Վիեննայի ցարդ ինծի անծանօթ հայկական հիանալի գաղութի կեանքին:
Խնդրանքիս ընդառաջելով` Գրիգոր Հալաճեան ազնուութիւնը ունեցաւ ուղարկելու մանրամասն տեղեկութիւններ, որոնց միայն մէկ կարեւոր մասին կ՛ուզեմ բաժնեկից դարձնել սիրելի ընթերցողները:
Հայերը առաջին անգամ Աւստրիա սկսած են մուտք գործել 17-րդ դարուն:

Առաջին հաստատուած հայերը եղած են պոլսահայ վաճառականներ, մեծամասնութեամբ` գորգավաճառներ, որոնցմէ քանի մը հատին ժառանգները մինչեւ այսօր, պահած են իրենց վաճառատուները: 19-րդ դարու սկիզբը հայերու հոծ բազմութիւն մը սկսած է հաստատուիլ Վիեննա, երբ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն անջատուած կղերականներ փոխադրուելով Վիեննա` հիմնած են Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւնը: Այդ շրջանին հայութեան թիւը սկսած է աճիլ, երբ մեծ թիւով հայեր սկսած են յաճախել Վիեննայի համալսարաններն ու նշանաւոր երաժշտանոցները, ինչպէս նաեւ` Մխիթարեաններու վանքին մէջ աստուածաբանութեան ուսումնարանը: 19-րդ դարու վերջաւորութեան Աւստրիա կը բնակէին շուրջ 50-60 հազար հայեր, մեծամասնութեամբ` Վիեննա քաղաքը:
Ա. Աշխարհամարտէն ետք Թուրքիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն ապաստան գտած են քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ, սակայն հայերու մեծ հոսքը տեղի ունեցած է 1970-ական թուականներու կէսերուն, երբ Վիեննա տեղափոխուած են հայեր` Լիբանանէն եւ Իրանէն, այդ երկիրներու քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով: 1960-1980 թուականներուն Վիեննա ուսանողներու թիւը աւելցած է, երբ հայ երիտասարդներ Լիբանանէն, Իրանէն ու Եգիպտոսէն գացած են ուսանելու Վիեննայի նշանաւոր համալսարաններու մէջ, որոնցմէ շատերը ուսումը աւարտելէն ետք չեն վերադարձած իրենց քաղաքները, ինչպէս նաեւ բաւական մեծ թիւով հայեր, Ազրպէյճանէն ու մայր հայրենիքէն, 90-ականներու սկիզբը հաստատուած են Վիեննա: Այդ շրջանին հայերու թիւը կը հաշուէր շուրջ 250 հազար:
Սկսած էր ձեւաւորուիլ հայկական համայնքը:
* * *
Վիեննա` Աւստրիոյ մայրաքաղաքը: Հոն կը բնակի Աւստրիոյ հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը: Այդ գեղեցիկ քաղաքին մէջ կը գտնուի Մխիթարեան վանքը իր եկեղեցիով, Հայ համայնքի կեդրոնը` իր Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիով: Նոյն քաղաքին մէջ կը գործէ «Յովհաննէս Շիրազ»` Աւստրիոյ միակ Հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը:
Մինչեւ այդ թուականները հայերը, որոնք ծանօթ էին որպէս գորգավաճառներ կամ վաճառականներ, կը նետուին այլ ասպարէզներու մէջ, կ՛ունենանք բժիշկներ, ճարտարապետներ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ:

Վերջին տասնամեակներուն հայերու թուաքանակի աճը մեծապէս նպաստեց հայապահպանման աշխատանքներուն: Հայերը ունեցան առաքելական եկեղեցի եւ շարք մը մշակութային կազմակերպութիւններ: 1980-ական թուականներուն սկսաւ Վիեննայի հայ գաղութի զարթօնքի շրջանը:
1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին Վիեննայի հայ համայնքին օժանդակութիւնը զգալի էր հայրենիքի մէջ: Հայաստանի մէջ կառուցեցին «Աւստրիական գիւղ» եւ «Աւստրիոյ մանկական հիւանդանոց»-ները: Այդ շրջանին, գաղութին նախագահն էր Ասդիկ Աստուածատուրեան:
Կ՛արժէ յիշել քանի մը կարեւոր թուականներ, որոնք մեծ դեր խաղացած են Աւստրիոյ հայկական գաղութի պատմութեան մէջ:
1810-ին Վիեննական Մխիթարեաններու հաստատուիլը, մեծ դեր ունեցաւ հայագիտական տարբեր բնագաւառներու եւ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան ասպարէզին մէջ: Եղաւ հայագիտական ճանչցուած կեդրոն:
1934-ին աւստրիացի գրագէտ Ֆրանց Վերֆել, հրատարակեց իր նշանաւոր «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպը` նուիրուած Մեծ եղեռնի ժամանակ հայոց հերոսական ինքնապաշտպանութեան:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ մահավճիռներ արձակուեցան Մեծ եղեռնի գլխաւոր ոճրագործներու դէմ, Վիեննա եղաւ կեդրոնը, ուր կատարուեցան նախապատրաստական աշխատանքները: Նաեւ եղած է ժամանակաւոր կայանը եւ ապաստարանը հայ հերոս-ահաբեկիչներու` Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ Հրաչ Փափազեանի:
Քաղաքական գետնի վրայ, Վիեննայի մէջ գործունէութիւն ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ուր 1907-ին տեղի ունեցած է Դ. Ընդհանուր ժողովը, 1923-ին` խորհրդաժողով, իսկ 1972-ին` Ի. Ընդհանուր ժողովը:
1965-1968 կառուցուած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ օծուած` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի ձեռքով: Եկեղեցիին կողքին կառուցուած է «Ազգային տուն»-ը: Նոյն շէնքին մէջ կը գտնուին «Յովհաննէս Շիրազ» շաբաթօրեայ դպրոցն ու ՀՄԸՄ-ի ակումբը:
1990-ին Վիեննայի մէջ մեծ շուքով տօնած են Դաշնակցութեան հարիւրամեակը:
1993-ին Վիեննայի մէջ բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:
Հայ կաթողիկէ համայնքը համախմբուած է Մխիթարեաններուն շուրջ, որոնք ժամանակի ընթացքին ստեղծած են մատենադարան, ուր կը պահուին շուրջ 2600 հայերէն ձեռագիրներ, աւելի քան 120 հազար գիրքեր, հայերէն եւ օտար լեզուներով, ուր կարելի է գտնել նաեւ հայ պարբերաթերթերու հարուստ հաւաքածոյ: Միաբանութիւնը ունի նաեւ թանգարան, ուր կը գտնուին հին դրամներու հաւաքածոյ մը` թիւով շուրջ 30 հազար, իսկ հայկական դրամներու հաւաքածոն` 5 հազար, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական զգեստներու եւ յախճապակիի հաւաքածոներ:
Մխիթարեան վանքին մէջ կը պատրաստուի նշանաւոր «Մխիթարին» ըմպելին:
Աւստրիոյ փոքրաթիւ համայնքին մէջ կը գործեն շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ, որոնց հիմնական նպատակն է կազմակերպել համայնքի ազգային կեանքը, օգնութիւն ցուցաբերել հայութեան երիտասարդ սերունդին եւ սերտացնել կապը Հայաստանի հետ:
1910-ին հիմնուեցաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), սակայն 4 տարի ետք ընդհատուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն: 1930-ին բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան մասնաճիւղը վերականգնելու եւ, վերջապէս, 26 ապրիլ 1960-ին յաջողեցան վերականգնել:
ՀԲԸՄ նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացած է հայ համայնքի կարօտեալներուն, ուսանող երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ` 70-ական թուականներուն Ամերիկա տեղափոխուող լիբանանահայերուն ու պարսկահայերուն:
«Հայ ուսանողական միութիւն»-ը հիմնադրուած է Մխիթարեան վարդապետ հայր Ներսէս Ակինեանի ջանքերով եւ գործած է 1921-1927: Օգնած է տարբեր համալսարաններու եւ գեղարուեստի դպրոցներու մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու: Միութեան անդամներուն մէջ կարելի է նշել ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ու նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի անունները:
Երկար տարիներու ընդհատումէ ետք, 1960-ին, միութեան վերականգնումէն ետք, կ՛ունենայ բեղուն գործունէութիւն: Կը կազմակերպեն գրական երեկոյթներ, բեմադրութիւններ, բանակումներ, Հայ դատի նուիրուած քննարկումներ եւ հայապահպանման նուիրուած այլ ձեռնարկներ: Կը գործակցին համայնքի այլ կազմակերպութիւններու հետ: Կը հիմնեն «Հեղինէ Եաղորեան Ֆոնտ»-ը, որուն նպատակն է նիւթապէս օժանդակել համալսարանական հայ ուսանողներուն:
1960-ին վերակազմուած «Ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան» ատենապետի պաշտօնները վարողներուն մէջ կարելի է յիշել կարգ մը գործունեայ անուններ. մօտ բարեկամներէս` Գրիգոր Հալաճեան, հաստատուած Վիեննա, եւ ատամնաբուժ` Վարդգէս Աղամանուկեան, հաստատուած Լոս Անճելըս, ինչպէս նաեւ` Արամ Պալեան:


1975-ին կը կազմաւորուի Աւստրօ-հայկական մշակութային ընկերութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է հայ մշակոյթի նուաճումներու ներկայացումը Աւստրիոյ մէջ: Ընկերութեան անդամ են մեծ թիւով աւստրիացի եւ հայ արուեստագէտներ եւ սերտ կապի մէջ են Հայաստանի «Հայաստան-Աւստրիա» ընկերութեան հետ: Կազմակերպած են շարք մը ցուցահանդէսներ, հայկական մշակոյթի ձեռնարկներ: Ունեցած են բազմաթիւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ` հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայկական ճարտարապետութեան, կերպարուեստի եւ հայկական երաժշտութեան մասին:
1975-ին Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակը մեծ շուքով տօնուած է միասնաբար Վիեննայի հայկական տարբեր միութիւններու գործակցութեամբ:
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ), հիմնուած` 1990-ին, կը դաստիարակէ ազգային գիտակցութիւն, հայրենասիրական ոգիով: Հիմնադրութեան տարիներուն ունեցած է 40-ի մօտ սկաուտներ, սակայն ներկայիս կը հաշուէ 35 անդամ եւ 8 սկաուտ:
Վիեննա քաղաքը ծանօթ է որպէս դասական երաժշտութեան մայրաքաղաք:

Տեղին է յիշել կարգ մը անուանի արուեստագէտ հայերու անուններ. Սոնա Ղազարեան` դաշնակահարուհի, Վիեննայի պետական երաժշտանոցի գլխաւոր դասատուներէն` դաշնակահար Աւօ Գույումճեան, դաշնակահարուհի եւ համալսարանի դասախօս` Մետիք Ասատրեան-Յարութիւնեան, երգչուհիներ` Աիդա Բաղրամեան, Անիթա Արզումանեան, Էտնա Գաւալճեան, Կարինէ Սիմոնեան, Մխիթարեան միաբանութենէն յայտնի երգահան եւ երաժշտագէտ, հայր Գրիգոր Հէպոյեան, որ հեղինակն է «Դաշնամուրային երկեր» հատորին: Հայր Գրիգոր Հէպոյեանին կը պարտինք բացայայտումը շարք մը անուանի արուեստագէտներու, որոնց մէջ կարելի է յիշել երկու տաղանդաւոր հայ երաժիշտներ` Ալեքս Մնակեան եւ Աւօ Գույումճեան:
1975-ի սեպտեմբերին Արամ Խաչատրեան Աւստրիոյ Ֆիլհարմոնիքին կողմէ հրաւիրուած է Վիեննա: Ուսանողական վարչութիւնը եւ Կարպիս Փափազեան առիթ մը ստեղծելով` կը հրաւիրեն մեծահամբաւ երգահանը, որ մեծ ուրախութեամբ յաջորդ օրը` կիրակի, կ՛այցելէ Հայ համայնքի կեդրոնը եւ եկեղեցի:

Վիեննայի հայկական գաղութը օժտուած է «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբով, որ նախապէս կը կոչուէր «Ալեքաւետ»: Գաղութը շրջան մը ունեցած է նաեւ երգչախումբ եւ պարախումբ, որոնք յատուկ անուն չունենալուն` կը կոչուէին «Հայ ուսանողական միութեան երգչախումբ կամ պարախումբ»: 1970-1990-ին երգչախումբը, ելոյթներ ունեցած է Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ:
19-20 դարերուն Աւստրիոյ մէջ տարբեր տարիներու հրատարակուած են հայկական պարբերաթերթեր, բոլորն ալ` Վիեննայի մէջ: Հայ մամուլին մէջ մեծ դեր ունեցած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ 1919-ին հրատարակած է «Ծանօթութիւնք Վաճառականութեան» ամսաթերթը, «Տոմար Ընտանեկան» տարեգիրքը, «Հանդէս Ամսօրեայ», «Աղթամար», «Մենք» եւ «Հրայրք» ամսաթերթերը:
ՀՄԸՄ-ի «Գաղութի Տեղեկատու» պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ, հայերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:
Աւարտելէ առաջ, շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքերս սիրելի բարեկամիս` Գրիգոր Հալաճեանին, որուն միջոցով կրցայ քաղել, այս խիստ կարեւոր տեղեկութիւնները: Կ՛ուզեմ նաեւ շեշտել, որ Գրիգոր երկար տարիներ իր մասնակցութիւնը բերած է Աւստրիոյ հայկական գաղութի բարգաւաճման:
Տարի մը առաջ մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ օդաչու բարեկամս` Միսաք Աւետեանը, ու միացաւ հայերու ամենամեծ գաղութին: Հոն պէտք չունի հեռաձայնի գիրքերու մէջ հայերու անուններ փնտռելու: Երկնքի արքայութեան մէջ են, մայր հայրենիքի, սփիւռքի, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայերը: Ամենակարեւորը` հոն են ճիշդ 100 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած մեր անմեղ նահատակները:
«Նահատակ, արեան ծով
Թողեցին մեր ետին, զաւակներ հայ ազգի»:
Լոս Անճելըս, 2015