Կարօտի Նամակ Սնապեանական Տեսակի. (Պարոնին Բացակայութեան Առիթով)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբ քանի մը միտք կը փոխանակէի Սնապեանական աշխարհին, անոր զօրեղ գրիչին, անկրկնելի վաստակին ու խստաբարոյ գրական հայեացքներուն քաջածանօթ Նորա Բարսեղեանին հետ` մեր Պարոնին կարօտը վերապրելու եւ զայն սեւով ճերմակին յանձնելու մասին, անոր անմիջական եւ շեշտակի պատասխանն էր. «Եթէ նորութիւն ունիս, գրէ՛»: Ի դէպ, ակնարկուածը կը վերաբերի այն հասկացողութեան, թէ` ըսելիքի պակասէ չենք տառապիր, որքան նոր միտք ու յղացք...


















