Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Արժէքներու Փնտռտուքով. Խօսքին Ուժը, Սահմանները Եւ Գործը

Յունիս 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Այսօր հաւաքականութիւններուն մէջ խօսքը տիրական է. ընկերութիւնները կ՛առաջնորդուին կարգախօսով ու լոզունքով, բռնատիրութիւնը կը ժողովրդավարանայ զրպարտութիւններով, անարդարութիւնը կ՛իմաստաւորուի, անմարդկային ոճիրները կ՛արդարացուին, անբարոյականութիւնը ընդունելի կարգ կը ստանայ, արժեչափերը կը չքանան, անձնական շահարկումները կը գերակշռեն հաւաքականին եւ վերջապէս, ճերմակը դիւրութեամբ կ՛ըլլայ սեւ, եւ սեւն ալ…

Այս իրադրութիւններուն մէջ, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտութիւն է ներկայութիւնը դաշնակցականի ազնիւ խօսքին, որ կը հետեւի Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան: Այս մէկը չի նշանակեր, որ դաշնակցականը ազատ չէ, ո՛չ: Ան իր մտածողութեան ու գաղափարներուն մէջ ունի անսահման ու անծայրածիր ազատութիւն, որ կը սահմանափակուի կուսակցութեան կազմակերպական կառոյցին մէջ, որովհետեւ ինք ուխտած է այդ կուսակցութեան ընդմէջէն հետապնդել նպատակները, որովհետեւ ունի հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: Նշեալ սահմաններէն անդին, ներքին օրակարգերու հրապարակային քննարկումը նոյնինքն կազմակերպական խախտում է` հակադաշնակցական քայլ է:

Դաշնակցականին խօսքը եւ գործը մէկզմէկու պէտք է համապատասխանեն. խօսքը գործի արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ, խօսքը գործի ուժ պէտք է ունենայ: Այդ խօսքը երեւոյթները լուսարձակի տակ կ՛առնէ եւ ոչ թէ` երեւոյթներուն հեղինակները: Գիտէ, որ իր խօսքը ունի բարոյական սահմաններ, չափ ու կշիռ` հիմնուած առարկայական տուեալներու եւ արժեչափերու վրայ: Չի զբաղիր մանրուքներով, հարցերը չ՛ընդհանրացներ եւ չի հետապնդեր անհատական նեղ հաշիւներ ու նպատակներ: Ան իր խօսքին տէրն է ու պատասխանատուն, Ժամանակի կամ պայմաններու փոփոխութիւններով չի հրաժարիր իր սկզբունքներէն ու հաւատքէն:

Դաշնակցականը, երբ ծաղիկ մը տեսնէ, չի կրնար յայտարարել, որ գարունը կանուխ հասած է, եւ կամ ալ, երբ հանդիպի ամպի մը, յայտարարէ փոթորիկի սկիզբը: Ան ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ո՛ր ցանցին մէջ ալ գտնուի, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն է, զինուորն է, քարոզիչն է, առաջնորդն է: Ան ամէն ինչ կ՛ընէ կուսակցութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու համար, նահատակներու արեան կաթիլներով թրծուած դրօշը բարձր պահելու համար: Ուստի, աշխարհագրական սահմանները, արդի արհեստագիտութիւնը, ժամանակն ու միջավայրը երբեւիցէ չեն արգելակեր դաշնակցականի բարոյական արժեչափերով առաջնորդուող խօսքն ու գործը:

Այսօրուան պայմաններուն մէջ մեր առջեւ ցցուած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, խօսքէ անդին աշխատողներու կարիքը ակնյայտ է, գործնական մօտեցումը անհրաժեշտութիւն է: Մեր միջավայրին մէջ խօսողները բազմաթիւ են, բամբասողները` անթիւ, խլրտումներ յառաջացնողները` անհամար: Ուրեմն պէտք է քիչ խօսիլ եւ շատ գործել` դաշնակցական խղճով, բարոյականութեամբ, խիզախութեամբ եւ նուիրումով: Միա՛յն աշխատանք…

Վերջապէս, ինչո՞ւ քրիստափորներու, ռուբէններու, վրացեաններու, փափազեաններու, զէյթլեաններու, տասնապետեաններու խօսքերը անմահացած են: Պատճառը մեծ բառերու կոյտե՞րն են, գրական ո՞ճը, այլախոհ կարծիքնե՞րը, գեղարուեստական արժէ՞քը, ամբոխավարական մօտեցո՞ւմը: Ո՛չ: Պատճառը պարզապէս ա՛յն է, որ այդ խօսքերը դաշնակցական գործերէն բխած են…

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսէ Լիբանանեան Օրէնքը Թմրամոլութեան Մասին

Յաջորդը

Սերոբ Գալայճեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?