Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Յունիս 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

azadamartd-10-6-2015andranik_ozanian_and_rupen_zartarian_gray-10-6-2015Յունիս 10-ին, 106 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ «Ազատամարտ» անունով թերթ մը:

Իր առաջին թիւերէն իսկ, ընտիր բաղադրութեամբ ու լաւ շաղուած խմորի պէս, «Ազատամարտ» յորդեցաւ մամլոյ սովորական կաղապարէն… Անիկա գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները: Աւելի ճշգրիտ` անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք մարմնաւորումը հայ թերթի:

«Ազատամարտ»-ի հրատարակութեան նախաձեռնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ 19-ամեայ իր գործունէութեան ընթացքին իր կեդրոնական օրկան «Դրօշակ»-ով եւ շրջանային-տեղական օրաթերթերով արդէն սեփական ուղին հարթած էր հայ մամուլի մեծ ընտանիքէն ներս:

«Ազատամարտ» լոյս աշխարհ եկաւ նորովի իմաստաւորելու եւ հարստացնելու հայկական օրաթերթի պատկերացումը:

«Ազատամարտ» եկաւ գտնելու մամուլի իւրայատուկ միջինը մէկ կողմէ` կուսակցական-գաղափարական պաշտօնաթերթի, իսկ միւս կողմէ համաժողովրդային ու մտաւորական ազատ բեմի առաքելութեամբ առաջնորդուող թերթի:

Իր այդ նուաճումով ալ «Ազատամարտ» դարձաւ դաշնակցական մամուլին ճակատը լուսաւորող այն օրաթերթը, որ նոր հորիզոններու բացաւ ամբողջ հայ մամուլը:

1909-ին օսմանեան սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր: Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը: 1890-ականներու երկրորդ կիսուն համիտեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն խոյս տուած ու Պոլսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը վերադարձած էր օսմանեան մայրաքաղաք:

Ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլիսը վերագտած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը:

Նոյն ժամանակամիջոցին, հայոց աշխարհին պարտադրուած սահմանագծին միւս կողմը, ցարական Ռուսիոյ տարածքին եւ յատկապէս Անդրկովկասի մէջ մոլեգնած էր կայսերական յետադիմութիւնը եւ ձեռնարկած էր, ընդհանրապէս ցարիզմի դէմ պայքարող յեղափոխականներու շարքին, նաեւ հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակման…

Ցարական իշխանութիւնները ոստիկանական ճնշումի խստութեամբ հալածանքի եւ հարուածի տակ առած էին արեւելահայ զարթօնքի կենարար օճախ Թիֆլիսը:

Եւ եթէ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տուած արեւմտահայ մտաւորականութիւնը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թիֆլիսը` փարելով արեւելահայ մամուլի աշխատակցութեան, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908-էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ կը բանար ցարական հաշուեյարդարէն խոյս տուող արեւելահայ մտաւորականութեան առջեւ:

Թիֆլիսը, 1905-ի ռուսական առաջին յեղափոխութեան յառաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտուելով, արագօրէն իր վրայ կեդրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պաքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծուած դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակութիւնը:

1906-ին, ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի կամ թիֆլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները` Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Եուսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ: «Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909-ի ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ: Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անուանափոխուելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918:

Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Զմիւռնիայէն մինչեւ Սոֆիա ու Պալքաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին, դաստիարակչական եւ քարոզչական ազդու ներգործութիւն ունենալով հանդերձ:

Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին մէջ կը տեղաւորուի ծնունդը «Ազատամարտ»-ին:

Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տուաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն: 10 յունիս 1909-ին լոյս տեսաւ «Ազատմարտ»-ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերուն:

Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ «Ազատամարտ»-ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը: Խմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ: Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ «Ազատամարտ»-ի մնայուն աշխատակիցներուն շրջանակը, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր:

Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաներուն, փաստօրէն, իրարու մօտեցուց եւ զօդեց դաշնակցական ոգին` ոչ միայն իբրեւ սոսկ կուսակցական պատկանելութիւն, այլեւ` իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ անսակարկ նուիրում:

Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»-ը եւ փակուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին, այսուհանդերձ` անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»-ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ:

«Ազատամարտ» դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն տարածուն օրաթերթը` մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով: Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզուի գեղարուեստական մշակման ախոյեանը: Ստեղծեց արժանահաւատ լրատուութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ: Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդոյթ մշակեց: Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն` անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզուամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարուեստական ճաշակին մակարդակը:

«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելուածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերու մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տուին հայ մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին: Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելուածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով կազմեց «Ազատամարտի սերունդ»-ին փառքի դափնեպսակը:

Թէեւ թրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»-ը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին, բայց Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918-ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա` «Արիամարտ» եւ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը:

Աւելի քան հարիւր տարի անցած է «Ազատամարտ»-ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն դաշնակցական մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրչի հետագայ թռիչքներուն մէջ միշտ ալ ոգեշնչման աղբիւր կը մնայ «Ազատամարտի սերունդին» անզուգական խմբագրապետին` Ռուբէն Զարդարեանի պատգամը, որ առաւելագոյն խտութեամբ հանդիսադրուած է «Բագինին փառաբանութիւնը» խորագրուած անոր կուռ հրապարակումին մէջ.

«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի: … Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ: … Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք:

«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ` կանգնած ենք մահուան դէմ` մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները»:

 

 

Նախորդը

«Կոմիտաս. Արուեստագէտը Եւ Զոհը» (Սերժ Մոմճեան)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քանատայի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?