Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերոբ Գալայճեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով

Յունիս 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1970360_788019051263806_5728532831731796654_nՍիրելի՛ հայրիկ,

Քու անթառամ յիշատակովդ պարուրուած, կրկին քայլերս ակամայ զիս առաջնորդեցին հոն, ուր անհոգ մանկութիւնս կը խայտար: Մանկութեանս դպրոցը… եւ յիշեցի օրերն այդ բերկրալիր, երբ ձեռքս բռնած կ՛առաջնորդէիր դէպի Ազգային Արամեան վարժարան, սակայն այս անգամ հոգիս դատարկ էր, եւ էութեանս մէջ կար խորունկ, անյատակ վէրք մը, որ կարելի չէր դարմանել: Առանձին էի, միայնակ:

Տխուր էր երբեմնի ուրախ փողոցը, տխուր էին մարդիկ, տխուր էր մանաւանդ հոգիս: Դպրոցին բակը ամայի էր, կարծես կ՛ողբար: Դասարանները այս անգամ տժգունած էին, սակայն ուրախութեան նշոյլ մը կը փորձէի զետեղել սրտիս մէջ` քաջ գիտնալով, որ կեանք մը համակ ապրած էիր այստեղ, ծառայած էիր իբրեւ այս կառոյցին տնօրէն, ուստի հոգիդ ընդմիշտ կը ճախրի այս դպրոցին երկնակամարին տակ: Հոն է գրասենեակդ, հոգիէդ մասնիկ մը, կը մօտենամ սրտատրոփ` քեզ գտնելու յոյսով, ջերմութիւնդ կը զգամ ամէնուրեք, սակայն դուն հոն չես, չկա՜ս…

Արտասուալից աչքերով, մտամոլոր կը վերադառնամ նոյն միապաղաղ ճամբով, քեզ տեսնելու յոյսը արդէն անէացած է:

Կեանքդ եղաւ ապրուած երկար ու դժուարին տարիներու ամբողջութիւն մը` սկսելով երբեմնի հայահոծ Տիգրանակերտ քաղաքէն` իբրեւ ծննդավայր (1922), ապա իբրեւ սան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի (1939), եւ յաջորդաբար աւելի քան քառասուն տարիներ ուսուցչական ասպարէզին քու ծառայութեամբդ Գամիշլիի Ազգային վարժարանին (1943-1950), Հալէպի Հայկազեան վարժարանին (1950-1953) եւ Լիբանանի Ազգային Արամեան վարժարանին (1953-1983) մէջ:

Ունեցար կուսակցականի երկարամեայ գործունէութիւն, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին անդամ եղար 1963 թուականէն մինչեւ 1982:

Ուղիղ տարի մը անցաւ քու բացակայութենէդ: Միասնաբար նշեցինք վերջին Հայրերու տօնը, տուիր հայրական գուրգուրոտ համբոյրդ, որ կարծես հրաժեշտի խօսքդ ըլլար: Ապա հեռացար առյաւէտ:

Տարի մը ամբողջ սպասեցի վերադարձիդ` հաւատալով, որ պիտի գաս նոյն շքեղ կեցուածքով, վայելուչ արտաքինով ու մեղմ ժպիտով, բայց չեկար: Որոշեցի ես քովդ գալ` նշելու Հայրերու օրը: Ամպամած երկինք, հով ու անձրեւ էր, չորս կողմս խաչեր, տապանաքարեր, ո՞ւր ես, հայրի՛կ… Կանգնեցայ շիրիմիդ դիմաց, նայեցայ պատկերիդ, մերթ լալով, մերթ ժպիտով մը բարի, երկա՜ր զրուցեցինք. ժամերը սահեցան, մոմերը հալեցան:

Ես կ՛երթամ, սիրելի՛ հայր, քու յիշատակդ սրտիս մէջ կը մնայ յաւերժ:

Դուստրդ`
ՀՈՒՐԻ ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Նախորդը

Դաշնակցական Արժէքներու Փնտռտուքով. Խօսքին Ուժը, Սահմանները Եւ Գործը

Յաջորդը

Պօղոս Մահտեսեանի Մահուան Տխուր Առիթով

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?