Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Համար. Հայերու Մուտքը Խորհրդարան
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Անցեալ դարու 50-ական թուականներէն ի վեր, հայազգի պատգամաւորներ չէ ունեցած Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը (եթէ նկատի չառնենք իսլամ համշէնահայ պատգամաւորի պարագան վերջին տարիներուն): Յունիս 7-ի ընտրութիւնները շրջադարձային են նաեւ այս առումով: Երեք հայազգի երեսփոխաններ` Մարգար Եսայեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն) եւ Կարօ Փայլան (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) այժմ տեղ կը գրաւեն խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով...















