Անդրադարձ

Յովհաննէս Թումանեանի Բնակարանը Յանձնուեցաւ Վիրահայոց Թեմին

Յովհաննէս Թումանեանի Բնակարանը Յանձնուեցաւ Վիրահայոց Թեմին

Այսուհետեւ Թիֆլիսի մէջ գտնուող հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի բնակարանին պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը: Բնակարանին փոխանցումը կատարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանին համաձայն, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը եւ վիրահայոց թեմի առաջնորդը, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան հետ ուղղուած են Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի բնակարան, ուր անոնց միացած են Վրաստանի մէջ...

Ակնարկ.  Քրտական Գործօնի Գերաշխուժացումը  Եւ Հայկական Տարածքային  Իրաւունքներու Արծարծումը

Ակնարկ. Քրտական Գործօնի Գերաշխուժացումը Եւ Հայկական Տարածքային Իրաւունքներու Արծարծումը

Թել Ապիատի գրաւումը քիւրտերուն կողմէ ուղենշային ազդեցութիւն ունեցած է իրադարձութիւնները վերլուծողներուն համար: Ռազմական գետնի վրայ ստացուած է այն, որ Սուրիոյ տարածքին քիւրտերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ արեւմտեան ուժերն ու սուրիական կառավարական բանակները ըստ էութեան պատերազմած են «Իսլամական պետութեան» դէմ:  Բայց այս պատկերը համընդհանուր բնոյթ չունի: Մօտաւորապէս պատճէնահանումն է իրաքեան տարբերակին, յատկապէս քրտական տարածքները «Իսլամական պետութեան» թափանցումներէ զերծ պահելու միտումով իրականացուած գործողութիւնները...

Յանկարծ, Թմրամոլ Եմ

Յանկարծ, Թմրամոլ Եմ

ԱՐՔԱ Ձեր յաջորդ դեղարան այցելութեան հարցուցէ՛ք դեղագործին, թէ մէկ ամսուան ընթացքին հանդարտեցուցիչ որքան դեղ կը ծախէ ամսուան մը ընթացքին: Յետոյ հարցուցէ՛ք, թէ այս դեղերը գնողներուն քանի՛  տոկոսը կը գնէ աւելի քան երեք յաջորդական ամիսներէ ի վեր: Այսպիսով, պիտի գիտնաք, թէ անոնցմէ քանին ֆիզիքապէս կախեալ է (կամ մոլի է) հանդարտեցուցիչ դեղերու: Հանդարտեցուցիչ դեղերը, որոնք Պենզոտիազեփին ընտանիքին կը պատկանին (ինչպէս` Զանաքս, Լեքզոթանիլ,...

Մայրերու Եւ Համբարձման Տօներու Նուիրուած Ձեռնարկներ

Մայրերու Եւ Համբարձման Տօներու Նուիրուած Ձեռնարկներ

«Աշխէն» Մասնաճիւղ Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան` այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը կազմակերպեց Մայրերու օրուան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 26 մայիս 2015-ին,  Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի հանդիսասրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, ապա վարչութեան ատենապետը կատարեց բացման խօսքը: Օրուան յայտագիրը սկսաւ մայրութիւնը թեմայով դասախօսութեամբ մը, զոր ներկայացուց Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըլլալով ընկերային ծառայող, շեշտը դրաւ...

Նշմար.  Հերթական Հարուածը

Նշմար. Հերթական Հարուածը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Արաբ Բունար (Քոպանի) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ինքնապաշտպանութեան յաղթական կռիւներէն ետք, քիւրտերը այժմ ազատագրած են Թուրքիոյ սահմանակից Թել Ապիատը: Այսպիսով,  քրտական ուժերը յաջողեցան Արաբ Բունարը Գամիշլիին եւ Հասաքէին կապելով` մինչեւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ երկարող քրտական միացեալ տարածք մը ստեղծել, ինչ որ կարելի կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «մայրաքաղաք» Ռաքքայիի դէմ հետագայ յարձակումի մը շղթայազերծումը:...

Արձագանգ

Արձագանգ

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ «...Իսկ երիտասարդութեան մէջ ստեղծագործ մտքի բացակայութիւնը, երեւակայութեան պակասը, ծրագրելու մտածելակերպն ու գործելաձեւը դժբախտաբար կ՛արտացոլացնեն զիրենք կաղապարող կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան յար եւ նման մտածելակերպն ու գործելաձեւը: Ափսոս գեղեցիկ գարուններուն արդէն իսկ խամրած մտածելակերպին ու հոգեբանութեան...»: Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի յօդուածէն, 24 ապրիլ 2015-ի «Ազդակ բացառիկ», էջ 31, 3-րդ պարբերութիւն: Կը կռահենք, որ նորերս ապրուած շատ թարմ ու դառն փորձառութեան մը վրայ կատարուած...

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

Վազգէն Շուշանեան (1902-1941) Ամենայն Սրտով` Արարատի Հպարտութեամբ Եւ Վահագնի Ցասումով

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յունիս 2-ին հայու միտքն ու հոգին կը համակուին բոց յոյզերու եւ անսանձ խորհրդածութիւններու անդիմադրելի յորձանքովը Վազգէն Շուշանեանի: 1920-ականներուն Փարիզի մեծ դռնէն հայ կեանքի ու գրականութեան անդաստան մուտք գործած` վահագնաշունչ գրողն ու հրապարակագիրն է Վազգէն Շուշանեան, որուն մահուան տարելիցն է այսօր: Ամենայն սրտով Արարատի վեհափառ հպարտութիւնն ու Վահագնի բոցաշունչ ցասումը անլռելի երգի վերածած սփիւռքահայ առաջին սերունդի պատգամաբերն է Շուշանեան,...

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գրութեանս մելանը հազիւ չորցած, եւ կամ թէ` հազիւ լրատուական միջոցներուն հասած, արդէն կ՛աւարտի Քեսապի ազատագրութեան առաջին տարեդարձը: Քեսապը ճանչցողին Քեսապը սիրող ամէն մարդու միտքը չարչրկողը Քեսապի այսօրուան իրավիճակն է, անցնող տարին եւ ապագան` նոյնպէս: Հազիւ մէկ շաբաթ անցած էր, անցեալ տարի Հայաստանէն վերադարձիս (ուր գացած էի մասնակցելու Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պատգամաւորական ժողովին), հազիւ Լաթաքիա...

Յետո՞յ

Յետո՞յ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Սուրիահայութեան զանգուածային գաղթը արտակարգ եւ պատմական իրավիճակ մըն է: Հաւանաբար նման իրավիճակներ քառասուն-յիսուն տարին անգամ մը կը պատահի: Այսօրուանը սակայն տարբեր է Եգիպտոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ գաղութներու արտագաղթի ալիքէն: Տարբեր է այն իմաստով, որ այսօր մենք պետութիւն ունինք: Պետութիւնն ալ սփիւռքի նախարարութիւն ունի: Սակայն իրողութիւնը այն է, որ հայրենի պետական յստակ քաղաքականութիւն մը չկայ: Ո՛չ նախաձեռնելու, ո՛չ...

Թուրքիոյ Դէմ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայցին Հաւանական Հետեւանքները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ողջունեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ապրիլ 27-ին դատական հայց ներկայացնելուն համար` պահանջելով վերադարձը Սիսի իր պատմական նստավայրին, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Գոզան (Սիս, Ա.) շրջանին մէջ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախկին աթոռանիստ կեդրոնը, որ հիմնադրուած է 1293 թուականին, բռնագրաւուած էր թրքական իշխանութեան կողմէ 1921 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ եթէ...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Քարվաճառի Ճանապարհը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անցնող օրերին մեկնել էի Սիւնիք եւ Արցախ: Որոշեցի Երեւան վերադառնալ Քարվաճառի ճանապարհով` Ստեփանակերտ - Դրմբոն (Մարտակերտի շրջան) - Դադիվանք - Սոթք - Վարդենիս (Սեւանի ափ): Հայաստանում եւ Արցախում դժուար է գտնել մէկ այլ ճանապարհ, որն անցնելով` այդքան գեղեցիկ տեսարանների ես հանդիպում` կանաչ, սաղարթախիտ անտառներ, Թարթառ գետի մերթ հանդարտ, մերթ ոլորապտոյտ, խելագար ընթացք, Դադիվանքի հնամենի վանական համալիր, Քարվաճառի հրաշք...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Մեր Սրբավայրերը Սեփականութիւններ Չեն

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Ժամանակն է, որ մենք ճշգրիտ ձեւակերպում տանք օրինական պահանջներու մեր ազգային թղթածրարին: Այս առումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած դատական գործը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին առջեւ` կարեւոր փորձագետին մը կը հանդիսանայ այս մարզէն ներս տարուող Հայ դատի աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ կը յարուցէ շարք մը հարցականներ, որոնք այժմէն իսկ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովէն` անցանկալի նախադէպեր...

Դասական Երաժշտական Համերգին Մասնակից Երաժիշտները Կը Շեշտեն, Որ Պէտք Է Հայ Դատը Մշակոյթի Ճամբով Հետապնդելը Եւս Առաջնահերթ Նկատել

Դասական Երաժշտական Համերգին Մասնակից Երաժիշտները Կը Շեշտեն, Որ Պէտք Է Հայ Դատը Մշակոյթի Ճամբով Հետապնդելը Եւս Առաջնահերթ Նկատել

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին գործակցութեամբ, 5 մայիս 2015-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ կայացաւ դասական երաժշտութեան համերգ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին: Այս համերգը իր տեսակին մէջ եզակի էր թէ՛ իր առիթին համար եւ թէ՛ իր շուրջ համախմբած արհեստավարժ երաժիշտներուն մասնակցութեամբ: Յետհամերգեան մտորումներու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց...

Նոր Գիրքեր.  Երեք Գիրք Մէկ Կողքի Տակ

Նոր Գիրքեր. Երեք Գիրք Մէկ Կողքի Տակ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Հեղինակը այս գիրքին տոքթ. Թորոս Թորանեանն է: Ճիշդ հաշիւը չենք կրնար ըսել, թէ հեղինակին քանիերորդ գիրքն է այս: Անկասկած հարիւր անուն գիրքը անցած ըլլալու է... ծաւալուն հատոր մըն է, որ կը բովանդակէ անձնական կեանքէ վերցուած յուշեր, հանդիպումներ, երկրէ երկիր կատարած այցելութիւններ: Այս մարզին մէջ Թորոս Թորանեան մրցանիշ կտրելու չափ վաստակ ունի: Ամբողջ աշխարհը իր հինգ ցամաքամասերով շրջած է, հոն,...

Նամականի

Նամականի

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Յաճախ մեծ հաճոյքով կը կարդամ հրապարակագիր Յակոբ Պալեանի ուսանելի ու հետաքրքրական յօդուածները եւ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգամ` բաժնելով անոր արծարծած ազգային հարցերը եւ առաջարկած լուծումները: Սակայն ցաւ ի սիրտ յայտնեմ, որ իրեն պէս սպասարկու մը մայրենիի` իր գրութիւններուն մէջ գրեթէ միշտ կը գործածէ անգլերէն բառեր, որոնց համազօրները, վստահ եմ, կան հայերէնի մէջ: Չեմ կարծեր, որ...

Ռեքսը

Ռեքսը

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Ռեքսը հալէպահայ Հալէպեան ընտանիքին սիրելի շունն է: Հակառակ իր մեծ չափին, վախնալիք ատամներուն ու վայրենի բնազդին` ան տարիներու ընթացքին ընտանի շուն մը դարձած է ու կը վայելէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն անվերապահ սէրն ու գուրգուրանքը: Երբ Հալէպի ապահովական ու ծառայողական վիճակը կը վատթարանայ, ընտանիքը կ՛որոշէ Հայաստան տեղափոխուիլ: Անոնք նախ կը մտածեն Ռեքսը Հալէպի բարեկամներէն մէկուն քով ձգել, բայց յետոյ...

Հայութիւնը Քեսապի Վերադարձով` Ազգովին Յաղթական

Հայութիւնը Քեսապի Վերադարձով` Ազգովին Յաղթական

ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ      «Պարէ՛, Սասո՛ւն, թող աշխարհն իմանայ, որ պար չէ սա, այլ մի ողջ ժողովուրդի յաղթանակ ...»: Հայոց նորագոյն պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ արձանագրուեցան ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վերջին պատառիկին` Քեսապին ու քեսապցիներու սքանչելագործ տոկունութեան եւ ապագայատեսիլ յուսալքութեան ազդամիջոցը 15 յունիս 2014-ի Քեսապի տարածքային վերադարձովը, ողջ հայութեան, հայոց ցեղասպանութենէն թէկուզ հարիւր տարի ետք, բռնագրաւուած հողերու եւ բռնաբարուած իրաւունքներու...

Թերթատելով Հայաստան Լոյս Տեսնող Քրտական «Զագրոս» Թերթը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւանէն բերած էի «Հայաստանի քրտական ազգային խորհրդի պաշտօնաթերթ» «Զագրոս»-ը: ապրիլ 2015,  թիւ 4, զոր կը բաժնէին Ծիծեռնակաբերդ: Թերթին մէջ կը կարդանք, որ` «Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւնները յարգանքի տուրք են մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին»: Հայաստան փոքր երկիր է, բայց հոն ալ կան փոքրամասնութիւններ: Կ’անդրադառնար Հռոմի քահանայապետի ապրիլեան «յատուկ պատարագ»-ին, Ապտիւլլա Օճալանի տարեդարձին եւ անոր արտայայտութիւններուն` հայոց, եզիտիներու եւ ասորիներու...

Ակնարկ.  3 Երեսփոխան, 3 Կուսակցութիւն,  3 Առաջադրանք

Ակնարկ. 3 Երեսփոխան, 3 Կուսակցութիւն, 3 Առաջադրանք

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործեցին երեք հայեր` լրագրող Մարգար Եսայեան  (ներկայիս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն), Կարօ Փայլան (քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) եւ փաստաբան Սելինա Էօզուզուն Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն): Հայկական ներկայացուցչական պատկերին մասին անհրաժեշտ է քանի մը դիտարկում կատարել` հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ անոնց ունենալիք հաւանական (կամ գուցէ նաեւ անհաւանական) ազդեցութիւնները կանխատեսելու համար: Դիտարկում առաջին. Թուրքիոյ քաղաքական ամէնէն...

Անդրադարձ,  Երեք Երեսփոխաններ,  Երեք Պարագաներ

Անդրադարձ, Երեք Երեսփոխաններ, Երեք Պարագաներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն այլ փոքրամասնութեանց անդամներու կողքին երեք հայեր` Կարօ Փայլան (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն) եւ Մարգար Եսայեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն) ընտրուեցան Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ: Մօտ օրէն տեղի ունենալիք երեսփոխաններու երդման արարողութենէն ետք, անոնք պաշտօնապէս պիտի ստանձնեն իրենց աթոռներն ու պարտականութիւնները եւ իրենք զիրենք պիտի գտնեն ազգայնականներու եւ ազգայնամոլներու կողմէ...

Page 771 of 806 1 … 770 771 772 … 806

Արխիւներ