Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմիս» Երգչախումբի Համերգին Առիթով. Մտորումներ Համերգէն Ետք

Յունիս 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

17985467919_01e7b15dc3_o

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երաժշտական ոգեկոչումներու շարքին ուշագրաւ արտայայտութիւն մը եղաւ Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի եւ երգչուհի Աննա Մայիլեանի համատեղ համերգը, որ տեղի ունեցաւ 27 մայիսին:

Այս առիթով, իբրեւ յետհամերգեան մտորում, երկու ընդգծում տեղին է կատարել:

Առաջինը` երգչուհի Աննա Մայիլեանի ներկայութիւնն էր: Ռոմանս երգերու, հոգեւոր հնադարեան շարականներու,միջնադարեան տաղերու եւ ժողովրդային տոհմիկ երգերու մեկնաբան Աննա Մայիլեան իր տեսակին մէջ վաղուց արդէն ինքզինք հաստատած մեներգչուհի մըն է, որ իր ինքուրոյն ձայնով իւրայատուկ տեղ ունի հայ երգի կատարման և տարածման առաքելութեան մէջ եւ իր հետեւողական աշխատանքով եւ բազմատարած համերգներով իր անուան շուրջ հիւսած է արդար հռչակ մը` հայրենիքի մէջ թէ անոր սահմաններէն անդին:

17983793968_9028441a7d_o18171706245_48468e0c78_oՀամերգի առաջին բաժինով Աննա Մայիլեան արհեստավարժ դաշնակահար Էլեն Կիրակոսեանի հետ մատուցեց աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ երկնուած փունջ մը երգեր: Ուշագրաւը այն էր, որ ան հայ երգի բազմահարուստ ժառանգութեան արխիւներէն կրկին լոյսին բերեր էր այնպիսի երգեր, որոնք դժբախտաբար հազուադէպօրէն կը հնչեն մեր բեմերէն: Ընդհանրապէս դիւրին ճանապարհ է արդէն իսկ հանրածանօթ ու սիրելի երգերով ունկնդրին սիրտը գրաւելը, սակայն հանրութեան համար անծանօթ երգեր կատարելն ու սիրելի դարձնելը կարեւոր դերակատարութիւն է, եւ ունկնդրի ջերմ ընդունելութիւնը ապացոյցը եղաւ անոր յաջողութեան:

Երկրորդ ընդգծումը Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբին հերթական բեմ բարձրանալուն կը վերաբերի: Լիբանանահայ երաժշտական կեանքին մէջ միշտ ալ որակային նախանձախնդրութեամբ յատկանշուող այս երգչախումբը, իր հիմնադիր Վաչէ Պարսումեանէն սկսեալ, ունեցած է քանի մը խմբավարներ, որոնք պատրաստած եւ վերջին տասնամեակին  ղեկավարած են առաւելաբար Սուրբ Ծննդեան համերգներ: Այս համերգը կը զատորոշուեր ո՛չ միայն իր առիթով ու երգացանկով, այլեւ` անդամական կազմի ակամայ փոփոխութեան (սփիւռքահայ սիրողական երգչախումբերու որակական աճը կասեցնող տհաճ կացութիւն) առթած անպատեհութեան յաղթահարումով: Արդարև, ակներեւ էր, որ երգչախումբի նոր անդամները շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կարողացեր էին ձեռք բերել երգչախումբին աւանդական մակարդակը պահելու յատկութիւն, որ ի յայտ եկաւ աքաբելլա (առանց նուագակցութեան) երգերու կատարման թէ թոնայնական փոփոխութիւններու անսայթաք անցումներուն ընթացքին: Իր ղեկավարած երբեմնի համերգներով «Արմիս» երգչախումբի տարեգրութեան մէջ անջնջելի հետք թողած վերապատուելի Ներսէս Պալապանեան, տարիներու ընդմիջումէ ետք, այս առիթով յատկապէս հրաւիրուած ըլլալով, կարճատեւ այցով մը Լիբանան գալով, իր կնոջ` դաշնակահար Սեւան Պալապանեանին հետ կրկին բեմ բարցրացաւ «Արմիս» երգչախումբին հետ` այս անգամ մատուցելով համերգին առիթին համապատասխան խմբերգներու շարք մը, ուր տեղ գտէր էին հայրենասիրական եւ հոգեւոր երգեր, որոնք կատարուեցան առանց շատ զգացնել տալու անոնց կարճատեւ փորձերու ընթացքին պատրաստուած ըլլալու հանգամանքը: Շարք մը հանրածանօթ երգեր կատարուեցան վերապատուելիին կողմէն կատարուած նոր նուագագրութեամբ` թարմ շունչով մը համակելով ունկնդիրները:

Երգչախմբային արուեստը էապէս հարստացուցած է մեր ազգային-մշակութային կեանքը: Դեռ մօտիկ անցեալին տասնեակ մը լիբանանահայ երգչախումբերու մէջ իրերայաջորդ սերունդներ ո՛չ միայն կը սորվէին ու կը տարածէին հայ երգը, այլեւ զանազան երգչախումբերու մեջ կ՛ապրէին գողտրիկ ու դաստիարակիչ մթնոլորտ մը: Մեր երգչախումբերը իւրայատուկ երգի դպրոցներ էին իրենց տեսակին մէջ ու կը հարստացնէին ո՛չ միայն լիբանանահայ, այեւ ընդհանրապէս լիբանանեան երաժշտական կեանքը: Մարդիկ իրենց առօրեայ կենցաղին հաճելի մէկ մասը համարելով`  հետեւողական կերպով կը յաճախէին երգչախումբերու հերթական փորձերուն, ու իւրաքանչիւր համերգ կը համեմուէր հաւաքական երաժշտական կեանքի քաղցրութեամբ ու անկախ անոր որակական յատկանիշներէն` կը դառնար իւրայատուկ տօնական հրավառութիւն ու այնուհետեւ` հաւաքական յիշողութիւն:

Իսկ երգչախումբերը որպէս կանոն` որակապէս կ՛աճին միայն հետեւողական ու անկոտրում փորձերով ու յատկապէս համերգային բեմական լայն փորձառութեամբ միայն: Այս իմաստով այնքան բաղձալի է, որ «Արմիս» երգչախումբը դառնայ մշտապէս գործող երգչախումբ եւ նորանոր համերգներով հարստացնէ մեր երաժշտական կեանքը:

 

Նախորդը

Խենթանոց

Յաջորդը

Անէծք` Բռնակալները Երանութեամբ Յիշեցնողներուն

RelatedPosts

Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025
Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին
Անդրադարձ

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

Մայիս 13, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?