ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Ձմրան սովորական շաբաթավերջերէն մէկն է: Շաբաթ առաւօտեան վաղ արշալոյսին, սուրճին հոտը քիթս կ՛առաջնորդէ դէպի նստասենեակ, ուր աջին, սեղանին ետեւ, հօրս վար կախուած սպիտակ գլուխը հազիւ կ՛երեւի: Գիրքերու կոյտի մը ետեւ պահուըտած, թերթերու դէզ մըն ալ իր ձախին, մատիտ մը` ձեռքին, ինքզինք կարծես ինքնապաշտպանութեան դիրքի մէջ դրած ըլլար. միայն մօրս «Ճո՛րճ, վայրկեան մը ել, այդտեղի փոշին պիտի առնեմ»-ը չլսէ:
– Բարի՛ լոյս, ձա՛գ, եկո՛ւր, եկուր, ասիկա կարդա՛. անդիէն մայրս`
– Ճո՛րճ, նոր արթնցաւ աղջիկը, գիշերը արդէն շատ ուշ քնացաւ
– Արթո՞ւն է, թէ՞ արթուն չէ,- ու դառնալով ինծի,- էկօ ձա՛գ, էկօ:
– Պա՛պ, սուրճս առնեմ
– Լա՛ւ, ա՛ռ…
Կը նստիմ կողքին. ու ըստ սովորականին, կծիկը քակուելու կը սկսի: Հայ ազատագրական պայքարի, հայ որբերու, թերթերու ու գիրքերու հրատարակութեան աշխարհէն յուշերու եւ պատմութիւններու տարափ մը կը տեղայ գլխուս մէկը միւսին ետեւէն. ու յետոյ` նոյն յանկերգը, կարծես նոր անդրադառնալով, թէ կը գտնուի Թորոնթօ կոչուած քաղաքին մէջ, Հալպա քաղաքէն ու Լիբանանի մայրիներէն աշխարհ մը հեռու: Ձեռքը ճակտին, «հէյ վա՜խ»-երու մէջէն.
– Զիս ինչո՞ւ հոս բերիք:
Մայրս, աւելի իրապաշտ, աւելի համակերպող, նիւթը փոխելու ճիգ մը կ՛ընէ.
– Այսօր ի՞նչ պատրաստեմ:
– Մամ, սիսեռով նունիկ:
– Ճո՞րճ…
– «Պզտիկ»-ին հարցուր:
– Մինչեւ «պզտիկ»-ը արթննայ, կէսօր կ՛ըլլայ արդէն
– Լա՛ւ, ըրէ, օդին հետ լաւ կ՛երթայ. այսօր շատ պաղ պիտի ընէ ըսին տղաքը… ու վերադառնալով կարեւորին,
– Թամա՛ր, էկօ՛, ձա՛գ…
Ու առջեւս կը բացուի «Մարութայ սարի ամպերը»…: Ու կ՛անցնի ժամ մը… երկու… սուրճերը կը նորոգուին, նախաճաշի պատառիկներ կու գան ու կ՛երթան, «պզտիկը», քոյրս` Ալինը կ՛արթննայ ու տակաւին մենք կորսուած կը մնանք Մարութայ սարի ամպերուն մէջ…
– Ճո՛րճ, դեղիդ ատենը եկաւ,- մայրս է:
Ու ժամանակաւորապէս կ՛ընդհատուի մեր հոգիներուն ճամբորդութիւնը… յետոյ շարունակելու խոստումով մը հայրս աթոռէն կ՛ելլէ ու կ՛ուղղուի դէպի խոհանոց` դիմելով հեռախօսին:
Ընկալուչը կը վերցնէ ու ինքնիրեն` մէկ, ինը եօթը ութ, չորս հարիւր յիսուն ինը, եօթանասուն վեց ութսուն եօթը. թիւերը իրարու ետեւէ բարձրաձայն ըսելէ ու համապատասխան կոճակները սեղմելէ ետք, ընկալուչը բռնած` կը սպասէ պատասխանի, ու ահա.
– Բարի՛ լոյս, Վարդօ՛, ախպեր. իմա՞լ իս. Հռիփ իմա՞լ է, ճժեր իմա՞լ են….
Ու «լեռէն ձորէն» պատմութիւնները դարձեալ կը սկսին…ու կը շարունակուին երկար… Ոսկունիէն բռնած մինչեւ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»-ը, Թէօլէօլեանէն Ծառուկեան… Սասունի ու Սիմոնեան…. Եդուարդը (Էլոյեան) … յուշերու կծիկը դարձեալ կը քակուի, մինչեւ լրիւ կեանքի մը շրջապտոյտը բոլորելով` երկու եղբայր կու գան ու կը հասնին մերօրեայ նիւթերուն… «բարեւներ, համբոյրներ բեւընուն»-էն յետոյ հայրս կը վերադառնայ նստասենեակ ու կը կանգնի պատուհանին դիմաց:
– Պա՛պ, կը տանիմ:
– Չէ՛, ձագ, արդէն ըսին, որ պիտի գան: Խոհանոցէն մայրս.
– Ո՞վ պիտի գայ այսօր, Յարո՞ւթը:
– Ո՛չ, այսօր Ենովքը բժիշկի պիտի տանին. այսօր Ուանէսը պիտի գայ,- ու շատ չանցած.
– Եկաւ, Ուանէսն է, Մանուէլն ալ հետն է… ես գացի,- ու ներսէն մայրս`
– Ճո՜րճ, գլխարկդ, պաղ պիտի ընէ, դուն ըսիր արդէն…
Ու աճապարանքին մէջ սիսեռի հատիկներով լեցուած պնակը օրօրալով շորորալով գետին կը տապալի….
– Ամա՜ն… երկուր` հիմա սիսեռ հաւաքէ,- կը դժգոհի մայրս:
Ծունկի կու գամ ու կը սկսիմ հաւաքել… ամէն հատիկի հետ տարիները կ՛անհետանան, մղոնները կ՛ոչնչանան, ժամացոյցին սլաքները իրարու ետեւէ սուրալով` ետ-ետ կը վազեն ու ահա, վարդի անուշին հոտը կը զարնէ քիթիս…: Վերժին հօրքուրենց տունն ենք, սետիրին վրայ, թուղթն ու մատիտը ձեռքիս: Վերժին հօրքուրը խորքին մէջ մօրս հօրաքոյրն էր. մենք իրեն հօրքուր կը կանչէինք, թէեւ քաջ գիտէինք որ, հօրս քոյրը` Նոյեմին, շատ փոքր տարիքին համաճարակի մը զոհ գացած էր:
Ճերմակ մորթով, լուսինի պէս կլոր երեսով, կապոյտ աչքերով բարեհամբոյր կին մըն էր Վերժին հօրքուրը. դժբախտ արկածի մը պատճառով, գրեթէ անդամալոյծ վիճակի մատնուած էր, սակայն գոյատեւելու կամքը այնքան զօրաւոր էր իր մէջ, որ անկարելին կարելի ընելով` ինքզինք ոտքի հանած էր ու կը շարունակէր իր արուեստն ու արհեստը` դերձակութիւնը, թէեւ ձեռքն ու ոտքը թուլցած էին:
Ալինը քովս նստած` սուսիկ փուսիկ պուպրիկին մազերը կը սանտրէ: Յակոբ քեռայրը` Վերժին հօրքուրին ամուսինը, Ցեղասպանութենէն ազատած ու որբութեան դառն ճամբայէն անցած հայը, ցած աթոռին վրայ նստած` հեռատեսիլ կը դիտէ..
Ռոզեթը` Վերժին հօրքուրին մէկ հատիկը, ներսը ճաշի պատրաստութեան ետեւէն ինկած է: Ու ահա,Վերժին հօրքուրը, մէկ ոտքը քարշ տալով խոհանոցէն զօռովէն կը հասնի ու ինքզինք սէտիրին վրայ կը փռէ, կարծես ինքն իր վրայ խնդալով: Մայրս` ննջասենեակէն ձայնը բարձրացնելով.
– Քոյրի՛կ, ի՞նչ կ՛ընես, քեզի չըսի՞նք, չենք ուտեր:
– Է՜հ, անանկ բան չկայ. դուն մի՛ ուտեր, պզտիկները կ՛ուտեն, անդիէն Ալինը.
– Ի՞նչ պիտի ուտենք:
– Ինչ որ սիրտդ ուզէ:
– Շոքոլա:
– Է՛հ, ատիկա ճաշէն յետոյ, հիմա դուն պուպրիկիդ մազերը սանտրէ, Թամարն ալ թող գրէ:
Մայրս վրայ հասնելով` կը նկատէ հօրքուրին ջրոտած աչքերը:
– Ի՞նչ է , քոյրիկ, ցա՞ւ ունիս
– Եաւրում ցաւը միշտ կայ, բայց կը քաշենք կոր, միտքս բան մը եկաւ:
– Ի՞նչ…
– Մենք ալ գրել-կարդալ սորվեցանք. բայց` առանց մատիտի: Մեզի սիսեռի հատիկներ կու տային. մէյ մը սիսեռ, մէյ մը ոսպ, լուբիա… իշտէ կլոր մլոր բաներ: Գետինը կը նստէինք իրարու քով ու «այբ բեն գիմ»-ը գրել կու տային մեզի: Ի՜նչ ուշադրութեամբ կը շարէինք այդ հատիկները… բայց յետոյ ամէն հատիկները կը հաւաքէին, հատիկ չէին ձգեր մեր քովը: Ես ալ այդ հատիկները շատ սիրած էի… կ՛ուզէի, որ իմս ըլլան. ուրիշ բան չունէինք արդէն… ո՛չ պուպրիկ ո՛չ մատիտ… է՜հ, աշխարհ… :
– Պատմէ, քոյրի՛կ, ի՞նչ կ՛ընէիք:
– Կարապետ տէտէդ շատոնց չկար արդէն… անիկա Այնթապ մեր տունին տանիքը սպաննեցին: Ռահել նէնէդ ալ չէինք գիտեր, ո՞ւր է… Ես ու Ովսաննան էինք, ան ալ ինձմէ ա՛լ աւելի պզտիկ: Ես պզտի՜կ, ինք պզտիկ… Գիշերները կը վախնար, կու լար: Ես կու լայի, ինք կու լար: «Մամա» կ՛ըսէր կու լար: Կը փաթթուէինք իրարու ու քուն կը մտնէինք… ի՞նչ պիտի ընէինք, եաւրո՛ւմ. որբանոցի կեանք: Սիրանուշն ալ մեզի հետ էր… ան ալ` մեծերուն հետ:
– Քանի՞ տարեկան էիր:
– Չեմ յիշեր… պզտիկ էի, հինգ-վեց տարեկան ըլլալու էի,- ու կարծես մթնոլորտը թեթեւցնելու համար, դառնալով հատիկներու նիւթին, խնդալով.
– Օր մը որոշեցի, որ ինծի տրուած հատիկները պիտի չվերադարձնեմ, իմս պիտի ըլլան. քանի մը հատը պահեցի, բայց գիտցիր` ո՛ւր… ականջիս մէջ:
– Ամա՜, քոյրիկ, է՞…
– Մինչեւ առտու ականջիս ցաւէն չկրցայ քնանալ: Առտու տեսան, որ ականջներս ուռեր են. բժիշկ կանչեցին. կու լա՜մ, կու լա՜մ… պէտք էր տեղ մը տանէին ինծի, որ հանէին հատիկները:
– Հայրիկը ո՞ւր էր. (հայրիկը սիրելի մեծ հարս էր` Տիգրան տէտէն):
– Տիգրանն ալ որբանոց էր, ան Ժիպէյլ էր: Օր մը Տիգրանը Սիրանուշ քոյրիկը կարօտցեր է (Սիրանուշ քոյրիկը իր մեծ քոյրն էր), մեզ կարօտցեր է. լսեր էր, որ Ղազիր ենք, ելեր փախեր է Ժիպէյլի որբանոցէն, որ երթայ Սիրանուշ քոյրիկը տեսնէ. գրպաններն ալ չամիչ լեցուցեր էր: Սիրանուշը ցանկապատէն տեսած էր իրեն… վազած էր ներս, խոհանոցէն հաւկիթ մը առնելու` եկած ու իրեն տուած էր: Վերադարձին, հսկիչը տեսած է Տիգրանը… նախ խիստ բարկացած է վրան, սակայն ոտքերուն այնքան ուռած ու պատռտած վիճակը երբ տեսած է, մեղքցած է կ՛երեւի, չէ պատժած, ղրկած է ներս, որ դարմանուի: Ու պահ մը կը լռէ Վերժին հօրքուրը… ու յետոյ` «է՜հ, աշխարհ… Աստուած մարդուս ցոյց չտայ, ո՛չ որբանոց, ո՛չ որբութիւն»:
– Քոյրի՛կ, մինչեւ ե՞րբ մնացիք որբանոց:
– Չեմ յիշեր, միայն կը յիշեմ, որ օր մըն ալ քամիոնի մը մէջ լեցուցին մեզ ու տարին ուրիշ քաղաք մը… չէինք գիտեր` ո՛ւր: Թաղերէն պտտցուցին ու կեցան տեղ մը: Բազմութիւն մը մեր շուրջը հաւաքուեցաւ եւ հոն յանկարծ մեր մաման ելաւ մէջտեղ… Ռահէլ նէնէդ.ես երազի պէս կը յիշէի մամաս: Մէյ մըն ալ կին մը վազեց փաթթուեց մեզ… խեղդելու աստիճան փաթթուեցաւ: Իշտէ այդ քաղաքը Հալէպն էր…
Ու նկատելով Ալինին շշմած դէմքն ու յորդելու աստիճան ջրոտած աչքերը.
– Անօթեցա՞ք. ձեզի «կարծր պանիր» եւ վարդի անուշ բերեմ, մինչեւ որ նունիկը ըլլայ:
………………………………
Ու յանկարծ մօրս ձայնը կը սթափեցնէ զիս.
– Թամա՛ր, բոլոր հատիկները հաւաքեցի՞ր, Թամա՜ր…
– Ո՛չ, մամ… տակաւին կը հաւաքեմ…