Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Մահտեսեանի Մահուան Տխուր Առիթով

June 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-13-15_Boghos-MahdesianՄեծ ցաւով եւ խոր կսկիծով իմացանք մեր սիրելի Պօղոսին մահուան տխուր լուրը:

Կորուստը անբացատրելի է, իսկ ցաւը` անմխիթարելի: Մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ կիպրահայ համայնքի արժանաւոր զաւակներէն մին` հաւատաւոր ամուսին եւ ընտանիքի հայր, ինչպէս նաեւ` օրինակելի ՀԵՄ-ական մը, մեր ժողովուրդի կամաւոր զինուորը:

Պօղոսը պատանի հասակէն յաճախ ներկայ էր ակումբէն ներս: Կամաւոր զինուորի մը գործնական առաջին արտայայտութիւնը, իր մասնակցութիւնն էր ՀԵՄ-ի սկաուտական շարժման աշխատանքներուն: Այս առաքելութեան ծիրէն ներս, ան լայն փորձառութիւն ձեռք ձգելով, շատ արագ մագլցեցաւ խմբապետի աստիճանին եւ ապա` սկաուտապետի պաշտօնին: Այս  պաշտօնին զուհագեռ, ան որպէս երիտասարդ մարզիկ, 1953-1957 թուականներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ AYMA-ի Ֆութպոլի խումբին մէջ` սատարելով անոր յաջող արդիւնքներուն: Ան իր հմայիչ խաղարկութեամբ տպաւորեց բոլորը:

Պօղոսը որպէս աշխուժ միութենական` շատ մը պարտականութիւններ ստանձնեց: Մէկէ աւելի անգամներ եղաւ ՀԵՄ-ի (Հայ երիտասարդաց միութիւն) վարչութեան ատենապետ: Պատասխանատութեան բարձր գիտակցութեամբ ան կը նետուէր գործի դաշտ եւ կատարեալ յաջողութեամբ կ՛ամբողջացնէր իր ստանձնած պարտականութիւնը:

Ան սիրեց ու պաշտեց իր ակումբը, ոչ շատ ուշ` անցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը, կրկնապատկելով պատասխանատուութեան  եւ պարտականութեան ծաւալը, կազմակերպական եւ քաղաքական գործունէութիւն տանելով զանազան բնագաւառներէ ներս: Պօղոսը որպէս հաւատաւոր ազգային շատ մօտ կը զգար նաեւ եկեղեցիին: Ան իր բոլոր կարելիութիւնները կը տրամադրէր ծառայելու անոր`  վարելով զանազան պաշտօններ: Ան անդամակցած է Ազգային վարչութեան` զբաղեցնելով պատասխանատու դիրքեր: Որպէս ծառայութեան գիտակցութիւնը ըմբռնած անհատ` Պօղոս վարեց նաեւ Նարեկ վարժարանններու հոգաբարձութեան անդամի պաշտօնը` մեծ յաջողութեամբ:

Սիրելինե՛ր, խօսքս արժանաւոր, համեստ, հաւատաւոր ու պարկեշտ զինուորի մը նկարագիրին մասին է:

Պօղոսը այն սերունդի ներկայացուցիչներէն է, որոնք եկան մեր ակումբը հիմնող սերունդի բազուկներէն վերցնելու դրօշը`  զայն ծածանելու աւելի բարձր գագաթներու վրայ: Փոքր ու մեծ յաջողութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցան, ուր իւրաքանչիւր նուաճում ունէր իր դրօշի երանգը` ան կրնար ըլլալ միութեան դրօշը, շատ անգամներ եռագոյնը, իսկ բացառիկ պարագաներու` կուսակցութեան դրօշը` իր ազդեցիկ զինանշանով: Պօղոս երեք դրօշակներուն ալ ծառայած է` միշտ յաղթական դուրս գալով:

Այս դիտանկիւնէն մեկնած` կրկնակի արժեւորում կը ստանայ Պօղոսին դերակատարութիւնը նախ որպէս հանրային կեանքի մէջ խոնարհ ծառայ ու գաղափարապաշտ զինուոր եւ յետոյ` որպէս երէց եղբայր, յար ու նման այն վեթերաններուն, որոնք մեր սերունդին համար պիտի մնան յաւերժ ցոլացող լապտերներ:

Միութեան հանդէպ տածած սիրոյ եւ գուրգուրանքին համար Պօղոս կ՛արժանանայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «ծառայութեան շքանշան»-ին:

Սիրելի՛ ներկաներ, այս ծանրակշիռ պահուն մեր ներկայութիւնը եկեղեցիէն ներս, պարտականութիւն է հանգուցեալին հանդէպ յարգանքի տուրք մատուցելու, ինչպէս նաեւ` հետեւելու արարողութեան կարգին: Միեւնոյն ատեն, այս պահը փոխացման պահն մըն է` մէկ կեանքէն միւսը: Ամենակարեւորը եւ արժէք ներկայացնողը, սակայն, հանգուցեալին շնչած օրերուն իր ապրելակերպն էր, որ Պօղոս որպէս իր ընտանիքին եւ ժողովուրդին ծառան` ճիշդ ձեւով վարեց:

Քար լռութեան մէջ ծովը ցամաքին միացնողը ալիքներուն ձայնն է, ինչպէս այսօր այստեղ, քար լռութեան մէջ մեր յիշատակները իրարու կը միանան Պօղոսին հոգիին հետ: Սակայն իւրաքանչիւր փոթորիկէ ետք պայծառ արեւը կը յայտնուի հորիզոնին վրայ գունազարդ ծիածանով մը, որ կը պատկանի ապագան կերտող Պօղոսի զաւակներուն եւ թոռներուն:

Այսօր երկինքին վրայ աստղ մը կ՛աւելնայ, որ կը փայլի Պօղոսին կնոջ, հարազատներուն եւ սիրելիներուն համար:

Թերեւս Պօղոսին կողմէ իր թոռներուն ուղղութեամբ կարգ մը խոստումներ անկատար մնացին, բայց այսպէս է կեանքը, անգուշակելի ու երբեմն` անգութ ու անողոք: Վստահաբար երկիքին վրայ փայլող Պօղոսին աստղը, անձայն ու անշշուկ, զիրենք պիտի առաջնորդէ հաստատակամ ու ապահով` դառնալով անոնց կեանքի շարունակականութեան հովանաւորողը:

ՀՄԸՄ- ՀԵՄ-ի վարչութեան եւ անդամներուն անունով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:

Բարի՛ երթ, սիրելի՛ եղբայր,
Հողը թեթեւ գայ վրադ ….

ՅԱԿՈԲ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
(ՀՄԸՄ- ՀԵՄ-ի ատենապետ)

* Դամբանական` արտասանուած Պօղոս Մահտեսեանի յուղարկաւորութեան:

Նախորդը

Սերոբ Գալայճեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Իմաստաւոր Կեանքի Յորձանուտում

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

March 5, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան
Անդրադարձ

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.