«ՀՈՐԻԶՈՆ»
Լիբանանեան օրէնքը թմրամոլութիւնը կը դասէ միւս ոճիրներու կողքին` զայն սեպելով անարգ արարք մը, ընկերութեան խախտող եւ մարդը փճացնող երեւոյթ մը:
Ըստ Լիբանանի օրէնսդրութեան, պատժական օրէնքի թիւ 125, 126, 127 յօդուածները կը դատապարտեն թմրամոլութիւնը:
Լիբանանի ամբողջ տարածքին բացարձակապէս արգիլուած է թմրեցուցիչներու ցանքը, պատրաստութիւնը, ցրւումը, վաճառքն ու գործածութիւնը:
«Ան, որ ձեռք ձգէ, կամ գնէ թմրեցուցիչ կամ վտանգաւոր նիւթ` նոյնիսկ քիչ քանակով, մինչեւ 3 տարի բանտարկութեան կը դատապարտուի եւ 2 միլիոնէն մինչեւ 5 միլիոն լիբանանեան թղթոսկիի տուգանքի կ՛ենթարկուի, եթէ փաստուի մոլութիւնը, եւ ենթական չուզէ բուժուիլ: Կարելի է կրճատել պատիժը, եթէ 18 տարեկանէն վար է կամ առաջին անգամն է, եւ խօսք կու տայ չկրկնելու արարքը եւ բուժումի ենթարկուիլ: Եթէ պատահի, որ հրաժարի բուժումէ, վերատեսութեան կ՛ենթարկուի դատավարութիւնը, եւ կը սկսին այն կէտէն, ուր կանգ առած էին:
«Ան, որ թմրեցուցիչ արտադրէ, պատրաստէ, ծախէ, փոխադրէ, ցրուէ կամ ցրիօրէն տրամադրէ կամ փոխանակում կատարէ կ՛ենթարկուի ցկեանս բանտարկութեան եւ 25 միլիոնէն 100 միլիոն տուգանքի»:
«Իսկ եթէ պատահի, որ մէկը ցանէ այս տեսակ թմրեցուցիչներ, հողատէրը, վարձուորը եւ ցանողը նոյնքան պատասխանատու են եւ կ՛ենթարկուին պատիժներու:
Ընդհանուր առմամբ, թմրեցուցիչներու դէմ պայքար կը մղուի ամէն երկրէ ներս` ապահովական ուժերու հետապնդումով, սահմանապահներու գործակցութեամբ եւ մաքսատուներու մէջ կատարուած քննութիւններու միջոցով:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի օրէնսդրութեան, 16 մարտ 1998-ին լոյս տեսաւ օրէնք թիւ 673-ը, որ եկաւ իր 253 յօդուածներով դասաւորելու եւ բացատրելու ամէն ինչ, որ կը վերաբերի թմրեցուցիչներուն: Վերոյիշեալ օրէնքը թմրեցուցիչները կը դասակարգէ չորս տարբեր խումբերու մէջ` ըստ իրենց ներկայացուցած վտանգին զօրութեան մակարդակին համեմատ: Կը նշէ գիտական եւ առողջապահական նպատակներու համար օգտագործելի թմրեցուցիչները (յատուկ հրամանագիրներով) եւ, վերջապէս, հակառակ հին օրէնքներու ոգիին, ան թմրեցուցիչ գործածողը կը նկատէ հոգեկան հիւանդ եւ ոչ քրէական յանցագործ:
Պատիժները կը կիրարկուին` ըստ գործածուած թմրեցուցիչին:
Ա.- Առաջին ցանկը կը բովանդակէ այն բոյսերը, որոնք սաստիկ վտանգաւոր են եւ բժշկական որեւէ օգտակարութիւն չունին: Ըստ 673-րդ օրէնքի 13-րդ յօդուածին, բացարձակապէս արգիլուած է գործածութիւնը այն բոյսին կամ բոյսի հունտին կամ նիւթերուն, որոնք կը գտնուին այս ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ արգիլուած է այս նիւթերուն արտադրութիւնը, պատրաստութիւնը, փոփոխութեան ենթարկելը, գնելը, կրելը, յանձնելը, վաճառքը, փոխադրութիւնը, ներածումը, մէկ խօսքով` ամէն գործ, որ կը վերաբերի այս ցանկի նիւթերուն:
Բ.- Երկրորդ ցանկը կը բովանդակէ այն բոյսերը եւ նիւթերը, որոնք սաստիկ վտանգաւոր են, բայց եւ այնպէս, կարգ մը պարագաներու, կ՛օգտագործուին նաեւ առողջապահական նպատակներու համար:
Գ.- Երրորդ ցանկը կը բովանդակէ այն բոյսերը եւ նիւթերը, որոնք վտանգաւոր են, բայց որոնք եւս կ՛օգտագործուին առողջապահական նպատակներու համար:
Արգիլուած է արտադրութիւնը երկրորդ եւ երրորդ ցանկի նիւթերուն, ինչպէս նաեւ` պատրաստելը, փոփոխութեան ենթարկելը, վաճառքը, ներածումը, ճարտարարուեստի մարզէն ներս գործածութիւնը, բացի յատուկ պարագաներու եւ յատուկ հրամանագրի մը միջոցով արտօնուած նիւթերէն, որոնք կ՛օգտագործուին բժշկագիտական, տնտեսական եւ գիտական մարզերու մէջ: Երկրորդ եւ երրորդ ցանկերուն մէջ մտնող թմրեցուցիչները, որոնք դեղեր են, բժիշկներու թելադրանքով, դեղագրի հիման վրայ կը ծախուին դեղարաններու մէջ:
Ոեւէ դեղագործ կամ գիտաշխատանոցի տնօրէն, եթէ տայ այդ տեսակ դեղեր` առանց դեղագրի կամ զեղծարարութեամբ, պատիժներու կ՛ենթարկուի: Իսկ երբ ոստիկանութիւնը գրաւէ թմրեցուցիչներ, պէտք է անմիջապէս փճացնէ, իսկ այն տեսակները, որոնք դարմանումի կը ծառայեն, կը պահուին: Առողջապահական նախարարութեան արտօնութեամբ բժշկական եւ առողջապահական նպատակներով գործածուող թմրեցուցիչները կրնան շինել միայն դեղագործները, դեղի ընկերութիւնները եւ գիտական հաստատութիւնները:
Իսկ նոյն նպատակը հետապնդելով, թմրեցուցիչ կրնան ծախել միայն դեղարանները` վկայեալ դեղագործի մը հսկողութեամբ: Դեղագործը օրական պէտք է արձանագրէ ամէն մէկ թմրեցուցիչի օգտագործումը ու արտադրութիւնը: Դեղագործը այս տեսակ դեղերը կրնայ ծախել միայն դեղագիրով` ստուգելէ ետք յաճախորդի ինքնութիւնն ու դեղագիրին ճշգրտութիւնը:
Դ.- Չորրորդ ցանկը կը բովանդակէ բոլոր այն նիւթերը, որոնք կը գործածուին թմրեցուցիչներու եւ ուղեղային ներազդեցութիւն ունեցող դեղերու շինութեան համար:
Վերոյիշեալ 4 ցանկերը կրնան փոփոխութիւններու ենթարկուիլ` ըստ պարագաներու, առողջապահութեան նախարարի առաջարկին համաձայն:
Պատժական տնօրինումները հետեւաբար կը հիմնուին 2 չափանիշներու վրայ.
Ա.- Գործածուած թմրեցուցիչը ո՞ր ցանկին կը պատկանի:
Բ.- Գործածութեան ձեւը, այսինքն արդեօ՞ք անձնական գործածութիւն է, թէ՞ առուծախ, պատրաստութիւն, ցանք, մշակումը, փոխադրութիւն կամ կեղծ դեղագիրներու յանձնում:
Հոս պէտք է նշենք, որ ճշդելու համար, թէ թմրեցուցիչը կը ծառայէ անձնական գործածութեա՞ն, թէ՞ վաճառքի համար, օրէնքը եւ դատարանները կը հիմնուին թմրեցուցիչի քանակին վրայ. այսպէս, եթէ քանակը փոքր է, դատարանը կը սեպէ, որ թմրեցուցիչը կը ծառայէ անձնական գործածութեան, իսկ եթէ մեծ է, ան կ՛եզրակացնէ, որ կը ծառայէ վաճառքի եւ ըստ այնմ պատիժը կը նշանակուի:
Այս իմաստով, ամէն ինչ, որ կը նկատուի անձնական գործածութեան ծիրէն դուրս կ՛ընդունուի ոճիր, եւ ինչ որ անձնական գործածութիւն է, կը նկատուի քրէական յանցանք:
Այսպէս, ցուցակ 1-ի եւ ցուցակ 2-ի մէջ ընդգրկուած թմրեցուցիչներու հետ կապուած որեւէ արարքի համար բացի անհատական գործածութենէ, կը սահմանուի 25 միլիոնէն 100 միլիոն լ. ո. տուգանք եւ ցկեանս տաժանակիր աշխատանք:
Վերոյիշեալ յանցանքներուն վրայ կ՛աւելնան մեղսակցութեան հետեւեալ պարագաները, որոնք կը ստանան նոյն պատիժները.
– Ան, որ կը դիւրացնէ գործածութիւնը թմրեցուցչիներու, որոնք ներառուած են ցուցակ 1-ի եւ 2-ի մէջ:
– Ան, որ տեղ կը տրամադրէ (պանդոկ, կահաւորուած տուն, գինետուն/bar, ճաշարան, ակումբ, գիշերային զբօսավայրեր եւ ոեւէ հանրային տեղ):
– Ան, որ ուրիշներու ուտելիքին եւ խմիչքին մէջ կ՛աւելցնէ ցուցակ 1 եւ 2-ով սահմանուած թմրեցուցիչ:
– Բոլոր այն բիժշկները, դեղագործները, տարրալուծարանները եւ դեղարանները, որոնք կը տրամադրեն կեղծ դեղագիր:
Անհատական գործածութեան պարագային, նոյն ցուցակներով (1 եւ 2) յանցաւորները կը դատապարտուին 3 ամիսէն 3 տարի արգելափակման եւ 2 միլիոնէն 5 միլիոն լ. ո. տուգանքի:
Ինչ կը վերաբերի ցուցակ 3-ին, բացի անհատական գործածութեան պարագաներէ, յանցաւորը կը կրէ առաւելագոյնը 5 տարուան արգելափակման պատիժ եւ 5 միլիոնէն 10 միլիոն լ. ո. տուգանք:
Նոյն պատիժները կը կրեն անուղղակի մեղսակիցները:
Անհատական գործածութեան պարագային, յանցաւորները կը ստանան 2 ամիսէն 2 տարի տեւողութեամբ պատիժներ, առաւել` 1 միլիոնէն 3 միլիոն լ. ո. տուգանք:
Իսկ ցուցակ 4-ի պարագային, այսինքն` բոլոր այն քիմիական նիւթերը, որոնք կը պատճառեն ուղեղային անզգայութիւն, այս պարագային տարբերութիւն չի դրուիր անհատական գործածութեան եւ այլ յանցանքներու ու մեղսակցութեան յանցանքներուն միջեւ: Պատիժներն են ցկեանս տաժանակիր աշխատանք, առաւել` 25-100 միլիոն լ. ո. տուգանք:
Հոս հարկ է նշել, որ դատարանները իրենց ճշդած զանազան պատիժներուն կողքին, կու գան պարտադրելու թմրեցուցիչ գործածող անհատին` հետեւելու մոլութեան դէմ դարմանումի մը:
Այսպէս, օրէնքը իր թիւ 182 յօդուածին մէջ կը ճշդէ բուժման ընթացքը, որ կ՛ընթանայ երեք տարբեր հանգրուաններով.
1) Թոյներէ ձերբազատում,
2) Մոլութենէն եւ կախուածութենէն ձերբազատում,
3) Անհատի վերադարձը դէպի բնականոն կեանք:
Օրէնքը կ՛արտօնէ, որ բոլոր այն անձերը, որոնք ինքնակամ կը ներկայանան պետութեան` առաջարկելով բուժման հետեւիլ, ի վերջոյ կը ստանան իրենց վկայագիրը իբրեւ դարմանուած անձ:
Այն պարագային, որ ինքնակամ դարմանումը կ՛ընդհատուի, ենթական չի ստանար պէտք եղած վկայագիրը, եւ այսպէս ենթակայ կը դառնայ պատժական օրէնքներու տրամադրութիւններուն:
Անչափահասներու պարագային, ծնողը կամ խնամակալը կրնայ դիմել յատուկ պետական յանձնախումբին, որպէսզի ստանձնէ անչափահասին դարմանումը:
Դատավարութեան ընթացքին օրէնքը վերջին առիթ մը կ՛ընծայէ դատապարտեալին, որ բուժման ենթարկուի:
Ուրեմն, այս բոլոր նախանշեալ տուեալներէն կրնանք եզրակացնել, որ թմերցուցիչներու վերաբերեալ լիբանանեան օրէնքը բաւական լաւ ու արդիական օրէնք մըն է, բայց պէտք է անդրադառնանք, որ օրէնքին ուժը չի կայանար միայն անոր յօդուածներուն ու տնօրինումներուն լաւ կամ ոչ լաւ ըլլալուն մէջ, այլ կը կայանայ նաեւ այդ յօդուածներուն ճիշդ գործադրութեան մէջ:
Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ թմրեցուցիչներու օրէնքը, ինչպէս նաեւ` ուրիշ օրէնքներ, պէտք եղած ձեւով չեն գործադրուիր, նկատի ունենալով, որ հոս չի կիրարկուիր իշխանութիւններու անջատման սկզբունքը եւ, այսպէս, շատ մը բարեխօսութիւններ ու միջամտութիւններ տեղի կ՛ունենան քաղաքական կամ նիւթական ուժ ունեցող մարդոց կողմէ` արգելք հանդիսանալով օրէնքի ճիշդ գործադրութեան:
Հետեւաբար պէտք է որ բոլորս ոչ մէկ ճիգ խնայենք պայքարելու համար թմրեցուցիչներու, ինչպէս նաեւ բարեխօսութիւններու եւ միջամտումներու ախտին դէմ, որոնք միասնաբար կու գան փճացնելու մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդները:
Կը մնայ հարցում մը, որ կը յուզէ միտքերը: Արդեօք պէ՞տք է թմրամոլը ոճրագործ սեպել, եթէ միայն գործածող է:
Լիբանանի օրէնքը խիստ է թմրամոլութեան երեւոյթին նկատմամբ, դժբախտաբար թմրամոլը չափով մը ոճրագործ մը կը սեպուի:
Թմրամոլը եւ թմրեցուցիչ վաճառողը պէտք չէ դասել նոյն մակարդակի վրայ:
Թմրեցուցիչի առեւտուրով զբաղողը զուտ շահի նպատակով կը գործէ` անմեղ զոհեր գտնելով, որոնք մոլութեան անդունդին մէջ մխրճուած են եւ ելք չունին:
Իսկ թմրամոլը հիւանդ մըն է, մոլութեան զոհ եւ թմերցուցիչի գերին դարձած անձ մը, որուն կը պակասին կամքն ու դիմադրելու ուժը:
Արդեօք ան արթո՞ւն է, թէ՞ մտամոլոր, ազա՞տ է թէ՞ կաշկանդուած` հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս:
Բանտարկութեան պատիժը լուծում չէ զայն թմրամոլութենէն փրկելու, ընդհակառակը` թմրամոլը բանտարկուելով` բանտի մթնոլորտի մէջ աւելի պիտի մոլորի եւ նոր յոռի «ձիրքերով» պիտի վերադառնայ ընկերութիւն: Բանտարկութեամբ սպառնալը զայն ետ պիտի չպահէ մոլութենէ:
Թմրամոլը մասնագիտական օգնութեան եւ խնամքի կը կարօտի վերառողջացման կեդրոնի մը մէջ, ուր հոգեբաններ, հոգեբուժներ եւ ընկերային ծառայողներ կը դարմանեն զայն` վերադառնալու բնական կեանքի եւ ընկերային շրջանակի, հեռու թմրեցուցիչներէն: