ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան, երկրին նախագահը պէտք է ըլլայ բոլոր կողմերէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ եւ մասնակից չդառնայ «մէկ ուրիշին» ընտրապայքարին, սակայն Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քորանը ձեռքին երկրին բոլոր կողմերը շրջելով ընտրական քարոզչութիւն կատարեց ի նպաստ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ իր քննադատութիւններուն առիւծի բաժինը վերապահեց Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան:
Ատիկա արտառոց երեւոյթ մըն էր, սակայն ոչ զարմանալի, որովհետեւ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները Էրտողանի համար քաղաքականի կողքին նաեւ գոյութենական բնոյթի էին: Այդ ընտրութիւնները կոչուած էին ճշդելու, թէ ան սուլթան պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ իր նախորդներուն նման արարողակարգային դերակատարութիւն ունեցող նախագահ: Ան իր խառնուածքին ոչ յարիր խեղճուկ վիճակի մէջ չյայտնուելու համար` պայքարեցաւ խորհրդարանին մէջ ապահովելու համար 400 աթոռ եւ այդ նպատակի իրագործման համար կարիք ունէր երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ իր անմիջական մրցակիցը` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պարտութեան մատնելու:
Էրտողան այդ նպատակը իրագործելու համար Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ քուէարկութեան կեդրոններ հաստատել մերժեց եւ այդպիսով այդտեղ գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացի 150 հազար քիւրտերը զրկեց քուէարկելու իրաւունքէն: Քրտամէտ կուսակցութեան ընտրական կեդրոններուն եւ հաւաքներուն դէմ տեղի ունեցան աւելի քան 50 յարձակումներ, որոնց նպատակը վախի մթնոլորտ ստեղծելով քուէարկողներուն վրայ ճնշում բանեցնելն էր: Նշեալ կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ նշեց, որ այդ յարձակումները կը կրեն մատնահետքերը ՏԱՀԵՇ-ի եւ զգուշացուց, որ կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն Թուրքիոյ մէջ յառաջացնել քաղաքացիական պատերազմ: Այլ խօսքով` ան յարձակումներուն համար անուղղակի կերպով կ՛ամբաստանէ թրքական իշխանութիւնները, որոնց աջակցութիւնը կը վայելէ ահաբեկչական նշեալ խմբաւորումը:
Հակառակ Էրտողանի բոլոր ջանքերուն` քրտամէտ կուսակցութիւնը ստացաւ 5,8 միլիոն քուէ, ինչ որ 3 միլիոնով աւելի էր 2011-ի խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին քիւրտ անկախ թեկնածուներուն ստացած քուէներէն:
Էրտողան ձախողեցաւ: Տաւութօղլուի կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը` «Այս գիշեր ժողովրդավարութեան տօնը կը նշենք», ոչինչով կը սփոփեն սուլթանութեան երազը կորսնցուցած նախագահը, որ վստահաբար իր զայրոյթը պիտի թափէ Տաւութօղլուի գլխուն եւ արձանագրուած ձախողութիւնը վերագրէ անոր, երբ իսկական պատճառը Էրտողանի իշխանամոլութեան ու փառամոլութեան խիստ բացայայտ եւ սանձարձակ դառնալն է: