Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտի Նամակ Սնապեանական Տեսակի. (Պարոնին Բացակայութեան Առիթով)

Յունիս 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

1404393651,1023

Երբ քանի մը միտք կը փոխանակէի Սնապեանական աշխարհին, անոր զօրեղ գրիչին, անկրկնելի վաստակին ու խստաբարոյ գրական հայեացքներուն քաջածանօթ Նորա Բարսեղեանին հետ` մեր Պարոնին կարօտը վերապրելու եւ զայն սեւով ճերմակին յանձնելու մասին, անոր անմիջական եւ շեշտակի պատասխանն էր. «Եթէ նորութիւն ունիս, գրէ՛»:

Ի դէպ, ակնարկուածը կը վերաբերի այն հասկացողութեան, թէ` ըսելիքի պակասէ չենք տառապիր, որքան նոր միտք ու յղացք աւելցնելու, տարբեր շունչ ու ոգի մատակարարելու եւ հինին վրայ աւելի գեղեցիկը աշտարակելու:

Յայտնապէս տեղին եւ ազդու մատնանշում մըն էր վերոնշեալ խօսքը, այն առումով, որ ինչպէս ինք` ըսողը, նաեւ բոլորս գիտէինք, այլեւ` սորված եւ իւրացուցած էինք անսեթեւեթ այն իրողութիւնը, թէ այնքան ատեն որ գործ ունիս Պօղոս Սնապեանի հետ եւ կամ ըսելիք անոր մասին, հարկ է, գերազանց զգուշութիւն ցուցաբերել եւ յարգել պարոնին գրական ու գեղագիտական ուսմունքն ու, այսպէս ասած, արժէքային համակարգը, որով ապրեցաւ ան եւ ապրեցուց շրջապատ մը ամբողջ, տասնամեակներ շարունակ յամառօրէն եւ առանց դոյզն ընկրկումի:   

Իսկ ինչ էր Պարոնին սրբադասած սկզբունքը, պարզ ու մեկին. եթէ երբեք ոեւէ անհատ գրող կիրք ու ներքին կրակ չունի, նորարար ըսելիք կը պակսի անոր, ապա աւելի լաւ է չգրել, լուռ մնալ, չխծբծել ու մրոտել սպիտակ էջը, եւ յանձնուիլ ընթերցանութեան խորունկ վայելքին:

Խոստովանիլ է պէտք, որ ինչպէս իր ողջուցը, նոյնքան եւ աւելի իր բացակայութեան ատեն, այնքան դժուար եւ պատասխանատու արարք է խօսիլ ու գրել մեր Պարոնին մասին, թէկուզ յիշատակի, կարօտի եւ յուզախառն աշխարհի տրոփներ պարփակէ գրութիւնը:

Այդուամենայնիւ, մեր եզակի ուսուցիչին հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու խանդը, յարգանքն ու ակնածանքը մեզ` բոլորս կը մղէ ըլլալու աւելի ինքնավստահ, վճռական, խիզախ եւ յանդգնութեամբ պարուրուած, եւ առհասարակ յանձնուելու յիշատակներու քուրային, ուր տակաւին թարմ են մեր Պարոնին պատումները, յորդորներն ու թելադրանքերը, եւ անոնք կը տողանցեն անարգելաբար իւրաքանչիւրիս կեանքի ճանապարհին:

Արդ, հազուադէպ չէին մեր Պարոնին հետ մտերմիկ խօսակցութեան պահերը: Ան շատ անգամ կ՛անդրադառնար ժամանակի արագասոյր ընթացքին, հոգեմտային եւ ֆիզիքական մեր կարողութիւնները գերլարուած պահելու հրամայականէն թելադրուած` մեր ուշադրութեան կը յանձնէր երկու հիմնական արժէք` անյագ ընթերցելու եւ յարատեւ գրելու սնապեանական մեթոտաբանութիւնը, որուն կառչած մնաց մինչեւ վերջ:

Փաստօրէն, ան ջերմ հաւատացողն էր իրաւ գրողի ներքին կրակին ու անհանդարտ էութեան կարեւորութեան` իբրեւ ստեղագործ ուժի ամէնէն վաւերական յատկութիւններ: Մատնանշուածին լաւագոյն ապացոյցն էր իր նախաձեռնութեան ոգին` պատրաստելու, խմբագրելու եւ լոյսին բերելու «Ազդակ» գրականի եւ արուեստի յաւելուածները, որոնք լոյս կը տեսնէին գրեթէ ամսական դրութեամբ:

Շատ անգամ մեր այն հարցումին, թէ` «Պարոն ուրկէ՞ կը հաւաքես գրական ու գեղարուեստական այնպիսի այլազան նիւթեր եւ ստեղծագործութիւններ: Ան ժպիտը դէմքին ու վեհանիստ ձայնով մը կ՛ըսէր. «Այնքան ատեն որ թերթ մը ունի հետապնդելիք հարց, ձգտում եւ մտահոգութիւն, նիւթերը չեն պակսիր անոր»:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ մինչ ան կը պատասխանէր մեր հարցումին, արդէն անոր մտքին մէջ կ՛երեւեփէին այլ թեմաներու մասին պրպտումներ ընելու գրգիռներ:

Իսկ այդ հետապնդուած բազմերանգ հարցերուն խտացուած եւ գրական իւրայատուկ ոճով մատուցուած ամէնէն վաւերական օրինակներն էին առաջնորդող գրութիւնները` «Յուշագիր»-ներու շարքը, որոնք գիրքի մը ծածկին տակ արդէն հայ ընթերցողի գրասեղանին յանձնուած են վերջերս:

Օրին, երբ արդէն պատրաստած ըլլար տուեալ նիւթի մը մասին իր գրած «Յուշագիր»-ը, զարմանալի մղումով մը կ՛ուզէր ընթերցել իր մօտիկներուն ու հարազատներուն, նախքան անոր հրատարակուիլը, եւ կը փափաքէր այսպէս ասած լսել մեր համեստ գնահատականը, հակառակ անոր որ Սնապեանական տեսակին համար անդրդուելի եւ միանշանակ ճիշդ էին հոն արձանագրուած միտքերն ու յոյզերը, ան հաւանաբար, իւրայատուկ զգացողութեամբ մը կ՛ուզէր ունկնդիրը բաժնեկից դարձնել իր խոհերուն:

Սիրելի՛ Պարոն,

Կեանքի ու ժամանակի թաւալքին առընթեր արդէն համոզուած ենք բացակայութեանդ խորհուրդին, սակայն տակաւին մեր հոգիները ազդարարող պահերու եւ առանձնութեան ընթացքին կը փորձենք ըլլալ հետդ, զրուցել ու փոխադարձ միտքեր արտայայտել, նկատողութիւններ լսել, բայց մանաւանդ առկայ մտահոգութիւններու մասին բազում տեսակէտներդ  լոյսին բերել` որպէս ապաւէն գալիքի եւ ամուր յենարան համոզումի:

Ճիշդ է, որ ներկայութեանդ չէինք իսկ համարձակեր խօսիլ կեանքէ հեռանալու խորհուրդին, կարօտախառն զգացումի եւ կորուստի ահաւոր ճնշուածութեան պատճառած դառնութեան մասին, որովհետեւ նման անձնական զգացողութիւններ ոչ մէկ նշանակութիւն ունէին սնապեանական տեսակին համար, ընդհակառակը, քեզ էապէս հետաքրքրողը կեանքն էր` իրական, ապրուած եւ ամէնօրեայ, այլ ասած` մարդկային կեանքի որակի ու կշիռի, իմաստաւորուած  ամբողջութեան  հասկացողութիւնն էր, իր բազում գեղեցկութիւններով եւ դառնաշունչ ելեւէջներով:

Սակայն այսօր, երբ ամբողջ տարի է մը ի վեր զրկուած ենք «Գրական յաւելուած»-ի առթած գեղարուեստական փայլքէն եւ շունչէն, ի՞նչն է որ մեզ կ՛ամոքէ, եթէ ոչ այն կարօտի զգացողութիւնը, որով մենք մեզ կը մխիթարենք, գեղեցիկ յիշատակներու պատրանքը կը սնուցանենք, մեր մօտ ըլլալու երազանքը կը փայփայենք:

Միւս կողմէ, մեր կարօտի զգացողութիւնը թեթեւցնելու բալասան են նաեւ գիրքերուդ եւ մտածումի աշխարհիդ վերադառնալու ինքնեկ մղումը, որոնց ներկայութեան կրկին անգամ մեր մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի բարի դէմքդ, մտաւորականի կիրքդ, «ո՛չ» կարենալ ըսելու   յեղափոխականի կազմաւորումդ, եւ անպայման լեռնցիի յատուկ ընկերասէրի ոգեկանութիւնդ:

Վստահ ենք, այլեւ համոզուած, որ եթէ երբեք չունենայիր մարդասէրի նման արժանիք եւ խոհական տրամադրութիւն, հազիւ թէ կարենայինք յագեցնել մեր կարօտի զգացողութիւնը:

Կը բաւէ ներմուծուիլ Սնապեանական երեւոյթի յատկութիւններու հետ, եւ խորապէս թափանցել անոր ժառանգ թողած գրական հսկայ եւ հնչեղ, այլեւ պատկառելի վաստակին մէջ, եւ արդէն դուն քեզի հարց կու տաս, թէ արդեօք նման գրականագիտական աշխարհի մը մէջ, կրնա՞յ ըլլալ, որ նորարար ըսելիք չունենաս, երբ արդէն մատուցուածը ոչ միայն անժամանցելի գրական վաստակ է, այլեւ` ամէն օր շնչող, ապրող, վերանորոգուող եւ դէպի գրականութեան յաւերժութիւնը սաւառնող մտքի ու պաշարի գոհարներ:

Սիրելի՛ Պարոն,

Դասական ու հնաբոյր խօսքերէն հեռու կ՛ըսենք, թէ երբ մեր յուզաշխարհին մէջ սերմանեցիր Շուշանեանական սիրոյ պոռթկումներ, Սեւակեան կարօտի ապրումներ եւ Օշականեան մտքի հզօր ալիքներ, ապա այդ կարօտի զգացողութիւնը պիտի շարունակէ գրգիռներ յառաջացնել իւրաքանչիւրիս մէջ, որպէսզի ըլլանք հետդ, մօտդ եւ յիշենք քեզ ամէն վայրկեան, վեհափառ վաստակիդ ամէնօրեայ անկոչ հիւրն ու սիրահարը ըլլալու յաւակնութեամբ:

Կրկին տեսնուելու կարօտով պարուրուած`

Բարի ճանապարհ:

 

 

Նախորդը

Ուշ Բայց Ոչ Ուշացած Նամակ Պօղոս Սնապեանին

Յաջորդը

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Գործադիր Տնօրէնը Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In