Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Կենսոլորտի Պահպանման Ծրագիրները

June 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

dfc-group-pic«Տիզայն ֆոր չեյնճ» շարժումը ծնունդ առած է Հնդկաստանի մէջ 2009-ին այն առաջադրանքով, որ փոքրիկներ եթէ փափաքին կրնան մեծ փոփոխութիւններ ընել իրենց շրջապատին մէջ:

Այդ փոփոխութիւնները կարենալ յաջողցնելու համար անոնք պէտք է տեսնեն, երեւակայեն, իրագործեն ու տարածեն իրենց կատարելիք նորութիւնը:

Սոյն շարժումը նաեւ սկսաւ Լիբանանի մէջ յունուար 2015-ին, անոր մասնակցեցան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն երեք խումբեր:

Առաջին խումբին աշակերտները`  Շաղիկ Պէրպէրեան, Սարգիս Վարդանեան եւ Միրնա Շէրպէթճեան տարուան ընթացքին հաւաքեցին թուղթ եւ կերպընկալ, ապա ծախեցին հաւաքուածը «Arcenciel» հաստատութեան եւ վերամշակման համար գոյացած գումարով օգնեցին հալէպահայ ընտանիք մը: Անոնք իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն եւ այլ ընտանիքներու նկատմամբ օգնութիւն ցուցաբերեն:

Երկրորդ խումբի աշակերտները` Սեւադա Անտոնեան, Արազ Քէօֆթէեան, Արազ Փամպուքեան, Ալեքս Շաննաքեան եւ Զաւէն Գապաքեան նորոգեցին վարժարանիս աղբամանները` ներկելով ու զարդարելով գեղեցիկ ծաղիկներ դպրոցին մէջ:

Վերջապէս` Սպիտակ Տէմիրճեան պատրաստեց արեւու ուժով ջուր տաքցնելու սարք մը, որ զետեղեց վարժարանիս գրասենեակին տանիքը:

Այս խումբերը իրենց աշխատանքը ներկայացուցին այլ վարժարաններու խումբերու կողքին Պէյրութի «Արթ սենթըր»-ին մէջ, շաբաթ, 6 յունիս, 2015ին:

Սոյն մրցանքին առաջնութիւնը շահեցաւ մեր վարժարանի աշակերտներէն` Սպիտակ Տէմիրճեան, որ իր ուսուցիչին` Ծաղիկ Հապէշեանին հետ իր աշխատանքը պիտի ներկայացնէ համաշխարհային «Տիզայն ֆոր չեյնճ»-ի փառատօնին, սեպտեմբեր 2015-ին, Մեքսիքայի մէջ:

Կը գնահատենք մեր աշակերտները եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն:

Նախորդը

Սիսեռի Հատիկներ… – Մեծ Եղեռնի Որբերէն` Սիրելի Վերժին Հօրքուրի Յիշատակին

Յաջորդը

Խենթանոց

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.