ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Այո՛, ուշ, բայց` ոչ ուշացած. հերոսները ուշ կու գան, բայց ուշացած չեն ըլլար: Նոյնպէս, կան մարդիկ, որոնց հետ զրուցելը որքան ալ ուշ ըլլայ, ուշացած չ՛ըլլար, որովհետեւ, անոնք մեր շուրջ գտնուող էակներ են` իրենց մշակութային անհրաժեշտ ներկայութեամբ. այս պարագային ալ գրականագէտ-մտաւորական Պօղոս Սնապեանը:
Մահէդ շուրջ երկու ամիս առաջ խոստացած էի ձեզի նամակ գրել. ըսիք` «Գրէ՛, կը կարդամ»: Բայց դժբախտաբար բանաւոր պատճառներով չկրցայ հասցնել: Այդ «բանաւոր»-ներէն մէկը կ՛ենթադրեմ իմ ծուլութիւնս պէտք էր ըլլար. փաստօրէն ուշ էր, բայց ուշացած…
Այս նամակը կը գրեմ «Շան քարոզներ…»- ուն առիթով: Նախ ստուգեցի, թէ այս շունը սովորական-հասարակ շո՞ւն էր: Առաջին յօդուածին ընթերցումէն ի յայտ եկաւ, թէ անիկա «Ես այդ շունն եմ»-ի նման շուն մըն էր: Հատորը յօդուածներով ներկայացուիլը գիրքին ընթերցողը աւելի դիւրամատչելի դարձուցած է:
Համայնավարութիւնը հայ ժողովուրդը պառակտելէ առաջ (դաշնակցական եւ հակադաշնակցական հոսանքներու) «գիրերու համակարգով» մը փորձեց մէկ ազգի գրականութիւնը երկփեղկել` ուղղագրութեան աղաւաղումով. պէտք է ընդունիլ, թէ որոշ չափով յաջողեցաւ:
Այժմ կը փորձուի ուղղագրութեան խնդիրը սրբագրել: Գիտէք արդէն` հիմնական երկու առաջարկ կայ.
1) Գտնել ուղղագրական միասնական տարազ մը,
2) Վերականգնել մեսրոպեան ուղղագրութիւնը:
Վստահ եմ` դուք երկրորդը կը նախընտրէք. ե՛ս ալ: Սակայն ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի ճշգրիտ ուղղագրութիւնը, մինչ հայրենի մեր ժողովուրդը 70 տարիէ ի վեր կը շարունակէ գրել մէկ հրահանգով գործադրուած աբեղեանական կամ պոլշեւիկեան ուղղագրութեամբ, եւ որ արդէն իսկ ամրապնդուած է իր լեզուամտածողութեան մէջ: Մանաւանդ, անկախ հայրենիքին մէջ տակաւին շատեր, յաճախ նոյնիսկ ակադեմական մարդիկ, ուղղագրական այդ տականքը «բարեփոխուած ուղղագրութիւն» կը նկատեն:
Հետեւաբար դժուար լուծելի խնդիր է, բայց` ոչ անկարելի: Այս պարագային, մեսրոպեան ուղղագրութիւնը մէկ հրահանգով կարելի չէ գործադրել: Այսուհանդերձ, յարատեւ կամքով անպայման կ՛ուղղուի պատմական սխալը: Սակայն, հայ գրականութեան դէմ գործուած այս անարգանքի մուրը որո՞նք պիտի ձեռնարկեն մաքրագործելու. ձեր նախասիրած ոճով` «Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ Առնակա՛ն այս Գործին»:
Քերականական հարց մըն ալ կայ նաեւ, ուր ձեր տեսակէտը կրկին անհրաժեշտ է: Արեւմտահայերէնի մէջ բայական խոնարհումի հաստատական եղանակին համար «կը գրեմ, կը խօսիմ» ձեւով կ՛ըլլայ. իսկ շարունակականի պարագային նոյնպէս կ՛ըսենք «կը գրեմ, կը խօսիմ»: Միւս կողմէ, արեւելահայերէնի մէջ «գրում եմ, խօսում եմ» կերպով թէ՛ հաստատական եւ թէ՛ շարունակական առումներով, ինչ որ աւելի շոհական է ու գործնական: Արեւմտահայերէնի մէջ խօսակցութեան ընթացքին շարունակականի համար կ՛ըսենք` «կը գրեմ կոր, կը խօսիմ կոր»: Այնպէս կ՛երեւի, որ խնդիրը բարւոքելու քերականական լուծում չկայ. սակայն կրնանք որդեգրել «կոր»-ը, կամ` փոխ առնել արեւելահայերէնի շարունակականի տարբերակը: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին:
Արեւմտահայերէնի քերականական ուրիշ խնդիր մըն ալ կայ: Կարգ մը միավանկ բառերու անկանոն հոլովումի պարագան է. օրինակ «տուն, շուն», բառերը սեռական-տրականի հոլովելու ատեն ճիշդ ձեւը «տան, շան» է: Սակայն, ժողովուրդը կ՛ըսէ` «տունի, շունի»: Հիմա, քերականութեան օրէ՞նքը պէտք է պարտադրել ժողովուրդին, ուր հակակշիռ բանեցնելը շատ դժուար պիտի ըլլայ, թէ՞ ժողովուրդին գործածած կերպը ընդունիլ: Ես կ՛առաջարկեմ ժողովուրդին հետեւիլ. հոս ալ անշուշտ ձեր տեսակէտը անհրաժեշտ է…
Շատ կարեւոր հարցում մըն ալ ունիմ. արդեօք ճի՞շդ է, որ հայ բանաստեղծութեան հսկաներէն Պարոյր Սեւակը առիթով մը բանագողութիւն կատարած է. շշուկներ կան այս մասին. եթէ իր հիմնական երկերէն դուրս բան մըն է` պարզապէս պատահական քերթուած մը, թերեւս կարելի է ձեւով մը ընդունիլ. այլապէս թող պապանձուին նման անպատասխանատու լուրեր տարածողներուն լեզուները:
Դառնանք աշխատութեանդ նիւթին: Կ՛արժէ՞ր միթէ այդքան շատ տեղ տրամադրել ձեր բնորոշումով պատեհապաշտ, մատնիչ եւ դաւաճան Հրաչեայ Քոչարին. եթէ յաւելեալ պարզաբանելու համար էր, շա՛տ լաւ: Անդին, սակայն, կը կարծեմ Շիրվանզադէն մատնիչ կամ դաւաճան չէր եղած, բայց թէ պատեհապաշտ` անպայման:
Ամբողջ գրականութիւնդ արդարօրէն անխոնջ-անխնայ պայքար էր եղած ո՛չ միայն համայնավար գրականութեան տականքին, այլեւ` նոյնինքն պոլշեւիզմին դէմ: Այս հատորն ալ այդպէս է. բայց արդէն իսկ հատորիկին նիւթը «պոլշեւիկեան գրականութեան» մասին է, հետեւաբար` ընդունելի: Ձեր ոճը Յակոբ Օշականինէն աւելի բարդ է, բայց ոչ` Յարութիւն Քիւրքճեանի ոճին նման հանգուցելի եւ յաճախ նոյնիսկ մանուածապատ:
Չեկիստա-համայնավարական վարչակարգի հրէշները «Երկրորդ սպանդը» – ձեր մէկ երկին նիւթով գործադրեցին: Առաջինը` թուրք ճիւաղներուն կատարածն էր: Երկրորդը իր գազանութեամբ եւ հայ մշակոյթը կործանելու փորձով առաջինէն նուազ չէր: Առաջինէն պէտք է առնուազն յիշել` Դանիէլ Վարուժանը, Գրիգոր Զօհրապը, Սիամանթոն, Ռուբէն Սեւակը, Ռուբէն Զարդարեանը, Գարեգին Խաժակը եւ անզուգական Կոմիտասը: Իսկ երկրորդէն` Եղիշէ Չարենցը, Գուրգէն Մահարին, Զապէլ Եսայեանը, Ակսէլ Բակունցը եւ ուրիշներ, որոնք պոլշեւիկեան զնտաններուն մէջ բռնաբարօրէն հիւծեցան:
Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն, Եղիշէ Չարենցը ինչե՜ր ունէինք տակաւին արարելիք, երբ անոնք երիտասարդ տարիքին ճիւաղային միջոցներով նահատակուեցան` ամենավատ ածականներով հրէշներուն կողմէ:
Կարելի՞ է ներել երկու սպանդներու հեղինակներուն. մարդկայնական, ազգաբանական եւ մշակութային ցեղասպանական-հրէշութիւնը ո՞ր բանական միտքը կրնայ ներել. բնական մարդը չի՛ կրնար ներել. անասնական աշխարհին մէջ չկայ այսպէս բան:
Աներկբայօրէն պէտք է հաստատել, որ`
- Միսաք Մեծարենցը հայ գրականութեան «Երեկոյեան հեշտագին բուրմունքը» երգեց եւ «Ուղեւորին ժամանումը» սպասեց,
- Սիամանթոն` «Գիւտին փառքը» գովաբանեց, ապա,
- Հզօր երեւակայութան տէր Դանիէլ Վարուժանը «Ցորեանները ծովու ալիքներուն նման ալեկոծեց» եւ «Վարդահեղեղ արշալոյսը» մարգարէացաւ, իսկ
- Եղիշէ Չարենցը «Հայաստանի արեւահամ բառը սիրեց», ու մինչեւ
- Անզուգական Յակոբ Օշականը` հայ գրականութիւնը քննադատեց, յետոյ նաեւ, միջազգային գրականութեան մէջ աննախընթաց, ի՛ր գրականութիւնը,
- Պարոյր Սեւակը «Անլռելի զանգակատան» կոչնակը հնչեցուց եւ մտաբերեց «Դարակէսի հիմնը», ու մինչեւ, մինչեւ
- Պօղոս Սնապեանը հայ գրականութեան ողնայարը դարձաւ:
Ասիկա ներբող չէ, այլ` հայ գրականութեան մասին իմ սիրողական տեսակէտը: Անոնք հայ գրականութիւնը բարձրացուցին մեր անսասան Արարատին բարձունքները: Կը հաւատամ, թէ գրողներու այս փաղանգը եւ միւս բոլոր փայլուն արուեստագէտները, հայ մշակոյթի երկրորդ Ոսկեդարի կորիզը պիտի հանդիսանան:
Հայ գրականութիւնը տուած է բազմաթիւ արձակագիր ու բանաստեղծ տիտաններ եւս` Պետրոս Դուրեան, Վահան Տէրեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Ռուբէն Զարդարեան, Ռուբէն Սեւակ, Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Թումանեան, Զապէլ Եսայեան, Ակսէլ Բակունց, Գուրգէն Մահարի, Լեւոն Շանթ, Սիլվա Կապուտիկեան, Յովհաննէս Շիրազ, Վահագն Դաւթեան, Գէորգ Էմին եւ շատ ուրիշներ, որոնք մեր գրականութիւնը հարստացուցին իրենց հնչեղ գործերով, իրենք ալ անշուշտ վերոյիշեալ իրենց արուեստագէտ եղբայրներուն հետ պիտի ոսկեզօծեն հայ մշակոյթի երկրորդ Ոսկեդարը:
Ընկ. Պօղո՛ս, Հայաստանի եւ սփիւռքի գլխաւոր մտաւորականն էիք` անկասկած եւ արդարօրէն: Ընդունելի կամ անընդունելի պատճառներով «Բագին» ամսագիրը փակուեցաւ. ա՛յն «Բագին»-ը, որ երկար տարիներու ձեր տքնաջան աշխատանքի արգասիքը եղած էր. փնտռուած ոչ միայն սփիւռքի, այլեւ` նոյնիսկ Խորհրդայի՛ն Հայաստանի մէջ, ուր զայն ձեռքէ ձեռք կը փախցնէին: «Բագին»-ը` փակուելէ ետք ձեզի համեստ գրասեղան մը տրուեցաւ. «Գնա՛, աշխատէ» ըսին. իսկ դուք առանց գանգատելու կամ ընկրկելու` աշխատեցա՛ք ու շարունակեցիք հայ գրականութիւնը արարել:
Յատկանշական է նաեւ այն երեւոյթը, որ արեւելահայ գրողները իրազեկ դարձուցիք արեւմտահայ գրականութեան, յատկապէս` Յակոբ Օշականին, որուն մասին շատեր անտեղեակ էին նոյնիսկ:
Յանկարծ, չես գիտեր` ուրկէ յայտնուած, քանի մը գրիչ շարժող յաւակնորդներ ձեզ հալածել սկսան: Դուք մտաւորականի վեհանձնութեամբ անտեսեցիք զիրենք եւ շարունակեցիք ստեղծագործ գրական ճանապարհը:
Քանի մը ընկերներու վկայութեամբ, խմբական ժողովներուն որեւէ նիւթի մասին համեստօրէն ցուցմունք կու տայիք, կարծես «Դուք մեր գրականագէտ-քննադատ-մտաւորական ընկ. Պօղոս Սնապեանը չըլլայիք», կ՛ըսէին:
Բացակայութիւնդ իսկապէս զգալի դարձաւ թէ՛ մեր ընկերութեան եւ թէ՛ յատկապէս հայ գրականութեան մէջ:
Ցտեսութիւ՛ն, մեր յարգելի՛ ընկեր Պօղոս