Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոմիտաս. Արուեստագէտը Եւ Զոհը» (Սերժ Մոմճեան)

Յունիս 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

6-12-15_Komitas19Վերջերս Մեծն Բրիտանիոյ «Ճէյնըս փապլիշինկ» ընկերութենէն լոյս տեսաւ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանի «Կոմիտաս. արուեստագէտը եւ զոհը» անգլերէն լեզուով գիրքը (Komitas, The Artist and The Martyr), որ բաղկացած է 222 էջերէ եւ ունի 22 գլուխ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Մոմճեանի այս գիրքը կը ցոլացնէ Կոմիտասի անձին երկու երեսները` մարդը իբրեւ արուեստագէտ եւ մարդը իբրեւ զոհ: Այս գործը կը ներկայացնէ Կոմիտասի երաժշտական գործունէութիւնը եւ ստեղծագործին կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները. բախում իր եւ եկեղեցիին միջեւ, իր իւրայատուկ յարաբերութիւնը Մարկարէթ Պապայեանի հետ եւ հոգեկան հիւանդութիւնը, որ հարուածեց զինք մահուան ճամբարէն վերադարձին:

Գիրքին իւրայատկութիւնը կը կայանայ հետաքրքրական երկխօսութիւններուն մէջ, որոնք կը ցոլացնեն տուեալ պահի տրամադրութիւնը, եւ որոնք առնչուած են տիպարներուն, միջավայրին, գործողութեան, վէճին եւ պատմութեան բարձրակէտին հետ, որոնց մեծամասնութիւնը հիմնուած է ստոյգ տեղեկութիւններու եւ իսկական իրադարձութիւններու վրայ:

Գիրքը կը սկսի Կոմիտասի ծնունդով եւ ժամանակագրական ձեւով կը ներկայացնէ անոր կեանքը` շեշտը դնելով անոր ստեղծագործական գործունէութեան վրայ եւ երկխօսութիւններու ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր հանդիպումները տարբեր անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ազդեցութիւն ունեցած են իր կեանքին վրայ: Գիրքին մէջ կը յայտնուին` Տիգրան Չիթունի, Մարկարեթ Պապայեան, Վահրամ Թորգոմեան, Տիրան Քելեճեան, Բիւզանդ Քեշեան, Արամ Անտոնեան, Արմէն Տորեան, Արմենակ Շահմուրատեան, որոնք կը վերակենդանանան Կոմիտասի հետ զրուցելով:

Գիրքին առաջին բաժինով Մոմճեան կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս յաջողեցաւ ստեղծել նոր երաժշտական փիլիսոփայութիւն մը եւ դառնալ հոգեւոր ոգեշնչման աղբիւր մը` վերականգնելու համար եկեղեցական երաժշտութիւնը, միշտ դիմադրելով կղերականութեան քննադատութիւններուն եւ արգելքներու: Վայելելով Գէորգ Դ. կաթողիկոսին եւ ապա Խրիմեան Հայրիկին սէրն ու քաջալերանքը, հայ ժողովուրդի երկար տարիներու չարչարանքը Կոմիտասը մղեցին հայ երաժշտութեան արուեստը բարձր չափանիշներու հասցնելու: Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս կը նկատուէր Հայաստանի ձայնը տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հիմնած էր երգչախումբեր եւ կու տար դասախօսութիւններ: Այս բաժինին մէջ կը կարդանք նաեւ Կոմիտասի եւ Մարկարեթ Պապայեանի երկարամեայ բարեկամութեան մասին: Երկրորդ բաժինին մէջ Մոմճեան կը ներկայացնէ ջարդերու մանրամասն նկարագրութիւնը եւ Կոմիտաս զոհը, որ ազատած է մահուան ճամբարէն, սակայն ապրած սոսկալի մղձաւանջը զինք կը տանի հոգեբուժարաններ, ուր կ՛անցնէ իր կեանքին վերջին 20 տարիները` իր մէջ խոր արմատաւորուած անցեալի պատկերներով: Հեղինակը հետաքրքրական ձեւով կը նկարագրէ Կոմիտասի հոգեկան տարբեր վիճակները եւ վախերը: Գիրքի աւարտին կը գտնենք Աւետիք Իսահակեանի սրտի խօսքը` Կոմիտասի մահուան առթիւ.

«Սիրելի՛ Կոմիտաս, այսօր եւ յաւիտեան դուն մեզի հետ ես եւ պիտի մնաս քու հրաշալի երգերովդ, բարձրացող արուեստովդ, սքանչելի պատմական գործովդ: Դուն անմահ ես: Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի, ան պիտի ապրի նաեւ քու երգերովդ: Բայց դուն շատ յոգնած ես, Կոմիտա՛ս, շա՛տ տառապեցար: Կրեցիր բազմաթիւ վախեր, վայրագ թշնամիին սուրը տեսար: Հանգչի՛ր հիմա, դուն հայրենիքիդ հարազատ հողին խորքին մէջ ես: Արարատեան բուրումնաւէտ դաշտին նուիրուած քու երգդ կը դառնայ շուրջդ, քու երգերդ կը ծփան քու վրադ: Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, աստուածայի՛ն Կոմիտաս»:

Գիրքին մէջ կը կարդանք նաեւ հատուածներ Կոմիտասի ներկայացումներէն եւ դասախօսութիւններէն, ինչպէս նաեւ` նամակներ, ինչ որ շունչ կու տայ գործին եւ աւելի հարազատ կը դարձնէ զայն: Մարկարեթ Պապայեանին ուղղուած նամակներէն մէկուն մէջ Կոմիտաս գրած է.

«Խրիմեան Հայրիկի մահը շատ տխրեցուց զիս: Այս հոգեւոր լոյսի հայրը, որ յատուկ տեղ կը գրաւէր իմ սրտիս մէջ, ինծի տուած էր երկարամեայ անսասան սէր եւ աջակցութիւն: Շատ լաւ կը յիշեմ անոր հմայքը, անոր կատակները, եւ թէ ինչպէ՛ս ինծի օգնեց իմ փափաքած երազս իրականացնել` Պերլինի մէջ երաժշտութիւն ուսանիլ: Ան միշտ զիս քաջալերած էր ուսումասիրութիւններուս մէջ, ազգագրական հետազօտութեան մէջ եւ երաժշտական ծրագիրներուս մէջ: Ինծի համար ան հօր մը տիպարն էր վանքին մէջ եւ կը կասկածիմ, որ ոեւէ մէկը պիտի յաջողի իր իրաւացի տեղը գրաւել իմ կեանքին մէջ: Աստուած հոգին լուսաւորէ: Այս պահուս Գէորգեան Ճեմարանի երգչախումբը կը պատրաստեմ թաղման արարողութեան համար»:

Այս գիրքը յանձնարարելի է ընթերցող հանրութեան, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Կոմիտասը կը ներկայացնէ երկխօսութեան դիտանկիւնէն` ստեղծելով կենդանի պատկերներ եւ ընթերցողին թոյլ կու տայ երեւակայել եւ ապրիլ այդ պահը: Մոմճեանի գրական ոճը դիւրամատչելի է եւ պարզ, վաւերագրականէ աւելի` գեղարուեստական ոճով գրուած է, ինչ որ հաճելի եւ տպաւորիչ կը դարձնէ ընթերցումը:

* Գիրքը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն եւ amazon.com-ի միջոցով:

Նախորդը

Կ՛իրականացնե՞նք Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սփիւռք(ներ)ի «Ժողովուրդներ»-ու Մէկութիւնը

Յաջորդը

10 Յունիս 1909. Լոյս Տեսաւ Դաշնակցական Մամուլի Ճակատը Լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» Օրաթերթը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?