Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարոն Սնապեանի Անթառամ Յիշատակին. Խունկի Փոխարէն…

Յունիս 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

6-13-15_Snabian12«Փոթորիկ` հոգւոյս խորը…»:

Բառերը կարծես զարնուեցան ու փոթորիկը իրապէ՛ս ահազանգեց հոգիիս խորը…

Վստահ չեմ, որ «Փոթորիկը» խաղաղութեան յանգեցաւ, մարեց իր բոցկլտացող հրայրքը, սակայն անշարժացած վիճակիս մէջ հոգիս շարունակեց բաբախել ներաշխարհի ալիքներուն կանչով:

Տիրեց լռութիւն. կարծես Պարոնը կը սպասէր արձագանգի մը` այդ բառերուն իբրեւ շարունակութիւն: Չէի կրնար պատկերացնել անոնց միացող բառերու շղթան, պարզ այն պատճառով, որ թերի պիտի մնար խօսքը, տրամաբանութիւնը, առանց միաձուլուելու ու անհարազատ… Վերջապէս, երբ աչքերս հանդիպեցան անոր որոնող շեշտակի նայուածքին, Փոթորիկը չխնայեց իր ըսելիքը, եւ բառերը թռան բերանէս.

– Ու յաղթանա՛կ մտածումիս մէջ…

Նկատեցի, որ զարմանքի թաքուն նայուածքին մէջ կար գնահատանքի ու հպարտութեան խոր զգացում: Գլխու օրօրանքը նկատելով` բաւարարուեցայ չհարցնելու իր կարծիքը ըսածիս մասին, բայց անկէ աւելին` լսարանէն ներս չխօսուեցաւ այդ նիւթին մասին: Զանգը հնչեց ու ընդմիջեց ամէն բան:

Պարոնը դուրս եկած էր լսարանէն, մեր դիմաց նստած էր պատմագիտութեան դասախօսը եւ հեռու անցեալը կը վերակենդանացնէր մեզի: Բոլորին համար պատկերներ կը կազմուէին, այո՛. սակայն որքան ալ փորձէի կեդրոնանալ պատմական այդ տուեալներուն վրայ, Փոթորիկը կը հարուածէր զիս, կը պրկէր ջիղերս ու մտածել կու տար քիչ առաջուան տուած պատասխանիս մասին: Արդեօք ճիշդ, տրամաբանական բան մը ըսա՞ծ էի. իր ակնկալութեան ո՞ր չափանիշին յաջողած էի հասցնել ըսելիքս. քննական ինչպիսի՞ անդրադարձ պիտի ունենար այդ խօսքը, եթէ զրոյցի առիթ տրուէր: Միեւնոյն ժամանակ «կը մտահոգուէի», որ ինչո՛ւ ինձմէ ետք բառ մը չարձագանգեց` ո՛չ իրմէ, ո՛չ մնացեալներէն: Լռութիւնը վախցուցած էր զիս ու դեռ կը վախցնէր, մանաւանդ երբ իր ըսելիքներու շարքը միշտ ալ ինծի համար եղած էր բովանդակալից, հետաքրքրական, գրականութեան ոսկեայ էջերէն փրցուած պատառիկներ:

Վերադարձայ տուն, եւ հեռաձայնին զանգը հնչեց: Պարոնն էր. զիս կը հրաւիրէր յաջորդ առաւօտ իր գրասենեակը շատ կարեւոր զրոյցի համար: Ընդունեցի «հրահանգը» եւ ընկալուչը դրի տեղը: Փակեցի աչքերս, դարձեալ ենթարկուելու քիչ առաջուան Փոթորիկին, որ աւելի ուժեղացած կը կրծէր խաղաղութիւնս եւ մինչեւ առաւօտ պիտի շարունակէր գամփռի անլուր արշաւը:

Մտայ գրասենեակը. կարծեցի, որ պիտի դողամ, բառերը պիտի ծամծմեմ, պիտի չկարենամ հանգիստ նստիլ աթոռին, որովհետեւ ամբողջ գիշերը զառանցելու պէս, աստղերու թիւին չափ կրկնած էի «Փոթորիկ հոգւոյս խորը», եւ չեմ յիշեր` ո՛ր վանկին վրայ քունի անցայ…

Նայեցաւ դէմքիս ու ժպտեցաւ.

– Ըսելիքներ կա՞ն,- հարցուց:

Չպատասխանեցի. միայն ժպտեցայ: Արդէն ամիսներէ ի վեր գրականութեան իր ուսանողն էի եւ քիչ թէ շատ ծանօթ էի իր ոճին ու հարցման եղանակին. այլ խօսքով, «ըսելիքներ կա՞ն»-ը կը նշանակէր` «ես ըսելիքներ ունիմ»: Կը սպասէի…

Առանց բառ մը արտասանելու` գրասեղանի վարի դարակէն հանեց քիչ մը հաստ գիրք մը եւ դրաւ դիմացս` գրագէտի նկարով ու տակն ալ գրուած` «Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին»: Եւ աւելցուց.

– Ժամանակ չկայ. պէտք է կարդաս, գտնես այդ տողը եւ ընդգծես:

– «Փոթորիկ հոգւոյս խորը»,- ըսի առանց մտածելու:

– Բաւականին լաւ յիշողութիւն ունիս,- ըսաւ ժպտելով:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ դռնէն դուրս պիտի ելլէի, յանկարծ լսեցի թելադրանքը, որ ընկերներուս առջեւ պէտք չէ արտայայտուիմ այս հանդիպումին մասին: Կատարեցի իր փափաքը: Խորքին մէջ նպատակ ալ չունէի բացայայտելու, որովհետեւ վստահ էի, թէ այս միտքը այլեւս ինծի կը պատկանէր, եւ ոչ ոք իրաւունք ունէր «իւրացնելու»:

Սենեակիս մէջ առանձնացած` կը կարդայի աչքի անյագ շարժումներով ու բարձրաձայն, լսելու համար անգամ մըն ալ հեռու թուացող այն միտքը, որ քանի մը օրէ ի վեր կը չարչարէր զիս. վերջապէս պիտի գտնէի, ամբողջացնէի ու… Փոթորիկը կանգ պիտի առնէ՞ր ու զիջէր խաղաղութեան, թէ՞ ստուերներու մէջ պիտի շարունակէր իր յեղափոխութիւնը…

Չյուսահատեցայ. շարունակեցի կարդալ ու տողեր ընդգծել, եւ ահա վերջին էջերուն մէջ գտայ իմ ուզածս, ի՛ր ուզածը.

«Փոթորիկ` հոգւոյս խորը, փոթորիկ` մեր երկրին սահմաններուն շուրջ…»:

Չսպասեցի յաջորդ օրուան. անմիջապէս հեռաձայնեցի ու բարեւի փոխարէն` կարդացի ամբողջ պարբերութիւնը: Որքան արագ կը հնչէի բառերը, Փոթորիկը առաւել ուժգնութեամբ կը ջղագրգռէր արեանս կաթիլները:

– «… Հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ, գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն…»:

11 յունիս 2015
Այնճար

Նախորդը

Իմաստաւոր Կեանքի Յորձանուտում

Յաջորդը

Ուշ Բայց Ոչ Ուշացած Նամակ Պօղոս Սնապեանին

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In