ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Էշրեֆիէի մեր տան մօտ կը գտնուէր «Ժեհթաուի» խենթանոցը: Ցերեկները կիները կը պահէին բաւական մեծ, գոց սրահի մը մէջ, ուրկէ արեւու լոյսը բնաւ ներս չէր թափանցեր, եւ այդ իսկ պատճառով խոնաւութեան գարշելի հոտ մը կը հասնէր քիթիդ: Ճամբու վրայ էր, եւ անցորդները պատուհանէն ներս դիտելով` կը շարունակէին իրենց ճամբան. կարծես շատ հետաքրքրական տեսարան մը ըլլար տեսնել այդ խեղճերը, խճողուած ու ապականած սրահի մը մէջ, կողք-կողքի, ուր հազիւ կրնային շարժիլ: Տղամարդիկ կարծես աւելի «բախտաւոր» էին: Բարձր պարիսպով շրջապատուած բացօթեայ լայն բակի մը մէջ էին. ապականած օդի փոխարէն` կը վայելէին պայծառ օդն ու արեւը, եւ մայր ճամբէն հեռու գտնուելով` անցորդներու տեսողութենէն հեռու էին: Միայն մենք` թաղեցիներս կրնայինք տեսնել զիրենք, երբ երթայինք «Անուշ Հանըմ»-ին դաշտը խաղալու:
«Խելքը գլուխը» մարդիկ էին այդ «խենթ»-երը, որոնք պարագաներու բերումով նետուած էին վայր մը, որուն մարդիկ տուած են «խենթանոց» անունը:
Խենթանոց, գոյական. խենթ պահելու կամ բուժելու տուն: («Նայիրի» բառարան):
Խենթ: Ածական: Խեւ, անզուսպ: («Նայիրի» բառարան):
Շատեր կ՛անուանեն, խենթանոց, ուրիշներ` յիմարանոց:
Արեւելահայերը` գժանոց:
Իմ կարծիքովս, շատ աւելի յարմար պիտի ըլլար այդ վայրը անուանել «հոգեբուժարան», որովհետեւ հոն գտնուողները հոգեկան հիւանդներ էին եւ` խնամքի կարօտ անձինք, որոնք կարելի էր բուժել, սակայն, մանաւանդ այդ օրերուն, անտեսուած, բերուած ու նետուած էին այդ վայրը, ուր ամենախելացի անձն անգամ քանի մը շաբաթ հոն մնալով, կրնար նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ:
Հիւանդներուն պարագաներուն, իրաւունք տրուած էր, շաբաթը անգամ մը այցելելու իրենց հարազատներուն, դուրս հանելու եւ պտտցնելու մօտակայ թաղերը:
Բացի «խենթերէն», ծանօթ էինք նաեւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն: Քանի մը հայեր ալ կային մէջերնին: Շատ դժուար էր տեսնել իրենց բաժանումի պահը, երբ հիւանդները կ՛աղաչէին իրենց ծնողներուն, որ իրենց հոն ձգելով` չմեկնին. տուն երթալ կ՛ուզէին, եւ շատեր արցունքոտ աչքերով կը վերադառնային իրենց «պատսպարանները», իսկ ծնողները, նոյնպէս արցունքոտ աչքերով եւ յաջորդ շաբաթ դարձեալ այցելելու խոստումով կը մեկնէին` անդադար ետ նայելով, մինչեւ թաղին ծայրը հասնիլն ու աջ կամ ձախ թեքուելով տեսողութենէ անհետանալը:
Այդ տեսարանը շատ գէշ կ՛ազդէր մեր վրայ, եւ կը նախընտրէինք չտեսնել իրենց բաժանման պահը:
Այդ ժամանակներուն համայնագիտարանէ գաղափար չունէինք, եւ խենթ տղոց մէջ քանի մը հատը այնքան գիտութիւն եւ ընդհանուր զարգացում ունէին, որ իրենց կը դիմէինք ստանալու համար խելացի եւ տրամաբանական պատասխաններ:
***
Գործէս տուն վերադարձիս կինս անմիջապէս կը նշմարէ, թէ այդ օր բնականէն աւելի յոգնած տուն վերադարձած եմ. կը վազէ խոհանոց` սուրճ պատրաստելու: Լաւ գիտէ. ընթրիքէն առաջ չեմ սիրեր սուրճ խմել, սակայն այսօրուան յոգնութիւնս տարբեր է. գիտէ, որ սուրճը բարերար ազդեցութիւն պիտի գործէ: «Այսօր գործատեղիս խենթանոց էր», կը կանխեմ իր հարցումը: «Վիշապի 7 գլուխներուն նման, հազիւ գործ մը աւարտած, կը ստանայի տասնեակ մը նոր գործեր: Վերջապէս տուն վերադառնալու ժամս է. շունչ մը կը քաշեմ ու ճամբայ կ՛ելլեմ: Կը կարծէի, թէ ազատած էի «խենթանոց»-էն: Հազիւ մայրուղի մտած, կ՛անդրադառնամ, թէ սխալած եմ: Աչքիս առջեւ կը պարզուի նոր «խենթանոց» մը: Մայրուղին կառատունի վերածուած է, ինքնաշարժները` անշարժացած: Ամէն մարդ ճիգ մը ունի քովի ինքնաշարժին մէկ երկվայրկեան դանդաղելէն օգտուելու անոր առջեւը անցնելու: Ամենաբախտաւորները մոթորսայքլ քշողներն են, որոնց համար խճողում գոյութիւն չունի: «Խենթ»-երու նման` կը սուրան գիծերու մէջէն ու տեղ կը հասնին մեզմէ շատ առաջ: Կարծես բաւարար չըլլար մեր պրկուած ջիղերը, ձախ կողմս գտնուող, վրան բաց ինքնաշարժին երիտասարդ վարորդը այնքան բարձր բացած է ձայնասփիւռը, որ իր աղմկոտ «խենթ» երաժշտութեան մեզ բաժնեկից կը դարձնէ: Ինքնաշարժիս պատուհանները կը փակեմ, սակայն` անօգուտ: «Երաժշտութիւնը» այնքան բարձր է, որ ապակիները կը թրթռան:
Կատարեալ «խենթանոց»:
Մօտեցած եմ տանս եւ մայրուղիէն դուրս պէտք է ելլեմ ու ներսի ճամբաներով քանի մը վայրկեանէն հասնիմ տուն, սակայն մտազբաղ` մոռցած եմ գիծս փոխել եւ միանալ այն գիծին, ուրկէ կարելի է մայրուղիէն զատուիլ: Ինքնաշարժիս աջ կողմի նշանը տուած եմ, սակայն մարդ ազնուութիւնը չ՛ունենար ճամբայ տալու: Ապարդիւն քանի մը փորձեր կ՛ընեմ գիծ փոխելու, սակայն անօգուտ: Ստիպուած` « խենթութիւն» մը կ՛ընեմ ու աջ կողմը գտնուող ինքնաշարժիս առջեւը կտրելով` կ՛անցնիմ այն գիծը, ուրկէ կարելի է մայրուղիէն դուրս ելլել: Կողքիս վարորդը, որ հիմա իմ ետեւս մնացած է, «խենթացած» է. հայելիէն կը դիտեմ: Ձեռքին մէկը ճչակին վրայ, միւս ձեռքին միջնեմատը երկինք բարձրացուցած է. բերնի շարժուձեւերէն կը հետեւցնեմ, թէ հայհոյանքներու տարափ մը կը տեղացնէ հասցէիս. բարեբախտաբար բան չեմ լսեր:
Մօտաւորապէս երկու ժամէն վերջապէս կը հասնիմ տուն:
Այդ օր կ’անդրադառնամ, թէ աշխարհը ինքնին մեծ «խենթանոց» մըն է, իսկ մենք` ամէն մէկս, մէկական «խենթ»:
«Խենթ» բառը այն հազուագիւտ բառերէն է, որ ունի փոխաբերական տարբեր իմաստներ: Շատ լաւ, կամ շատ գէշ կացութիւններու կու տանք «խենթանոց» անունը:
«Խենթ» բառը «շատ»-ի համազօր է միեւնոյն ժամանակ դրական իմաստ ունի:
Երբ բան մը շատ հաւնինք` «խենթենալիք» է: Օդը շատ ցուրտ է կամ չափէն աւելի տաք` «խենթենալիք ցուրտ է կամ խենթենալիք տաք»,
«խենթենալիք համով է», «խենթենալիք խաղ էր», «խենթենալիք յոգնած եմ», «խենթի պէս սիրահարած է», եւ անհատնում օրինակներ:
«Խենթուկ» բառը կը գործածուի նաեւ որպէս փաղաքշական ածական:
***
Դառնանք իսկական «խենթ»-երուն, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անուանել` հոգեկան հիւանդներուն:
Ամէն անգամ, որ երկիր մը մխրճուի պատերազմի մէջ, ինքնաբերաբար հոգեկան հիւանդներուն թիւը կը բազմապատկուի: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիներուն զգալիօրէն շատցան այդ հիւանդներուն թիւը: Մահ, կողոպուտ ու աւեր` այս բոլորին վախը ինքնաբերաբար ազդեց զգայուն անձերու հոգեվիճակին:
Պատերազմներու ժամանակ ճակատ ուղարկուած զինուորներէն ողջ մնացածներուն մէկ բարձր տոկոսը տուն կը վերադառնայ հոգեպէս հիւանդ:
Ճակատ ղրկուած են, ստիպուած` պիտի սպաննեն, որպէսզի չսպաննուին: Խեղճ զինուորը մարդասպան չէ, սակայն երբ ակամայ կը սպաննէ անմեղներ, որոշ ժամանակ մը ետք իր խղճին խայթը կը վերածուի հոգեկան հիւանդութեան, զոր շատ շատեր կ՛անուանեն «խենթութիւն»: Փաստուած է. Ճակատ ղրկուած ու տուն վերադարձած զինուորներուն մէջ անձնասպանութենէ մահացողներուն թիւը շատ աւելի է, քան` ճակատի վրայ մահացողներունը:
Մեծ է թիւը խելացի «խենթ»-երու. ազգայնապաշտ կամ արուեստագէտ «խենթ»-երու:
Բարեկամներէս մէկը տարիներ առաջ Լիբանանէն եկած ու հաստատուած էր Ամերիկա, երբ հայութիւնը տակաւին քիչ էր, մանաւանդ Արեւելեան ափի նահանգներուն մէջ` մեծամասնութեամբ անգլիախօս: Անհամբեր կը սպասէր կիրակի օրուան` այցելելու եկեղեցի, որպէսզի հանդիպէր հայերու: Սկսեր էի կարօտնալ մայրենին, սակայն փոխարէնը միայն անգլերէն կը լսէր հայերու բերնէն: Սկիզբը քաղաքավարութեամբ կը յիշեցնէր անգլիախօս հայերուն` հայերէն խօսելու պարտաւորութիւնը եւ, դրական արդիւնքի մը չհասնելով, շատերը կը սկսի պախարակել, եւ այդ պատճառով ալ երկար տարիներ ազգայնապաշտ բարեկամիս կեղծ անունը մնացած է «Խենթ»: Երբ հեռուէն նշմարեն զինք, կը հեռանան` ըսելով, որ «խենթը եկաւ»:
Ո՞վ է իսկական «խենթ»-ը: Ազգայնապաշտ բարեկա՞մս, թէ՞ օտարախօս հայը:
Լիբանանի ամենանշանաւոր խենթանոցին` «Ասֆուրիյէ»-ին առջեւ վարորդ մը ինքնաշարժին պայթած անիւը փոխելու ժամանակ անուշադրութեամբ կը կորսնցնէ փոխելիք անիւին 4 պտուտակները: Շուարած է, ու մտահոգ: « Խենթ» մը ներսէն կը դիտէ, եւ տեսնելով շարժավարին յուսահատ վիճակը` «Խե՞նթ ես, ի՞նչ կայ մտահոգուելու, մնացած միւս անիւներէն մէկական պտուտակ հանէ եւ անցուր չորրորդ անիւին, իսկ երբ քաղաք հասնիս, կրնաս նոր պտուտակներ գնելով` ամբողջացնել պակասները»: «Խելացին», զարմացած ու հիացած «խենթ»-ի հանճարեղ գիւտին, կը պատասխանէ. «Իրաւունք ունիս, ես եմ խենթը, ոչ թէ դուն»:
Կան նաեւ չափէն աւելի խելացի «խենթ»-եր:
80-ական թուականներու վերջաւորութեան համայն աշխարհ դիտեց «Rain Man» շարժապատկերը, որուն հերոսը «խենթ» գիտուն մըն է: Անհաւատալիօրէն խելացի «խենթ» մը, որ միայն մէկ անգամ կարդալով` հեռաձայնի գիրքին ամբողջ պարունակութիւնը արդէն կը դրոշմուի ուղեղին մէջ անուններ` իրենց հասցէներով ու հեռաձայնի թիւերով: Վայրկենական կու տայ թուաբանական մեծ գործողութիւններու արդիւնքը, սակայն… միեւնոյն ժամանակ, կը պատահի որ ամենապարզ հաշիւը չկարենայ լուծել: Երեւակայական տիպար մը չէ Rain Man-ի հերոսը. կան այդպիսի գիտուն «խենթ»-եր:
Աշխարհը հսկայ խենթանոց մըն է: Մարդկութեան վնաս հասցնող տասնեակ հազարաւոր խենթեր անմարդկային ոճիրներ կը գործեն ամէն օր: Կը գլխատեն, ողջ ողջ կը հրկիզեն, եւ այդ խենթերը ազատ համարձակ կը պտտին աշխարհի մեծ խենթանոցին մէջ, անդին` անմեղ խենթեր, բանտարկուած կը մնան փոքր խենթանոցներու մէջ:
Նշանաւոր գերմանացի «խենթ»-ը` Հիթլեր, քաջալերուած հայերու բնաջնջումին ականատեսներու, գերպետութիւններու լռութենէն, իրագործեց հրեաները բնաջնջելու ծրագիրը:
«Who, after all, speaks today of the annihilation of the Armenians?»
«Այսօր ո՞վ կը խօսի հայոց բնաջնջումին մասին»:
Տարիներ ետք գերմանացիք ընդունեցին իրենց յանցանքը եւ հատուցեցին հրեաներուն, եւ այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ճանչցան նաեւ Թուրքիոյ կողմէ եւ իրենց մեղսակցութեամբ գործադրուած հայոց ցեղասպանութիւնը: Խիղճերնի՞ն հանգստացնելու միտումով, թէ՞ քաղաքական տարբեր հաշիւներով, գոնէ ինծի համար յստակ չէ: Կարեւորը ընդունիլն է, որ մեծ հարուած մը եղաւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիոյ:
Ո՜վ թուրք ժողովուրդ, 100 տարուան ուրացումէ ետք ժամանակը եկած է, որ ընդունիս նախորդներուդ խենթ ու անմարդկային արարքը, ճանչնաս Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցումը տաս տանջուած հայ ժողովուրդին:
«Հերթը մի պահ քոնն է հիմա,
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին… ու անցիր» (Աւետիք Իսահակեան):
Լոս Անճելըս, 2015