Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անէծք` Բռնակալները Երանութեամբ Յիշեցնողներուն

Յունիս 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Ողջո՜յն Ամսթերտամէն, «Գրողներու համաշխարհային միութեան» եւ «Համաշխարհային ապաստան քաղաքացիներու ցանց»-ի համատեղ կազմակերպութենէն` «Ստեղծարար դիմադրութիւն» համագումարէն: Եռօրեայ համագումարին զեկուցողները մեծ մասամբ Միջին Արեւելք կոչեալ դժոխքէն եկած գրողներ, բանաստեղծներ, լրագրողներ, երգիծանկարիչներ եւ շարժանկարիչներ են: Համագումարը կը կրէ «Հեքիաթներ` ազատութեան շէմէն» ենթախորագիրը:

Ինչպէս որ հայերու, ասորիներու, եզիտիներու, քիւրտերու երրորդ սերունդները վերստին կ՛ապրին ցեղասպանութեան սպառնալիքը եւ պարտադիր գաղթի իրողութիւնը, պաղեստինցի գրողներ, բանաստեղծներ կամ երաժիշտներու ալ երկրորդ սերունդը կրկին ինկած է գաղթի ճամբան:

Ցնցիչ են անոնցմէ Ղայեատ Ալմատունի հետեւեալ խօսքերը. «Ինչպէս որ հրեաները 2000 տարի անց չեն մոռցած իրենց կորուսեալ հայրենիքը, մենք ալ չենք մոռնար մեր հայրենիքը` Պաղեստինը»: Ան Դամասկոսէն է: Այժմ կ՛ապրի Սթոքհոլմ: Երեք

ինքնութիւններ կը կրէ` Շուէտ, Պաղեստին եւ Սուրիա: «Ամէն մէկուն համար տարբեր ընկալում մըն եմ: Ոմանց համար պաղեստինցի սուրիացի մը, ոմանց համար շուէտացի սուրիացի մը եւ ուրիշներու համար ալ` պաղեստինցի շուէտացի մը»:

Միթէ՞ օր մը պիտի յաջողի Իթաքա դառնալ: Բայց այս գրողներուն վերադարձած Պաղտատը, Հալէպը, Տամասկոսը, Մուսուլը երբեք այն նոյն քաղաքները պիտի չըլլան այնպէս, ինչպէս որ թողած էին: Այսօր ո՞վ կը յիշէ 1941-ին հալածուած եւ աքսորուած Պաղտատի պատմական հրեաները: Բայց անոնք տակաւին Իսրայէլի մէջ կը շարունակեն պատմական Պաղտատը ապրիլ:

Հայերը, յոյները, ասորիներն ալ երբեք պիտի չմոռնան իրենց հայրենիքը: 100-ամեակի յիշատակումը այս հաստատումի վառ ապացոյցն է:

Կը յիշեմ վարպետիս` Սարգիս Չերքեզեանին խօսքը` «Աշխարհը բոլորիս կը բաւէ»:

Պաղեստինն ու Իսրայէլը Հին Կտակարանէն այս կողմ գոյութիւն ունեցող իրողութիւն են: Ի՞նչ արգելք կայ միասնաբար յարատեւելու: Փոքրիկ հողատարածքի մը համար սեփականութեան այս պայքարը դեռ որքա՞ն պիտի շարունակուի:

Սուրիացի բանաստեղծ Ֆարաժ Պայրաքտար ալ պաղեստինցի է: Իրեն հետ առաջին անգամ Շանար Եուրտաթափանի կազմակերպած «Միտքի ազատութեան միջազգային հանդիպում»-ի ծրագիրով Պոլսոյ մէջ ծանօթացած էի: Մեր ճանապարհները այս անգամ խաչաձեւուեցան Սթոքհոլմի մէջ: Ինչպէս որ հոն հանդիպած էի վաղեմի բարեկամիս` Մեհտի Զայնային:

Միջին Արեւելքի մարդոց ճանապարհները կա՛մ գերեզմանատան, կա՛մ ալ աքսորին մէջ է, որ կը խաչաձեւուին:

Եթէ փորձեմ «Ֆարաժ Սուրիոյ մէջ 14 տարի բանտ պառկած է» ըսել, իսկոյն կը ճշդէ` «13.5 տարի էր» ըսելով: Ան մեծ բանաստեղծ է: Կը հետեւի Նազըմի, Եղիշէ Չարենցի, Մայաքովսքիի, Ներուտայի, Արակոնի, Ճիկերխունի ճանապարհին:

Հաֆըզ Ասատի բանտերէն, մուխապարաթի հարցաքննութեան խցիկներէն վերապրիլը հրաշք ըլլալու է: Երեք եղբայրներ են: Ֆարաժը համայնավար է: Փոքր եղբայրը Իսլամ եղբայրներուն կ՛անդամակցի, իսկ վերջինը` ոչ մէկ խմբակցութեան: Եւ այդ վերջինը չէ լքած իր գիւղը, թերեւս ալ հոն կը մեռնի եւ թաղման իսկ չ՛արժանանար: Ան ալ իր ծննդավայրի` Հոմսի կարօտով կը տառապի: Կրկին կը յիշեմ Քաւաֆիսի «Իթաքա» բանաստեղծութիւնը:

Անոր քաղաքն ալ Հոմսն է: Սա Ասատին գետնի հաւասար փլած քաղաքը: Սատտամն ալ իր ծննդավայր Թիքրիթը գետնին չէ՞ր հաւասարեցուցած:

Տիտանները միշտ սիրած են քաղաքները գետնին հաւասարեցնել: Թիմուրէն առաջ ալ այդպէս էր: Կարթագէնը ո՞վ աւերեց: Հապա՞ Վանը, Խարբերդը: Լճէն անհամար անգամներ քիւրտերու, հայերու, նեստորականներու, ասորիներու կողմէ չէ՞ր աւերուած:

Տիտանները ո՛չ ազգութիւն ունին, ո՛չ կրօն, ո՛չ հաւատք եւ ո՛չ ալ երազ:

Իրաքցի գրող Քանան Մաքիայի դեռ Սատտամի իշխանութեան օրերուն գրի առած «Սարսափի Հանրապետութիւն»-ը ե՞րբ թրքերէնի-քրտերէնի պիտի թարգմանուի:

Քեմալական Թուրքիայէն դէպի իսլամական հանրապետութիւն յեղաշրջել փորձած երկրիս ժողովուրդը այդ գիրքը կարդալով` կրնայ լուսաբանուիլ:

Ինչո՞ւ երկրիս մէջ սարսափը կը տիրէ դարձեալ: Ինչո՞ւ երկրիս հրատարակիչը նիւեորքեան պեստ սելըրներու շուկային կը հետեւի, բայց կ՛անտեսէ արաբ կամ պարսիկ գրողները: Ե՞րբ պիտի թարգմանեն Քանան Մաքիան:

«Արաբական գարուն»-ը գողցուեցաւ քաղաքականացած իսլամութեան կողմէ: Ափսո՜ս, գարունը վայրագ ձմեռի վերածուեցաւ:

Հազա՛ր անէծք անոնց, որոնց պատճառով մարդիկ երանութեամբ կը յիշեն Ասատի, Սատտամի, Քազզաֆիի, Մուպարաքի եւ շահի իշխանութեան օրերը:

 

 

Նախորդը

«Արմիս» Երգչախումբի Համերգին Առիթով. Մտորումներ Համերգէն Ետք

Յաջորդը

Փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի Կոթողային Աշխատութիւնները Հայանում Են

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In