Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Պարտամուրհակներու Ժամը Հնչած Է

Յունիս 11, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-11-15_AgnargԹուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները տակաւին որոշ ժամանակի համար կը շարունակեն տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ քաղաքական կանխատեսական վերլուծումներու դուռ բանալ: Վերլուծումները արդէն հատած են ներթրքական զարգացումներու առաւելագոյն սահմանը եւ անցած աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու տարածք, ուր դրական հետեւանքներ չեն վերապահուիր Թուրքիոյ ճակատագիրին: Ճգնաժամ, բաժանում, մասնատում բառերը այսօր յաճախ կ՛երեւան տարբեր վերլուծական կեդրոններէ բխած հրապարակումներուն մէջ:

Ընտրութիւնները մեկնաբանելու պահուն պէտք է անպայման յիշել Էրտողանի նախընտրական հռետորաբանութիւնն ու ընտրաճառերու ընթացքին կատարած մեղադրանքները, թէ որո՛նք են Թուրքիոյ տկարացումն ու մասնատումը առաջադրողները: Այս բոլորին դիմաց Էրտողան կը  խոստանար յաղթել` թոյլ չտալու համար իր երկրին մասնատումը: Հիմա որ ան կ՛ընդունի, որ չէ յաջողած, կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ մասնատման գործընթացը սկսած է:

Անոր համոզումով, մասնատման գործընթացի գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատուի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, իսկ  Թուրքիոյ մասնատումը ցանկացողներուն շարքին են արեւմտամէտ լրագրողները եւ հայկական լոպին, այսինքն` հայկական սփիւռքը: Պատահական չէր, որ Էրտողանի ընտրաճառերուն մէջ գլխաւոր մեղադրանքներն ու ամբաստանութիւնները ուղղուած ըլլային քրտամէտ կուսակցութեան: Այսօր Թուրքիոյ կայունութեան, նոյնիսկ ամբողջականութեան սպառնացող թիւ մէկ խնդիրը քրտական հարցն է, եւ Թուրքիոյ նախագահը իր մրցակից ուժերէն աւելի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր անցողիկ շեմը հատել-չհատելու ընտրապայքարին մէջ եղող Տեմիրթաշի կուսակցութեան վրայ: Քրտամէտ կուսակցութիւնը չէր խօսեր քիւրտերու իրաւունքներուն մասին միայն, այլ նաեւ հանդէս կու գար իբրեւ Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան, իբրեւ խտրականութեան դէմ պայքարող ուժ: Փոքրամասնութիւնները սակայն կրնան ըստ էութեան մեծամասնութեան վերածուիլ, եթէ ինքնութեան խնդիրները սուր քաղաքական հնչեղութիւն ունենան եւ եթէ անշուշտ արտաքին ներշնչումներ եւ քաջալերանքներ ստանան: Ի վերջոյ ազգութեամբ թուրքն ու ազգութեամբ այլազգի եւ քաղաքացիութեամբ թուրքը

ցեղային տարբեր հասկացողութիւններ են. ազգութեամբ թուրքը Թուրքիոյ մէջ կրնայ արագ ոստումներով փոքրամասնութեան վերածուիլ, երբ պայմանները հասուննան ներքին եւ արտաքին մակարդակներու վրայ: Էրտողանի պայքարի կեդրոնացման եւ երկրի բաժանման վտանգի արծարծման մէջ այս հանգամանքները հաւանաբար գերակշռած են:

Կը թուէր կարճ ժամանակ մը առաջ, որ Էրտողան-Կիւլեն պայքարէն յաղթական դուրս եկած էր առաջինը: Որոշ ժամանակ անհրաժեշտ է կարենալ ճիշդ գնահատելու համար Կիւլենի դերակատարութիւնը այս ընտրութիւններուն: Իշխող կուսակցութեան մէջ ճեղքեր կրնան երեւիլ անպայման, բայց նաեւ անհաւանական պէտք չէ նկատել այլոց սատարելու մարտավարութիւնը` պատժելու գործող նախագահը: Ահա այստեղ է, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Կիւլենը տարբեր ուժերու առընթեր ծառայած ըլլայ նոր օսմանականութեան յաւակնոտ ծրագիրներ իրականացնելու յայտարարութիւններ կատարած նորօրեայ սուլթանը զսպելու ընդհանուր քաղաքականութեան:

Տարածաշրջանային առումով Արեւմուտքին համար Անգարան անհրաժեշտ էր կրօնական ահաբեկչութիւնը հովանաւորելու, ֆինանսաւորելու, տարածք տրամադրելու եւ այդ տարածքներէն դէպի Իրաք եւ Սուրիա անարգել անցքեր տրամադրելու: Հնչա՞ծ է արդեօք ժամանակը Անգարայի դերակատարութիւնը կասեցնելու: Դժուար է բացարձակ հաստատում կատարելը. այսուհանդերձ վարքագիծի որոշ պատկերացում կրնայ փոխանցել նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնը:

Գերմանիոյ մէջ, Եօթներու խմբակի վեհաժողովին յաջորդած ասուլիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման կոչ ըրած է  դաշնակից գործընկերներուն` քայլերու ձեռնարկելու «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման միացող օտարերկրեայ զինեալներու հոսքը Թուրքիոյ սահմանէն դադրեցնելու համար: «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս զինեալները կ՛անցնին Սուրիա, եւ ապա, շատ յաճախ, Իրաք: Ամէն ինչ չէ, որ կարելի է կանխարգիլել, սակայն աւելի համակարգուած աշխատանքի, աւելի լաւ հետախուզութեան, թուրք-սուրիական սահմանին աւելի արդիւնաւէտ դիտարկում կատարելու պարագային շատ բան կարելի է կանխել: Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛ընդունին խնդիրը, բայց իրենց կարողութիւնները լիարժէք չեն օգտագործեր», յայտնած է Օպամա:

Թէեւ այստեղ կոչ եղած է եւ ոչ թէ խիստ դատապարտանք. թէեւ նուրբ է քննադատութիւնը եւ դրական ակնկալութիւն փոխանցող ըսելաձեւ օգտագործուած է, այսուհանդերձ այս մակարդակով եւ այս բովանդակութեամբ պաշտօնապէս առաջին անգամն է, որ Ուաշինկթընը նման ազդարարութիւն կ՛ուղղէ Անգարային: Յայտարարութեան վրայ հիմնուելով կարելի է եզրակացնել, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդգծեն պաշտօնապէս, որ Անգարան ֆինանսաւորած, աջակցած եւ հովանաւորած է իսլամական ահաբեկիչները. աւելի՛ն. ժամն է կասեցնելու այս ընթացքը: Թէական կը մնայ անշուշտ, որ Միացեալ Նահանգներու համար իսկապէս պահը հասա՞ծ է «Իսլամական պետութեան» տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու. այս հարցումէն աւելի կարեւորը Անգարայի վրայ Ուաշինկթընի ճնշումի պաշտօնականացումն է:

Հայկական առնչութիւններու որոնումը այս բոլորին մէջ օրինաչափ մօտեցում է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով ճանաչումներու միջազգային երթը, կատարուած յայտարարութիւնները համոզիչ կը դարձնէին, որ Ցեղասպանութեան հարցը իբրեւ Անգարայի դէմ կիրարկուող ճնշամիջոց սկսած էր ստանալ աշխարհաքաղաքական օրակարգի կարգավիճակ:

Թէ՛ Ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարքը եւ թէ՛ Կալիփոլիի հակաքայլին միջազգային ընտանիքին չընդառաջելը եւ ընդհանրապէս նշումը ստուերի մէջ ձգելը Էրտողանն ու իր կուսակիցները պէտք է համոզած ըլլային, որ փայլուն արդիւնքներ չեն սպասեր իրենց` խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Պէտք է համոզած ըլլային նաեւ, որ «Իսլամական պետութեան» անարգել օժանդակութիւնները տուեալ պահուն քաղաքական գին ունէին վճարելիք: Անգարան սկսած է քաղաքական պարտամուրհակներու վճարումին:

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լուիս Այալան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?