Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամատին` Սեւը

June 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Քսաներեք տարի դասաւանդած էի ԱԼՊԱ-ի մէջ` քանդակագործութեան առաջին ուսուցիչը ըլլալով Լիբանանի պատմութեան մէջ:

Այդ տարին, 1963 թուին, առաջին անգամ ըլլալով ունեցայ սեւամորթ աշակերտ մը` Մամատի անունով:

Մամատի Ափրիկէի հիւսիսարեւմտեան երկիրներէն էր, որուն անունը այսօր չեմ յիշեր: Այդ երկիրը ֆրանսական գաղութ մը ըլլալուն, իրենց երկրորդ լեզուն ֆրանսերէն էր, եւ Մամատի կը խօսէր շատ սահուն ֆրանսերէնով մը:

Մամատի, հակառակ իր գոյնին, միաձուլուած էր բոլոր միւս աշակերտներուն հետ եւ կը վայելէր բոլորին համակրանքը: «Մամատի» անունը շատ յաճախ կը լսուէր դասարաններուն մէջ:

Մամատի ոչ միայն իր գոյնովը կը զանազանուէր միւսներէն, այլեւ իր համակրելի ըլլալն ալ պատճառ էր եղած, որ դարձեալ տարբերէր միւսներէն:

Մամատիի յարգանքը եւ դէմքի յարատեւ ժպիտը անպակաս էր բոլորին հանդէպ եւ այդ էր, որ  պատճառ էր եղած, որ ուշադրութիւնս աւելի գրաւէր, քան` միւսները:

Օր մը աշակերտներէն մէկը արտայայտուեցաւ` ըսելով.

– Պարո՛ն Զաւէն, դուք մեր ուսուցիչներուն մէջ ամէնէն աւելի տպաւորողը եղած էք:

Գալով մեր Մամատիին` մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէր իր աշխատանքները դպրոցէն ներս:

Օր մը սովորականէն աւելի խորհրդաւոր ձայնով մը ըսաւ ինծի.

– Պրն. Զաւէն, մեր դեսպանը կ՛ուզէ ձեզի հետ հանդիպում մը ունենալ:

– Ի՞նչ խնդրով:

– Ծանօթ չէ ինծի. միմիայն մեր դեսպանը ժամադրութիւն մը տուած է ձեզի հետ տեսակցելու «Փալմ պիչ» պանդոկին մէջ, օրը եւ ժամը շեշտելով:

Որոշուած օրը մեծ հետաքրքրութեամբ գացի պանդոկ: Զիս ընդունողը եղաւ նոյնինքն դեսպանը, ամբողջութեամբ զգեստաւորուած եւրոպական ոճով: Ներս հրաւիրեց եւ երկու սուրճով մը արտայայտուեցաւ.

– Պրն. Զաւէն, մեր Մամատին մեծ հիացմունքով արտայայտուեցաւ ձեր մասին: Քանի ձեր ուսումը Փարիզի մէջ կատարելագործած էք, այդ պատճառով է, որ փափաքած եմ ձեզ հետ տեսակցութիւն մը ունենալ եւ առաջարկել հետեւեալը:

Մենք մեր երկրին մէջ կառուցած ենք հսկայ համալսարան մը, որ արեւմուտք կը նայի: Ունինք բոլոր այն ճիւղերը, զորս եւրոպական համալսարանները ունին: Մեր երկիրը իր մշակոյթով պիտի հասցնենք եւրոպական մշակոյթին եւ արդէն գրեթէ բոլոր ճիւղերու փրոֆեսէօրները ապահոված ենք: Կը մնայ արուեստի բաժնի արժանի փրոֆեսէօր մը: Որով ես ինձ կ՛արտօնեմ, որ այդ մէկը դուք ըլլաք: Թոյլ տուէք ինծի, որ հաղորդեմ մեր պայմանները:

Ձեր ամսականը պիտի ըլլայ երեք հազար տոլար (տասնապատիկը` Լիբանանի ամսականիս: Հսկայ գումար մը… Սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ ես միայն շաբաթը երկու անգամ կը դասաւանդէի ԱԼՊԱ-էն ներս), անձնական յարկաբաժին, ճաշարանը ներառեալ, տարին երեք անգամ իրաւունքը պիտի ունենաք ձեր երկիրը այցելելու ամառնային արձակուրդին ձեր ունենալիք վճարումը պիտի ըլլայ նոյնը: Ահաւասիկ:

Դեսպանը կը նայէր աչքերուս մէջ եւ կը սպասէր դրական պատասխանիս, որ արդէն իսկ առաջին վայրկեանին որոշումը տուած էի: Շատ մեծ անակնկալ եղաւ պատասխանս, երբ դեսպանին ըսի.

– Պր. դեսպան, ձեր առաջարկը առաւելագոյն կերպով գոհացուցիչ կը գտնեմ, սակայն…

– Սակայն ի՞նչ…

– Սակայն, կամքիս հակառակ, պիտի չկարենամ ընդունիլ:

– Ի՞նչ է պատճառը ձեր չընդունելուն, քանի կ՛ըսէք, որ շատ գոհացուցիչ գտած էք մեր առաջարկը:

– Պատճառը շատ յստակ է, պր. դեսպան, որովհետեւ մեր եւ ձեր ցեղային ներաշխարհը, ապրելակերպը, մտածումները եւ կեանքի ըմբռնումները ամբողջովին հակասական են: Երբ մենք փորձենք դասաւանդել, պիտի քանդենք, այն ինչ որ ունի ձեր ցեղը: Ձեր ցեղի ներաշխարհը բոլորովին տարբեր է մեր ցեղի ներաշխարհէն: Ես կ՛առաջարկեմ, որ յառաջացնէք աշխատանոցներ եւ ձեր աշակերտները աշխատին ազատ, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր ըմբռնումովը:

Դեսպանին դէմքին վրայ յուսահատութիւն մը նշմարեցի: Գլուխը քիչ մը շարժեց, եւ մենք բաժնուեցանք:

Մամատի մեծ հետաքրքրութեամբ հարցուց.

– Տեսնուեցա՞ք մեր դեսպանին հետ, ինչի՞ մասին էր, համաձայնեցա՞ք:

– Մամատի – ըսի,- ձեր դեսպանը հրաշալի անձ մըն է եւ ձեր երկիրը պէտք ունի նման անձերու, սակայն ես մտահոգ եմ իր անձով: Շատ համարձակ եւ բարձրաձայն կ՛արտայայտուի իր ձգտումներուն մասին: Կը վախնամ, որ փորձանք մը բերէ իր գլխուն այդքան համարձակ եւ անկեղծ արտայայտութիւններուն համար:

Այդ օրերուն այս բոլորը պատմեցի բարեկամիս` Կիւվին, որ հետս կը դասաւանդէր ԱԼՊԱ-ի մէջ, որուն ես պատճառ եղած էի, որ ընդունուէր որպէս դասախօս: Ըսած էի. «Կիւ՛վ, չըլլայ, չըլլայ, որ տնօրէնին ըսես, որ կաթողիկէ ես, կը մերժուիս: Ըսէ, որ դուն ալ օրթոտոքս ես»:

Այդպէսով էր Ա. Պութրոս ընդունած էր զինք: Շատ մը ուրիշ հայ արուեստագէտներ իմ միջամտութեամբս յաջողած էին դասախօս դառնալ ԱԼՊԱ-էն ներս:

Կիւվ երբ իմացաւ մեր տեսակցութիւնը եւ մերժելս, զարմացած ըսաւ.

– Զաւէ՛ն, մարդը չէր յուսահատած: Քեզմէ ետք գացեր է Փարիզ եւ նոյն առաջարկը ըրեր է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարին եւ ստացեր նոյն պատասխանը, նոյն պատճառներով: Եւ պետութիւնը ընդվզած, որ իրենց մշակոյթի տարածման արգելք է եղած, այդ նախարարը վար իջեցուցած են իր աթոռէն:

Զարմանալի զուգադիպութիւն… Այդպէս էր կարդացած ֆրանսատառ Լ՛Օրինան օրաթերթին մէջ:

Չեմ յիշեր` որքան ժամանակ ետք, առաւօտ մը Մամատին դասարան մտաւ անսովոր տխուր դէմքով մը:

– Ի՞նչ է Մամատի, անտրամադիր կ՛երեւիս այսօր:

Կէս մը հեկեկալով ըսաւ.

Պարոն, սպաննեցին մեր դեսպանը…

 

 

Նախորդը

Լսողութեան Անակնկալ Կորուստ Sudden Hearing Loss

Յաջորդը

Հալէպահայութիւնը Մեծ Շուքով Նշեց Մայիս 28-ի Փառապանծ Տօնը

RelatedPosts

Հայաշէն Թաղի Կազմութիւնը
Անդրադարձ

Հայաշէն Թաղի Կազմութիւնը

March 13, 2026
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Յարձակելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Վրայ` Մեծն Բրիտանիոյ Հանրային Կապերու Ընկերութիւնը Կը Վնասէ Իր Հեղինակութեան

March 13, 2026
Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում
Անդրադարձ

Արեւմտահայերէնը Դարձնել Նոր Սերունդի Ձայնը

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.