Գաղութային

Լիբանանեան Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Յարգանքի Տուրքը` Սուրբ Նահատակներուն

Լիբանանեան Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Յարգանքի Տուրքը` Սուրբ Նահատակներուն

Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առթիւ, Լիբանանեան համալսարանի Հայ ուսանողներու «Արմինիըն քլապ»-ը` ոգեկոչելով սրբադասուած  բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը, երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին այցելեց Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը, ուր ջերմ ընդունելութիւն գտաւ թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ: Ապա յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ծաղկեպսակ զետեղելով Անթիլիասի մայրավանքի Ցեղասպանութեան զոհերու մատրան առջեւ: Ուսանողները վերահաստատեցին իրենց ուխտը` մնալ Հայ դատի պահանջատէր:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին Այցելութիւնը` Ազգային Բուժարան

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին Այցելութիւնը` Ազգային Բուժարան

Համբարձման օրը` հինգշաբթի առաւօտ, մայիս 10-ին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը` նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ազունիէի ազգային բուժարան: Ընկերակցութեամբ հայ աւետարանական այլ հովիւներու, վեր. Գարակէօզեանը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով մը` բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէն: Նախագահին այցելութիւնը նաեւ առիթ տուաւ, որ ՄԱՀԱԵ միութիւնը նուիրէ 45 մեծատառ Աստուածաշունչ մատեաններ` ամէն մէկ սենեակի համար: Տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանը եւ խնամակալութեան...

Յիշենք Այն Տղաները, Որոնք Անգամ Գնդակ Չարձակելով Արդէն Իսկ Հերոս Են. ՀՅԴ-ակաները Այցելեցին Եռաբլուր

Յիշենք Այն Տղաները, Որոնք Անգամ Գնդակ Չարձակելով Արդէն Իսկ Հերոս Են. ՀՅԴ-ակաները Այցելեցին Եռաբլուր

8 մայիսին խումբ մը դաշնակցականներ այցելեցին Եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու Շուշիի ազատագրման համար իրենց կեանքը տուած տղաներու շիրիմներուն: Արցախի ազատամարտի առաջին իսկ օրերուն Լիբանանէն Հայաստան ժամանած ու Շուշիի ազատագրման օրն ալ զոհուած ՀՅԴ-ական Վիգէն Զաքարեանի մասին խօսելով` արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանը յիշեց, թէ՛ ինչ ըսած էր Վիգէնին հայրը, երբ իր տղուն մահուան քառասունքին օրը այցելած էին Եռաբլուր:...

Աշակերտներու Այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Նախանցեալ տարիներուն նման` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները` անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան: Այցելութեան հիմնական նպատակն է մօտէն ծանօթանալ` - ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան, - «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մատուցած սպասարկութիւններուն, - ԼՕԽ-ի պատմականին, - Եւ քաջալերելու աշակերտները (ամրան ընթացքին), որ իրենց ներկայութեամբ մասնակցութիւն բերեն կեդրոնին մէջ մատուցուած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբին, շաբաթ, 21 ապրիլին Տիթրոյիթի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ձեռնարկին բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները` դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներով: Ապա Տիթրոյիթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լարա Ներսէսեան, առաւել քան հինգ հարիւր ներկաներուն դիմելով` շեշտեց Տիթրոյիթի հայ գաղութին տարած կարեւոր աշխատանքը Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Ան ըսաւ, որ արդէն իսկ յանձնախումբ մը կազմուած է գաղութի...

Մոնրէալի Հայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Մոնրէալի Հայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Կիրակի, 22 ապրիլ, 2018-ին, Քեպեքի հայ համայնքի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Մոնրէալի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման հանդիսութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին Քանատայի թեմի առաջնորդներ Բաբգէն արք. Չարեան եւ Աբգար եպս. Յովակիմեան, Քեպեքի հայ համայնքի կղերական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բոլոր կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Քանատայի եւ Հայաստանի...

Ապրիլեան Յուշատօն Թրիփոլիի Մէջ

Ապրիլեան Յուշատօն Թրիփոլիի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի եւ ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան յուշատօնը: Բեմը եւ սրահի ցուցատախտակները կը ներկայացնէին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած գծագրութիւններ եւ լուսանկարներ` ստեղծելով Մեծ եղեռնը յատկանշող յուզիչ մթնոլորտ մը: Սրահի մուտքին իւրաքանչիւր հանդիսատես ստացաւ Պիքֆայայի...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 25 Աշակերտներ  Կը Ստանան Իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 25 Աշակերտներ Կը Ստանան Իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը

Կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներու առաջին Ս. հաղորդութեան արարողութիւնը: Ս. Պատարագի աւարտին 3-րդ կարգի 25 աշակերտներ ստացան իրենց առաջին Սուրբ հաղորդութիւնը, ձեռամբ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի: Իր քարոզին մէջ Մուրատեան ըսաւ. «Ի՞նչ կը նշանակէ առաջին հաղորդութիւն առնել: Անիկա կը նշանակէ միասնական ըլլալ, առանձնութենէն դուրս գալ սեփական փակուղիներէն,...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ .  Դասախօսութիւն «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ . Դասախօսութիւն «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2018-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ ապրելակերպի խորհուրդներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Ալինա Քէշիշեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ նշեց, թէ դասախօսութեան նպատակը խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը...

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին  Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Նախաձեռնութեամբ «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան, 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առթիւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ տեղի ունեցան ջահերթեր: Ախալցխայի մէջ երթը սկիզբ առաւ Ս. Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակէն` հասնելով քաղաքի Մարթա թաղամասին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ: Նինոծմինդայի մէջ ջահերով երթը սկսաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն եւ հասաւ քաղաքի Երիտասարդական պալատին մօտ կանգնած Մեծ եղեռնի...

Էսդրատային Երգերու Լաւագոյն Մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանը Իր Մենահամերգով Գերեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութիւնը

Էսդրատային Երգերու Լաւագոյն Մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանը Իր Մենահամերգով Գերեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայու բեկորները սփիւռքի տարածքին գոյատեւման համար պէտք ունէին դպրոցի, եկեղեցիի եւ ակումբի: Իսկ հայապահպանման համար կարեւոր գործօններ են` արուեստը, մշակոյթը, հայոց լեզուն: Առանձնացնելով լիբանանահայ գաղութը` մինչեւ 1960-ական թուականները լիբանանահայերը կ՛ունկնդրէին եւ կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Ահա յայտնութիւն մը, երբ էսդրատային երգը սկսաւ  լսուիլ ու տարածուիլ` յանձինս Պուրճ Համուտ ծնած տաղանդաւոր ու...

Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան Եւ Ժորժ Տաքքաշ Ներկայացուցին Երաժշտական Իւրայատուկ Երեկոյ Մը

Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան Եւ Ժորժ Տաքքաշ Ներկայացուցին Երաժշտական Իւրայատուկ Երեկոյ Մը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ լիբանանեան «Երաժշտական ժառանգութիւն» կեդրոնին, 18 ապրիլ 2018-ին «Փիեռ Ապի Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը: Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան եւ Ժորժ Տաքքաշ դաշնակի վրայ ներկայացուցին երկու մասէ բաղկացած երաժշտական յայտագիր մը: Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան, Ժորժ Տաքքաշ եւ Սեւակ ՏԷր Ղուկասեան Առաջին բաժինով անոնք ներկայացուցին «Այշէի պարը»` առնուած «Գայեանէ» պալէէն, Սեւակ Տէր Ղուկասեանի «Ռեքուիեմ»-ը` երկու դաշնակի համար,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ին վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի յիշատակի ոգեկոչում: Բացման խօսքով 9-րդ դասարանի աշակերտ Հրակ Տէրտէրեանը ըսաւ. «Այսօր մենք այն սերունդն ենք, որ ճեղքելով հայոց պատմութեան ողբալի էջերը` կը կերտենք նորը, որ պայծառ գալիքի գրաւականը կը բովանդակէ, յարութեան աւետիսը կը տարածէ եւ յաղթանակի դրօշը կը պարզէ: Մենք մեր խոր արմատներուն կառչած` այսօր ի սփիւռս աշխարհին տարածուած ենք...

Մեսրոպեանը  Յանձնեց «Բանակցող Աշակերտներու» Երկրորդ Հունձքը

Մեսրոպեանը Յանձնեց «Բանակցող Աշակերտներու» Երկրորդ Հունձքը

19 ապրիլ 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 14 աշակերտներ ստացան իրենց «Բանակցող աշակերտ»-ի (élève médiateur) վկայականները` աւարտած ըլլալով նոյնանուն դասընթացքը` կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին: Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ յիշեալ ծրագրի ղեկավար դոկտ. Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլիի եւ Պէյրութի շրջանի դպրոցներուն մէջ նոյն ծրագրի համադրող Թամար Թիւֆենքճեանի: «Բանակցող աշակերտներ» ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ...

Քայլարշաւ` Մզհերէն Անթիլիասի Մայրավանք

Քայլարշաւ` Մզհերէն Անթիլիասի Մայրավանք

Կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մասնաճիւղային քայլարշաւը Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւին մասնակցեցան` մասնաճիւղին շեփորախումբը, սկաուտական բոլոր խումբերը` փոքրերէն մեծեր, մասնաճիւղի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները, մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերու...

ՍԱՐՖ-ի Զեկոյցն Ու Կոչը

Սուրիոյ Վիճակը Կը Մնայ… Բարդ Ու Վտանգաւոր

Վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն պատճառով սուրիահայ մեր մայր գաղութի ընկերատնտեսական վիճակի դժուարութիւնները անմիջական զօրակոչի ենթարկեցին համայն հայութիւնը, յատկապէս` Լոս Անճելըս ապրող մեր նուիրուած հայորդիներն ու բարերարները, որոնց նիւթաբարոյական անյապաղ զօրակցութիւնը, անցեալ տարիներուն, բալասան դարձաւ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ամէնօրեայ գոյապայքարի դաժան պայմաններու թեթեւացման: ՍԱՐՖ-ի Օժանդակութեան եւ վերականգնումի միացեալ մարմինս, հետամուտ ըլլալով քաղաքական վերջին անցուդարձերուն եւ պատերազմական տրամադրութիւններուն, յատկապէս`...

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ 14 ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական զարգացման մրցում մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Սոյն զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 7 տարբեր համալսարաններէ կազմուած 9 խմբակներ: Մասնակցեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն, Հայկազեան համալսարանէն, Լիբանանեան համալսարանէն, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն, Նոթր Տամ համալսարանէն եւ Լիբանանի միջազգային համալսարանէն (LIU) մօտ 30 ուսանողներ: Մրցումի աւարտին յաղթական...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական  Քոլեճին Համար Փայլուն Արդիւնքներ`  Գիւմրիի Միջազգային Մրցանքին Ընթացքին

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճին Համար Փայլուն Արդիւնքներ` Գիւմրիի Միջազգային Մրցանքին Ընթացքին

5-15 ապրիլին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցանք-փառատօնը, որ կը վայելէր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, մարդկային պաշարներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղի եւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի ուսանողներէն, Մկրտիչ Միքայէլեանի աշակերտներ Արի Տաքեսեանն ու Ալեքս...

Դոկտ. Զ. Մսըրլեանի Զեկուցումը Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մէջ

Դոկտ. Զ. Մսըրլեանի Զեկուցումը Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հրաւէրով Հայ աւետ. քոլեճի պատուակալ տնօրէն, պատմաբան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, մասնակցեցաւ  ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի 27 մարտ 2018-ի նիստին, որ տեղի ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը զեկուցում ներկայացուց «Քեմալական Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայոց նկատմամբ (1919-1942 թուականներուն)» նիւթին շուրջ: Ան...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  «Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կնոջական հիւանդութիւններ եւ համապատասխան  քննութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց,...

Page 21 of 68 1 20 21 22 68

Արխիւներ