Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ

Մայիս 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբին, շաբաթ, 21 ապրիլին Տիթրոյիթի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները` դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներով:

Ապա Տիթրոյիթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լարա Ներսէսեան, առաւել քան հինգ հարիւր ներկաներուն դիմելով` շեշտեց Տիթրոյիթի հայ գաղութին տարած կարեւոր աշխատանքը Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Ան ըսաւ, որ արդէն իսկ յանձնախումբ մը կազմուած է գաղութի անդամներէն, որոնք ստանձնած են ծրագիրի մը պատրաստութիւնը` Միշիկընի դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու:

Ապա բեմ բարձրացաւ Տիթրոյթի Հայ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Հելէն Աթար, որ ընդգծեց ամէն մէկ հայու, յատկապէս երիտասարդներուն, պարտականութիւնը` չմոռնալու անցեալը եւ վառ պահելու հայու պայքարող եւ գոյատեւող ոգին:

Խօսք առաւ ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեան, որ շեշտեց երիտասարդութեան դերը գաղութին մէջ: Ան ներկայացուց օրուան հիւրը` Մանթել Ուիլիըմզ, որ Տին Քէյնի հետ արտադրած էր «Ուրացման ճարտարապետները» (Architects of Denia) ժապաւէնը:

Մանթել Ուիլիըմզ պատմեց իր մանկութենէն դրուագներ, թէ միշտ զգացած էր, որ մարդիկ իրեն հանդէպ ատելութեամբ լեցուած են, որովհետեւ ինք տարբեր էր իր շուրջիններէն, ինչպէս որ հայերը զգացած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Ան շեշտեց, թէ ի՛նչ որ ալ ըլլան պատճառները այդպիսի վերաբերմունք մը բնաւ ներելի չէ: Ինչպէս նաեւ ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ տարած հետեւողական աշխատանքին, կասեցնելու «Ուրացման ճարտարապետները»-ի ցուցադրութիւնը, Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ, մանաւանդ Ուաշինկթընի եւ ՄԱԿ-ի միջավայրին մէջ:

Ան աւարտեց խօսքը` երիտասարդութիւնը հրաւիրելով, որ միշտ գործօն ըլլան իրենց գաղութին մէջ եւ պայքարին արդարութեան համար, որովհետեւ ի վերջոյ իրենք են հայութեան ապագան:

Յայտագիրին մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի «Արաքս» պարախումբը «Ատանայի ողբերգ» եւ «Հայ, Հայ» պարերով:

***

Շաբաթ, 28 ապրիլի երեկոյեան, Քաւալայի «Եորղոս Փավլիտիս» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Քաւալայի Թաղային խորհուրդին կողմէ, Քաւալայի մարզպետարանի գործակցութեամբ: ­Ձեռ­նար­կը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ե­րես­փո­խան ­Նի­քոս ­Փա­նաեո­թո­փու­լոս, ­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա­յի նախ­կին ե­րես­փո­խան Եոր­ղոս ­Քա­լա­ծիս, յու­նա­կան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցուց­իչը ու զօ­րա­բաժ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ա. Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, միջ-թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի քայլերգներով:

Բացման խօսքը կատարեց Մարի Գալայճեան, որ իր խօսքին մէջ կարճ պատմական մը կատարեց այն «Կարմիր կիրակի» օրուան, երբ 250 մտաւորականներ ձերբակալուեցան, 1,500,000 անմեղ հայեր սպաննուեցան: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին, նաեւ Թուրքիոյ գոռոզային կեցուածքին, որ կը փափաքի մաս կազմել Եւրոպական Միութեան` շեշտելով, որ մեր պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ:

Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հելլէն խորհրդարանին կողմէ երեսփոխան Քոսթանտինոս Մորֆիտիս, Յունաստանի մէջ Հայաստանի  դեսպանի ներկայացուցիչ Աննա Խաչատրեան, Քաւալայի փոխմարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոս եւ Քաւալայի քաղաքապետ Տիմիթրա Ցանաքա:

Օրուան դասախօս, նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիս, իր փորձառութիւնները արտայայտեց Քոմոթինիի մէջ մեծցած իր հայ ընկերներուն մասին, միասնաբար բաժնելով նոյն մտահոգութիւնները ապագային համար, ինչպէս նաեւ Հայաստան իր այցելութեան շուրջ փոխնախագահի պաշտօնով:

Վերջացնելով իր խօսքը շեշտեց, թէ Էրտողանը պէտք է ճանչնայ հայոց եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները ու յարգէ միջազգային օրէնքը:

***

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով, Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի հայկական համայնքը բողոքի ցոյց իրականացուց Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց` արդարութիւն պահանջելով եւ բարձրաձայնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը:

Հիւպատոսարանին դիմաց երիտասարդները խանդավառուած պարեցին հայկական եւ ազգագրական պարեր` փաստելով, որ սփիւռքի մէջ ապրող Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդներու 4-րդ եւ 5-րդ սերունդը չէ մոռցած 1915-էն սկսեալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ այսօր իր իրաւունքներու պահանջատէրն է:

Բողոքի երթի աւարտին, մասնակիցները 300 փշոտ վարդեր ձգեցին հիւպատոսարանին առջեւ:

Նախորդը

Մոնրէալի Հայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Յաջորդը

Ինչ Օյիւններ Չսարքեցին…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?