Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրէալի Հայութիւնը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Մայիս 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 22 ապրիլ, 2018-ին, Քեպեքի հայ համայնքի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Մոնրէալի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման հանդիսութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին Քանատայի թեմի առաջնորդներ Բաբգէն արք. Չարեան եւ Աբգար եպս. Յովակիմեան, Քեպեքի հայ համայնքի կղերական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բոլոր կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Քանատայի եւ Հայաստանի զոյգ օրհներգներով` Քլոէ Պալեանի յաջող կատարողութեամբ, ապա օրուան հանդիսավար Ռաֆֆի Երէցեան ողջունեց ներկաները` նշելով, թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս համախմբուած ենք միատեղ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը` յայտնելով, որ պատմական անմոռանալի այս անկիւնադարձը նաեւ առիթ մըն է վերանորոգելու մեր ուխտը:

Րաֆֆի Երէցեան յաջորդաբար պատգամներ կարդաց վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ պահպանողական ղեկավար Էնտրու Շիրին, Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան, Էմանուէլա Լամպրոփուլոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի կողմէ ուղարկուած, այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց ասմունքող Անահիտ Պալեանը, որ Եղիշէ Չարենցին մասին ամփոփ տեղեկութիւն մը փոխանցելէ ետք ֆրանսերէնով, ասմունքեց անոր «Ես իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան անգլերէն տարբերակը: Ասմունքին ընկերակցեցաւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանը` մեկնաբանելով Աշոտ Պատրիկի «Զօրս ըստ պատկերի քում» կտորը:

Յաջորդաբար խօսք առին Մոնրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ Մակտա Փոփինու եւ Արամ Էլակէոզ, ինչպէս նաեւ Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Սաուլ Փոլօ: Քաղաքական ներկայացուցիչները անխտիր իրենց ցաւակցութիւնները եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին դատապարտելով ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը: Ապա դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեան, որ յաջողութեամբ մեկնաբանեց Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն» կտորը:

Օրուան պատգամաբերն էր Քեպեքի համալսարանի պատմութեան դասախօս Մարի Պլանշ Ֆուրքատ, որ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան  պատմական փաստերը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ միացեալ աղօթքով եւ Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումով:

Նախորդը

Քսան Օրեր, Որոնք Ցնցեցին Երկրի Կեղտը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?