Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանը Յանձնեց «Բանակցող Աշակերտներու» Երկրորդ Հունձքը

Մայիս 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 ապրիլ 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 14 աշակերտներ ստացան իրենց «Բանակցող աշակերտ»-ի (élève médiateur) վկայականները` աւարտած ըլլալով նոյնանուն դասընթացքը` կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին:

Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ յիշեալ ծրագրի ղեկավար դոկտ. Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլիի եւ Պէյրութի շրջանի դպրոցներուն մէջ նոյն ծրագրի համադրող Թամար Թիւֆենքճեանի:

«Բանակցող աշակերտներ» ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ կը գործադրուի երկու տարիէ ի վեր. անոր նպատակն է աշակերտները վարժեցնել տագնապներու լուծման, յատկապէս` իրենց ընկերական շրջանակին մէջ, այդպիսով դառնալու համար ազդու դերակատարներ` միջանձնային յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ: Ցարդ Մեսրոպեանի 90 աշակերտներ մասնակցած են այս դասընթացքին, որոնցմէ 27-ը, յաջողութեամբ քննութիւնները աւարտելէ ետք, ստացած են համապատասխան վկայական:

Խօսք առնելով հանդիսութեան ընթացքին` դոկտ. Պուրժէյլի բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան յանձնառութիւնը` մասնագիտական եղանակով նպաստելու աշակերտներու ընկերային դերակատարութեան զարգացումին եւ դրուատեց աշակերտներու ջանասիրութիւնը` դասընթացքներու մասնակցութեան մէջ: Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանի համապատասխան կեդրոնին` աշակերտներու դաստիարակութիւնը բարձր մակարդակով կատարած ըլլալուն համար եւ վերահասատեց, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ համագործակցիլ համալսարանին հետ ինչպէս աշակերտներու, նոյնպէս եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներու մէջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?