Գաղութային

ՀՄԸՄ-ական Ժան Սաաթճեան Պարգեւատրուեցաւ Յետմահու

ՀՄԸՄ-ական Ժան Սաաթճեան Պարգեւատրուեցաւ Յետմահու

Կիրակի, 25 փետրուար 2018-ին, Ժիւնիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ական Ժան Սաաթճեանի, որուն յուղարկաւորութեան աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յետմահու պարգեւատրեց տիպար միութենականը` «Ծառայութեան» շքանշանով: Շրջանային վարչութեան անդամ Պետիկ Լոճիկեան շքանշանը յանձնեց վաստակաւոր հանգուցեալին զաւակին: Ժան Սաաթճեան մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն է, երբ ան տակաւին կը կոչուէր Ահարոնեան մարզական միութիւն: 4 մարտ 1951-ին ան մաս կը կազմէ վարչութեան`...

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ներկայութեամբ ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Քարլոս Խէյրալլայի, Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութիւնը ( A.D.A.L. Association des Dentistes Arméniens du Liban)  16 մարտ 2018-ին ընթրիքով մը նշեց  իր արծաթեայ յոբելեանը`  հիմնադրութեան 25-ամեակը: Այս յատուկ առիթով միութեան վարչութիւնը պատուեց լիբանանահայ եօթը երէց ատամնաբուժներ` աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելով յոբելեանը: Արդարեւ, ներկայութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, Լիբանանեան համալսարանի եւ Արաբական համալսարանի ատամնաբուժական...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Հայաստանի Գիւղական Շրջաններու Կիներու Իրավիճակին Նուիրուած Քննարկում ՄԱԿ-ի Մէջ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայաստանի Գիւղական Շրջաններու Կիներու Իրավիճակին Նուիրուած Քննարկում ՄԱԿ-ի Մէջ

Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին իրականացուցած երկշաբաթեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ մարտ 12-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ կիներու իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ եղան ՄԱԿ-ի շարք մը բաժանմունքներէ, ինչպէս նաեւ` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ անհատներ: Ներկաներուն մէջ կային ՀՕՄ-ի առնուազն 55 անդամներ` Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Յունաստանէն եւ...

Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Նուիրուած Աշակերտական Ձեռնարկ

Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Նուիրուած Աշակերտական Ձեռնարկ

Արցախեան ազատագրական պայքարի 30-ամեակի միջնակարգի ձեռնարկներու եւ աշխատանքներու ծիրին մէջ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի Է. եւ Ը. դասարաններէն աշակերտները բաժնուեցան խմբակներու եւ 30-45 վայրկեանի մէջ պատրաստեցին արցախեան պայքարին նուիրուած որմազդներ: Ուսուցիչները անոնց տրամադրած էին անհրաժեշտ հում նիւթեր: Աշակերտները ժրաջան մեղուներու նման աշխատեցան եւ խանդավառութեամբ ամբողջացուցին իրենց վստահուած աշխատանքը: Ասոր յաջորդեց  միջնակարգի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 մարտին, ներկայութեամբ քոլեճի...

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւնները

Լիբանանի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Մելիք Գարագաւորեան 22 մարտ 2018-ին կը գտնուէր Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը: 22 մարտին Վալանս քաղաքի Հայ մշակոյթի տունին մէջ հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ շրջանի լիբանանահայութեան հետ` 6 մայիսի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին: Հանդիպման ընթացքին Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց տուեալ ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` համայն հայութեան: Հանդիպումին անդրադարձ եղաւ, որ մշակուած նոր օրէնքը լիբանանահայութեան կ՛ընձեռէ  պատմական առիթ`...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  «Քիմիական Բաղադրութիւններ` Պահածոներու Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Քիմիական Բաղադրութիւններ` Պահածոներու Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Քիմիական բաղադրութիւններ` պահածոներու մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ոչինչ կրնայ փոխարինել թարմ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Թարգմանական Մրցոյթի Փայլուն Արդիւնքներ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Թարգմանական Մրցոյթի Փայլուն Արդիւնքներ

3 մարտ 2018-ին Պիէլի համալիրին մէջ եւ ներկայութեամբ Ֆրանսախօս հանրային թէ սեփական դպրոցներու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, տեղի ունեցաւ «Էնսթիթիւ ֆրանսէ տի Լիպան»-ի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ «Էքոլ տէ թրատիւքթէօր է տ՛էնթերփրեթր տը-Պէյրութ»-ի կողմէ կազմակերպուած «Փրի լիսէէս տըվա թրատիւսիոն ֆրանքոֆոն 2018»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն մասնակցած էին ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 181 աշակերտներ: Մրցոյթին նպատակն էր արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով...

Աւստրալիոյ Մէջ 75.000 Տոլար Կը Հանգանակուի` Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնին

Աւստրալիոյ Մէջ 75.000 Տոլար Կը Հանգանակուի` Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնին

Երկուշաբթի, 19 մարտին, «Արմինիա Թի.Վի.»-էն (Armenia TV) Նորա Սեւակեանը կը հաղորդէ, որ Դիմատետրով եւ «Արմինիա ռատիօ»-ի (Armenia Radio, FM 99.3) ուղիղ եթերով, Ազնիւ Ինկիլիզեանի հաղորդավարութեամբ, երեկոյեան ժամը 7:00-10:30 հեռարձակուեցաւ Արցախի զօրակցական թելեթոնը: Հաղորդավարներուն օժանդակեցին խումբ մը օգնականներ, իսկ յայտագիրին հարցազրոյցներով մասնակցեցան  համայնքի ղեկավարներ: Յաջորդաբար, հեռատեսիլով թէ ռատիոյով, հարցազրոյցի մասնակցեցան` Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի...

Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Նախագահի Ընտրութիւնը

Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Նախագահի Ընտրութիւնը

Երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, դոկտ. Նորա Արիսեանի նախագահութեամբ, Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանին հետ: Դոկտ. Նորա Արիսեան յանձնաժողովի անունով շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ընտրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը աւելի կ՛ամրապնդուին` ակնարկելով Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետական ամուր կապերուն: Յանձնաժողովի անդամները...

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հանդիպումներ Լիոնի Մէջ

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հանդիպումներ Լիոնի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ կը գտնուի Ֆրանսա` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ֆրանսա ապրող լիբանանահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու եւ անոնց բացատրութիւններ տալու, 20 մարտին Լիոնի Տեսին քաղաքի Հայ մշակոյթի տունին մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայութեան հետ: Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ  մայիսի ընտրութիւնները լիբանանահայութեան համար պատմական առիթ են` վերականգնելու մեր իրաւունքները: Սոյն ընտրութիւններուն անհրաժեշտ է ամբողջ...

Արցախի Նախագահը Պարգեւատրեց ՀՅԴ Հայ Դատի Գործիչ Գասպար Կարապետեանը

Արցախի Նախագահը Պարգեւատրեց ՀՅԴ Հայ Դատի Գործիչ Գասպար Կարապետեանը

Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: «Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած ծառայութիւնների համար եւ ծննդեան 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախմբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին պարգեւատրել «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով», նշուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի համապատասխան հրամանագիրին մէջ:

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնը

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Ուսուցչաց տօնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 12-րդ դասարանէն Սէրլի Կարապետեանը հայերէնով եւ 11-րդ դասարանէն Կասիա Տէրտէրեանը անգլերէնով բացման խօսք արտասանելով` նշեցին, որ ուսուցիչի մը դերը շատ արժէքաւոր եւ անփոխարինելի է, եւ այսօր առիթը կ՛օգտագործենք արտայայտելու մեր սէրն ու շնորհակալութիւնը` մեր ուսուցիչներուն հանդէպ,...

Հայկազեան Համալսարան.  «Կրօնին Մէջ Ջուրին Խորհրդապաշտութիւնը» Նիւթով Սեմինար

Հայկազեան Համալսարան. «Կրօնին Մէջ Ջուրին Խորհրդապաշտութիւնը» Նիւթով Սեմինար

Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնին բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը: Իր բացման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը յայտնեց, որ կրօնին մէջ ջուրը խորհրդանիշ է կեանքի եւ բիւրեղութեան: Ան հրաւիրեց բոլորը` փոխելու մարդկային մտայնութիւնը եւ շեշտը դնելու ոչ թէ քանակին,...

ՀՄԸՄ – Պէյրութ. Ձիւնագնացութիւն Դէպի Լիբանանի Լեռները

ՀՄԸՄ – Պէյրութ. Ձիւնագնացութիւն Դէպի Լիբանանի Լեռները

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ   Շաբաթ, 24 եւ կիրակի 25 փետրուար 2018-ին ՀՄԸՄ Պէյրութի խմբապետութիւնը ձիւնագնացութիւն մը կազմակերպած էր Քեսըրուանի շրջան Աժալթունի կողմերը: Արի, արենուշ, գայլիկ, արծուիկ, մոկլի` շուրջ 150 հոգի, օրեր առաջ խնամքով պատրաստելով իրենց քնապարկերը, ձիւնի համար հաստ վերարկուներ, կօշիկներ, շաբաթ օր անհամբերութեամբ մեկնումի ժամին կը սպասէին, մանաւանդ` փոքրիկները, որոնք առաջին անգամ կը մասնակցէին ձիւնագնացութեան: Արի, արենուշ` շուրջ 50 հոգի,...

Պոլսոյ Մէջ Ցուցահանդէս Եւ Խորհրդաժողով`  Անիի Ճարտարապետական Կոթողներու Թեմայով

Պոլսոյ Մէջ Ցուցահանդէս Եւ Խորհրդաժողով` Անիի Ճարտարապետական Կոթողներու Թեմայով

Պոլսոյ մէջ 14-15 մարտ 2018-ին, ձեռնարկներ կազմակերպուած են Անիի ճարտարապետական ժառանգութեան վերաբերեալ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ին, կը հաղորդէ Պոլսոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն տպագրուող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը: Աղբիւրին համաձայն, մարտ 13-ին Պոլսոյ «Տեփօ» անուամբ մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս բացուած է` «Քարերու պոէզիան` Անին. ճարտարապետական գանձարան` մշակոյթներու խաչմերուկին» խորագիրով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 2016 թուականի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներառուած Անիի...

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնին Գիտաժողովը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնին Գիտաժողովը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին, 26 եւ 27 փետրուար 2018-ին «Զուարթնոց»-ի վերջին եօթը տարիներու նստավայր` Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան կեդրոնի սրահին մէջ, Թրատ, Պուրճ Համուտ, տեղի ունեցաւ ընկերային կեդրոններու յատուկ վարչագիտական տեսական եւ կիրառական գիտազրոյցը (սեմինար): Սեմինարի գաղափարը եւ բոլորանուէր աշխատանքը կը բխէր ֆրանսահայ դասախօս դոկտ. Սիլվիա Թոփուզխանեանի կողմէ, որ գործակցաբար Լիոնի...

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի  85-ամեակի Հանդիսութիւն

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի 85-ամեակի Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ ըսաւ. «85-ամեակը  անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի աշխատանքներէն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի աշխատանքներէն

Հանդիպում` Շահանդուխտին Հետ Երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ե. կարգի աշակերտները գեղեցիկ առիթը ունեցան ծանօթանալու լիբանանահայ կարկառուն դէմքերէն` ուսուցիչ, գրագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր Շահանդուխտին հետ: Աշակերտներուն համար իւրայատուկ եւ հետաքրքրական երեւոյթը այն էր, որ պիտի ծանօթանային «ապրող գրողի մը», պիտի խօսէին անոր հետ եւ իր կեանքէն վկայութիւններ պիտի քաղէին: Հանդիպումը կայացաւ գրագիտուհիին բնակարանը, ուր աշակերտները ջերմ...

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին հրաւէրով Պէյրութ այցելեց պոլսահայ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գոչունեանը` նշելու թերթին 110-ամեակը: Հինգշաբթի, 1 մարտի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած  հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին Արա Գոչունեանը ներկայացուց Ի. դարու առաջին տասնամեակին հիմնուած օրաթերթը, անոր անցած ուղին, կատարեց անոր պատմականը, անդրադարձաւ հիմնախնդիրներուն, շեշտեց կարեւորութիւնը թերթին թուայնացման, տարածման հարցերը, նկարագրեց բովանդակութիւնը, թերթին յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը սփիւռքահայ մամուլին...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրափխրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց  բեկաբուժ- վիրաբուժ` տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ակնարկելով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ըսաւ, որ ոսկրափխրութիւնը (osteoporosis) հիւանդութիւն մըն է, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ տարեցներուն: Յիսուն...

Page 22 of 68 1 21 22 23 68

Արխիւներ