Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ` Մզհերէն Անթիլիասի Մայրավանք

April 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մասնաճիւղային քայլարշաւը Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք:

Քայլարշաւին մասնակցեցան` մասնաճիւղին շեփորախումբը, սկաուտական բոլոր խումբերը` փոքրերէն մեծեր, մասնաճիւղի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները, մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերու անդամներ, մասնաճիւղի անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Քայլարշաւին մասնակցեցան նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼԵՄ-ի Հայաստան մասնաճիւղի եւ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամներ:

Քայլարշաւի մասնակիցները առաջնորդեց մասնաճիւղին շեփորախումբը, որուն ոգեւորիչ նուագը հնչեց Մզհերի եւ Անթիլիասի թաղերուն մէջ` գրաւելով բնակիչներուն եւ անցորդներուն ուշադրութիւնը:

Քայլարշաւի մասնակիցները վանք հասան ժամը 11:00-ին եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը: Ապա ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին խօսքը արտասանեց խորհուրդի ատենապետ Թալին Փափիրեանը, որ հաստատեց. «Այս տարի դարձեալ հաստատ քայլերով տողանցեցինք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն մինչեւ հոս` Անթիլիասի մայրավանք եւ հիմա հոս հաւաքուած ենք Եղեռնի զոհերու մատուռին առջեւ անգամ մը եւս ըսելու, որ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել ու բազմանալ:

«Այս տարի ՀՄԸՄ-ը կը նշէ իր 100-ամեակը, եւ այս առիթով բոլորս կը նորոգենք մեր ուխտը, ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին, մնալով տիպար հայեր եւ պահպանելով մեր լեզուն ու մեր մշակոյթը»:

Խօսքի աւարտին Եղեռնի զոհերուն յիշատակին կառուցուած մատուռին առջեւ մասնաճիւղին կողմէ զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը, իսկ իւրաքանչիւր սկաուտ եւ մարզիկ մատուռին առջեւի բոցին շուրջ տեղաւորեց քայլարշաւի ընթացքին իր կրած ծաղիկը: Ապա սկաուտական խմբապետական կազմը, երէցները եւ պարմանուհիները վանքին մէջ վառեցին իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստած անմոռուկ կրող մոմերը:

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Ցեղասպանութեան Պարտադրած Մե՛ր Պարտքը` Մե՛ր Ժողովուրդին

Յաջորդը

Անկախութեան Կանչ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.